Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

October 10, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Տեղեկատուական ոլորտի սեփականատէրերը իսկապէս կայսրութիւն կը կառուցեն, յաճախ իրենց հակակշիռին տակ առնելով քաղաքական կեանքը եւ անձնաւորութիւններ: «Ուաշինկթըն Փոսթ» այս բնաբանով հրապարակած է յօդուած մը:

Ն.

Լարի եւ Տէյվիտ Էլիսըններու բաժնետոմսերը կ՛ընդգրկեն շարժապատկերներ, պատկերասփիւռի կայաններ, «Սի. Պի. Էս.»-ը (CBS) եւ  շուտով նաեւ «ԹիքԹոք»-ի բաժնեմասը` արմատական նոր ուղի բացող եւ հսկայական ազդեցութեամբ թղթածրար մը:

Լուրերու «Սի. Պի. Էս.» կայանի լրագրողները վերջերս ցնցուած էին, երբ տեղեկացան, որ քաղաքական մեկնաբան Պարի Վայս` գլխաւոր լրատուամիջոցներու սուր քննադատը, կը դառնայ գլխաւոր խմբագիրը:

Երկու ամիս առաջ լուրերու խմբագրատան մէջ զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը տիրէր, ըստ «Սի. Պի. Էս.»-ի երկու աշխատակիցներու, որոնք խօսեցան անանունութեան պայմանով` անձնական տեղեկութիւնները քննարկելու համար:

Շարժապատկերի արտադրիչ Տէյվիտ Էլիսըն` ծրագրային ապահովման միլիառատէր Լարի Էլիսընի որդին, այցելած էր անոնց, ինքզինք ներկայացնելու որպէս «Փարամաունթ Սքայտանս»-ի գործադիր տնօրէն, որ այժմ «Սի. Պի. Էս.»-ի սեփականատէրն է 8 միլիառ տոլարի միաձուլումէն ետք, որ կը խոստանայ նոր ներդրումներ:

Տէյվիտ Էլիսըն եւ անոր հայրը` Լարի, Հոլիվուտի մէջ կայացած «Ապստամբներ` պատճառ ունեցող» կալա-երեկոյին, 2014 թուական:

Սակայն այդ օրէն ի վեր լրատուական խմբագրութիւնը Էլիսընէն անմիջական ոչ մէկ լուր ստացած է, ինչ որ շատերուն մտավախութիւն պատճառած է պատկերասփիւռի ընկերութեան ծրագիրներուն վերաբերեալ, ըսած են երկու աշխատակիցները:

Վերջին շաբաթներուն մտահոգութիւնը աւելի սրած է, քանի որ Վայսի հաւանական նոր պաշտօնը եւ «Փարամաունթ Սքայտանս»-ի կողմէ իր առցանց հրատարակութեան` «Ֆրի Փրես»-ի 150 միլիոն տոլարով գնելու մանրամասնութիւնները արտահոսած են լրատուամիջոցներու մէջ` ներքին հաստատումէ առաջ:

Գործարքը եւ Վայսի նոր դերը Տէյվիտ Էլիսընի վերջին քայլերն են, քանի որ ան լրատու կայսրութիւն կը կառուցէ իր Սիլիքոնեան հովիտի մեծահարուստ հօր հետ:

Վերջին ամիսներուն նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր նշանակած անձերուն կողմէ բանակցուած կամ հաստատուած կարեւորագոյն գործարքներու միջոցով Էլիսընները ձեռք բերած են հին եւ նոր լրատուամիջոցներու աննախընթաց շարք:

81-ամեայ Լարի Էլիսըն աշխարհի երկրորդ ամէնէն հարուստ մարդն է եւ Օրաքլ արհեստագիտական ընկերութեան համահիմնադիրն ու նախագահը, որ, ըստ բանակցութիւններուն ծանօթ երկու անձերու, կը պատրաստուի տիրապետել «ԹիքԹոք»-ի ամերիկեան մասնաճիւղի մէկ մասին:

42-ամեայ Տէյվիտ Էլիսըն իր հոլիվուտեան «Սքայտանս» ընկերութեան մէջ նկարահանուած է «Թոփ կան. Մաւերիք» ժապաւէնին մէջ, նախքան այս ամրան տուեալ ընկերութեան միաձուլումը «Փարամաունթ»-ի հետ` ստանձնելով «Սի. Պի. Էս.»-ի եւ անոր միւս պատկերասփիւռային եւ շարժապատկերներու շարքին ձեռքբերումը: Անոր հայրը նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է գործարքին:

Անցեալ շաբաթ «Սի. Պի. Էս.»-ի մէջ տեղի ունեցած խափանումը կ՛ազդարարէ հայր-որդի հսկայական ընկերութեան գալուստը, որ կ՛ընդգրկէ Հոլիվուտը, պատկերասփիւռը եւ շուտով` հսկայական ժողովրդականութիւն վայելող ընկերային յաւելուածի` «ԹիքԹոք»-ի մէկ մասը: Ինչ որ անոնք կ՛ընտրեն ընել իրենց ապշեցուցիչ հարստութեան եւ ընդարձակուող ունեցուածքով, կրնայ ձեւաւորել Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի եւ մշակոյթի ապագան:

Լրատուական աշխարհին մէջ, որ վարժ է իշխող գահակալներուն, Էլիսընները կ՛առանձնանան իրենց հարստութեան ծաւալով եւ այն բազմազանութեամբ հարուստ լսարանով, որ անոնց համար այժմ մատչելի է:

Լարի Էլիսընի անձնական հարստութիւնը, ըստ «Պլումպըրկ»-ի, կը կազմէ 345 միլիառ տոլար, որ աւելի քան 30 անգամ կը գերազանցէ Ռ. Մերտոքի հարստութիւնը:

«ԹիքԹոք»-ի եւ «Ֆրի Փրես»-ի հետ կնքուած գործարքները Էլիսըններուն կարելիութիւն կու տան յենարան ունենալ առցանց լրատուամիջոցներու մէջ, որոնց մեծ մասամբ անհասանելի էին Մերտոք ընտանիքին:

Միացնելով «Փարամաունթ»-ի հսկայական լսարանը եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող լրատուամիջոցները «ԹիքԹոք»-ի ժամանցի տուեալներու վրայ կեդրոնացած մօտեցման, ընտանիքը կրնայ ստեղծել առեւտուրի նոր, միջառարկայական մոտել մը, ըսաւ Վըրճինիայի համալսարանի Տարտենի առեւտուրի դպրոցի դասախօս Էնթընի Փալոմպան:

«Դուք ունիք որդի, որ կը մտնէ լրատուամիջոցներու ոլորտ, հայր, որ մտերիմ է Թրամփին հետ եւ ձեռք բերած է մեր տեսած առաւելագոյն կախեալութիւն յառաջացնող ընկերային հարթակը: Անոնք շատ խելացի մարդիկ են, եւ ոչինչ զուգադիպութիւն է», ըսած է Փալոմպա:

Օրաքլ չէ արձագանգած մեկնաբանութեան խնդրանքին: «Փարամաունթ Սքայտանս»-ի բանբերը մերժած է մեկնաբանել այս պատմութիւնը:

Էլիսընները չեն նշած, որ մտադիր են իրենց լրատուական կայսրութեան միջոցով յառաջ մղել քաղաքական օրակարգ: Միաձուլման հաստատումէն ետք, հրապարակային նամակին մէջ Տէյվիտ Էլիսընը գրած է. «Մեր ամէն ըրածը հիմնուած կ՛ըլլայ վստահութեան վրայ` ամրագրուած փաստերով»:

Հայր-որդի զոյգը քաղաքականապէս տարբերութիւններ ունի. Լարի Էլիսընը հանրապետականներու խոշոր նուիրատու է եւ մտերիմ է Թրամփին, մինչ Տէյվիտ Էլիսըն գրեթէ մէկ միլիոն տոլար նուիրաբերած է նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վերընտրութեան քարոզարշաւին:

Տէյվիտ Էլիսընի կողմէ Էտուարտ Ռ. Մարոուի եւ Ուոլթըր Քրոնկայտի նախկին պատկերասփռողներու ցանցը ղեկավարելու հասարակական կարծիքի լրագրողի նշանակումը հիմք հանդիսացած է մշակութային բախումի:

Յստակ չէ, թէ Վայս ինչպէ՛ս պիտի իրականացնէ «Սի. Պի. Էս.»-ի նկատմամբ իր վերահսկողութիւնը:

«Ֆրի Փրես» քարոզարշաւ կատարած է այն երեւոյթինն դէմ, զոր կ՛անուանէ «wokeism» հիմնական լրատուամիջոցներու մէջ, եւ Վայսը, ինչպես Էլիսընները, Իսրայէլի ուժեղ կողմնակից է, բայց անոր կայքը նոյնպէս քննադատաբար մօտեցած է Թրամփին:

Կրտսեր Էլիսընը իր կայսրութիւնը մեծցուցած է Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային հաղորդակցութիւններու յանձնաժողովի խիստ հսկողութեան տակ, որ հաւատարիմ մնացած է լրատուամիջոցներու վերաբերեալ Թրամփի տեսակէտներուն:

«Սքայտանս» յուլիսին իրաւունք ստացաւ «Փարամաունթ»-ի հետ միաձուլուելու, երբ հեռարձակման յանձնաժողովին «Էֆ.Սի.Սի.»-ի (FCC) յայտնեց, թէ հետամուտ պիտի ըլլայ, որ իր լրատուական եւ ժամանցային ծրագիրները արտացոլացնեն «տարբեր տեսակէտներ» եւ պիտի նշանակէ մարդկային իրաւանց պաշտպան` «Սի. Պի. Էս.»-ի կողմնակալութեան վերաբերեալ որեւէ բողոք քննարկելու համար:

Գործարքը կնքուեցաւ անկէ ետք, երբ «Էֆ.Սի.Սի.» նախագահ Պրենտան Քարը ճնշում բանեցուց պատկերասփիւռի  ընկերութեան վրայ` կրկնելով Թրամփի պնդումները, որ «Սի. Պի. Էս.» Նիուզ-ը քաղաքականապէս կողմնակալ է նախագահին: Միաձուլման հաստատումէն քանի մը շաբաթ առաջ «Փարամաունթ»-ը համաձայնեցաւ վճարել 16 միլիոն տոլարի հատուցում` Թրամփի կողմէ «Սի. Պի. Էս.» Նիուզ-ի վերընտրութեան հեռանկարներուն միջամտելու մեղադրանքով դատը դադրեցնելու համար:

Օգոստոսին` «Փարամաունթ»-ի միաձուլման աւարտին օրը, Տէյվիտ Էլիսընը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ լրագրողներուն հետ: Ան մերժեց պատասխանել այն հարցումներուն, թէ արդեօք ընկերութիւնը կը նպաստէ՞ պահպանողականներուն եւ Թրամփին: «Ես չեմ ուզեր որեւէ կերպով քաղաքականացնել մեր ընկերութիւնը»,  ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մտադիր է նորարարութիւններ ընել եւ կառուցել «ամէնէն արհեստագիտական միջոցներով օժտուած ընկերութիւնը»:

«Ես այս պիտի ընեմ կեանքիս առնուազն յաջորդ 20 տարիներուն», – ըսաւ Էլիսընը:

Առայժմ այդ կը նշանակէ կողմնորոշուիլ լրատուադաշտ միջավայրին մէջ, ուր նախագահը կրնայ փորձել պատժել այն լրատուամիջոցները եւ ընկերութիւնները, որոնց մեկնաբանութիւնները իրեն հաճելի չէ:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին «Սոֆթ պենք կրուփ»-ի գործադիր տնօրէն Մասայոշի Սոնի, «Օրաքլ քորփորէյշըն»-ի նախագահ եւ գլխաւոր արհեստագիտութեան տնօրէն Լարի Էլիսընի եւ «OpenAI»-ի գործադիր տնօրէն Սեմ Ալտմանի հետ:

Տէյվիտ Էլիսընը չէ աշխատած արհեստագիտական մարզին մէջ, բայց ան լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցներու ընթացքին ըսած է, որ մեծցած եւ ասպարէզին վերաբերեալ խորհուրդներ ստացած է Սիլիքոնեան հովիտի մտածողներէն, ինչպէս «Էփըլ»-ի համահիմնադիր Սթիւ Ճոպսը, որ իր հօր մտերիմ ընկերն էր:

Երբ Էլիսըն ծնած է 1983 թուականին, արհեստագիտութեան ընկերութիւնը, որ հետագային դարձաւ «Օրաքլ», զոր համահիմնադրած էր իր հայրը Սանթա Քլարայի մէջ, ան վեց տարեկան էր: Ան կ՛ապրէր մօր` Պարպարա Պութի եւ քրոջ` Մեկընի հետ, Սիլիքոնեան հովիտին միւս կողմը:

Լարի Էլիսընը սկիզբը իր տղուն կեանքին մէջ մեծ դեր չէր խաղացած: Անոր նոր ստեղծած ընկերութիւնը մշակած է յարաբերական տուեալներու արհեստագիտութիւն` այնպիսի յաճախորդներուն համար, որոնց մէջ էր Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը` «Սի.Այ.Էյ.»-ը: Անիկա սակարանին մէջ ցուցակագրուած է 1986 թուականին, եւ անոր այդ ժամանակուան գլխաւոր տնօրէնը սկսած էր ձեռք բերել առեւտուրի ծրագրիրներու «վատ տղու հանճարի համբաւ»:

«Օրաքլ»-ի շուկայական գործերու նախկին ղեկավարը կը յիշէր, որ 1980-ականներու վերջաւորութեան Էլիսընը օրուան բոլոր ժամերուն իր գրասենեակին մէջ էր եւ ռազմավարութիւն կը մշակէր իր ապագայի եւ մրցակցութիւնը ոչնչացնելու վերաբերող: «Բաւարար չէր, որ «Օրաքլ» պէտք է յաղթէր, միւս խումբը պէտք է պարտուէր», ըսաւ նախկին ղեկավարը, որ խօսեցաւ անանունութեան պայմանով` վրէժխնդրութենէն վախնալով:

Պրայըն Քենթրիլը` ճարտարագէտը, որ միացաւ «Օրաքլ»-ին երկու տասնամեակ ետք, երբ ան ձեռք բերաւ «Սան Մայքրոսիսթըզմ»-ը, աւելի ուշ Էլիսընի անդադար ձգտումը համեմատեց շարժող շեղբի հետ:

«Դուք պէտք է Լարի Էլիսընին մասին մտածէք որպէս մեքենայի: Եթէ ձեռք մտցնէք խոտ հնձող սարքին մէջ, այդ կը կոտրէ ձեր ձեռքը: Ասիկա այն պատճառով չէ, որ ան գէշութիւն ունի ձեր ձեռքի նկատմամբ, այլ պարզապէս ան խոտ հնձող սարք է եւ իր գործը կ՛ընէ»:

Տէյվիտ Էլիսընը հայրը լաւ ճանչցած է դեռահաս տարիքին, երբ անոր մէջ սէր յառաջացած է օդաչուական թռիչքներու նկատմամբ: Հայրը, որ նոյնպէս օդաչու էր, տղուն հետ թռիչքի դասեր առած է եւ անոր օդանաւ գնած է:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի խմբագիր Մայք Ուիլսըն յիշած է, որ ինչպէս «Օրաքլ»-ի համահիմնադիրը խօսած է տղուն հետ թռիչքներու եւ շարժապատկերի մասին, երբ 1997 թուականին հարցազրոյց վարած է «Աստուծոյ եւ Լարի Էլիսընի միջեւ տարբերութիւնը» կենսագրականին համար:

Էլիսըն օգտագործած է իր Հոլիվուտեան կապերը` 1996 թուականի կազմակերպելու համար, «Անկախութեան օր» շարժապատկերի յատուկ  ցուցադրութիւնը զոր տղան ուզած էր դիտել, բայց տակաւին շարժապատկերի սրահներուն մէջ չէր ցուցադրուեր, ըսած է Ուիլսըն:

Տէյվիտ Էլիսընը ժամանակ մը շարժապատկերի արուեստ սորված է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ` Պեպըրտայնի համալսարանը ձգելէ ետք:

Ան քանի մը ամառ փորձառութիւն շահած է «Օրաքլ»-ի մէջ, բայց արհեստագիտական գործով չէ զբաղած: Մօտաւորապէս այդ ժամանակ ան հանդիպած է իր ապագայ կնոջը` Պեպըրտայնի ուսանողուհի Սանտրա Լին Մոտիքին, որ ասպարէզ կը փնտռէր որպէս «քաունթրի» երաժշտութեան երգչուհի:

«Օրաքլ»-ը շարունակեց աճիլ, մասամբ այնպիսի նուաճումներու շնորհիւ, ինչպիսին է Լարի Էլիսընի 7 միլիառ տոլարի գործարքը

«Սան Մայքրոսիսթըզմ»-ի հետ 2009 թուականին: Տէյվիտ Էլիսընը դիմեց Հոլիվուտ, ուր ան արտադրեց եւ նկարահանուեցաւ իր առաջին շարժապատկերին ` «Flyboys»-ին մէջ, որ ձախողեցաւ, մասամբ տնտեսեց անոր հայրը:

Կրտսեր Էլիսընի «Սքայտանս» արտադրողական ընկերութիւնը, որ հիմնադրուած է 2006 թուականին, չորս տարի աշխատեցաւ պատրաստելու իր առաջին յաջող գործը «True Grit»-ը, որ Օսքարի արժանացաւ:

Ընկերութիւնը շարունակեց ներգրաւել 350 միլիոն տոլարի տնտեսում, որուն մէկ մասը ստացուած էր Լարի Էլիսընէն` «Փարամաունթ»-ի հետ շարժապատկերներ նկարահանելու գործարքի ծիրին  մէջ:

Ըստ «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ի այս գործընկերութիւնը Տէյվիտ Էլիսընը դարձուցած է Հոլիվուտեան լուրջ դերասան` նկարահանուելով «Աստղային ճամբայ» եւ «Առաքելութիւն. Անիրագործելի» հաղորդաշարին մէջ, ինչպէս նաեւ երկար սպասուած «Top Gun» ժապաւէնի շարունակութեան մէջ, ուր գլխաւոր դերը կը խաղար Թոմ Քրուզը` անոր ընկերը, որ ներկայ էր անոր 2011 թուականի հարսանիքին:

Տէյվիտ Էլիսընը «Top Gun: Maverick» ժապաւէնի առաջին ներկայացման, Լոնտոն, 19 մայիս 2022:

Քանի որ «Սքայտանս»-ը լուրջ կը դառնար Հոլիվուտի մէջ, Լարի Էլիսընը քաղաքական շրջադարձ կ՛ապրէր դէպի աջ:

2012 թուականին Դեմոկրատական կուսակցութեան նուիրատու եւ Պիլ Քլինթընի համակիր ըլլալով, ան աջակցած է հանրապետական նախագահի թեկնածու Միթ Ռոմնիին: 2020 թուականին Էլիսընի տան` Ռանչօ Միրաժի մէջ, տեղի ունեցած է Թրամփի համար նախատեսուած դրամահաւաք, թէեւ Էլիսըն ըսած է, որ չի մասնակցիր:

Ան նաեւ միացած է նոյն թուականի նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութեան, ուր Թրամփի աշխատակիցներն ու կողմնակիցները կը քննարկէին իրենց թեկնածուի ընտրութիւններուն պարտութիւնը վիճարկելու ռազմավարութիւններ:

Տէյվիտ Էլիսընը հետագային ըսաւ, որ իր հայրը կը կարծէր, թէ Պայտընը յաղթած է ընտրութեան:

2022 թուականին Լարի Էլիսընը սկսաւ գումար տրամադրել Հարաւային Ցարոլինայի հանրապետական Թիմ Սքոթին նախագահական նախնական ընտրութիւններուն` անոր քարոզարշաւին ուղղորդելով 35 միլիոն տոլար: Նոյն թուականին ան դարձաւ Իլոն Մասքի կողմէ «Թուիթըր»-ի գրաւման հիմնական աջակիցներէն մէկը, որ կը տարածէր խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ աջակողմեան գաղափարներ:

Բայց եւ այնպէս, Թրամփի երկրորդ ժամկէտի երկրորդ օրը Լարի Էլիսընը յայտնուեցաւ անոր կողքին, գրասենեակին մէջ` յայտարարելու «Աստղային դարպաս» նախագիծի մասին, որ նպատակ ունի 500 միլիառ տոլար ծախսել արհեստական ??բանականութիւնը սնուցող տուեալներու կեդրոններու կառուցման վրայ:

Տէյվիտ Էլիսընը լուսանկարուած է Թրամփի հետ հաւաքոյթի մը ատեն, ապրիլին, բայց ան նիւթապէս չէ աջակցած նախագահին կամ որեւէ հանրապետականի, ըստ ընտրական յանձնաժողովի փաստաթուղթերուն:

2024-ի  ի նախագահական ընտրութեան Էլիսընը գրեթէ 1 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն ըրաւ Պայտընին աջակցող քաղաքական խումբին, Հոլիվուտի մէջ փոքր դրամահաւաքի մասնակցելէ ետք: 2022 թուականին ըսաւ, որ ինքզինք կը նկատէ «ընկերվար ազատական մը»:

«Սի. Պի. Էս.» Նիւզ»ի մէջ տեղի ունեցած վերադասաւորումները ցոյց կու տան, որ Էլիսըն կը շարունակէ յառաջ շարժիլ` իրականացնելով յեղափոխական փոփոխութիւններ, թէեւ անոր ընդհանուր ծրագիրը պատկերասփիւռի ընկերութեան եւ իր աւելի լայն կայսրութեան համար կը մնայ անորոշ:

«Ռ. Միւրտոկ կազմակերպեց Լաքլանին, Լարին` իր որդին: Հոլիվուտի մէջ կայ այդպիսի իսկական աւանդոյթ», ըսաւ Տէյվիտ Լիպըրմէն, «Նիու Սքուլ»-ի լրատուութեան փրոֆեսէօրը:

«Ինծի համար հետաքրքրական հարցումը այն է, թէ արդեօք անոնք իսկապէս ունի՞ն ռազմավարութիւն, եթէ այո՛, ապա ի՞նչ է այդ, որ տակաւին ձեւակերպուած չէ»:

Նախորդը

Ռուբէն Զարդարեան Ուսուցիչ-Մանկավարժը Եւ Հրապարակագիրը

Յաջորդը

Բաներ, Բաներ, Բանը` Իմաստ…

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.