Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բազմաթիւ են անհատներու գոյատեւումի դէպքերը, որոնք յաճախ պատմուածքներու, վէպերու եւ շարժապատկերներու նիւթ դարձած են: Անձնատուր չըլլալու կամքը եւ ոգին այդ անհատները մղած են գերմարդկային ճիգով գոյատեւելու: Մեզի ծանօթ ազգեր հաւաքական ջանքով այդ կ՛ընեն:
Ն.
Փուն Լիմ իր լաստին վրայ
Ծովուն վրայ 133 օր գոյատեւել.
Փուն Լիմի ուշագրաւ կեանքը
23 նոյեմբեր 1942-ին գերմանական սուզանաւ մը ռմբակոծեց Թագաւորական նաւատորմի «Պեն Լոմոնտ» ականակիրը: Նաւուն վրայ գտնուող չին նաւաստի Փուն Լիմ յայտնուեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսի կեդրոնը:
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` Փուն Լիմ ծովուն վրայ 133 օր գոյատեւեց, մինչեւ որ պրազիլցի ձկնորսներ զինք փրկեցին:
Փուն Լիմի ուշագրաւ կեանքը եւ պատմութիւնը արձանագրած են զանազան կայքեր:
Փուն Լիմի կեանքը
Փուն Լիմ ծնած է Չինաստան, 1918 թուականին: Ան հասակ նետած է ձկնորսական գիւղի մը մէջ եւ փոքր տարիքէն սորված է լողալ: Երբ ան միայն տասը տարեկան էր, ընտանիքը տեղափոխուած է Մալեզիա, ուր ան շարունակած է աշխատիլ ձկնորսութեան ոլորտին մէջ:
1942 թուականին, երբ 30 տարեկան էր, Փուն Լիմ զօրակոչուեցաւ Չինաստանի առեւտրային նաւատորմ` որպէս սպասաւոր աշխատելու բրիտանական «Պեն Լոմոնտ» նաւուն վրայ, որ հարաւարեւելեան Ասիայէն Աւստրալիա պաշարներ կը տեղափոխէր:
Փուն Լիմ աշխատասէր էր եւ լռակեաց:
«Պեն Լոմոնտ»-ի նաւաբեկումը
«Պեն Լոմոնտ» դանդաղաշարժ նաւ մըն էր, ունէր քիչ զէնքեր եւ այդ պահուն առանձին կը նաւարկէր, հեռու` միւս բարեկամ նաւերէն:
23 նոյեմբեր 1942-ին գերմանական սուզանաւ մը ռմբակոծեց «Պեն Լոմոնտ»-ը, որուն անձնակազմի անդամները անակնկալի գալով` զոհուեցան, բացի Փուն Լիմէն:
Նաւը իր բեռներով ընկղմեցաւ:
Անձնակազմի 55 անդամներէն միակ փրկուածը Փուն Լիմն էր: Բախտն ու ճակատագիրը անոր համար բոլորովին այլ ծրագիրներ պատրաստած էին: Ան կարողացաւ փրկարար բաճկոն գտնել, երբ նաւը կ՛ընկղմէր: Լիմ շուրջ երկու ժամ լողաց` նախքան փայտէ լաստ մը գտնելը եւ վրան նստիլը:
Ի վերջոյ, ըստ էութեան, այս միակ յաջողութիւնն էր, որ ան ունեցաւ ծովուն մէջ յաջորդ 133 օրերու ընթացքին:
Ինչպէ՞ս գոյատեւեց Փուն Լիմ
Փուն Լիմ նախ պէտք էր ճշդէր իր հնարաւորութիւնները եւ իր տրամադրութեան տակ եղած ամէն բան: Երբ հանգստացաւ, խոր շունչ մը քաշեց եւ մտածեց իր իրավիճակին մասին:
Լաստանաւը ունէր փրկութեան համար անհրաժեշտ պարագաներ. չորցուած պիսքուիներու տուփեր, 40 լիթր ջուր, տոպրակ մը շաքար, տուրմ, լապտեր եւ քանի մը պայթուցիկ-լուսարձակներ: Ան նաեւ փրկարար բաճկոնը ունէր :
Բայց անկախ անկէ, թէ ի՛նչ սնունդ կ՛առաջարկէր փրկարար նաւակը, ան չէր կրնար ամբողջ ճամբան անցնիլ իր պաշարներով: Այս կը նշանակէր, որ եթէ կ՛ուզէր գոյատեւել, պէտք էր ստեղծագործ եւ նորարար ըլլար:
Ան սկսաւ գործածել լաստին բոլոր հնարաւորութիւնները, որովհետեւ հասկացաւ, որ պէտք չէ յոյսը դնէ փրկուելու վրայ եւ պէտք է սնունդ եւ ըմպելի ջուր գտնէ:
Սկիզբը Լիմ հաւաքեց անձրեւի ջուրը` գործածելով փրկարար բաճկոնին ամրացուած կտաւը: Ապա, օգտագործելով լապտերին թելերը եւ լաստին փայտէն հանած գամերը, պատրաստեց փոքր եւ աւելի մեծ ձկնորսական կարթեր:
Բազմաթիւ անյաջողութիւններ
Քաջ մարդը փրկուեցաւ այդ չորս ամիսներու ընթացքին որսացած բազմաթիւ ձուկերով: Ան նոյնիսկ կրցաւ քանի մը հատը պահել հետագայ օրերու համար:
Բայց եւ այնպէս, այդ 133 օրերու ընթացքին անոր բախած բազմաթիւ անյաջողութիւններէն մէկը փոթորիկն էր, որուն պատճառով անոր լաստը շրջեցաւ` ոչնչացնելով անոր ձուկի պաշարը եւ խմելու ջուրը:
Փուն Լիմ գրեթէ գիտակցութիւնը կորսնցուց, ուստի յուսահատ փորձ կատարեց: Ան սկսաււ լաստին շուրջը դարձող թռչուններ որսալ:
Ան բախտաւոր էր, որ կրցաւ բռնել մէկը եւ արագ խմեց անոր արիւնը` հագեցնելու իր ծարաւը: Ան շարունակեց թռչուններ որսալ, քանի որ անոնք իրեն բաւարար սնունդ եւ ջուր կու տային: Բայց եւ այնպէս, արիւնը սկսաւ շանաձուկերը գրաւել իր լաստին վրայ:
Փուն Լիմ որոշեց թռչունի միսը որպէս խայծ օգտագործել` փոքր շանաձուկերը բռնելու համար: Երբ շանաձուկը վերջապէս խածաւ խայծը, Լիմ անասունը քաշեց լաստին վրայ: Շանաձուկը ծեծեց կիսով չափ լեցուած ջրամանով` պաշտպանուելու եւ բռնելու համար ձեռքերը կտաւով ծածկելէ ետք:
Ան կռուեցաւ շանաձուկերու դէմ եւ վայելեց անոնց լողակները` հայնան, չինական նրբաճաշակ ուտեստը:
Փրկութիւն
1943 թուականին, երբ Փուն Լիմ մօտեցաւ ցամաքին, երեք ձկնորսներ վերջապէս գտան անոր լաստանաւը եւ փրկեցին զայն: Ան բաւական նիհարցած էր:
Լիմ յայտարարեց. « Գիտէի, որ ցամաք է, քանի որ ջուրին գոյնը կտրուկ փոխուած էր» :
Փուն Լիմ փրկութենէն ետք
Բայց եւ այնպէս, այն փաստը, որ այս մարդը առանձին հասաւ ցամաք, անոր ուժի եւ տոկունութեան յուշարձան է:
Ապա ան յաջորդ ամիսը անցուց Պրազիլի մէկ հիւանդանոցին մէջ` նախքան Բրիտանիա ետ ղրկուիլը:
Ի վերջոյ, ան հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ապրեցաւ Պրուքլինի մէջ, մինչեւ 72 տարեկանին մահանալը:
Այս Փուն Լիմի անհաւատալի թուացող իրական պատմութիւնն է: Ան բացառիկ մարդ է եւ իսկական գոյատեւած մը:
«Եթէ Ինծի Բան Մը Պատահի,
Եւ Մահս Յայտնի Դառնայ…»
Ատա Պլեքճեքը (ծննդեան մականունը` Տելուտուկ) ծնած է 10 մայիս 1898-ին եւ մահացած` 29 մայիս 1983-ին: Ան ինուփիաք (Iրupiaq) կին էր, որ ուղեկցած է հիւսիսային բեւեռի արշաւախումբին դէպի Սիպերիոյ հիւսիսը գտնուող անմարդաբնակ Վրանկել կղզի, ուր ութ ամիս առանձին ապրած է, երբ միւս անդամները հեռացած կամ մահացած են:
Ատա ծնած է Սփրուս Քրիքի հեռաւոր բնակավայրին մէջ, որ կը գտնուի Ալասքայէն 13 քմ հեռաւորութեան վրայ:
Անոր հայրը մահացած է սննդային թունաւորումէ, երբ Ատա ութ տարեկան էր: Մայրը զայն եւ քոյրը` Ռիտն, ղրկած է Ալասքայի Նոմ քաղաքի միսիոնարական դպրոց:
Ատան մեծցուցած են միսիոնարները, որոնք անոր սորվեցուցած են անգլերէն եւ կարել: 16 տարեկանին ամուսնացած է Ճեք Պլեքճեքին հետ, որ նախկին որսորդ եւ շուներով քաշուող սահնակ վարող էր:
Զոյգը ապա տեղափոխուած է Սիւարտ թերակղզի, ուր ունեցած են երեք երեխայ, անոնցմէ միայն մէկը ողջ մնացած է մանկութեան տարիներէն: Ճեք բռնութեան ենթարկած է Ատան` վերջապէս լքելով զայն եւ իրենց ողջ մնացած տղան` Պենեթը:
Նախքան ամուսինին վերադառնալը` Ատան ամուսնալուծուած եւ Պենեթի հետ քալած է 64 քմ մինչեւ Նոմ, ուր կը բնակէր մայրը:
Գոյատեւելու համար Ատան տուներ կը մաքրէր եւ հանքագործներուն հագուստ կը կարէր, բայց տակաւին չէր կարողանար վճարել Պենեթի շաքարախտի բուժման ծախսերը:
Այդ պատճառով ան ժամանակաւոր ստիպուած էր Պենեթը տեղաւորել Ճեսսի Լի մանկատան մէջ, ուր կրնային աւելի լաւ խնամել անոր շաքարախտը:
Ատա որոշած էր գումար շահիլ` տղուն հետ վերամիանալու համար:
Ատա Պլեքճեք եւ տղան` Պենեթ
Նոմի ոստիկանապետ Է. Ռ. Ճորտըն, որ ծանօթ էր Ատայի իրավիճակին, անոր ըսաւ, որ Չուկչի ծովով դէպի Վրանկել կղզի կատարուող հիւսիսային բեւեռի արշաւներուն մասնակցելու համար աշխատաւորներ կ՛ուզուին:
Ճորտըն լաւ ծանօթ չէր արշաւախումբի նպատակին, ան կը կարծէր, թէ Ատան, որ կը խօսէր անգլերէն եւ վարպետ դերձակուհի էր, կրնար յարմար ըլլալ արշաւախումբին, որուն համար անհրաժեշտ էր մորթէ հագուստ կարող մը:
Արշաւախումբը կը գլխաւորէր քանատացի հետազօտող Ալան Քրոֆորտ, բայց տնտեսումը, ծրագրումը եւ խրախուսողն էր Վիլհիալմուր Ստեֆանսոն, որ մնաց Վրանկել կղզիէն հիւսիս գտնուող շրջանին մէջ` այլ ուսումնասիրութեան մը համար գումարներ հայթայթելու:
Ստեֆանսոն կը կարծէր, թէ հիւսիսային բեւեռը դիւրաւ բնակելի կ՛ըլլայ անոնց համար, որոնք պատրաստ են յարմարելու:
«Եթէ ինծի բան մը պատահի, եւ մահս յայտնի դառնայ, Պենեթի դպրոցական գիրքերու պայուսակին մէջ կայ սեւ ժանեակ մը` իմ միակ զաւկիս համար: Կը խնդրեմ, որ դուք Պենեթին տանիք, ինչ որ ինծի կը պատկանի:
Ատա Պլեքճեք, օրագրի արձանագրութիւն, 2 ապրիլ 1923:
Ստեֆանսոն հինգ բնակիչ ղրկեց (եւրոպացի մը, քանատացի մը, երեք եւրոպացի-ամերիկացի եւ ինուփիակ մը` Ատա Պլեքճեք) կղզին` Քանատային յանձնելու մտադրութեամբ:
Ստեֆանսոն անձամբ ընտրեց հետազօտողները` հիմնուելով անոնց փորձառութեան եւ ակադեմական որակաւորման վրայ: Ան արշաւախումբին համար ընտրեց աշխարհագրութեան եւ այլ գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ յառաջադէմ գիտելիքներ ունեցողները:
15 սեպտեմբեր 1921-ին խումբը մնաց Սիպերիոյ հիւսիսը գտնուող Վրանկել կղզիին մէջ` կղզին Քանատայի կամ Միացեալ Թագաւորութեան համար պահանջելու:
Պլեքճեքը շատ կասկածներ ունէր արշաւախումբին միանալու վերաբերեալ, յատկապէս այն պատճառով, որ զայն խաբած էին, թէ ինք կ՛ըլլայ Ալասքայի բազմաթիւ բնիկներէն միայն մէկը, որ կը միանայ անձնակազմին:
Խումբին մէջն էին հինգ տղամարդ, Պլեքճեքը, որ վարձուած էր որպէս խոհարար եւ դերձակ, ամերիկացի տղամարդիկ` Լորն Նայթ, Միլթոն Կալլ, Ֆրետ Մուրեր եւ Ալան Քրուֆորտ:
Մուրերը 1914 թուականին կղզիին մէջ մնացած էր ութ ամիս, Կառլուքի նաւաբեկումէն փրկուելէն ետք:
Սկիզբը կղզիին պայմանները բաւարար էին, բայց տարի մը ետք վատթարացան: Սննդամթերքը սպառեցաւ, եւ կազմը չկրցաւ կղզիին մէջ բաւարար քանակութեամբ որսալ` գոյատեւելու համար:
28 յունուար 1923-ին տղամարդոցմէ երեքը վերջապէս փորձեցին անցնիլ 140 քմ սառած Չուկչի ծովը դէպի Սիպերիա` օգնութիւն եւ սնունդ փնտռելու համար, ձգելով Պլեքճեքը եւ հիւանդ Նայթը, զոր կը խնամէր Ատան մինչեւ անոր մահը` 23 յունիս 1923:
Միւս երեք տղամարդիկը այլեւս երբեք չտեսան, եւ այդպիսով Պլեքճեք մնաց առանձին` բացի արշաւախումբի կատուէն` Վիքթորիայէն: Պլեքճեք ութ ամիս գոյատեւեց ծայրահեղ ցուրտ պայմաններու մէջ` սորվելով աղուէսներ որսալ, նաւակներ կառուցել եւ եղջերուի կաշիէն բաճկոններ կարել:
19 օգոստոս 1923-ին զայն փրկած է Ստեֆանսոնի նախկին գործընկեր Հարոլտ Նոյս:
Այդ օրերու շարք մը թերթեր Ատան անուանած են իսկական «կին Ռոպինսոն Քրուզօ»:
Պլեքճեքը իր խնայած գումարը գործածած է տղան Ուաշինկթըն նահանգի Սիեթլը քաղաք տանելու` անոր շաքարախտը բուժելու համար:
Ատա վերամուսնացած է եւ ունեցած է տղայ մը եւս` Պիլլի:
Ի վերջոյ, ան վերադարձած է հիւսիսային բեւեռ, ուր ապրած է մինչեւ 85 տարեկան: