Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծահարուստը, Որ Աղքատներուն Նուիրեց Իր Ամբողջ Հարստութիւնը

Հոկտեմբեր 1, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Գեղեցիկ հեքիաթի մը մթնոլորտը ստեղծող այս վերնագիրը իրական կեանքի մէջ պատահած դրական մեծ երեւոյթ մըն է, որ անպայման կրնայ վարակիչ ըլլալ: Անշուշտ բառերը չեն կրնար ըստ արժանուոյն դրուատել հերոսը, որ ոչ միայն հասաւ իր նպատակին, այլեւ այդ նպատակը ծառայեց շատերու կեանքի բարելաւումին: Ի՞նչ բան զայն մղած է այդ արարքին, եւ ի՞նչ ապրումներ ունեցած է ան, այլեւս պատմութեան մէջ մեծատառ արձանագրուած են: Կը մնայ առնուազն մասամբ հետեւիլ անոր օրինակին, երբ հետզհետէ աշխարհի մէջ մարդիկ աւելի եւ աւելի կը դժուարանան իրենց տարրական, կենսական կարիքները հոգալ: Այդպիսիներուն կեանքը պէտք է բարելաւել:

Բրիտանական «Կարտիըն» հեղինակաւոր թերթը անդրադարձած էր այս երեւոյթին:

Ն.

Միլիառատէր Չաք Ֆինին (այժմ` 90-ամեայ) հասաւ իր հարստութիւնը նուիրելու նպատակին: Իրլանտական ծագումով ամերիկացի մեծահարուստին բարեգործական ֆոնտի դրամական միջոցները 38 տարի ետք սպառեցան:

Չաք Ֆինի հասաւ իր կեանքի տենչանքին` նուիրելով իր 8 միլիառ տոլար հարստութիւնը, քանի տակաւին ինք ողջ է, որպէսզի տեսնէ ատոր ազդեցութիւնը:

Վերջին 38 տարիներու ընթացքին Ֆինի, որ միլիառներ շահած է  մաքսատուրքէ զերծ շուկայի կայսրութենէն, նուիրատուութիւններ կ՛ընէր բարեգործական հաստատութիւններու եւ աշխարհի համալսարաններուն` նպատակ ունենալով «ձգտիլ զերոյի… տալ այդ ամբողջը»:

Ի վերջոյ Ֆինի հասաւ իր նպատակին:

«Աթլանթիք Ֆիլանտրոֆիս» հիմնադրամը, որ ան 1982-ին գաղտնի ստեղծեց, եւ ուր փոխանցեց գրեթէ իր ամբողջ հարստութիւնը, վերջապէս առանց դրամի մնաց:

Առողջական վատ վիճակի մէջ գտնուող Ֆինին երբ (անցեալ տարի) ստորագրեց հիմնադրամը պաշտօնապէս լուծարելու փաստաթուղթեր, ըսաւ. «Ես շատ գոհ եմ ասիկա աւարտելով իմ ժամացոյցովս»:

Չաք Ֆինի (կեդրոնը), կնոջ` Հելկայի եւ Քրիստոֆըր Օչսլիի հետ:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գտնուող իր վարձու փոքր բնակարանէն  Ֆինի գերհարուստներու միւս անդամներուն, որոնք խոստացած էին իրենց հարստութեան մէկ մասը տալ, բայց` միայն իրենց մահէն ետք: «Կ՛երկմտիք տալու ձեր ողջ եղած ատեն. փորձեցէ՛ք, այդ մէկը ձեզի հաճելի պիտի թուի»:

Ֆինին, որ իր գումարին մեծ մասը գաղտնի տրամադրած է, յոյս յայտնեց, որ աւելի շատ միլիառատէրեր կը հետեւին իր օրինակին եւ իրենց դրամները կը յատկացնեն աշխարհի ամէնէն մեծ խնդիրներու լուծման:

«Հարստութիւնը պատասխանատուութիւն կը բերէ,- ան կ՛ըսէր յաճախ: – Մարդիկ պէտք է իրե՛նք որոշեն, կամ պատասխանատուութիւն զգան իրենց ունեցածին մէկ մասը յատկացնելու իրենց մօտիկ անձերու կեանքը բարելաւելու համար, այլապէս անլուծելի խնդիրներ կը ստեղծեն գալիք սերունդներուն»:

«Ոմանք կը նշեն «Աթլանթիք Ֆիլանտրոֆիս»-ը` որպէս գումարներ մսխելու ամէնէն մեծ հիմնադրամը: Անոնք կը սխալին: Մենք չենք մսխած: Մենք մեր միջոցները փոխակերպեցինք  մարդոց օգնելու համար, ուրիշներուն ջանքերը արագացնելու համար»:

«Աթլանթիք Ֆիլանտրոֆիս»-ի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Քրիստոֆըր Օչսլին կ՛ըսէ, որ Ֆինին իր տեսակէտները չի քարոզեր համաշխարհային գերհարուստներու միւս անդամներուն:

Բայց Ֆինի կ՛ըսէր. «Քանի՞ զբօսանաւ կամ քանի՞ զոյգ կօշիկ ձեզի անհրաժեշտ է: Ի՞նչ կ՛արժէ այս ամբողջ հարստութիւնը, երբ քու շուրջդ նայելով` կրնաս տեսնել այդպիսի ահռելի կարիքներ»:

Օչսլին ըսաւ, որ Ֆինին չի քննադատեր մեծահարուստները աւելին չտալու համար, բայց ան շշմած կը մնայ. «Ի՞նչ բանի համար է այդ ամբողջ հարստութիւնը, եթէ չես պատրաստուիր ատով լաւութիւն ընելու»:

Ան ըսաւ, որ միանգամայն 8 միլիառ տոլարը կը խրախուսէ Ճեֆ Պեզոսը` «Ամազոն»-ի հիմնադիր եւ աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդը, որուն հարստութիւնը կը հասնի շուրջ 186 միլիառ տոլարի, «ընտրել ձեզ հետաքրքրող համաշխարհային խնդիր, ներդնել ձեր հարստութիւնը եւ ներգրաւուիլ»:

«Ամազոն»-ի հիմնադիր Ճ. Պեզոս

Ֆինիի վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ Էնտրիւ Քառնեկիի «Հարստութեան աւետարանը» գրութիւնը` իր յայտարարութեամբ, որ` «Միլիոնատէրը միայն հոգաբարձուն պէտք է ըլլայ աղքատներուն»:

«Ես միշտ համակրած եմ այն մարդոց, որոնց համար կեանքը դժուար է», ըսաւ Ֆինին 2010-ին իրլանտական լրատուամիջոցի մը տուած հազուադէպ հարցազրոյցի մը մէջ:

«Եւ աշխարհը լի է այն մարդոցմով, որոնք բաւարար ուտելիք չեն ստանար»:

Գաղտնի միլիառատէր. Չաք Ֆինիի պատմութիւնը

Ֆինին կեանքը անցուցած է չափազանց խնայող ապրելակերպով` չունենալով սեփական ինքնաշարժ կամ տուն, իսկ կօշիկ ունեցած է միայն մէկ զոյգ:

Ան օդանաւային ճամբորդութիւնները կը կատարէր խնայողական կարգով (economic class), նոյնիսկ` այն ժամանակ, երբ անոր ընտանիքի անդամները եւ գործընկերները առեւտրական կարգերով կը ճամբորդէին:

«Ի՞նչ իմաստ ունի առեւտրական կարգը, երբ աւելի արագ պիտի չհասնիս»

Օչսլին, որ աւելի քան 30 տարի Ֆինիի պաշտօնեան եղած է, կ՛ըսէ, որ իր պոսը ժամանակին փորձած է շքեղ կեանք մը ապրիլ, բայց այդ իրեն չէ յարմարած, չէ վայելած:

«Ան ունէր գեղեցիկ տուներ եւ գեղեցիկ իրեր: Ան փորձեց ատիկա ընել եւ անդրադարձաւ, որ իրեն համար չէր», ըսաւ Օչսլի:

«Ան սեփական տուն չունի, ինքնաշարժ չունի: Անոր  խնայողութիւններու պատմութիւնները ճշմարիտ են: Ֆինի ունի 10 տոլարնոց «Քասիօ» ժամացոյց մը եւ իր թուղթերը կը տանի տոպրակի մէջ: Այս է ան: Այսպէս ինքն իրեն յարմարաւէտ կը  զգար, եւ իսկապէս այսպէս էր Չաքը»:

1980-ականներու սկիզբն էր, երբ անոր Duty Free Shoppers խումբի կայսրութիւնը հսկայական գումարներ կը կուտակէր, Ֆինին որոշեց, որ ինք այդ գումարները պիտի տայ:

Ֆինի գաղտնի փոխանցեց ընկերութեան իր բաժնետոմսերը «Աթլանթիք Ֆիլանտրոֆիս» բարեգործական կազմակերպութիւններուն:

«Ի՞նչ պիտի ընեմ այդ ամբողջ գումարը,-  յիշեց ան` մտածելով,- ինչպէս այսօր կան շատ հարուստ մարդիկ, որոնք այնքան դրամ ունին, որ չէին կրնար այդ ծախսել»:

Ֆինիի վերաբերմունքը դրամի նկատմամբ կտրականապէս կը հակասէ անոր Duty Free Shoppers-ի համահիմնադիր Ռոպերթ  Միլըրին` աշխարհի 293-րդ ամէնէն հարուստ մարդուն, որ ունի 6 միլիառ տոլար: Միլլըր շքեղ տուներ ունի Հոնկ Քոնկի, Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ Զուիցերիոյ մէջ, նոյնպէս` Եորքշայրի 35.800 հեկտար կալուածը: Միլլըր ունի երեք դուստրեր` Մարի-Շանթալ, Ալեքսանտրա Միլլըր եւ Փիա Քեթթի:

Միլլըր եւ Ֆինի իրարու հետ չեն խօսիր, որովհետեւ 1996 թուականին Ֆինի վաճառած է Duty Free Shoppers-ի իր բաժնեմասը: Վաճառքի շուրջ Միլլըրի հետ վէճը յանգեցուց անոր, որ Ֆինիի երբեմնի գաղտնի բարեգործութիւնը բացայայտուեցաւ դատական վիճաբանութեանց առջեւ:

Մինչ «Աթլանթիք Ֆիլանտրոֆիս»-ի բարեգործական յատկացումները աւարտած են, մեր կտակը կը մնայ փոփոխութիւններու գործուն ներազդեցութիւն: 

Duty Free Shoppers-ը կը գործէ միջազգային 11 օդակայաններու աւելի քան 420  տուրքէ զերծ կրպակներու մէջ:

Տարիներու ընթացքին Ֆինի աւելի քան 3,7 միլիառ տոլար տրամադրած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն, որոնց շարքին գրեթէ 1 միլիառ տոլար` Քոռնել համալսարանին, ուր ան քորէական պատերազմի ժամանակ որպէս Միացեալ Նահանգներու օդուժի մէջ ծառայելէ ետք անվճար ուսանած է պանդոկի կառավարում մասնագիտութիւնը:

Ֆինին նաեւ 870 միլիոն տոլար նուիրած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան այն խումբերուն, որոնք կը պայքարին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահապատիժի դադրեցման համար:

Հիւսիսային Իրլանտայի Ֆերմանա շրջանէն գաղթականի թոռ` ան նոյնպէս 2 միլիառ տոլար նուիրած է իր հայրենի երկրին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն: Ան մեծ դեր ունեցաւ Լիմերիքի համալսարանի հիմնադրման գործին մէջ:

Ֆինի լուսարձակներէ հեռու նոյնպէս օգնեց Իրլանտայի  խաղաղութեան հոլովոյթին:

2003 թուականին Լոնտոնի մէջ ան միացաւ Իրաք ներխուժման դէմ բողոքի երթին:

Ֆինին իր առաջին կնոջմէն ունի հինգ զաւակներ` չորս դուստր եւ մանչ մը: Բոլոր զաւակներուն յանձնարարուած է ամառները աշխատիլ որպէս ճաշարաններու մէջ մատուցողներ կամ սպասուհիներ:

Հետագային ան ամուսնացաւ նախկին քարտուղարուհի Հելկայի հետ:

Ֆինիի առատաձեռնութիւնը դրդեց Պիլ Կէյցը եւ Ուորըն Պաֆեթը` հիմնելու «Տուող խոստում»-ը, ըստ որուն, աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդիկ կը պարտաւորուին իրենց ունեցուածքին առնուազն կէսը նուիրել բարեգործութեան:

Կէյց այլ բարերարներու համար ճամբայ ստեղծելը Ֆինիի վերագրեց:

«Ես կը յիշեմ, որ «Տուող խոստում»-ը սկսելէ առաջ հանդիպած եմ Ֆինիի հետ: Ան ինծի ըսաւ, որ մենք պէտք է խրախուսենք մարդիկը իրենց կեանքի ընթացքին ոչ թէ տալ միայն 50 առ հարիւրը, այլ որքան կարելի է: Ոչ ոք ատոր աւելի լաւ օրինակ է, քան Չաքը: Շատեր ինծի հետ կը խօսին այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Ֆինի ոգեշնչած է զիրենք: Այդ իսկապէս զարմանալի է», ըսաւ Կէյց:

Պաֆեթ Ֆինին նկարագրեց որպէս «իմ եւ Պիլ Կէյցի հերոս, ան պէտք է բոլորին հերոսը ըլլայ»:

Չաք Ֆինիի խօսքերէն

– Ես համոզուեցայ, որ աւելի մեծ գոհունակութիւն կար իմ դրամս տալէն եւ գետնէն բանի մը բարձրանալը տեսնելէն, օրինակ` հիւանդանոց: Պարզապէս տրամաբանական կը թուէր, որ դրամը լաւ գործածուէր, քան` այդ գումարը դրամատնային հաշիւի մէջ դնելը եւ թոյլ տալը, որ ան կուտակուի եւ կուտակուի:

– Ես չեմ ատեր դրամը, բայց կայ միայն այնքան գումար, որ կրնաս գործածել:

– Նուիրատու դառնալու համար մի՛ սպասեր, որ մեռնիս: Ձեր գումարը չի կրնար օգնել մարդոց, մինչեւ որ այդ դրամը չտրամադրէք, այնպէս որ, տուէք ատոնք, քանի դեռ ողջ էք: Բացի այդ, ձեր նուիրատուութիւնը գործողութեան մէջ տեսնելը զուարճալի եւ հաճելի է:

– Մարդիկ, որոնք դրամ ունին, պարտաւորութիւն ունին: Ես չէի ըսեր, որ իրաւունք ունիմ անոնց ըսելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն այդ դրամով, պարզապէս իմաստուն գործածել:

– Ես զբօսանաւ չունիմ, որովհետեւ ծովուն վրայ շրջագայութեան ատեն շուտով կ՛անհանգստանամ:

– Ի՞նչ իմաստ ունի առեւտրական, գործարար դասակարգը, եթէ անիկա չ՛օգներ ինծի աւելի արագ հասնելու իմ նպատակակէտիս:

– Եթէ ես կրնամ 15 տոլարով ձեռք բերել ժամացոյց, որ ցոյց կու տայ ճշգրիտ  ժամանակը, ապա ի՞նչ կ՛ընեմ «Ռոլեքս»-ի հետ շփոթելով:

– Երբ շատ դրամ ունիք, պէտք է զբաղիլ մեծ խնդիրներով: Եւ նոյնիսկ եթէ ձախողութեան վտանգը մեծ է, միեւնոյն է, պէտք է զբաղիլ անոնցմով:

– Չկան ձախողութիւններ: Լուծուած խնդիրներէն մէկը կը դիւրացնէ միլիոնաւոր մարդոց կեանքը:

– Կը կարծեմ, որ ես երջանիկ եմ, երբ կ՛ընեմ այն, որ կ՛օգնէ մարդոց, եւ դժբախտ եմ, երբ կ՛ընեմ այն, որ չ՛օգներ մարդոց:

Նախորդը

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

Յաջորդը

Ակնարկ. «Խորհրդահայ Պատմաբանի Մը Ուշագրաւ Յայտնութիւնը» 28 Հոկտեմբեր 1966

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?