Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի Երախայրիքը՝ «Լո՜յս Իմաստութիւն, Իմաստութիւն Լոյս» Եռահատոր Գիրքը

Ապրիլ 16, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ լոյսին եկաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Սրբազան Եպիսկոպոս Տօնոյեանի գրիչին պատկանող «ԼՈ՛ՅՍ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ» եռահատոր նորընծայ ընտրանին, որ կազմուած է՝ այժմ Արքեպիսկոպոս Սրբազան Հօր՝ 2017-էն 2023 տարիներուն Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ իբրեւ Առաջնորդ կամ առաջնորդական փոխանորդ յօրինած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային բնոյթի գրութիւններէն եւ կը հանդիսանայ հոգեւորական հեղինակի հոգիին, մտքին ու գեղարուեստական ընկալումներուն երախայրիքը:

Արդարեւ, իր ճակատին ունենալով՝ հոգեւորի մէջ լուսաւորման, մարդկայինի մէջ իմաստնանալու հիմնարար երկու բառերու հաւասարման սկզբունքէն ծնած՝ «ԼՈ՛ՅՍ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ» խորագիրը, երեք հատորէ կազմուած այս գիրքի աւելի քան 400 էջերէն հայոց լեզուն կը վարարի զուլալ գետի մը պէս՝ կտրիճ ու խոհուն, գեղակերտ ու այժմէական եւ միեւնոյն մէկ ծածկի տակ կը կազմեն միաձոյլ ամբողջութիւն, որուն ետին կանգնած է Սրբազան հեղինակը՝ երիտասարդ ու կորովի, իբրեւ ազգի հոգեւոր, ոգեղէն եւ հաւաքական արժէքներու պաշտպան ղեկավար, գիր ու դպրութեան նոր հորիզոններ որսացող արարման տենդ ու բանաստեղծաշունչ ապրում:

«ԼՈ՛ՅՍ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ» գիրքի առաջին հատորը ինքն իր մէջ կը բաժնուի երեք մասերու եւ կը կրէ հետեւեալ մակագրութիւնը. «Ձօն՝ Ազգիս Վեհափառ Կաթողիկոս Արամ Ա. Հայրապետին, որ իր ծառայական մեծութեամբ անկրկնելի մեծութիւն կը մնայ հայութեան հաւաքական կեանքէն ներս»: Ամէնէն ծաւալուն այս հատորը բաղկացած է եդրեք մասէ եւ կը բացուի Առաջնորդ Սրբազանի «Տէ՜ր, սորվեցուր ինծի» հոգեգրաւ աղօթքով: 212 էջերէ բաղկացած այս հատորին մէջ ամփոփուած են Թորգոմ Սրբազանի առաջնորդական պատգամները, ապա «Գիրեր օրհնութեան եւ գնահատանքի» խորագիրով՝ ազգային կառոյցներու, միութիւններու, նուիրեալ մշակներու եւ անհատներու շնորհուած առաջնորդական եւ գնահատանքի գիրերը, իսկ վերջին՝ «Ասք Առաջնորդական» մասով այդ օրերուն տագնապահար Արցախին ու արցախցիին ուղղուած՝ Առաջնորդ հեղինակի սրտին խօսքերը, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային երեսփոխանական ժողովի 49 եւ 50-րդ նստաշրջաններուն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման տարուան առիթով հնչեցուցած պատգամները:

Լոյս եւ իմաստութեան շեփորող այս գիրքի 2-րդ «Հօտ եւ Հովիւ» անուն հատորը ունի հետեւեալ մակագրութիւնը. «Ձօն՝ Արեւմտեան Թեմին, ուր հոգեւոր սպասաւորութիւն բերելու անանձնական ուրախութիւնն ու գիտակից ծառայութիւնը կ՛ապրիմ»: Հատորին մէջ տեղ գտած են 39 կարճ նիւթեր, զորս Առաջնորդ Սրբազանը մօտիկ անցեալին զրոյցի մը քաղցրութեամբ արծարծած էր Ազգ. Առաջնորդարանի հեռատեսիլային կայանէն, նոյնանուն յայտագիրի ամբողջ 39 շաբաթներու ընթացքին:  Հոգեւոր պատգամներու եւ կեանքէն առնուած օրինակներու ճամբով Թեմի Հոգեւոր հովիւը իր հօտի զաւակներուն հետ կը խօսի՝ զանոնք առաջնորդելով դէպի Աստուծոյ տաճար, քրիստոնէավայել ապրելաձեւ եւ մարդասիրական արարքներ: Պարզ ու յստակ բառերով կառուցուած գրեթէ երկու էջնոց այս գրութիւնները նաեւ ամէնօրեայ ընթերցման արժանի են եւ իրենց աստուածաշնչեան յորդորներով կ՛ոգեւորեն հոգիներ:

«ԼՈ՛ՅՍ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ» գիրքի երրորդ հատորը մակագրուած է այսպէս. «Ձօն՝ Մօրս՝ Տիրամայր Ատրինէ Տօնոյեանին եւ բոլոր հայ մայրերուն, որոնց աղօթքը կանգուն կը պահէ իրենց որդիները» եւ լոյսին կը բերէ հոգեւորական հեղինակին գեղարուեստական էջերը, ուր հայոց լեզու, հաւատք ու Տիրամայր, հայ եկեղեցի, ինքնութիւն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմաքաղաքական հոլովոյթ, հայկական յեղափոխութիւններ, Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհափառի ուսուցչապետական կերպարն ու հովանիի տիպարը, այլեւ Թորգոմ Սրբազանի դպրեվանեաց յուշերն ու ուսուցչական փորձառութիւնը՝ ի Լոս եւ մանաւա՛նդ պայթեցուած Լիբանանի պաշտպան Աստուածամայրը տեսակարար կշիռ կու տան ընդհանուր գործին եւ կ՛ամբողջացնեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր տեսադաշտը՝ գիրքին պարգեւելով հայոց հոգեւոր եւ գեղարուեստական գրականութեան գանձարանին մէջ իբրեւ նոր ու ժամանակակից ներդրում, հոգեւոր հաց ու ազգային պատկանելիութեան խիզախում ըլլալու պատիւը:

«ԼՈ՛ՅՍ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ» եռահատոր մատեանը  այս Սրբազան Հօր Արեւմտեան Թեմէն ներս գործունէութեան հաշուետուական նուէրն է իր ազգին ու եկեղեցիին. հոս է գրողը, մտաւորականը, բանաստեղծը, հոգեւորը եւ ազգային ղեկավարը, այլեւ ու մանաւանդ հոս՝ գիրքի բոլոր էջերուն մէջ շօշափելի ներկայութիւն է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընտրեալ զաւակ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Տօնոյեան՝ իբրեւ երկինքէն՝ հոգի, ազգէն՝ ոգի, հայութենէն՝ ներշնչում, բանաստեղծութենէն՝ շունչ եւ գրողական ճարտարութենէն՝ ժամանակի կնիք ու ստեղծագործական փառահեղ ապագայի խոստում:

Յայտնենք, որ երեք գիրքերն ալ ունին «երկու խօսք»ի բաժին, ուր ի դիմաց խմբագրական կազմի, Սեդա Գրիգորեան կը ներկայացնէ գործն ու Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի հեղինակային բարեմասնութիւնները: Եռահատոր գիրքին գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Ալեքս Սրկ. Գալայճեանը։

 

Նախորդը

Ակնարկ. Շրջանային Վերահսկելի Բախումներ Եւ Հաւանական Միջնորդներ

Յաջորդը

«Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» Թատրերգութեամբ Ելոյթ Ունեցաւ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Թատերախումբը

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?