Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Նորութիւն չէ Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը եւ այլամերժութիւնը, մանաւանդ` հայերու նուաճումներուն նկատմամբ, եթէ նոյնիսկ օգտակար գործունէութիւն կամ նախաձեռնութիւններ եղած են եւ կ՛ըլլան: Պլոկըր Կիւվեն Պայար անդրադարձած է ցայտուն օրինակի մը:
Ն.
«Տարիներ շարունակ ոչ միայն Օրտուի, այլեւ աւաններու եւ գիւղերու մէջ հայ բժիշկ Տիգրան Թորամանի անվճար բուժած հիւանդները, դեղագործ Արտեմ Թորամանի պատրաստած դեղերը այն ժամանակ, երբ պատրաստ դեղեր չկային, եւ որոնք բոլորը կը բուժէին, այս երկրի հանդէպ անոնց սէրը, անոնց քրտնաջան աշխատանքը եւ բոլոր ինքնութիւններէն վեր գոյութիւնը բաւարար չեն անուանակոչման համար այն փողոցին, ուր կը գտնուի անոնց 150-ամեայ հայրական տունը»:
27 եւ 28 հոկտեմբերին լրացաւ բժիշկ Տիգրան Թորամանի եւ անոր եղբօր` դեղագործ Արտեմ Թորամանի մահուան երրորդ տարելիցը: Անոնք մահացան միայն օրուան մը տարբերութեամբ:
Բժիշկ Տիգրան Թորամանի (ծնած` 1932-ին) եւ դեղագործ Արտեմ Թորամանի (ծնած` 1936-ին) Օրտուի մէջ անցուցած պատուաւոր կեանքը անմոռանալի հետք ձգած է քաղաքի յիշողութեան մէջ:
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Թորաման եղբայրները, որոնք երբեք չեն հրաժարած ապրիլ այն երկրին մէջ, ուր ծնած եւ մեծցած են, ամուր կապեր հաստատած են հասարակութեան բոլոր շերտերուն հետ եւ անմոռանալի հետք ձգած` քաղաքի յիշողութեան մէջ:
Ոչ միայն անոնց անուններով չանուանակոչուեցաւ այն փողոցը, ուր կը գտնուէր անոնց տունը, որպէս կենդանութեան օրօք անոնց հաւատարմութեան վկայութիւն, այլեւ երեք տարուան ընթացքին ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս տեղական հաստատութիւնները, որոնց միջոցով կը խթանուին ժխտման քաղաքականութիւնը եւ պաշտօնական պատմագրութիւնը, ընկերային յիշողութիւնը վերածեցին ինքնութեան կառոյցի եւ հասան ընկերային քայքայման աստիճանի:
Ամօթը, մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ հարիւրամեայ հառաչանքները, որոնք տարածեցին քաղաքին մէջ անոնց յուղարկաւորութենէն ետք մեկնարկած խնդրագրի ծիրերու մէջ հաւաքուած հազարաւոր ստորագրութիւններէն եւ մամուլի մէջ հրապարակուած տասնեակ յօդուածներէն եւ աջակցութեան յայտարարութիւններէն ետք, մեզ բոլորս խոր վիրաւորեցին:
Տիգրան եւ Արտեմ Թորամաններու մեծ մայրը` Էլմոն հանըմ, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ գացած է Սվազ, մինչ անոնց մեծ հայրը` Ադամ Թորաման, մահուան ճամբորդութեան ելած է դէպի Մալաթիա:
Էլմոն հանըմ ապաստան գտած է Սվազի գորգերու ամերիկեան գործարանին մէջ, ուր մնացած է 1915-էն մինչեւ 1919 թուական` յաջողելով գոյատեւել: Ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛ւր կամ ինչպէ՛ս մահացած են անոր ամուսինը` Ադամ Թորամանը, անոր քոյրերն ու եղբայրները եւ անոնց ընտանիքը:
«Իմ մօրենական կողմի մեծ մայրս եւ մեծ հայրս նոյնպէս մահացած են տեղահանութեան ճամբուն,- ըսած է Տիգրան հարցազրոյցներու մէջ: – Ծնողներս եօթը քոյր-եղբայր էին, անոնցմէ երկուքը փրկուեցան տեղահանութիւնէն, եւ ես հանդիպած եմ անոնց: Մօրս հօրեղբայրը, որ մահացաւ տեղահանութեան ժամանակ, Օրտուի առաջին դեղագործն էր: Անոր միւս հօրեղբայրը, Պօղոս Օլմեզեանը, ապրած եւ մահացած է Պոլսոյ մէջ` որպէս պղնձագործ: Անոնք երեխաներ չունէին: Անոնք տարիներ շարունակ ապրած են Տիգրան հօրեղբօր Շիշլիի Քուրթուլուշ թաղի տան մէջ»:
Յուղարկաւորութենէն ետք մենք նախ փողոցի անուանափոխութեան խնդրանքով դիմեցինք Օրտուի քաղաքապետ Հիլմի Կիւլերին եւ Ալթընօրտուի քաղաքապետ Աշքըն Թեորենին, բայց անոնք անմիջապէս յիշեցուցին մեզի, որ անոր համար վճարում պէտք է ըլլայ` պահանջելով Տիգրան Թորամանի հայրական տունը:
Քաղաքապետը նոյնիսկ պահանջեց տան դիմացի հողը` խաղաղավայրի վերածելու համար:
Հիմնադրամները, ընկերակցութիւնները եւ անյայտ հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կը վայելէին նահանգապետարանի եւ քաղաքապետարանի աջակցութիւնը, կը պահանջէին, որ շէնքը 40 տարիով իրենց տրամադրուի` վերանորոգման դիմաց:
Որսորդները, «Իմ սիրելի եղբայր Տիգրան» կանչերով, նաեւ կը փնտռէին Սըրըփաշա փողոցին մէջ գտնուող Արտեմի դեղարանը (Իթիմաթ դեղատուն), եւ այն շէնքը, ուր կը գտնուէր Տիգրանի գրասենեակը:
Եթէ անոր սեփականութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան կէսը ուղղուած ըլլար այն փողոցին, ուր կը գտնուի անոր տունը, այդ 100 մեթր երկարութեամբ փողոցը այժմ անոր անունով կը կոչուէր: Աւելի՛ն. Օրտուի բժշկական եւ դեղագործներու ընկերակցութիւնները տակաւին կը կեղծեն անոնց մահը:
Օրտուի մէջ մամուլ չկայ: Կան փոքր քաղաքներու թերթերու խորամանկ, գաւառական սեփականատէրեր, որոնց կապերու շղթան անյայտ է, որոնք հարսանեկան հրաւիրատոմսեր կը հրապարակեն նոյն թերթին մէջ: Անոնք թիրախաւորած են տունը, նոյնիսկ` նախքան քաղաքին մէջ հնագիտական եւ քաղաքային թանգարաններու ստեղծումը, եւ սկսած են տարածել այնպիսի պատմութիւններ, ինչպիսին է. «Եկէ՛ք, թանգարան կառուցենք»: Ոչ ոք գիտէր, թէ ի՛նչ թանգարան է այդ:
Այս բոլորը բաւարար չէին, նաեւ լուրեր կը տարածուին, որ Թորաման եղբայրները սնուցած, կրթած եւ մեծցուցած են Օրտուի բնակիչները: Կը կարծեմ` այդ անոնք են, որոնք 1942 թուականին Ունեցուածքի հարկի ժամանակ թալանած են Թորաման ընտանիքի հարստութիւնը` իրենց երեխաները դպրոց ուղարկելու համար:
Տիգրան նկարագրած է Թորաման ընտանիքի 1942 թուականին Ունեցուածքի հարկի ժամանակ Օրտուի մէջ ունեցած ծանր, ապօրինի, անբարոյական հալածանքը. «Ունեցուածքի հարկի ժամանակ բժիշկ Սեֆեր Ալթանի եղբայրը` Իսմայիլ Ալթան, պատասխանատու էր գանձումներու համար: Ան նաեւ Օրտուի քաղաքապետարանի դրամարկղի պաշտօնեան էր: Իսմայիլ Ալթան հօրս մտերիմ ընկերն էր: Ան ամէն օր ճաշէն ետք կու գար խանութ, եւ միասին սուրճ կը խմէինք: Երբ պատերազմի ժամանակ` 1942 թուականին, հաստատեցին Ունեցուածքի հարկը, խանութը դատարկ էր ապրանքներէ, գոյքէ եւ աշխատաւորներէ: Օր մը, սուրճ խմելու ժամանակ ան եկաւ եւ սկսաւ նայիլ դարակներու ետեւի իրերը: Հայրս հարցուց. «Պարո՛ն, ի՞նչ կը փնտռէք»: Ան ըսաւ. «Լոգարանի տաշտ կը փնտռեմ»: Ապա հեռացաւ: Տասնհինգ օր ետք հայրս տուգանքի ենթարկեցին 15 հազար լիրայի հարստութեան հարկով: Հաճի Գարեգին Էֆենտին, որ հագուստ վաճառող էր եւ կը գտնուէր խանութին մէջ, լուր ստացաւ, որ իրեն 50 հազար լիրա Ունեցուածքի հարկ նշանակած են: 15 օրուան ընթացքին հօրս 15 հազար լիրայի հարկ նշանակեցին: Քանի որ ան չէր կրնար վճարել, հայրս տուգանքի ենթարկեցին 500 լիրայով, Գարեգին էֆենտին` 5000:
Նեզիրլարի դիմաց, Օրտուի հացահատիկի շուկային մէջ, անկիւնը երեք խանութ կար: Հայրս շատ աժան գինով անոնք վաճառեց Սարը Հաֆիզ անունով մէկուն:
Այնտեղ էր Օրտուի քաղաքապետ Իպրահիմ Թուրքմենը` Քազիմ Թուրքմենի հօրեղբայրը, եւ ան օգնեց:
Օսման աղան օգնեց, հայրս խուսափեցաւ Աշքալէ երթալէ: Դրամը տալէ ետք Իսմայիլ Ալթան մտաւ եւ հօրս ըսաւ. «Կեաւուրին մէկ կեաւուր, մեզ խաղի բերիր: Ալ չենք կրնար քեզ Աշքալէ աքսորել»: Այդ ըսաւ հօրս երեսին…
Հայրս այդ խօսքերը չմոռցաւ մինչեւ իր մահը:
Անցան ամիսներ, Աշքըն Թեորեն պարտուեցաւ տեղական ընտրութեան մէջ: Տարիներ շարունակ փոփոխութիւններու յոյս ունենալէ ետք, Ալթընօրտուի քաղաքապետի Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն երիտասարդ թեկնածու Ուլաշ Թեփեն նշանակուեցաւ անոր փոխարէն: Այս անգամ ուզեցի վերսկսիլ գործընթացը անոր հետ եւ ներկայացուցի փողոցի անուանափոխութեան դիմում:
Անոնք պատասխանեցին, որ քաղաքապետարանը միայն ինք ունի փողոցներ անուանակոչելու լիազօրութիւն:
Մենք ալ այդ գիտենք: Անոնք որոշեցին շրջանցել իրավիճակը: Մինչդեռ, եթէ Ալթընօրտուի քաղաքապետարանի սահմաններուն մէջ տան համար պահանջուող փողոցի անուանափոխութիւնը քուէարկէր Ալթընօրտուի քաղաքապետարանը եւ ներկայացնէր Օրտուի քաղաքապետարանին, ինչպէս եւ պէտք է ըլլար, հասարակական կարծիք կը ձեւաւորուէր եւ այս ամօթէն կը խուսափէին: Բայց Ալթընօրտուի քաղաքապետարանը ըսաւ` «Ի՞նչ օգուտ կայ մեզի անկէ»:
Մեր քաղաքապետները հիւանդագին ազգայնական են:
«Թող բոլորը գիտնան, թէ որո՛նք են» ասացուածքը իրականութիւն դարձաւ եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան մէջ ազգայնական երեխայ մը յայտնուեցաւ: Ժամանակ մը ետք պարզուեցաւ, որ ան անամօթաբար ընտանիքէն պահանջած էր տունը: Ընտանիքը յայտնեց իր ցաւը` ստեղծուած իրավիճակին համար:
Մենք ականատես եղանք եւ կը շարունակենք ըլլալ Օրտուի մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու, այլ ոչ թէ մտածելակերպի փոփոխութեան: Օրտուի բազմամշակոյթ պատմութեան եւ անցեալի 100-ամեայ մթագնումը կը շարունակուի վերկուսակցական, ինքնութեան մտածողութեամբ:
Գառնիկ Քալաջեան, որ 1913 թուականին հիմնադրած է Օրտուի առաջին տպարանը եւ հրատարակած` «Օսմանեան գործակալութիւն» թերթը, տեղ չէ գտած մամուլի պատմութեան մէջ:
Տասնեակ հայկական եւ յունական աղբիւրներ կը մնան չվերականգնուած: Օրտուի քաղաքային ինքնութիւնը կազմող հայկական (Զաֆերիմիլլի) եւ յունական (Թաշպաշը) թաղերու կառոյցները չեն պահպանուիր իրենց պատմութիւններով: Հայկական ու յունական եկեղեցիներու եւ դպրոցներու անունները կը փոխուին, եւ այդ կառոյցներու հետքերը կ՛ոչնչացուին:
Կոստաս Էֆենտիի տունը կը դառնայ Սարը Քոնաք, Զահարէի (Թոքաթլըատիսի) առանձնատունը` Մանկական գրադարան, իսկ Հեքիմեաններու առանձնատունը` Սաաթչի Հաֆըզ էֆենտիի տուն:
Եասոն Պուրնուն, Քուրուլ Քալէն եւ պատմական բազմաթիւ այլ վայրեր, մեր բազմամշակութային ժառանգութեան հետ, կը զրկուին իրենց ինքնութենէն:
Տարիներ անցած են, եւ այն փողոցը, ուր ապրած են բժիշկ Տիգրան Թորամանը եւ դեղագործ Արտեմ Թորամանը, տակաւին չէ անուանակոչուած անոնց անունով` հակառակ անոնց մահուան երրորդ տարելիցին:
Փողոցներ, թաղեր կարելի է անուանել բժիշկ Մեհմետ Հիլմի Մեմեճանի, բժիշկ Իսմայիլ Էնկինի, բժիշկ Միւրուվեթ Սիթքիի, բժիշկ Կիւնտիւզ Չելեպիօղլուի, բժիշկ Ֆահրեթթին Օնսելի, բժիշկ Սատըք Ահմետ, դեղագործ Քանի Արսլանի անուններով:
Կարելի է անուանակոչել այն փողոցը, ուր կը գտնուէր Սիթքի Չեպիի տունը, անոր կենդանութեան օրօք, ինչպէս նաեւ անոնց` Թեմել Ուզլուն, Պահրիյէ Ուչոքը, Քահրաման Սաղրան, Սիթքի Ճանը, լրագրող Պիլալ Քոյտենը, Քազըմ Վարդարը եւ Ալաաթթին Պենալը:
Կարելի է անուանել` Հաճի Մուսթաֆա Քաթըրճըօղլուին, Պեքիր Սիթքի Փամուկին, Շաքիր Չորուհուն, Էտիպէ Աքեոլին, Իտրիս Կիւրսոյին, Վէյսել Աքկիւնին, Մուհսին Թերճանին եւ Արիֆ Հիքմեթ Օնաթին:
Այդ թաղերը կարելի է անուանակոչել Շիւքրիւ Էֆենտիի անունով, կրնան կոչուիլ Սերտար Զատէ Մուսթաֆա էֆենտիի անունով, կրնան կոչուիլ Ռէյիսի անունով: Անոնք կրնան անուանակոչուիլ Թեւֆիկ Չաղլարի անունով, Ֆուրթուն ընտանիքէն անանուն մարդ չէ մնացած…
Ես չեմ ուզեր համեմատութիւններ ընել վերը նշուած անուններէն շատերու հետ, բայց բժիշկ Տիգրան Թորամանը եւ անոր եղբայրը, որոնք այս քաղաքին մէջ աւելի շատ ներդրում ունեցած են, քան` միւսները, չեն անուանակոչուած իրենց հայկական ինքնութեան համար:
Բժիշկ Տիգրան Թորամանի կողմէ տարիներ շարունակ անվճար խնամուած հիւանդները ոչ միայն Օրտուի, այլեւ աւաններու եւ գիւղերու, Օրտուսփորի մէջ դաշտային բժիշկ ըլլալու անոր 20 տարին, դեղագործ Արտեմ Թորամանի կողմէ պատրաստուած դեղերը այն ժամանակ, երբ պատրաստ դեղեր մատչելի չէին, եւ որոնք կը բուժէին բոլորը, անոնց սէրը այս երկրին նկատմամբ, անոնց քրտնաջան աշխատանքը եւ բոլոր ինքնութիւններէն վեր գոյութիւնը բաւարար չեն անուանակոչելու համար այն փողոցը, ուր կը գտնուի անոնց նախնիներու 150-ամեայ տունը:
Յիշելն ու յիշատակելը «անօգուտ ջանք» համարելու փոխարէն` մենք պէտք է այդ ընդունինք որպէս բարոյական եւ խղճմտանքային պատասխանատուութիւն:
Մենք նոյնպէս ծնած, մեծցած, ծերացած եւ անցած ենք այս բոլորին մէջէն, բայց ճշմարտութիւնը յիշելու եւ հռչակելու գիտակցուած պատասխանատուութիւնը կը կայանայ բոլոր ինքնութիւնները մէկ կողմ դնելու եւ մա՛րդ դառնալու մէջ:
Քանի որ` «Առանձին փրկութիւն չկայ»: Քանի որ` «Արդարութիւն բոլորին համար»: Քանի որ` «Ամէն ինչ հիանալի կ՛ըլլայ»: Այդ դէպքով մենք նախ մեր սեփական տան շուրջը մաքրենք:
Այս քաղաքի նահանգապետները, խորհրդարանի անդամները եւ քաղաքապետները կրնան մոռցուիլ, բայց եղբայրներ Տիգրան եւ Արտեմ Թորամանները սերունդէ սերունդ կը յիշուին աղօթքով եւ սիրով:


