Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիները Աւելի Յաջո՞ղ Կը Ղեկավարեն

March 13, 2026
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բոլոր ոլորտներու մէջ խտրականութիւն միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ այս կամ այն չափով: Ճիշդ է, որ բազմաթիւ հարցեր օրէնքի ուժով լուծուած են, բայց օրէնքը անշուշտ բաւարար չէ եղած մարդոց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ արմատաւորուածը միանգամընդմիշտ չքացնելու: Ցեղային, գոյնի, սեռերու եւ այլ խտրականութիւնները կը շարունակուին, երբեմն կարգ մը վայրերու մէջ նոր երանգներ կը ստանան: Պայքարողները իրե՛նք կ՛իյնան նոյն ծուղակին մէջ:

Ամէն պարագայի, վերջերս նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը` պատշաճ ձեռնարկներով, խօսքերով, եւ այս առիթով յիշուեցաւ կին ղեկավարներու, առաջնորդներու մասին:

Ն.

Ո՞ր Երկիրներն Էին Առաջինը,
Որ Ընտրեցին Կին Առաջնորդներ

Աշխարհի 195 երկիրներէն միայն 70-ը ունեցած է կին առաջնորդ:

Սիրիմաւօ Պանտարանայքէն (Սրի Լանքա, Ա.) դարձաւ աշխարհի առաջին կին վարչապետը 1960 թուականին:

Աշխարհի հինգ ամէնէն խիտ բնակեցուած երկիրները, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, երբեք կին առաջնորդ չեն ընտրած:

Կիները միշտ ալ ստիպուած եղած են պայքարիլ սեռային խտրականութեան այլ ձեւերու դէմ: Սուֆրականութեան հետեւորդներէն մինչեւ #MeToo շարժումը, անոնք, որոնք բաւարար չափով քաջաբար դիմակայած են ճնշումը, առաջնորդած են կիներու իրաւունքներու համար ուղին, բայց աշխարհը դեռ շատ բան պէտք է ընէ սեռային իրական հաւասարութիւն տեսնելու համար:

Վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ երկիրներու միայն շուրջ 35 առ հարիւրը կիները կը ղեկավարեն իրենց կառավարութիւնները, թէեւ անոնք կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 50 առ հարիւրը:

Ահաւասիկ` այն բացառիկ կիները, որոնք առաջին անգամ ընտրուած են իրենց երկիրներու ղեկավարներ: Նախագահներէն մինչեւ վարչապետներ` այս ուշագրաւ առաջնորդները կիներու համար ճամբայ հարթեցին ամէն տեղ:

Սրի Լանքա

– Սիրիմաւօ Պանտարանայքէ (1960 -1965, 1970-1977)

Ան դարձաւ աշխարհի առաջին կին վարչապետը 1960 թուականին:

Սիրիմաւօ ծնած էր 1912 թուականին ազնուական ընտանիքի մը մէջ: Յաճախած է անգլիական դպրոցներ, բայց մնացած է պուտտայական եւ խօսած է սինհալերէն, նաեւ` անգլերէն: Ամուսինը 1951 թուականին հիմնադրած է ընկերվարական SLFP կուսակցութիւնը եւ 1956 թուականին դարձած է վարչապետ: Սիրիմաւօ եղած է անպաշտօն խորհրդական եւ կեդրոնացած է Սրի Լանքայի գիւղական վայրերու մէջ կիներու եւ աղջիկներու կեանքի բարելաւման վրայ:

1959 թուականին ամուսինին սպանութենէն ետք, կուսակցութեան ղեկավարութիւնը համոզեց զայն միանալ գործուն քաղաքականութեան եւ կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին փոխարինել իր հանգուցեալ ամուսինը:

Սիրիմաւօ Պանտարանայքէ սկսաւ իր քաղաքական ասպարէզը եւ ընտրուեցաւ Սէյլոնի (ժամանակակից Սրի Լանքա) պետութեան ղեկավար 1960-1965 թուականներուն, ապա` 1970-1977 թուականներուն: Անոր կառավարութիւնը աչքի ինկած էր իր ընկերային- տնտեսական յառաջընթացով, պետական համակարգի հաստատմամբ եւ առեւտուրի բազմաթիւ ընկերութիւններու ազգայնացումով: Անոր դուստրը` Չանտրիքա Կումարատունկան, շարունակեց մօր ժառանգութիւնը` որպէս վարչապետ, իսկ աւելի ուշ` որպէս Սրի Լանքայի առաջին կին նախագահ:

Սիրիմաւօ Պանտարանայքէ մահացաւ 2000 թուականին:

Հնդկաստան

 – Ինտիրա  Կանտի (1966-1977, 1980-1984)

Ինտիրա  Ինտիրա Կանտի Բրիտանիոյ վարչապետ Մարկարեթ Թաչըրի հետ

Ծնած ըլլալով(1917) քաղաքական ընտանիքի մէջ` Ինտիրա Կանտին Հնդկաստանի առաջին ընտրուած վարչապետ Ճաւահարլալ Նեհրուի միակ զաւակն էր: Ան մայրն էր Ռաճիւ Կանտիի, որ անոր յաջորդեց վարչապետի պաշտօնին: Անոր  15 տարի եւ 350 օր ընդհանուր պաշտօնավարումը զայն կը դարձնէ Հնդկաստանի երկրորդ ամէնէն երկար ծառայած վարչապետը` հօրմէն ետք:

Ինտիրա ուսանած է զուիցերիական գիշերօթիկ դպրոցի մէջ, ապա աւելի ուշ յաճախած է Օքսֆորտ համալսարան` նախքան իր քաղաքական ասպարէզը սկսիլը: Ինտիրա արագ հռչակաւոր եղաւ` դառնալով Հնդկաստանի առաջին կին վարչապետը 1966 թուականին եւ պաշտօնավարելով երեք անընդմէջ ժամկէտով: Ան արեւելեան Փաքիստանի (ներկայիս Պանկլատէշ) անկախութեան աշխուժ կողմնակից էր եւ դարձաւ առաջին առաջնորդը, որ ճանչցաւ այդ` որպէս երկիր: Ան վերակենդանացուց երկրագործութիւնը, ազգայնացուց երկրի դրամատուները եւ Հնդկաստանը տարաւ կորիզային ժամանակաշրջան: Վերադառնալով որպէս վարչապետ` 1980 թուականին, իր երկու թիկնապահներուն կողմէ սպաննուեցաւ չորս տարի ետք:

Արժանթին

 – Իզապէլ  Փերոն (1974-1976)

Իզապէլ Մարթինես տը Փերոն աշխարհի առաջին կին նախագահն էր եւ Արժանթինի նախագահ` 1974-1976 թուականներուն: Ան Արժանթինի նախագահ Խուան Տոմինկօ Փերոնի երրորդ կինն էր:

Իզապէլ ծնած էր 1931 թուականին Լա Ռիոխի մէջ, եւ 1938 թուականին ընտանեօք տեղափոխուած են Պուէնոս Այրես, ուր ան կրթութիւն ստացած է Մշակոյթի հիմնարկին մէջ` դառնալով ֆրանսերէնի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի: Աւելի ուշ ան սկսած է ելոյթ ունենալ Սերվանթեսի անուան ազգային թատերախումբի եւ պալէի կազմին մէջ: 1955 թուականին ծանօթացած է զօրավար Խուան Փերոնի հետ եւ դարձած` անոր քարտուղարուհին: Այդ ժամանակ երկրէն արտաքսուած առաջնորդը կ՛ապրէր Փանամայի մէջ, ուր Իզապէլ պարուհի էր գիշերային զբօսավայրի մը մէջ: 1960-ին  տեղափոխուեցան Սպանիա, ուր Եկեղեցւոյ ճնշումով Փերոն ստիպուած ամուսնացաւ անոր հետ 1961 թուականին, հակառակ անոր որ Իզապէլ ամուսինէն փոքր էր 35 տարի:

Երբ 1974 թուականին Փերոն մահացաւ, Իզապէլ` որպէս փոխնախագահ, ինքնաբերաբար դարձաւ պետութեան ղեկավարը:

Ի տարբերութիւն Փերոնի նախկին կնոջ` Էվա Փերոնի, Իզապէլ` բաւական թուլակամ էր եւ գործուն դեր չէ ունեցած քաղաքականութեան մէջ:

Արդէն անիշխանութեան եզրին գտնուող երկրի տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակը կը շարունակէր վատթարանալ: Զայն առեւանգեցին օդուժի անդամներ եւ հինգ տարի պահեցին տնային կալանքի տակ:

 Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն

 – Էլիզապեթ Տոմիտիէն (1975-1976)

1925 թուականին ծնած Էլիզապեթ Տոմիտիէն կանուխ տարիքէն գործուն քաղաքականութիւն ծաւալած է: Ան այս պաշտօնին առաջին եւ մինչեւ այսօր միակ կինն էր եւ առաջին կինը, որը ստանձնած է Ափրիկէի որեւէ երկրի վարչապետի պաշտոնը:

1972 թուականին նախկին նախագահ Պոկասան զայն նշանակած է Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան վարչապետ: Սակայն տարի մը ետք ան պաշտօնազրկուած է անոր առաջարկած միապետութեան դէմ ըլլալուն պատճառով: 1979 թուականին ան յեղաշրջում կազմակերպած է Պոկասայի դէմ եւ` կարճ ժամանակով բանտարկուած:

Մահացած է 2005 թուականին:

Փորթուգալ

 – Մարիա Տա Լուրտ Փինթասիլքօ (1979-1980)

1930-ին  ծնած եւ 2004-ին մահացած Մարիա Փինթասիլքօ փորտուգալցի քիմիագէտ եւ քաղաքական գործիչ էր: Ան  առաջին եւ ցարդ միակ կինն էր, որ ստանձնած է  այդ երկրի  վարչապետի պաշտօնը եւ երկրորդ կինն էր, որ եղած է  վարչապետ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ` Մարկարեթ Թաչըրէն ետք:

Ան պաշտօնավարեց միայն երեք ամիս: Այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ ան կրցաւ բարեփոխումներ իրականացնել ընկերային ապահովագրութեան ոլորտին մէջ եւ բարելաւել առողջապահութեան ու կրթութեան համակարգերը:

Պոլիվիա

 – Լիտիա Կէյլեր Թեժատա (1979-1980)

Լիտիա Կէյլեր Թեժատան Պոլիվիոյ առաջին կին նախագահն էր: Ան 1979 թուականին երդում տուած է որպէս ժամանակաւոր նախագահ եւ պաշտօնավարած է ութ ամիս: Պետական յեղաշրջումէն ետք ան շարունակած է աշխատիլ քաղաքականութեան մէջ` որպէս դեսպան Քոլոմպիոյ եւ Վենեզուելայի մէջ:

Տոմինիկեան Հանրապետութիւն

 – Եւգենիա  Չարլզ (1980-1995)

Ստրուկներու թոռնուհի Եւկենիա Չարլզ (1919-2005) ոչ միայն Տոմինիկեան Հանրապետութեան առաջին կին վարչապետն էր, այլեւ` երկրի առաջին կին իրաւաբանը եւ ամբողջ Քարայիպեան աւազանին մէջ պետութեան ղեկավար ընտրուած առաջին կինը: Յայտնի` որպէս «Քարայիպեան աւազանի երկաթեայ տիկին», Չարլզ  անխոնջ պայքարած է կառավարութեան փտածութեան դէմ: 1991 թուականին ան ստացած է Բրիտանական կայսրութեան տիկին-քոմանտորի կոչումը:

Բրիտանիա

 – Մարկարեթ  Թաչըր (1979 – 1990)

Մարկարեթ Թաչըր եկած էր համեստ ընտանիքէ մը եւ աշխատած էր որպես քիմիագէտ` նախքան քաղաքականութիւն մտնելը: Ան միացած է Պահպանողական կուսակցութեան եւ դարձած`  անոր առաջնորդը 1975 թուականին: 1979 թուականին ան Բրիտանիոյ առաջին կին վարչապետն էր: Թաչըր նաեւ առաջին կինն էր, որ ընտրուած  էր` գլխաւորելու արեւմտեան մեծ երկիր մը: Համայնավարութեան դէմ իր կոշտ դիրքորոշման համար ան կոչուած է «Երկաթեայ տիկին»: Պաշտօնավարած է 11 տարի` դառնալով  20-րդ դարու ամէնէն երկար ծառայած բրիտանացի վարչապետը: Պաշտօնավարութեան ընթացքին Թաչըր խթանած է ազատ շուկայի քաղաքականութիւնը` սեփականաշնորհելով պետական ընկերութիւնները, եւ օգնած է  Բրիտանիան տանելու տնտեսական աւելի լաւ ապագայ:

Իսլանտա

 –  Վիկտիս Ֆինպոկատոտիր (1980-1996)

Վիկտիս դարձաւ Եւրոպայի առաջին կին նախագահը 1980 թուականին: Թէեւ` ամուսնալուծուած, առանձին մայր, ան դարձաւ պաշտամունքային քաղաքական դէմք եւ` առաջին կինը, որ ընտրուեցաւ պետութեան ղեկավար: Իսլանտայի մշակութային ժառանգութեան կրքոտ պաշտպան` ան շատ ժողովրդական էր եւ վերընտրուեցաւ երեք անգամ` մինչեւ վերջնականապէս հանգստեան կոչուիլը 1996 թուականին, զարմանալի 16-ամեայ պաշտօնավարութենէ մը ետք:

——-

Ինտիրա Կանտի – Հնդկաստանի վարչապետ

«Մարդիկ հակուած են մոռնալու իրենց պարտականութիւնները, բայց կը յիշեն իրենց իրաւունքները»:

Մարկարեթ Թաչըր – Բրիտանիոյ վարչապետ

«Եթէ կ՛ուզես, որ բան մը ըսուի, դիմէ՛ տղամարդու մը: Եթէ կ՛ուզես, որ բան մը կատարուի, դիմէ՛ կնոջ մը»:

Էլլըն Ճոնսըն Սըրլիֆ – Լիպերիոյ նախագահ

«Քու երազներուդ չափը միշտ պէտք է գերազանցէ քու ներկայ կարողութիւնդ` զանոնք իրագործելու»:

Ճասինտա Արտըրն – Նոր Զելանտայի վարչապետ

«Տարիներու ընթացքին ինծի ուղղուած քննադատութիւններէն մէկը այն է, որ ես բաւարար չափով կտրուկ կամ վճռական չեմ: Ես ամբողջովին կը մերժեմ այդ տեսակէտը»:

Սիրմաւօ Պանտարանայքէ – Սրի Լանքայի նախագահ

«Կինը կրնայ առաջնորդել երկիր մը` նոյն վճռակամութեամբ եւ նուիրումով, ինչպէս որ կը կառավարէ ընտանիքը»:

Վիկտիս Ֆինպոկատոտիր – Իսլանտայի նախագահ

«Կիներ, երբ առաջնորդութեան մէջ են, յաճախ կը բերեն տարբեր փորձառութիւն եւ նոր տեսանկիւն»:

 

Նախորդը

Արեւմտահայերէնը Դարձնել Նոր Սերունդի Ձայնը

Յաջորդը

Յարձակելով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Վրայ` Մեծն Բրիտանիոյ Հանրային Կապերու Ընկերութիւնը Կը Վնասէ Իր Հեղինակութեան

RelatedPosts

Արտօնեալ Փտածութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Արտօնեալ Փտածութիւն

October 30, 2026
Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.