Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Խորհրդաժողով` Նուիրուած Արցախի Եւ Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Ուրբաթ, 17 մայիս 2024-ին, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ դատի Կեդրոնական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ միջմիութենական խորհրդաժողով մը «Արցախն ու 21-րդ դարու Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով:
«Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ ի մի եկած էին Սուրիոյ երիտասարդական միութեան (ՍԵՄ-ի), Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան, Հայ մարմնակրթական ընդհ. միութեան, Հայ կաթողիկէ միութեան, Հայ աւետարանական քրիստոնեայ ջանիցի, Սուրիահայ օգնութեան խաչի, Համազգայինի, Քրիստափոր ուսանողական միութեան, Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհ. վարիչ մարմինի, «Գանձասար» շաբաթաթերթի եւ «Ռատիօ Երազ»-ի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութենէն, ՍՕԽ-էն ու այլ միութիւններէ ունկնդիրներ:
Բեմավար Սարին Գրիգորեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը եւ Արցախի օրհներգով բանալու խորհրդաժողովը:
Կազմակերպիչ մարմինին կողմէ Գէորգ Մանուկեան բացման խօսքով ըսաւ, թէ որքան ալ երկար տեւէ ազգի ու հայրենիքի փրկութեան երթը, որքան դժուար ըլլայ ու խոչընդոտներու բախի, պէտք է շարունակուի մինչեւ յաղթանակ: Պայքարին մէջ կը յաղթանակէ ան, որ կը յարատեւէ մինչեւ վերջ:
Խորհրդաժողովին zoom հարթակով յաջորդաբար միացան 3 զեկուցաբերներ:
Առաջինը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանն էր, որ ներկայացուց «Հայաստանը եւ արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու վտանգները» նիւթը:
Պատգամաւորը անդրադարձաւ հայկական պետականութեան դերին հայրենիքի տարածքներու, ազգային արժէքներու պահպանման ու պահանջատիրութեան մէջ: Ապա պարզաբանեց արցախահայութեան մարտահրաւէրները, ընդդիմութեան մօտեցումները եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» համաժողովրդային շարժումին պահանջները` հայրենիքի փրկութեան, սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման եւ թշնամիին թափանցումներուն դէմ ուժեղ վահան կազմելու առաջնային կարեւորութեան նպատակով:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր լիբանանահայ միջազգայնագէտ Եղիա Թաշճեան, որ ներկայացուց «Խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնն ու անոր հետեւանքները» նիւթը:
Ան քարտէսներով պարզաբանեց Զանգեզուրի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի աշխարհագրական կարեւոր դիրքը, հիւսիս-հարաւ ճամբու կարեւորութիւնը Հայաստանի համար, Ազրպէյճանի Զանգեզուրի միջանցք պահանջելու հեռակայ նպատակները եւ Հայաստանը շրջապատող երկիրներու քաղաքական մօտեցումներն ու երբեմն սպառնալիքները: Ապա անդրադարձաւ Հայաստանի կռուախնձոր ըլլալու իրողութեան` իբրեւ Արեւելքն ու Արեւմուտքը կամրջող կարեւոր երկիր, լուսարձակի տակ առնելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ախորժակներն ու Հայաստանի արեւելումները:
Կարճ դադարէ մը ետք, խորհրդաժողովին միացաւ երրորդ զեկուցաբերը` միջազգային օրէնքներու մասնագէտ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանը Լոս Անճելըսէն:
Ան ներկայացուց արցախահայութեան իրաւունքներու վերատիրացման միջազգային օրէնքի հիմքերը եւ անդրադարձաւ հիմնական երեք իրաւունքներու` պատերազմին պատճառով գաղթական դարձած ժողովուրդներու իրաւունքներուն, բնիկ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին եւ արցախահայութեան` իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահանուած ժողովուրդ, իրաւունքներուն: Զեկուցաբերը այս բոլորը ներկայացուց մարդկային եւ իրաւական տեսանկիւններէ:
Չորրորդ զեկուցաբերն էր իրաւաբան, լրագրող Մարիա Գաբրիէլեան, որ ներկայացուց «Արցախի կորուստին հետեւանքները հայ իրականութեան մէջ» նիւթը:
Ան անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին արցախահայութեան եւ մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան դրսեւորումներուն, անդրադարձաւ 9 նոյեմբերի տխրահռչակ յայտարարութեան ու դիտել տուաւ, թէ մեր ազգը տակաւին ունի հսկայ ներուժ, որ պէտք է ի սպաս դնէ արցախահայութեան օժանդակելու, Արցախի վերադարձը երաշխաւորելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը ամրագրելու, առանց վհատելու, այլ ուժերու գերլարումով եւ համբերատար պայքարով:
Խորհրդաժողովի վերջին օրակարգով «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան զրոյց մը վարեց ներկաներուն հետ` «Հայրենիքի իրադարձութիւններն ու հալէպահայ միութիւններու դերը մատղաշ սերունդի ազգային դաստիարակութեան մէջ» նիւթով:
Պօղիկեան պարզաբանեց ազգային դաստիարակութիւն հասկացութիւնը` կարեւոր համարելով սերունդներու իմացական, հոգեւոր եւ ֆիզիքական զարգացման հետ միատեղ զիրենք ազգային արժէքներուն աղերսելը, մշակոյթին, լեզուին ու գրականութեան, եկեղեցւոյ եւ հայոց պատմութեան գիտակ դարձնելը, անոնց քննական մտածողութիւնը հասունցնելը եւ վերջապէս երիտասարդ տարրը վարժեցնելը քաղաքական իրադարձութիւններու արժեւորումը կատարել գիտելիքներու, վերլուծական միտքի եւ ազգային գիտակցութեան պրիսմակէն:
Ապա ան ներկաներուն հետ զրուցեց միութիւններու դերին շուրջ` ազգային դաստիարակութեան ու յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական եւ հասարակական տարբեր իրադարձութիւններու պարզաբանման մէջ:
Միութիւններու ներկայացուցիչները եւ ունկնդիրները արծարծեցին դժուարութիւններ եւ ներկայացուցին առաջարկներ:
Տեղին է յիշել, որ իւրաքանչիւր զեկոյցի աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանուելու: Աւարտին խորհրդաժողովի մասնակիցներուն տրամադրուեցան երկու գիրքեր` «Հայկական հարցը օսմանեան Պետութեան մէջ 1878-1923», դոկտ. Հուրի Ազէզեան եւ «Արդար հատուցում» գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Արցախահայերու Առաջին Մշակութային Ձեռնարկ
11 մայիսին առաջին անգամ ըլլալով արցախահայերը համախմբուեցան մշակութային ձեռնարկի շրջագիծին մէջ: Արդարեւ, Կլենտէյլի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք դեռ կը վերադառնանք» խորագիրը կրող ձեռնարկ մը:
Պարգեւ սրբազան իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Արցախցիներս պէտք է այնպէս դրսեւորուինք, որ մեր միջոցով պատկերացում կազմեն մեր Արցախի, անոր էութեան եւ պայքարի մասին» միաժամանակ յորդորելով ներկաները` յոյս եւ հաւատ ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ վերադարձնել Արցախը:
Ամերիկահայ գրող, արձակագիր Մարգարիտ Դերանց իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց ձեռնարկի կազմակերպումը` հաստատելով, որ մեր մշակոյթի պահպանումը եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը անհրաժեշտ է, որպէսզի պահենք մեր արմատները:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլեն Ասատրեան սոյն ձեռնարկը լաւ առիթ նկատեց` ծանօթանալու արցախահայերու կարիքներուն, եւ ներգաղթեալներու նկատմամբ քաղաքապետարանի պարտաւորութիւններէն ելլելով, ձեւաւորելու համապատասխան ծրագիրներ` անոնց խնդիրները լուծելու համար:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներէն արցախեան պատերազմի մասնակից «Արիութեան մետալ»-ի շքանշանակիր, բարերար Արթուր Գրիգորեան խօսք առնելով` պատմեց, թէ ինչպէ՛ս յաջողած են համախմբել լոսանճելըսաբնակ արցախցիները: Գրիգորեան նշեց, որ նման ձեռնարկներ առիթ են ձեւաւորելու կառոյց մը, որ կը զբաղի տարբեր հարթակներու վրայ արցախահայերու իրաւունքներու հարցերով:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներէն արցախեան պատերազմի մասնակից, գործարար եւ բարերար Ալեոշա Պետրոսեան անդրադարձաւ արցախահայերու միութիւն ստեղծելու յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:
Արցախի շրջափակման օրերուն Լոս Անճելըսի մէջ բողոքի եւ իրազեկման առաջին եւ բազմաթիւ հանրահաւաքներու կազմակերպիչներէն ծագումով արցախահայ Լաուրա Գրիգորեան ելոյթ ունենալով, յայտնեց, որ ամիսներ առաջ կազմակերպուած ցոյցերը ապարդիւն եղան, եւ Արցախի հարցը ողբերգական ձեւով լուծուեցաւ, աւելցնելով, թէ սոյն ձեռնարկը լաւ առիթ է, որ հաւաքուինք, իրարու թիկունք կանգնինք, եւ դառնանք մեծ կազմակերպութիւն:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Պետօ Տեմիրճեան Ներկայացուց Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ»-ը` Անգլերէնով
2 եւ 9 ապրիլին, յաջորդաբար Փրովիտենսի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին եւ Ուոթըրթաունի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ ներկայացուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումները» («Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha») անգլերէն լեզուով գիրքը, զոր ներկայացուց Պետօ Տեմիրճեան: Ան յայտնեց, թէ 1953-ին հրատարակուած Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները գրի առնուած են Պելկրատի մէջ, Վահան Մինախորեանի կողմէ, երբ անոնք երկուքը այդ օրերուն կը բնակէին Եուկոսլաւիոյ մէջ: Վահան Մինախորեան գրի առած է այս տեղեկութիւնները, իսկ այդ օրերուն Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող «Յուսաբեր»-ի խմբագրութիւնը, որ կը բաղկանար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Սիմոն Վրացեանէ, Վահան Նաւասարդեանէ եւ Գաբրիէլ Լազեանէ, ստանձնած են այս գիրքին խմբագրութիւնը: Ան շեշտեց, թէ դաժան պայմաններու մէջ եւ ժամանակաշրջանի կատարուեցաւ այս թարգմանութիւնը, որուն ազդանշանը տրուեցաւ 2019-ին, Լիբանանի մէջ, ուր սկսած էր տնտեսական ահաւոր ճգնաժամի շրջանը, որուն ապա յաջորդեց «Քորոնա» համաճարակը: Ապա, Հայաստան հաստատուած, այս անգամ Արցախի պատերազմը բաւական մը ընդհատեց թարգմանութեան գործընթացը: Այս դժուար պայմաններուն մէջ Տեմիրճեան շարունակեց թարգմանութեան աշխատանքը, որուն ընթացքին ան պարզած է Թեհլիրեանի անցած լայն ու հարուստ ուղին, արձանագրուած դէպքերն ու դերակատարութիւն ունեցած դէմքերը: Ան տեղեկացուց, թէ առաջին չորս գլուխները կը նկարագրեն, թէ ինչպէ՛ս վրիժառու բազուկը գործի լծուած է ահաբեկելու Թալէաթ փաշան` աւելցնելով, որ հոն ներկայացուած են Թեհլիրեանի կողմէ պատմուած յուշերը, որոնք կ՛երկարին մինչեւ Թալէաթի ահաբեկումը: Ան ըսաւ, որ Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները կը ներառեն Թալէաթի ահաբեկումին նախորդող ժամանակաշրջանը` հասնելով մինչեւ անոր ահաբեկումը` դիտել տալով, որ Թեհլիրեանի անձնական կեանքին, հետաքրքրութիւններուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին մասնաւոր տեղեկութիւններ չկան:
Պետօ Տեմիրճեան յայտնեց, որ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը, ղեկավարութեամբ` Արա Սարաֆեանի, լոյս ընծայած է Սողոմոն Թէհլիրեանի այս գործին անգլերէն թարգմանութիւնը եւ մաղթեց, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշագրութիւններու անգլերէնի թարգմանութիւնը հայկական եւ ոչ հայկական գրադարաններուն մէջ ըլլան:
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին Նուիրուած Գիտաժողով
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին կազմակերպած` հանգուցեալ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին եւ անոր իրագործումներուն նուիրուած «Յիշելով փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը» խորագրեալ միօրեայ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 6 ապրիլին, համալսարանին «Մոնկ» կեդրոնին մէջ: Գիտաժողովին ընթացքին ելոյթներ ունեցան 35 նախկին ուսանողներ, պաշտօնակիցներ, բարեկամներ ու ընտանեկան պարագաներ, եւ ցուցադրուեցան փրոֆ. Յովհաննէսեանի երկար տարիներու գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսանիւթեր, որոնք պատրաստուած էին դոկտ. Յովհաննէսեանի դստեր` Անի Յովհաննէսեան Գէորգեանի կողմէ:
Համալսարանին Հայկական երաժշտութեան ծրագիրը եւս մասնակցեցաւ ձեռնարկին` ներկայացնելով հայկական ժողովրդային երաժշտութեան կտորներ, մասնակցութեամբ Յասմիկ Յարութիւնեանի եւ Վարդան Պաղտասարեանի:
Անցեալ տարուան յուլիսին մահացած դոկտ. Յովհաննէսեան Միացեալ Նահանգներու մէջ հայագիտութեան եւ յատկապէս պատմագիտութեան ոլորտին մէջ յատկանշական իրագործումներու հասած էր: Ան մօտաւորապէս 50 տարիներ դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ` հանդիսանալով համալսարանին մէջ հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Այս պաշտօնէն հեռանալու անոր որոշումէն ետք, ամպիոնը կոչուեցաւ անոր անունով: Անոր գլուխ գործոցը կը նկատուի «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» քառահատորը: Ան հեղինակած կամ խմբագրած է առաւել քան 30 հատորներ, որոնցմէ վեցը նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան, իսկ 15-ը` Հայաստանի պատմական նահանգներուն: Ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու ջանքերուն մէջ: 1972-ին, ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դասաւանդեց Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութեան նուիրուած դասանիւթը եւ յաջորդող 40 տարիներուն առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու առաւել քան 1000 վերապրողներու վկայութիւնները` անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցներու ճամբով:
Ֆրանսա
Գրական Երեկոյ` Նուիրուած Պըլտեանի «Գիշերադարձ» Հատորներուն
Երկուշաբթի, 13 մայիս 2024-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կազմակերպած էր գրական երեկոյ մը, նուիրուած Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» հատորներու շարքին:
Երիտասարդ գրող, Ինալքօ համալսարանի հայկական բաժնի դասախօս Քրիստիան Բադիկեան ներկայացուց Պըլտեանի գրական գործերը, 60-ականներէն Փարիզ հաստատուելէն ի վեր:
Պըլտեան` պատումի ընդմէջէն լոյսի կը հանէ աղէտի առաջին սերունդի, մութի մէջ մնացած սերունդի մտաշխարհն ու պատմութիւնը: Բադիկեան անդրադարձաւ նաեւ շարքին վերջին գիրքին` «Ամերիքա», հրատարակուած 2022-ին, Սարգիս Խաչենց հրատարակչատան կողմէ:
Պուլկարիա
Պուլկարական Շարժանկարի Պատուաւոր Մրցանակներ` Ժապաւէնի Սարքաւորման Բեմադրիչ Պօղոս Թոփակբաշեանի Եւ Դերասանուհի Ռոզալիա Աբգարեանի` Արցախցիի Դերին Համար
16 մայիսին Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ շարժապատկերի գործիչներու միութեան 90-րդ մրցանկաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին անուանի բեմադրիչ Վասիլի Գենդովի անուան պատուաւոր մրցանակներու արժանացան շարժապատկերի տասնեակ մը անուանի դէմքեր եւ երիտասարդ գործիչներ:
2024 թուականի լաւագոյն ժապաւէնի սարքաւորման բեմադրիչներու կարգին, առաջին անգամ ըլլալով, մրցանակի արժանացաւ 34-ամեայ Պօղոս Թոփակբաշեան` «Դիադա» գեղարուեստական ժապաւէնին համար:
Մրցանակի արժանացաւ նաեւ 35-ամեայ դերասանուհի Ռոզալիա Աբգարեան` «Բլագայի դասերը» ժապաւէնին մէջ երկրորդական դերի լաւագոյն կատարումին համար:
Ատրպատական
Իրանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Արսէն Աւագեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
6 մայիսին Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արսէն Աւագեան, ընկերակցութեամբ դեսպանութեան խորհրդատական Արամ Մանուկեանի, Թաւրիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան գործակատար Գրիգոր Մելքոնեանի եւ դեսպանութեան թարգմանիչ Գրիգոր Ղազարեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան: Հիւրերը դիմաւորեցին Թեմական խորհուրդի անդամներ` Ալեն Սայեադեան, Հենրիկ Աբրահամեան, Վարդան Կարապետեան եւ Քաթրին Դիլանեան:
«Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Թեմական խորհուրդի անդամները Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի անունով ողջունեցին դեսպանը եւ անոր ընկերակիցները յայտնելով սրբազան հօր յատուկ գործով երկրէն ունեցած բացակայութեան մասին:
Սոյն պաշտօնական հանդիպումը փոխադարձ ճանաչողութեան բնոյթ ունեցաւ, եւ դեսպանը յայտնեց, որ երկու երկիրներու միջեւ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, նախապատրաստական աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան Թաւրիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան գրասենեակի բացման համար:
Թեմական խորհուրդը այս առթիւ ծանօթացուց Ատրպատականի հայոց թեմի հայ համայնքի մշակութային եւ հասարակական կեանքը եւ յայտնեց, որ Ատրպատականի մէջ բնակող հայերը կ՛ապրին կատարեալ խաղաղութեան եւ ազատութեան մէջ` շնորհիւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համակարգի պատասխանատուներու ուշադրութեան: Այս առիթով Թեմական խորհուրդը իր բարձր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ այաթ. Խամենէին` անոր բարձրագոյն հովանաւորութեան համար: Երախտագիտութիւն յայտնուեցաւ յատկապէս Արեւելեան Ատրպատականի կրօնական փոքրամասութեան գրասենեակի պատասխանատուին, կրօնական արարողութիւններուն եւ տօներուն առիթով անոր հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ` առօրեայ տնտեսական ու մշակութային հարցերուն հետամուտ ըլլալուն եւ առաջնորդարանի աջակցելուն համար:
Կիպրոս
Արուեստի Աննախընթաց Երեկոյ` Համազգայինի «Գուսան–Սիփան» Համոյթին Կողմէ
Հովանաւորութեամբ Կիպրոսի մշակոյթի նախարար դոկտ. Վասիլիկի Կասիանիտուի եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, 11 մայիսին տեղի ունեցաւ Կիպրոսի Համազգայինի 24-րդ տարեկան ձեռնարկը, որ կայացաւ Լիբանանի եւ Կիպրոսի կազմերուն միացեալ ջանքերով, եւ որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Համազգայինի Լիբանանի «Գուսան» երգչախումբը եւ Նիկոսիոյ «Սիփան» պարախումբը` ներկայացնելով երգի-պարի համոյթ մը:
Երկու վաստակաւոր վարպետներու` մայսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի աշխատանքով եւ Գրիգոր Քէլէշեանի ընդհանուր գեղարուեստական ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիր մը, որ հմայեց ներկայ հայութիւնը եւ մեծ թիւով յոյն եւ օտար քաղաքացիներ ու հրաւիրեալ պաշտօնական հիւրեր:
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան, որուն յաջորդեց մշակոյթի նախարար դոկտ. Վասիլիկի Կասիանիտուի ողջոյնի խօսքը:
Յայտագիրի ընթացքին «Գուսան»-ի եւ «Սիփան»-ի միացեալ կամ առանձին ելոյթներէն զատ` յայտագրին մասնակցեցան նաեւ Համազգայինի Փաֆոսի «Անի» եւ Լիմասոլի «Կիլիկիա» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ` Նիկոսիոյ «Նանօր» մանկա-պատանեկան պարախումբը:
Յունաստան
«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ` Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Գիրքի Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Յունաստանի աւետարանական համայնքի հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, 9 մայիսին Քոքինիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհահանդէսը:
Երեկոյին բացումը կատարեց վեր. Չոլաքեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ շնորհահանդէսին, ապա լայն տեղեկութիւններ տուաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կենսագրական գիծերուն, անոր հանգամանքին` որպէս Աստուածաշունչի Ծոցի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, ինչպէս նաեւ գրական գործունէութեան մասին:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք գիրքը ներկայացուց Քերոբ Էքիզեան, որ կատարեց դոկտ. Ճէպէճեանի հրատարակութեան արժեւորումը` ներկայացնելով անոր ոգին ու արտայայտած պատգամները:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Զաւէն Գրիգորեան, որ կարգ մը գլուխներու ընդմէջէն անդրադարձաւ հոն տեղ գտած գաղափարներուն եւ մտածումներուն:
Աւարտին դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, որոնք յանձն առին իրագործել շնորհահանդէսը, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց խօսողներուն եւ յայտագիրին մաս կազմողներուն:
Ան անդրադարձ կատարեց գիրքի բովանդակութեան, ապա իր խոհերը ներկայացուց հայութեան ու յատկապէս սփիւռքահայ կեանքին մասին: Անդրադառնալով հայու արդի տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն` ան մատնանշեց հայու ինքնութեան որոնումին եւ պահպանումին համար մղուող պայքարը, նոյնիսկ եթէ սփիւռքահայ տարրին մէջ նահանջած է հայերէն խօսելու կարողութիւնը: Ան օրինակներ ներկայացուց զանազան երկիրներ, իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին հանդիպած անծանօթ հայերուն մասին, որոնց մէջ կը նշմարէ հայ մնալու զօրաւոր կամք եւ գիտակցութիւն: Ան նշեց, որ հակառակ հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած մռայլ իրադարձութիւններուն` հայը ունի վերապրելու եւ ստեղծագործելու կամք:
Ելոյթի աւարտին դոկտ. Ճէպէճեան իր նորատիպ գիրքէն օրինակներ մակագրեց եւ տրամադրեց ներկաներուն: