Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 20, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

 Սփիւռքին Նուիրուած Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, 26 մայիսին «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միասնական սփիւռք, հզօր հայրենիք» խորագիրով խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին բացման խօսք արտասանեց Սագօ Խալոյեան, որ անդրադարձաւ սփիւռքի ստեղծման պայմաններուն, սփիւռքահայերու պարտականութեան հիւրընկալ երկիրներու մէջ եւ մանաւանդ մայր հայրենիքին նկատմամբ ու շեշտադրեց պահանջատիրութեան ոգին, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու նկարագրին մաս կը կազմէ:

Օրուան առաջին զեկուցաբեր Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց «Սփիւռքի կազմաւորումը» եւ անդրադարձաւ շարք մը նիւթերու, ինչպէս` գաղութ եւ համայնք բառերու տարբերութեան, սփիւռքի չորս շրջաններուն, իւրաքանչիւր հատուածի առանձնայատկութիւններուն ու թուային պատկերին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ցեղասպանութենէն ետք կազմակերպուած երեք ներգաղթերուն:

Խորհրդաժողովին Լիբանանէն առցանց միացաւ օրուան երկրորդ զեկուցաբերը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց «Սփիւռքի ներկայ իրավիճակն ու հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւնը» նիւթը: Ան յիշեց «Դէպի Երկիր» կարգախօսով կազմակերպուած ներգաղթը, անոր ռազմավարական նպատակները, ինչպէս նաեւ համապարփակ զեկոյց մը տուաւ հայրենիքէն ներս տիրող ներկայ իրադարձութիւններուն շուրջ եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի»  շարժումին ու անոր ղեկավար Բագրատ սրբազանին մասին:

Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, 5 յունիսին Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մաթիկ Էպլիղաթեանի  «Անկրկնելի Հալէպը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Յանձնախումբին անունով Քրիստ Գարամանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա Մարիա Պոտիկեան բացման խօսքով անդրադարձաւ Հալէպի մէջ հայերու դարարմատ ներկայութեան` լուսարձակի տակ առնելով Հալէպի նուիրուած մէկէ աւելի գիրքեր, յատկապէս` Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը»:

Այնուհետեւ Թամար Քէօշկէրեան եւ Գարոլին Քիւքլեան կարդացին հատուածներ գիրքէն, իսկ Վանայ Պարմաքսզեան ասմունքեց Յուշիկ Ղազարեանի` Հալէպի նուիրուած «Ոգեկոչում» քերթուածը:

Ապա ցուցադրուեցաւ  հալէպահայ համայնքի կազմաւորման, զարգացման, ազգային ու մշակութային բեղուն կեանքին, ինչպէս նաեւ պատերազմի եւ երկրաշարժի դժուարութիւններու յաղթահարման ճիգերը ամփոփող տեսանիւթ մը, որմէ ետք Աննա Մաթոսեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրութիւնը:

Հատորը  ներկայացուց «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան:

Ան մանրամասնութիւններ տուաւ գիրքի բովանդակութեան, հեղինակի ոճին, լեզուին ու ընդհանրապէս գիրքի արժէքին մասին` յորդորելով կարդալ գիրքն ու աղերսուիլ` սուրիահայութեան արմատներուն, եզակի գոյնին, արձանագրած յաջողութիւններուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ, վերջապէս, արաբական աշխարհի մը մէջ այլոց հետ խաղաղ գոյակցութեան  ու ինքնութեան պահպանման  գաղտնիքին:

Այնուհետեւ գիրքի հեղինակ Մաթիկ Էպլիղաթեան արտասանեց իր սրտի խօսքը` վեր առնելով հալէպահայ համայնքին դերը` որպէս սփիւռքահայ կեանքի զուլալ աղբիւր:

Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք սրբազան հայրը իր եզրափակիչ պատգամով գնահատեց հեղինակը` դիտել տալով, որ պատմական տուեալներով հարուստ ու հարազատ պատկերացումներով օժտուած գիրք մըն է, որուն միջոցով մօտէն կը ծանօթանաք հալէպահայ կեանքին` մերթ յուզուելով, մերթ հպարտանալով: Ու այդ բոլորը համայնքի մը կեանքին վկայութիւնը կու տան:

Միացեալ Նահանգներ

 Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց «Արարատ» Տան Հայ Տարեցներու Ի Նպաստ ՀՕՄ–ի Շրջ. Վարչութեան Կազմակերպած Ճաշկերոյթին

Նախագահութեամբ  Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի,  կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան, 4 յունիսին Միշըն Հիլզի «Արարատ» տարեցներու տան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:

Սրբազան հայրը աղօթական օրհնութիւններ բաշխեց կազմակերպիչ մարմինին ու կառոյցի պատասխանատուներուն, ապա գնահատեց բոլորին աշխատանքն ու հայ տարեց ծնողներու նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը: Ան առաջին հերթին դրուատեց ՀՕՄ-ի հոգատար եւ բարեգործական առաքելութիւնը ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, այլեւ` աշխարհի տարածքին, եւ կնոջական պատկառելի այս միութեան բազմամակարդակ առաքելութիւնը նկատեց հայ կիներու դերակատարութիւնն ու արժանիքները աւելի եւս զարգացնող ողջունելի ծառայութիւն, որ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր խաւերուն համար օրհնեալ ձեռք է, փոքրերուն ու տարեցներուն համար հոգածու խնամատար, ազգի բոլոր զաւակներուն համար` ազնիւ քոյր ու մայր:

Այնուհետեւ սրբազանը վեր առաւ «Արարատ» տարեցներու տան ներկայութիւնը համայնքի կեանքէն ներս եւ զայն նկատեց օրհնութիւն` յառաջացած տարիքի հայ մամիկ-պապիկներու ապահով միջավայր եւ բծախնդիր հոգածութիւն մատակարարելու առումով, ապա կատարեց աղօթք եւ առողջութեան ու երկարակեցութեան մաղթանքներ բաշխեց բոլորին:

Կիպրոս

 Արի Հապէշեան` Ստրովոլոս Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ

Կիրակի, 9 յունիս 2024-ին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած եւրոպական ու տեղական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ կիպրահայ երիտասարդ (արմատներով` մուսալեռցի)  Արի Հապէշեան, Նիկոսիոյ Ստրովոլոս շրջանի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան ընտրութիւններուն:

Արի Հապէշեան ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ իր հետեւած ՏԻՊԱ կուսակցութեան առաջինը հանդիսացաւ 29 թեկնածուներուն մէջ: Արժէ յիշել, որ Արին ՏԻՊԱ կուսակցութեան երիտասարդական բաժնի հիմնադիր անդամ է եւ այժմ աւարտած` Կիպրոսի պետական համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժինը, բարձր պատուոյ տեղը հանդիսանալով:

Նոր Ջուղա

Յոբելենական Ձեռնարկ` Թաթուլ Օհանեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Եւ Գործունէութեան 70-Ամեակին Առիթով

Նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին, 17 մայիսին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկ` նուիրուած ազգային, հասարակական, կուսակցական եւ գրական բազմավաստակ գործիչ Թաթուլ Օհանեանի ծննդեան 90-ամեակին եւ գործունէութեան 70-ամեակին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մանիա Ղուկասեան, որմէ ետք թեմի առաջնորդ Սիփան արք. Քէչէճեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեան գիրը` այս յոբելեանի առիթով:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Թաթուլ Օհանեանի ընտանիքի մտերիմ բարեկամ Հրաչ Ղարախանեան, որ ընդգծեց յոբելեարին կենսագրական կարեւոր գիծերը` կուսակցութեան, միութենական եւ ազգային բնագաւառներուն մէջ, շեշտելով անոր ազգանուէր, հայրենասէր, յանձնառու, ընկերասէր եւ ընտանիքը սիրող բնաւորութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան տեսանիւթեր` Օհանեանի կենսագրութեան մասին, ցուցադրուեցան գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր եւ մաղթանքները` Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեանի, Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանի, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Պապայեանի, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանի եւ Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սարօ Պօղոսեանի կողմէ:

Այս առիթով ուղերձներ յղած էին մեծ թիւով անձնաւորութիւններ եւ միութիւններ: Այնուհետեւ սրբազան հայրը Թաթուլ Օհանեանին յանձնեց ազգային մարմիններու կողմէ պատրաստուած ոսկեայ մետալ-յուշանուէրը:

Աւարտին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ յոբելեարը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօր հայրենիքը կը գտնուի պետականութեան կործանման մարտահրաւէրին առջեւ, եւ կոչ ուղղեց բոլորին` մէկ մարմին դարձած կանգնիլ հայրենիքի կողքին եւ հեռանալ մեր ժողովուրդի ընդհանրական շահերը խաթարող թշնամիներէն:

Յոբելեարի խօսքին յաջորդեց յոբելենական յանձնախումբին միջոցով 2020 թուականին պատրաստուած յոբելեարի կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձող «Թաթուլ Օհանեան. ծննդեան 85, գործունէութեան 65-ամեակ» խորագիրով գիրքին, նաեւ` Օհանեանի հեղինակած «Խոհեր ու մտածումներ» գիրքի 4-րդ հատորին գինեձօնը:

Յունաստան

 Երկու Գիրքերու Ներկայացում «Արմենիքա» Պարբերաթերթին Կողմէ

 Հրատարակչական գործունէութեան ծիրէն ներս յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթը լոյս ընծայեց երկու նոր հրատարակութիւններ`  Յովհաննէս Ղազարեանի «Հայերը Յունաստանի մէջ` Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք» եւ «Հայ գաղթականները Լաւրէոթիքիի մէջ», որոնք առնչուած են յունահայ գաղութի կազմութեան եւ պատմութեան հետ:

Պատմական հարուստ տուեալներով եւ հայ գաղթականութեան մասին ընդարձակ տեղեկութիւններով երկու գիրքերու ներկայացման շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 12 մայիսին, Ֆիքսի հայ կաթողիկէ սրահին մէջ:

Ելոյթին բացումը եւ խօսողներու ատեանին համադրումը կատարեց Արտա Ճէլալեան, որ պարբերաթերթին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ «Արմենիքա»-ի հրատարակչական եւ բազմատեսակ գործունէութեան մասին: Անդրադառնալով երկու գիրքերու շնորհահանդէսին` ան նախապէս ներկայացուց անոնց հեղինակները, ապա ուրուագծեց հրատարակութիւններուն շօշափած նիւթերը` յայտնելով, որ անոնք իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն յունալեզու հրատարակութիւններուն մէջ` տալով կարեւոր տեղեկութիւններ յունահայ գաղութի կազմութեան բախտորոշ տարիներուն մասին:

Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան ողջունեց երեկոն` մատնանշելով գաղութի պատմութեան արձանագրութեան կարեւորութիւնը, որուն մէկ մասնիկը կը կազմէ նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցին` իր յարակից բաժիններով:

Գիրքերու ներկայացման առաջին խօսողը եղաւ Յունաստանի ակադեմիայի գիտաշխատող, պատմաբան Մարիա Սփիլիոթոփուլու, որ  անդրադարձ կատարեց յունահայերու բերած ներդրումին Յունաստանի իրականութեան մէջ, նշումներ ըրաւ Յ. Ղազարեանի աշխատութեան մասին, ապա շեշտը դրաւ Եորղոս Փեփասի հրատարակութեան վրայ` նշելով շատերուն անծանօթ Լաւրիոյի հանքերուն մէջ աշխատած ու դժնդակ պայմաններուն մէջ վերապրած հայ գաղթականներուն պատմութիւնը:

Երկրորդ խօսողը եղաւ բանասէր Կիւլա Գասապեան, որ վերլուծեց` «Հայերը Յունաստանի մէջ` Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք» գիրքի հրատարակութեան կարեւորութիւնը, անոր մէջ տեղ գտած յունահայ գաղութի կազմութեան պայմանները, հազարաւոր որբերու պատսպարումը Յունաստանի որբանոցներուն մէջ եւ հայու ինքնութեան գոյապայքարը Յունաստանի գաղթակայաններէն ներս:

Յովհաննէս Ղազարեան, իր կարգին, խօսք առնելով` նշեց հայ գաղթականութեան առաջին տարիները, որպէս օրինակ բերելով Տուրղութիի եւ Քոքինիոյ գաղթականներուն ապրելու եւ ստեղծագործելու կամքը: Ան ընդգծեց կրթական, հոգեւոր, մամուլի եւ մշակութային վերելքը, որ ապրեցան այն տարիներու տասնեակ հազարաւոր հայերը, որոնք անօթեւան վիճակի մէջ վերակազմեցին իրենց կեանքը Յունաստանի հիւրընկալ ափերուն վրայ: Նաեւ ներկայացուց կարգ մը հետաքրքրական տուեալներ եւ թիւեր, որոնք արձանագրուած են իր գիրքին մէջ:

Աւարտին հեղինակ Եորղոս Փեփասի յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց իր գիրքին ընձեռուած պատիւին համար, ապա իւրայատուկ նկարագրականներով ներկայացուց հայ գաղթական բանուորներու դժոխային կեանքը Լաւրիոյի հանքերուն մէջ: Հեղինակը նաեւ անդրադարձ կատարեց գիրքի երկրորդ մասին մէջ երիտասարդ հայու մը դառնաղէտ ճակատագիրը ներկայացնող կարճ վէպին մասին:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Հ.Կ. Խաչի Քոքինիոյ «Սօսէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Եւ Մայրերու Օրուան Նշում

Կազմակերպութեամբ Քոքինիոյ Հ.Կ. Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղին, 14 մայիսին «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս տեղի ունեցաւ անդամական ժողով` նուիրուած մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ Մայրերու օրուան:                                                                                                                 Մասնաճիւղին ատենապետը խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեզմէ առյաւէտ հեռացած մասնաճիւղի անդամներուն, ապա Մայրերու օրուան առիթով յայտնեց, թէ նոյն օրուան անդամականը առաւելապէս նուիրուած է մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ ձօնուած է բոլոր անոնց, որոնք գործեցին ու կը շարունակեն գործել Հայ կապոյտ խաչի նպատակներու իրագործման համար:

Այնուհետեւ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան մասնաճիւղի հարիւրամեայ գործունէութեան լուսանկարները:

Մասնաճիւղի պատմականին եւ անցեալի գործունէութեան անդրադարձաւ մասնաճիւղի երկար տարիներու անդամ Լիւսի Շանկայեանը, որ ներկաներուն ներկայացուց անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին մասնաճիւղի կատարած  գործունէութիւնը` մէջբերելով զանազան դրուագներ իր գործած տարիներէն:

Մանուշակ Ցուքալա, իր կարգին, ողջունեց մասնաճիւղին հարիւրամեակը եւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերուն: Այս առիթով ան կարդաց մասնաճիւղի երկար տարիներու անդամ  Շաքէ Էլմասեանին ողջոյնի խօսքը, որ կը բացակայէր ժողովէն կամքէ անկախ պատճառներով:

Ժողովի ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ Հ.Կ. Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղին:

Գերմանիա

Հայաստանի Կոմիտասի Անուան Ազգային Քառեակի 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ եւրոպացի եւ հայ մասնագէտներու միութեան, 18 մայիսին Պերլինի Կարլսհորստ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ  «Երկու  ճշմարտութիւն երաժշտութեան մէջ. դասական երաժշտութիւն եւ ճազ»` նուիրուած Հայաստանի Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի 100-ամեակին» խորագիրը կրող համերգ-երեկոն:

Միութեան առաջին նախագահ Միքայէլ Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներուն` նշելով, որ առանց իրենց` անհնար է նման ձեռնարկներ կամ ընդհանրապէս գերմանահայկական մշակութային օրեր կազմակերպելը: Ապա ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս ի յայտ եկած է գաղափարը, որ հայ անուանի երգահան Կոմիտասի դասական ստեղծագործութիւններուն նոր թարմութիւն տրուի, եւ անոնք մշակուին ճազային մեկնութեան համար:

Պերլինի Լիխտենպերկ շրջանի թաղապետ Մարթին Շեֆեր իր ուրախութիւնը յայտնեց ձեռնարկին ներկայ գտնուելուն եւ  գերմանահայկական մշակութային օրերը վայելելու եւ տօնելուն համար: Ան հաստատեց, որ երաժշտութեան մէջ լեզուն բնաւ դեր չի խաղար, աւելցնելով, որ երաժշտութիւնը կը միաւորէ մարդիկ իրարու հետ առանձնայատուկ ձեւով եւ մեր մէջ կ՛առաջացնէ զգացումներ: Ան  մեծ ուրախութիւն  համարեց, որ գերմանահայկական մշակութային օրերը Լիխտենպերկի մէջ արդէն շրջանի մշակոյթին տեւական մաս կը կազմեն, եւ հրաշալի համարեց, որ ոչ միայն միասին մշակոյթ կը ձեւաւորենք, այլեւ կը հարստացնենք մեր շրջանը անով:

Պերլինի պատգամաւորական տան անդամ փրոֆ. Մարտին Փեթցոլտի իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ գերմանա-հայկական մշակութային օրերը կը նշանակեն իրարմէ սորվիլ, աւելի լաւ ծանօթանալ Հայաստանի մշակոյթին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միքայէլ Մինասեանին, որ տարիներ շարունակ աշխատանք տարաւ, որպէսզի հայկական մշակոյթը այս շրջանին մէջ եւս լայն ճանաչում գտնէ: Ան շեշտեց, որ միշտ իր դիտակէտն է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ փոխհամագործակցութեան անընդհատ աճը եւ բարելաւուիլը:

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի մասին «Մէկդարեայ արժանապատիւ ճանապարհ» խորագիրը կրող կարճ վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր քառեակի հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս 100 տարուան անցած ճանապարհը: Այնուհետեւ բեմ բարձրացան Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի երաժիշտները`  գեղարուեստական ղեկավարութեամբ  փրոֆ. Էդուարդ Թադեւոսեանի, եւ` ճազ եռեակի երաժիշտները, որոնք մեկնաբանեցին կոմիտասեան մեղեդիներ:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ոճաբանին Կարծիքով. Հագուստներ` Ըստ Կազմուածքի

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Անօդաչու Սարքերը Փոխեցին Ժամանակակից Պատերազմի Օրէնքները

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?