Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 13, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Դամասկահայութիւնը Վերանորոգ Ուխտով Յիշատակեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտման 106-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ յարակից միութիւններու, ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 106-ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն Ազգ. Միացեալ ճեմարանի շրջափակին մէջ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը նահատակներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Մակի Զահթերեան:

Յանուն «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան` խօսք արտասանեց Արմէն Ուրֆալեան, որ անդրադառնալով Հայաստանի կերտման պատմական փուլին` ըսաւ. «28 մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան հռչակումը պատահականութեան արդիւնքը չէր, ոչ ալ պարգեւատրում, այլ` միասնականութեան, համախմբուածութեան, հաւատքի եւ նուիրումի գիտակցութեան արդիւնք, հակառակ մեր լեռնաշխարհի գոյութեան իբրեւ բնական պարիսպ ընդդէմ թշնամիներուն, հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու բռնցքուիլը հանդիսացան երաշխիքը երեք ճակատամարտերուն փառապանծ յաղթանակին` անկախութեան կերտման»: Ան լուսարձակի տակ առաւ  Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ ճգնաժամն ու իշխանութեան ապազգային քաղաքականութիւնը. «Ներկայ իրավիճակին դրական անկիւնադարձը հրամայական է. ներկայ իշխանութիւնները յանձնուողական, պարտուողական եւ միակողմանի զիջումներու պատճառով յանձնեցին Արցախը` ուրանալով հազարաւոր հայորդիներու նահատակութիւնը, եւ տակաւին աշխատանք կը տանին չէզոքացնելու եւ նսեմացնելու հայ ժողովուրդի ազգային արժէքները»:

Ա. Ուրֆալեան յայտնեց նաեւ, որ այսօրուան հարիւր հազարաւոր հայորդիներու ցոյցերն ու հաւաքները բնական հակազդեցութեան արդիւնք են, մերժելու իշխանութեան ապազգային քաղաքականութիւնն ու զիջողական ընթացքը եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան` համախմբուիլ ժողովրդային սրբազան շարժումին շուրջ, հաստատելով, որ դամասկահայութիւնը պիտի շարունակէ իր հերոս նախնիներուն երթը` ի խնդիր հզօր ու բարգաւաճ հայրենիքին:

Ուրֆալեան տօնական այս ցնծալի պահը յարմար նկատելով , «Ահարոնեան» կեդրոնի գնման ուրախալի լուրը յայտնեց` ըսելով. «Բարերարութեամբ եւ նուիրատուութեամբ մեր սիրելի երկու եղբայրներու` հանգուցեալներ Գէորգ եւ Սարգիս Պասմաճեաններուն, սեփականատէրը դարձանք «Ահարոնեան»

կեդրոնին: Սոյն գնման գործընթացը հովանաւորուեցաւ ու հետապնդուեցաւ Բերիոյ թեմի Քաղաքական ու Երեսփոխանական ժողովներուն կողմէ, հսկողութեամբ մեր պատկան մարմինին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան կեդրոնի գնման աշխատանքներուն մէջ:

Տօնախմբութիւնը յաւելեալ փայլք ստացաւ գեղարուեստական յայտագիրով: Ազգային յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Մարտօ Գաթըգլեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Հալէպէն Ներսէս Թոփճեանի:

Տօնակատարութեան ընթացքին կաթողիկէ հայոց առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այն ժողովուրդները, որոնք չեն յիշեր իրենց պատմութիւնը, ապագայ չունին, իսկ հայ ժողովուրդը յիշելով իր անցեալի սխրալի պատմութիւնը, անկախ հայրենիք ունենալու երազի իրագործումը` կը շարունակէ գոյատեւել իբրեւ անկախ պետութիւն, հարկ է միասնականութեամբ պահպանել անկախութիւնը:

Հուսկ, տօնակատարութեան աւարտին Արմէն վրդ. Գալայճեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ ճգնաժամին` ան ըսաւ. «Այսօր մեր անկախ հայրենիքը կը գտնուի բազմապիսի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, 1918-ի անկախութենէն մինչ այսօր նման արտասովոր ճգնաժամի դիմաց չէր յայտնուած. այսօր, ամէն բանէ աւելի, կարիքը ունինք արամներու եւ դրոներու, որոնք իրենց արեան գնով եւ արհամարհելով մահը նուաճեցին յաղթանակներն ու կերտեցին անկախ Հայաստանը: Կը զօրակցինք հայրենիքին եւ մեր աղօթքներն ու ընդվզումի ձայնը կը բարձրացնենք առ Աստուած` հաւատալով, որ շուտով պիտի վերականգնենք անկախութիւնը»:

Լաթաքիոյ Մէջ Ժողովրդային Երթ Եւ Տօնախմբութիւն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հռչակման 106-Ամեակին Առիթով

Ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ի երեկոյեան Հայաստանի անկախութեան հռչակման 106-րդ տարեդարձին առիթով Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային երթ, որ սկիզբ առաւ ՍՕ Խաչի կեդրոնէն` ուղղուելով դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի ազգային եւ հայրենասիրական նուագներով:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մայիսեան յաղթանակի նահատակներուն: Հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները, ապա տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօն եւ դրօշի օրհնութիւն` նահատակներու յուշակոթողին դիմաց:

Աւանդութիւն դարձած դաշտագնացութեան բոլոր ներկաները մասնակցեցան` միասնաբար տօնախմբելու մայիսեան յաղթանակը:

Բացման խօսք արտասանեց ՍԵՄ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Արզումանեան, որ յիշատակեց անկախութիւնն ու զայն կերտողները, անդրադարձաւ ներկայ դժուար, տագնապալի եւ օրհասական օրերուն` յուսալով, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը շարժառիթ ըլլայ նոր յաղթանակի ղօղանջը հնչեցնելու` յանուն ազատ եւ անկախ Հայաստանի գոյատեւման:

Պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան խօսք առնելով` ըսաւ. «Ամէն օր ու ամէն ժամ մենք ու ամբողջ աշխարհը ականատեսն ենք թշնամիին արարքներուն, Հայաստան այսօ՛ր եւս, ինչպէս մօտիկ անցեալին, կը դիմագրաւէ այնպիսի վտանգներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնք գոյութիւն ունէին 1918-ին եւս: Մայիս 28-ը մեր ապագան է ոչ միայն անոր համար, որ անցեալն ու ներկան շաղկապուած են, այլ նաեւ` անոր համար, որ տասնամեակներու ընթացքին եղանք գործնական հաւատարմատարը սրբազան կտակին:

Մայիս 28-ը մեր ապագան է, վաղուան հորիզոնները լուսաւորողն է: Թող միշտ ապրին հայ ազգն ու հայրենիքը»:

Հալէպէն այս առիթով ժամանած Կասիա Պաղտիկեան աշուղական, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը, հայկական տուտուկով անոր ընկերակցեցաւ Ժոզեֆ Արամեան:

Փարիզ

Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին Նուիրուած Յուշատախտակի Բացում

Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, 16 մայիսին Փարիզի 9-րդ թաղամասի Նաւարեն 22 փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ յուշատախտակի բացում` նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին: 1939-1956 թուականներուն Փարիզի Մոնմարթր պատմական այս թաղամասին մէջ Շարլ Ազնաւուր անցուցած է իր մանկութիւնը:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան` Փարիզի 9-րդ շրջանի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրքլի, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Ֆրանսայի Մարտիկներու եւ պատերազմի զոհերու ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Մարի-Քրիսթին Վերտիէ-Ժուքլաս:

Իր խօսքին մէջ դեսպան Տոլմաճեան երախտագիտութիւն յայտնեց հայազգի աշխարհահռչակ երգիչի յիշատակի յաւերժացման ուղղուած նախաձեռնութեան համար, որ նաեւ խորհրդանշական տուրք է հայ-ֆրանսական հազարամեայ բարեկամութեան: Դեսպանը կարեւոր նկատեց մեծ հայու եւ միաժամանակ մեծ ֆրանսացիի անգնահատելի աւանդը իր երկու հայրենիքները` Հայաստանը եւ Ֆրանսան, շաղկապելու գործին մէջ: Ան ընդգծեց անոր կարեւոր դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: Դեսպանը նշեց նաեւ անկախութենէն  ի վեր Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման արժանացած Շարլ Ազնաւուրի մշտական եւ անվերապահ ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կողքին, կարեւոր դերակատարութիւնը եւ մասնակցութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի միջազգային բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Դեսպանը յիշեցուց նաեւ, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Նաւարեն 22 հասցէին վրայ գտնուող իրենց բնակարանին մէջ Ազնաւուրեաններու ընտանիքը պատսպարած է Դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոսներ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները, ընդգծելով, որ հայազգի երկու ականաւոր գործիչներու` Միսաք Մանուշեանի եւ Շարլ Ազնաւուրի մտերմութիւնը սկիզբ առած է այդ տան մէջ:

Շարլ Ազնաւուրի Անուան Պուրակի Բացում

22 մայիսին մեծանուն երգիչին անունով անուանակոչուեցաւ Շան զ՛Էլիզէ պողոտայի եւ Քոնքորտի յայտնի հրապարակի հարեւանութեամբ գտնուող պուրակը:

Պուրակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան` Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Փարիզի 8-րդ թաղամասի քաղաքապետ Ժան տ՛Հոթըսեր, ինչպէս նաեւ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքը` ի դէմս որդիին` «Ազնաւուր» հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրի: Իր ելոյթին մէջ դեսպան Տոլմաճեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի` Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի սրտին մէջ հայազգի աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին անունը կրող եւ անոր անմար յիշատակը յաւերժացնող պուրակի  բացման գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար: Հայաստանի դեսպանը շեշտեց, որ Ազնաւուրը իր երգերուն մէջ բազմիցս փառաբանած է Փարիզը` զայն համարելով իր կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն խորհրդանշական մեկնակէտը: Դեսպանը անդրադարձաւ Ազնաւուրի անգնահատելի դերակատարութեան հայ-ֆրանսական հազարամեայ բարեկամութեան եւ անոր երկու հայրենիքներու` Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:

Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ կարեւոր նկատեց Փարիզի սրտին մէջ համաշխարհային մեծութեան հայազգի արուեստագէտին յիշատակը յաւերժացնող պուրակի բացումը` զայն համարելով նաեւ իւրօրինակ տուրք Հայաստանի ու Փարիզի` հայ ժողովուրդին անվերապահ նուիրուածութեան վկայութիւն:

Քաղաքապետը նաեւ յայտարարեց, որ յառաջիկային պուրակին մէջ պիտի տեղադրուի Շարլ Ազնաւուրի արձանը, եւ պուրակը պիտի ծառայէ ոչ միայն մեծ արուեստագէտին յիշատակը յաւերժացնելու, այլեւ պիտի վերածուի վայրի մը, ուր միլիոնաւոր մարդիկ պիտի կարենան հաղորդակից դառնալ անոր ձգած մեծ ժառանգութեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ պուրակին անուանակոչումը ազդարարող յուշատախտակի բացում` «Ֆրանսացի արուեստագէտ, Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի անուան պուրակ» մակագրութեամբ:

Հայաստան` Փարիզի Հեղինակաւոր Ֆիլեքս Դրոշմաթուղթերու Տօնավաճառի Այս Տարուան Պատուոյ Հիւրը

Մայիս 3 – յունիս 1 Հայաստան առաջին անգամ իր մասնակցութիւնը բերաւ Փարիզի հեղինակաւոր Ֆիլեքս դրոշմաթուղթերու երկամեայ տօնավաճառին` որպէս այս տարուան պատուոյ հիւր:

Ֆրանսական թղթատար ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած այս տօնավաճառի ծիրին մէջ Հայփոստ ընկերութիւնը ներկայացաւ առանձին տաղաւարով` ցուցադրելով Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ հայոց այբուբենը պատկերող հայկական դրոշմաթուղթերու լաւագոյն նմուշներն ու հաւաքածոները:

Տօնավաճառի ծիրին մէջ գեղաթերթիկներու եւ դրոշմաթուղթերու ներկայացման հանդիսաւոր արարողութիւններու ընդմէջէն մեծարուեցաւ նաեւ հայազգի երեք մեծ դէմքերու` Դիմադրութեան շարժումի առաջնորդ Միսաք Մանուշեանի, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի եւ անուանի երաժիշտ Միշէլ Լըքրանի յիշատակը: Անոնց նուիրուած գեղաթերթիկներն ու դրոշմաթուղթերը հրապարակուած էին նախորդ քանի մը ամիսներու ընթացքին Ֆրանսական թղթատար ընկերութեան կողմէ` անոնց յոբելեաններու նշումի տարբեր առիթներով:

Ֆիլեքս տօնավաճառի ծիրին մէջ Հայաստանի մասնակցութիւնը կարելի դարձաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսական թղթատարին ու Հայփոստի սերտ համագործակցութեան շնորհիւ:

Հնդկաստան

Հնդկական Diplomatist Վերլուծական Ամսագիրին` Հայաստանի Նուիրուած Թիւին Շնորհահանդէսը

24 մայիսին Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան մասնակցեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած Հնդկաստանի արտադրողներու դաշնակցութեան (FIEO)` Հնդկաստան-Հայաստան համաժողովին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հնդկական Diplomatist միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական ամսագիրին` Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւին շնորհահանդէսը:

Ամսագիրին մէջ տեղ գտած են հարցազրոյցներ եւ յօդուածներ, որոնց մէջ կը ներկայացուին Հայաստանի «Ակադեմական քաղաք» ծրագիրին, կրթական, մշակութային, առեւտուրի եւ տնտեսական բնագաւառներուն, Հայաստան-Հնդկաստան գործակցութեան, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան գրաւչութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ու պարզաբանումներ:

Դեսպանը իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ` Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամական յարաբերութիւններու վերջին շրջանի զարգացումներուն, փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդարձակուող բնագաւառներուն, աճ արձանագրող Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշներուն եւ երկրին ներդրումային բարենպաստ պայմաններուն:

Քանատա 

Վարչապետ Տակ Ֆորտի Գլխաւորութեամբ  «Հայկական Ժառանգութեան Ամիս»-ի Հանդիսաւոր Նշում Օնթարիոյի Խորհրդարանէն Ներս

27 մայիսին Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանին մէջ, խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Հայկական ժառանգութեան ամիս» խորագիրով ձեռնարկը` ներկայութեամբ Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի:

Սրահին մէջ ցուցադրուած էին հայկական համայնքի հիմնադրութեան փուլերը, նաեւ` հայկական զարդանախշեր, ձեռարուեստի գործեր, գեղջկական իրեր, հայկական ազգային աւանդական տարազներու պատկերներ եւ հայկական գորգեր:

Օրուան հանդիսավար Արիս Մովսէսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Ֆորտին եւ նախարարներուն` իրենց միաձայն աջակցութեան ու օժանդակութեան 105 օրինագիծին եւ այլ օժանդակութիւններուն, որոնք տրամադրուեցան հայ գաղութին համար:

Վարչապետ Տակ Ֆորտ իր խօսքին մէջ ջերմօրէն գնահատեց երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ անցնող վեց տարիներու ընթացքին իր գործունէութեամբ սերտ յարաբերութիւններ մշակեց թէ՛ այլ համայնքներու եւ թէ՛ պետական կառոյցներու հետ եւ ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գործարարներու դերակատարութեան եւ նախաձեռնութիւններուն` գործ հայթայթելով հայ գաղութի զաւակներուն եւ Օնթարիոյի բնակիչներուն: Իր խօսքի աւարտին վարչապետը իր անսակարկ աջակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին:

Մշակոյթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Մայքըլ Ֆորտ իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորեց խորհրդարանին ներկայ անդամները եւ հայ ժողովուրդը, ապա ներկայացուց քանատահայութեան դերակատարութիւնը` երկրի ընդհանուր հիւսուածքին մէջ, եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց անոր առաջնակարգ ներդրումը Քանատայի մշակոյթի իւրայատուկ դիմագիծի պահպանման համար: Նախարար Մայքըլ Ֆորտ նշեց, որ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ հայերը մեծ շուքով կը տօնեն մայիս 28-ը` Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակը, դիտել տալով, որ այս տարուան տարեդարձը հայ ժողովուրդի ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման խորհրդանիշն է:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան  Օնթարիոյի երեք ընդդիմադիր կուսակցութեանց ներկայացուցիչները:

Բացման խօսք արտասանեց օրուան հանդիսավար Արիս Մովսէսեան, որ յայտնեց, թէ թիւ 105 օրինագիծը իւրաքանչիւր տարուան մայիս ամիսը պիտի ճանչնայ  որպէս «Հայկական ժառանգութեան ամիս», որ իրականացաւ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի Սքարպորօ-Էյճինքորթ շրջանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանին կողմէ: Օնթարիոյի օրէնսդիր ժողովը Քանատայի առաջին օրէնսդիր մարմինն է, որ ընդունեց  նման օրէնք` յարգելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Օնթարիոյի մէջ բնակող հայերուն` իրենց գործօն ներկայութեան ու ներդրումին եւ բարի աւանդին համար քանատական հասարակութեան մէջ:

Այս առիթով երեսփոխան Պապիկեան պատրաստեց գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէ` հայերու գաղթը դէպի Քանատա եւ Օնթարիօ նահանգին մէջ հայ համայնքի հաստատուիլը, հայերուն նշանակալի ներդրումը նահանգի ընկերային, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` արուեստի, գիտութիւններու եւ գրականութեան մարզերէն ներս:

Գրքոյկը կը բովանդակէ նաեւ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ճորճթաուն Պոյզ մարդասիրական առաքելութիւնը, քանատացիներուն աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, դաշնային օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու կողմէ հայերուն ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Քանատայի նիւթական օժանդակութիւնը ցեղասպանութենէն վերապրողներուն, ինչպէս նաեւ` Երուսաղէմի հայ համայնքին պատմութիւնը եւ հայ ստեղծագործողներու ներդրումները զանազան մարզերէն ներս:

Ձեռնարկի աւարտին երեսփոխան Արիս Պապիկեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ յաջողութեան, նաեւ` բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Կեղծանունի Մը Պատմութիւնը Ակսել Բակունց

Յաջորդը

Հայրենիքի Համար Պայքարն Է Սրբազան

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?