Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Թելեկրաֆ» թերթը հրատարակած է Հիթլերի սերտ գործակից Հիմլերի թոռան մասին յօդուած մը, ներկայացնելով տագնապը անձի մը՛ որ ուշ գիտցած է մեծ հօր ոճրագործ ըլլալը:
Ն.
Հենրիկ Լենկէյթ, երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը կը դիտէր, նայեցաւ Հիթլերի աջ բազուկը եղող անձին եւ ցնցուեցաւ` տեսնելով ծանօթ դէմք մը…

Հենրիկ Լենկէյթ երեխայ եղած ատեն կ՛ապրէր Գերմանիոյ հիւսիսը, անոր ծնողները յաճախ զայն կը տանէին հարաւ` մօրենական մեծ մօր տունը: Ան ջերմ, բարեացակամ կին էր, որ երիտասարդ Հենրիկին տուրմեր կը նուիրէր: Ան մահացաւ 1994 թուականին, Լենկէյթ մասնակցեցաւ անոր յուղարկաւորութեան:
«Բայց ես կը գիտակցէի, որ մթնոլորտը յատկապէս տխուր չէր,- կ՛ըսէ ան: – Ես միայն 17 տարեկան էի, բայց կը յիշեմ, թէ որքան տարօրինակ էր, որ այդքան քիչ մարդիկ կը սգային անոր համար»:
Անցեալ օգոստոսին, 49-ամեայ Լենկէյթ, որ կ՛աշխատէր որպէս զոյգերու խորհրդատու Սպանիոյ հարաւը, բացայայտեց պատճառը:
Շատ տաք, մռայլ կէսօր էր եւ աշխատանքային յոգնեցուցիչ առաւօտէն ետք ան սկսաւ դիտել «Ո՞վ էր Հիմլերը» պատկերասփիւռային վաւերագրական շարժապատկերը: Հետաքրքրուած էր կեանքովը մարդու մը, զոր ան գիտէր, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Հիթլերի աջ բազուկն էր` Կեստափոյի ղեկավարը եւ «Վերջնական լուծման» ճարտարապետը, բայց` ուրիշ ոչինչ:
Լենկէյթ որոշեց փնտռել առցանց: Սարսափելով ան նկատեց, որ կը նայի Հիմլերի սիրուհիի լուսանկարին եւ կը ճանչնայ իր մեծ մօր բաց, ազդեցիկ դէմքը:
Հետուիկ Փոտասթ, զոր ան կը ճանչնար որպէս Մուտի, պատերազմի ժամանակ Հիմլերի անձնական քարտուղարուհին էր եւ անկէ երկու երեխայ ունեցած էր:
Փոտասթի ամուսինը` Հանս Շտեկ, որ Լենկէյթ իր մեծ հայրը կը կարծէր (զոյգը ամուսնացած է 1955 թուականին), ընդհանրապէս արիւնակցական կապ չունէր:
Անոր մայրը` Նանեթ-Տորոթիա, որ ծնած է 1944 թուականին, Հիմլերի դուստրն էր: Նանեթ զաւակին բնաւ չըսաւ իր ծագումին մասին եւ մահացաւ 2019 թուականին :
«Ստամոքսս պրկուեցաւ,- կ՛ըսէ Լենկէյթ: – Ինքզինքս կը զգայի եռացող ճնշեփի, կաթսայի պէս: Կնոջս ըսի. «Ես իսկապէ՞ս այս անձին թոռն եմ»: Կինս նայեցաւ եւ ըսաւ` այո՛»:

Լենկէյթ սկսաւ աւելի խոր փորփրել:
Անոր մեծ մօրը սիրավէպը, որ սկսած էր 1938 թուականին, դժուար թէ գաղտնիք ըլլար. ան նոյնիսկ ունէր իր սեփական Ուիքիփետիայի էջը, ուր լսած էր այն տան մասին, որ Հիմլեր, երբ արդէն կին եւ երեխայ ունէր, գնած էր անոր համար:
Փոտասթ պատերազմի ժամանակ ապրած է այնտեղ իր զաւակներուն` Լենկէյթի մօր եւ անոր հօրեղբօր` Հելկէի հետ:
Հիմլեր աւելի քան 200 նամակ ղրկած է Փոտասթին, որ կ՛անուանէր Պանի (ան Հիմլերը կ՛անուանէր Հենրիկ թագաւոր):
Պարզուած են սարսափելի մանրամասնութիւններ, ինչպէս` լուր մը, որ անոր մեծ մայրը ապրած է մարդկային մորթէ պատրաստուած կահոյքի շրջապատի մը մէջ:
Լենկէյթ չի հաւատար այս տեղեկութեան, թէեւ մօր ծննդեան ժամանակ ներկայ բժիշկը Քարլ Կեպհարթն էր, որ վիրաբուժական փորձեր կատարած էր Ռաւենսպրիւկի համակենդրոնացման ճամբարի կիներու վրայ:
Լենկէյթ նաեւ աւելին գիտցաւ Հիմլերի մասին մասնաւորապէս զարմանալով, որ միլիոնաւորներու սպանութեան համար պատասխանատու մարդը թենիս կը խաղար կազային խցիկներ այցելելէ եւ մարդոց մահը դիտելէ ետք:
«Ես դիտեցի Հիմլերի մասին «Պարկեշտը» շարժապատկերը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ, որ, այո՛, նացիականները ըրած են այս բոլորը, բայց` ժողովուրդին նկատմամբ պարտականութենէ մեկնելով: Անոնք դեռ կը պնդէին, որ իրենք պարկեշտ մարդիկ են: Այս խօսքը լսելը այդ պահուն ինծի համար մեծ հարուած էր»:
Լենկէյթ կը բնակի Մալակայի մօտ, իր մեքսիքացի կնոջ եւ երեք երեխաներուն հետ, 2018 թուականէն ի վեր: Միայն հիմա` տարի մը ետք, ան կը զգայ, որ կրնայ խօսիլ իր յայտնագործութեան մասին:
«Ես այսօր աւելի բաց եմ, քան` նախապէս, – կ՛ըսէ ան: – Բայց ես վեր ու վար կ՛երթամ: Կը կորսնցնեմ կեանքի զգացողութիւնը, նորէն կը կանգնիմ: Այդ գծային չէ: Երբեմն կը կասկածիմ, թէ արդեօք իրաւունք ունէի՞ շարունակել ապրիլ»:

Թէեւ ան յաջողած է միացնել կարգ մը փաստեր, լռութիւնը, գաղտնիութիւնը եւ խճճուածութիւնը կը շարունակուին : Օրինակ` անոր հօրեղբայր Հելկէն դեռ ողջ է, բայց մերժած է խօսիլ անոր հետ, եւ անոնք այլեւս կապի մէջ չեն:
Լենկէյթ ունի քոյրեր եւ եղբայրներ, բայց անոնք նոյնպէս որոշած են չխօսիլ եւ անոնց ցանկութիւններու նկատմամբ յարգանքէ մեկնելով` հրաժարած է լրացուցիչ մանրամասնութիւններ տրամադրել:
Ի տարբերութիւն քոյրերուն եւ եղբայրներուն` Լենկէյթ եւ իր կինը ամէն բան պատմած են իրենց զաւակներուն:
Թէեւ ան չի հաւատար, որ ծնողները նացիական աշխարհայեացքին հետեւած են, կը պայքարի հաշտեցնելու իրենց մասին ունեցած պատկերացումը, որուն այժմ ծանօթ է:
«Ծնողներս միշտ ինծի սորվեցուցած են ըլլալ ուղիղ մարդ: Մի՛ շրջանցեր ամէն բան: Մի՛ խուսափիր ամէն բանէ: Եղի՛ր ուղիղ»: Այս այն բանն էր, որուն համար հայրս ամէնէն շատ կը քննադատէր զիս, որ այդպիսին չեմ: Երբ լսեցի, թէ անոնք ի՛նչ կը պահէին, մտածեցի` ո՞վ հիմա ուղիղ չէ: Բայց այժմ կը հասկնամ, որ անոնց վերաբերմունքը հրահրելու ձեւ մըն էր:

Բայց եւ այնպէս, ան կը խոստովանի, որ ապրած է ծայրայեղ վիշտի տեսակ մը:
«Իմ ամբողջ կեանքս սուտ եղած է. 47 տարի այդ իրական չէր: Այո՛, ես սուգի մէջ եմ` զայրոյթի, տխրութեան, անձկութեան եւ վախի բոլոր զգացումներով, որոնք այդ կ՛ենթադրէ»:
Հիմլերը արդարադատութեան առջեւ բնաւ չէ կանգնած իր վայրագութիւններուն համար` մահանալով թունաւորումէ մը 1945 թուականին, նախքան դատուիլը:
Փոտասթ նոյնպէս երբեք չէ դատուած, թէեւ կարգ մը պատմաբաններ ենթադրած են, թէ ան, հնարաւոր է, մեղքի խոստովանութեան համաձայնագիր կնքած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի հետ` քրէական հետապնդումէն խուսափելու համար:
Լենկէյթ չի գիտեր` ինչին հաւատալ: «Այս տեսակի բաներու շուրջը շատ կեղծ լուրեր կան: Ես կը փորձեմ ոչ մէկ ենթադրութիւն ընել»:
Սակայն ան կասկած չունի մեծ հօրը մեղաւորութեան հարցով: Երբեք չէ պարզուած, թէ արդեօ՞ք Փոտասթ աշխուժ գործակցած է նացիական վարչակարգի հետ:
Հետագայ հարցազրոյցներու ընթացքին ան հրաժարած է քննարկել Հիմլերի հետ իր յարաբերութիւնները, բայց Լենկէյտ վստահ է, որ ան գիտէր, թէ ի՛նչ կը կատարուի:
«Անշուշտ ան գիտէր: Զայն պէտք էր դատապարտէին»:
Լենկէյթ պայքարած է իր մեղքի զգացումներու դէմ: Սակայն նոյնիսկ իր ամէնէն ծանր վիճակին մէջ քրիստոնէական հաւատքը օգնած է անոր յաղթահարել այդ: Ան նաեւ կ՛աշխատի որպէս քահանայ Սպանիոյ մէջ:
«Երբ կը մտածէի, թէ արդեօք իրաւունք ունի՞մ շարունակել ապրիլ, հաւատքն էր, որ յիշեցուց ինծի, թէ այդ Աստուծոյ շնորհով է: Դուն չէ, որ պիտի որոշես: Դուն ստեղծուած ես այնպէս, ինչպէս ստեղծուած ես: Դուն չես ընտրեր քու արեան գիծդ»:
Լենկէյթ կ՛ուզէ, որ իր ծնողները նոյն ձեւով տեսնէին այդ:
«Ինծի համար կարեւոր է խօսիլ անոր մասին: Ըսել, օրինակ, Հիմլերը մեր նախնին էր, բայց մենք Հիմլեր չենք: Մայրս մեղքի զգացում չունի, ան ծնած է 1944 թուականին: Հօրեղբայրս ալ, որ ծնած է 1942 թուականին, մեղաւոր չէ: Ուրեմն ինչո՞ւ այս ամբողջ ամօթը»:

Հիմա Լենկէյթ իր կեանքը կը նուիրէ գերմանական ընտանիքները խրախուսելուն` բացայայտ խօսիլ իրենց նացիական ժառանգութեան մասին: Ան կը կարծէ, որ իր երկիրը կը գտնուի խաչմերուկի մը վրայ:
Տասնամեակներ շարունակ Գերմանիա ներգրաւուած է ազգային հաշուեհարդարի գործընթացի մը մէջ, որ յայտնի է որպէս Vergangenheitsbewältigung , որուն ընթացքին փորձած է քաղաքականապէս, մշակութային եւ հոգեբանօրէն պայքարիլ նացիական վայրագութիւններու դէմ:
Բայց եւ այնպէս, Լենկէյթ կը կարծէ, որ կայ անջրպետ ազգի` իր անցեալը դիմակայելու ունակութեան եւ առանձին ընտանիքներու` նոյնը ընելու կարողութեան միջեւ:
«Իրականութեան մէջ ստած չենք ըլլար` ըսելով, որ Գերմանիա դիմակայած է անցեալը: Բայց գերմաներէնի մէջ մենք ունինք ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ ` «Մենք կը ստենք մեր գրպաններուն մէջ»: Այդ կը նշանակէ, որ մենք կը ստենք մենք մեզի: Մենք բոլորս կը սիրենք մտածել: Անշուշտ մենք կը պահէինք հրեաները, մենք չէինք դառնար բարձրաստիճան նացիական առաջնորդ: Բայց այս հարցերուն պատասխանելը այդքան ալ դիւրին չէ: Որովհետեւ, եթէ անկեղծ ըլլանք, ո՞վ չէր գործեր մեծ չարիք` գոյատեւելու համար», կ՛ըսէ ան:
Ան նաեւ ուղղակի կապ կը տեսնէ նացիականութեան եւ ծայրայեղ աջակողմեան AfD կուսակցութեան վերելքի միջեւ` պնդելով, որ քաղաքական կեդրոնի անկարողութիւնը գաղթի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու հարցով թոյլ տուած է ծայրայեղականներուն` շահագործել մարդոց վախերը:
«Եթէ մենք այս հարցին մասին խօսէինք նախքան անոր տարածումը, մենք այս խնդիրը չէինք ունենար: Ե՛ւ նացիականութիւնը ե՛ւ AfD-ն կը խրախուսեն մարդիկը` մեղադրել այլ խումբեր, իրենց դժբախտութիւններուն համար: Անոնք կը խրախուսեն իրենց կողմնակիցները` իրենք զիրենք զոհ համարել, եւ այս վիրաւորանք է անոնց համար, որոնք իրականութեան մէջ զոհեր էին: Մենք 1930-ականներուն տեսանք, թէ որքա՛ն դիւրութեամբ մարդիկ կ՛ամբաստանուէին, կը դատապարտուէին: Ես կը վախնայի, որ այդ կրկին կ՛աճի»:

Ան կը վախնայ ապագայի համար:
«Այսօր Եւրոպայի մեծ մասը նման է Վայմարեան հանրապետութեան,- կ՛ըսէ ան: – Գերմանացի հեղինակ Նիկլըս Ֆրանք, որուն հայրը բարձրաստիճան նացիական պաշտօնեայ էր, իր գիրքին մէջ հարցուցած է. «Պատրա՞ստ ենք մենք կրկին սպանութեան»: Այդ լաւ հարցում է»:
Լենկէյթ հիմա կը գրէ սեփական գիրքը` կնոջ առաջարկով: Կինը կը խորհի, որ այդ կրնայ օգնել Լենկէյթի` հասկնալու իր յայտնագործութիւնը:
Ակներեւ է, որ բեռը տակաւին ծանր է: Արդեօ՞ք ան կրնայ ներել իր մեծ մայրը եւ մեծ հայրը:
«Ես պէտք է ներեմ, – կ՛ըսէ ան: – Ոչ թէ որովհետեւ ես հովիւ եմ, այլ որովհետեւ ես մարդ եմ: Ես չեմ կրնար անիծել արեանս գիծը: Այդ չի նշանակեր, որ այս մարդիկ արժանի են ներման: Անշուշտ կը ցաւի: Այդ հարուած է սրտին, ինչպէս նաեւ` ստամոքսին: Այդ չափազանց դժուար է: Բայց եթէ կ՛ուզես ազատ ըլլալ, պէտք է կարենաս այդ ընել»:


