Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Դաժան Կը Վերաբերին Ուրիշներուն Հանդէպ

Օգոստոս 13, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Դաժան կը թուի, երբ անձ մը ցաւ կամ վնաս կը պատճառէ ուրիշին: Ատիկա աւելի անհանդուրժելի կը դառնայ, երբ դիմացինը ի վիճակի չէ նոյնը ընելու: Այս վերաբերմունքը կարծուածէն աւելի տարածուած է: Ուրկէ՞ կու գայ այս վարքը եւ ի՞նչ նպատակներու կը ծառայէ: Կարելի՞ է սրբագրել: «Ֆիւչըր» կայքը այս մասին հրապարակած է յօդուած մը:

 Ն.

«Մարդիկ տիեզերքի փառքն ու աղբն են», եզրակացուցած է  ֆրանսացի փիլիսոփայ Պ. Փասքալ, 1658 թուականին:

Քիչ բան փոխուած է: Մենք կը սիրենք եւ կ՛ատենք: Մենք կ՛օգնենք եւ կը վնասենք: Մենք ձեռք կ՛երկարենք եւ դանակ կը ցցենք:

Մենք կը հասկնանք, երբ մէկը կը հարուածէ վրէժխնդրութեան կամ ինքնապաշտպանութեան համար: Բայց երբ մէկը վնաս կը պատճառէ անվնաս անձի մը, մենք կը հարցնենք. «Ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա ընել»:

Մարդիկ սովորաբար բաներ կ՛ընեն հաճոյք ստանալու կամ ցաւէն խուսափելու համար: Մեզմէ շատերուն համար ուրիշներուն ցաւ պատճառելը մեզի կը ստիպէ զգալ անոնց ցաւը: Եւ մենք չենք սիրեր այս զգացումը: Ասիկա կը յուշէ երկու պատճառ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կրնան վնաս պատճառել անվնաս անձի մը. կամ անոնք չեն զգար ուրիշներու ցաւը, կամ հաճոյք կը ստանան ուրիշներու ցաւէն:

Անվնաս անձերու վնաս հասցնելու այլ պատճառ մըն ալ այն է, որ անոնք, այդուհանդերձ, սպառնալիք կը տեսնեն: Մէկը, որ չի վտանգեր ձեր մարմինը կամ դրամապանակը, տակաւին կրնայ  սպառնալ ձեր հասարակական կարգավիճակին: Ասիկա կ՛օգնէ բացատրել այլապէս տարակուսելի գործողութիւնները, օրինակ` երբ մարդիկ կը վնասեն անոնց, որոնք նիւթապէս կ՛օգնեն իրենց:

Ազատական հասարակութիւնները կ՛ենթադրեն, որ ուրիշներուն տառապանք պատճառելը կը նշանակէ, որ մենք անոնց վնասած ենք: Այդուհանդերձ, որոշ փիլիսոփաներ կը մերժեն այս գաղափարը: 21-րդ դարուն մէջ կրնա՞նք տակաւին ըմբռնել դաժան ըլլալը:

Սատիստներ եւ մտախտաւորներ (psychopaths)

Մէկը, որ հաճոյք կը ստանայ ուրիշները վիրաւորելէ կամ նուաստացնելէ, սատիստ է: Սատիստները սովորականէն աւելի կը զգան այլ մարդոց ցաւը: Եւ անոնք կը վայելեն այդ: Անոնք այդ մէկը կ՛ընեն, մինչեւ որ իրե՛նք սկսին վատ զգալ:

Ժողովրդական երեւակայութիւնը սատիզմը կը կապէ խոշտանգողներու եւ մարդասպաններու հետ: Նոյնպէս գոյութիւն ունի առօրեայ սատիզմի ոչ այնքան ծայրայեղ, բայց աւելի տարածուած երեւոյթը:

Առօրեայ սատիստները հաճոյք կը ստանան ուրիշները վիրաւորելէ կամ անոնց տառապանքներուն հետեւելէ: Անոնք շատ հաւանաբար կը վայելեն սարսափազդու   շարժապատկերները, վայրագ կռիւները եւ խոշտանգումները: Անոնք հազուադէպ են, բայց` ոչ բաւական հազուադէպ: Անգլիոյ երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներու շուրջ  6 առ հարիւրը ընդունած է, որ հաճոյք կ՛առնէ ուրիշները վիրաւորելէ:

Առօրեայ սատիստը կրնայ  ըլլալ համացանցային տրոլ, կամ դպրոցական կռուազան: Առցանց դերախաղերուն մէջ անոնք  շատ հաւանաբար կ՛ըլլան «վշտացողը», որ խաղը կը փճացնէ ուրիշներուն համար: Առօրեայ սատիստները կը գրաւեն համակարգչային վայրագ խաղերը: Եւ որքան շատ անոնք կը խաղան, այնքան աւելի սատիստ կը դառնան:

Ի տարբերութիւն սատիստներու` մտախտաւորները(psychopaths) անվնաս անձերուն չեն վնասեր պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք հաճոյք կը ստանան ատկէ (թէեւ կրնայ ըլլալ): Մտախտաւորները բաներ կ՛ուզեն: Եթէ ուրիշներուն վնաս պատճառելը  կ՛օգնէ անոնց ստանալ այն, որ կ՛ուզեն, կ՛ընեն ատիկա:

Անոնք կրնան այսպէս վարուիլ, քանի որ աւելի նուազ  հաւանական է, որ անոնք խղճան, զղջան կամ վախնան: Անոնք կրնան նոյնպէս պարզել, թէ ի՛նչ կը զգան ուրիշները, բայց իրենք չեն վարակուիր նման զգացումներով:

Ասիկա լուրջ եւ վտանգաւոր հմտութիւններու շարք է: Հազարամեակներու ընթացքին մարդկութիւնը ինքզինք ընտելացուցած, մշակած է: Մեզմէ շատերուն համար դժուար դարձած է ուրիշներուն վնաս պատճառելը: Շատեր, որոնք  վնաս կը պատճառեն, կը տանջեն կամ կը սպաննեն, տանջալից յաճախանք պիտի ունենան այդ փորձառութենէն ետք:

Այդուհանդերձ, մտախտաւորութիւնը չնախատեսուած բռնութիւն գործադրող մէկու մը հզօր կանխատեսումն է:

Մենք պէտք է գիտնանք, թէ կը  բախի՞նք մտախտաւորի մը: Մենք կրնանք լաւ գուշակել` պարզապէս մէկու մը դէմքին նայելով կամ անոր հետ կարճ յարաբերելով: Ցաւօք, մտախտաւորները գիտեն, որ մենք ատիկա գիտենք: Անոնք կը պայքարին` աշխատելով հագուստի եւ խնամքի վրայ, փորձելով լաւ տպաւորութիւն ձգել:

Քանի որ նորարարութիւնները կը ձեւաւորեն մեր հասարակութիւնները, ընկերա-հոգեբանական հիւանդները կրնան փոխել աշխարհը բոլորիս համար

Բարեբախտաբար մարդոց մեծամասնութիւնը զերծ է մտախտաւորութենէ: Մարդոց միայն 0,5 առ հարիւրը կրնայ նկատուիլ մտախտաւոր: Այրերու 8 առ հարիւրը եւ կին բանտարկեալներու 2 առ հարիւրը  մտախտաւոր են:

Բայց ոչ բոլոր հոգեվիճակները վտանգաւոր են: Հակաընկերային մտախտաւորները կրնան թմրեցուցիչներէ կամ վտանգաւոր գործողութիւններէ ոգեւորում փնտռել: Միւս կողմէ` ընկերային-հոգեբանական հիւանդները կը փնտռեն իրենց ոգեւորումը նոր գաղափարներու անվախ հետապնդման մէջ: Քանի որ նորարարութիւնները կը ձեւաւորեն մեր հասարակութիւնները, ընկերա-հոգեբանական հիւանդները կրնան փոխել աշխարհը բոլորիս համար: Այդուհանդերձ, ասիկա տակաւին կրնայ ըլլալ լաւ եւ վատ:

Այս հակումները ուրկէ՞ կը ծագին

Ոչ ոք իսկապէս գիտէ, թէ ինչո՛ւ որոշ մարդիկ սատիստ են: Ոմանք կ՛ենթադրեն, որ սատիզմը յարմարողականութիւն է, որ օգնած է մեզի մորթել անասունները որսալէ ետք: Ուրիշներ կ՛առաջարկեն, որ ատիկա օգնած է մարդոց` իշխանութիւն ձեռք ձգելու:

Իտալացի փիլիսոփայ եւ դիւանագէտ Նիքոլօ Մաքիաւելի անգամ մը առաջարկեց, որ` «Ժամանակնե՛րը, ոչ թէ մարդիկ, անկարգութիւններ կը ստեղծեն»:

Միաժամանակ  մասնագէտներ կ՛ենթադրեն, որ սատիզմը կրնայ ըլլալ գոյատեւման մարտավարութիւն, որ կը հրահրուի դժուարին ժամանակներու պատճառով, օրինակ` երբ որոշ սննդամթերքներ կը նուազին: Այս վիճակը մեզ աւելի պատրաստակամ կը դարձնէ ուրիշներուն վնասելու, որովհետեւ վնասելը կը դառնայ աւելի հաճելի:

Կան սատիզմի աւելի մեղմ ձեւեր, որոնք թոյլ կու տան  մարդոց աժան ոգեւորում ստանալ խոցելի վիճակի մէջ գտնուողներէն

Մտախտաւորութիւնը նոյնպէս կրնայ յարմարողականութիւն ըլլալ: Որոշ ուսումնասիրութիւններ կը կապեն մտախտաւորութեան աւելի բարձր մակարդակը` աւելի մեծ պտղաբերութեան հետ: Միւսները հակառակը գտած են: Ասոր  պատճառը կրնայ ըլլալ այն, որ մտախտաւորները վերարտադրողական առաւելութիւն ունին յատկապէս բիրտ միջավայրի մէջ:

Իրօք, մտախտաւորութիւնը կրնայ բարգաւաճիլ անկայուն, մրցունակ աշխարհներու մէջ:

Մտախտաւորներու ունակութիւնները զանոնք կը դարձնեն վարպետ խուսանաւողներ: Անոնց դիւրամտութիւնը եւ վախի բացակայութիւնը կ՛օգնեն անոնց վտանգի դիմել եւ կարճատեւ շահեր ստանալ:

«Ուոլ Սթրիթ» շարժապատկերին մէջ հոգեբան Կորտոն Կեքքօ միլիոններ կը շահի: Այդուհանդերձ, թէեւ մտախտաւորութիւնը  կրնայ առաւելութիւն ըլլալ ընկերակցական աշխարհին մէջ, անիկա տղամարդոց կ՛ընծայէ առաջնորդական միայն փոքր առաւելութիւն:

Մտախտաւորութեան կապը ստեղծագործութեան հետ կրնայ նաեւ բացատրել անոր գոյատեւումը: Գիտնական Էրիք Վայնշթէյն կը պնդէ, որ մտախտաւոր մարդիկ նորարարութիւն կը մղեն:

Այդուահանդերձ, եթէ ձեր միջավայրը կ՛աջակցի ստեղծագործական մտածողութեան, մտախտաւորութիւնը աւելի քիչ կապուած է ստեղծագործութեան: Գեղեցիկը կրնայ նորավէպ ըլլալ:

Սատիզմը եւ մտախտաւորութիւնը կապուած են այլ յատկանիշներու, ինչպիսիք են նարկիզականութիւնը (ինքնասիրութիւն) եւ մաքիաւելականութիւնը(նենգաւոր քաղաքականութիւն): Նկարագրային նման գիծերը միասնաբար կը կոչուին «անձի մութ գործօն» կամ կարճ ` Տ-գործօն:

Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ եթէ մէկը խախտէ հասարակական կանոնը, մեր ուղեղը զանոնք կը նկատէ որպէս աւելի նուազ մարդկային անձեր

Այս գիծերուն մէջ կայ չափաւոր եւ մեծ ժառանգական բաղադրիչ: Այսպիսով, որոշ մարդիկ կրնան պարզապէս այսպէս  ծնիլ: Այլապէս, բարձր Տ- գործօն ունեցող ծնողները կրնան այդ գիծերը փոխանցել իրենց երեխաներուն` անոնց նկատմամբ վիրաւորական վարք դրսեւորելով: Նմանապէս տեսնելով, որ ուրիշները կը վարուին բարձր Տ- գործօնի ձեւերով, կրնայ մեզ սորվեցնել վարուիլ այսպէս:

Մենք բոլորս ընելիք ունինք դաժանութիւնը նուազեցնելու գործին մէջ:

Վախ եւ անմարդկայնացում

Սատիզմը կը ներառէ վայելել ուրիշին նուաստացումն ու վիրաւորանքը: Յաճախ կ՛ըսեն, որ մարդոց անմարդկայնութիւնը այն է, որ մեզի թոյլ կու տայ դաժան ըլլալ: Զոհերը կը  պիտակաւորուին որպէս շուներ, ոջիլներ կամ ուտիճներ: Ասիկա ենթադրաբար աւելի դիւրին կը դարձնէ զանոնք վիրաւորելը:

Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ եթէ մէկը խախտէ հասարակական կանոնը, մեր ուղեղը զանոնք կը նկատէ որպէս աւելի նուազ մարդկային անձեր:Ասիկա մեզի համար աւելի դիւրին կը դարձնէ պատժել այն մարդիկը, որոնք կը խախտեն վարքի կանոնները:

Քաղցր զգացում է մտածել, որ եթէ մենք մէկը  որպէս մարդ տեսնենք, զայն չենք վիրաւորեր: Ասիկա նոյնպէս վտանգաւոր մոլորութիւն է: Հոգեբան Փոլ Պլում կը պնդէ, որ մեր վատագոյն դաժանութիւնը կրնայ յանգեցնել մարդիկը անմարդկային չընելու: Մարդիկ կրնան վիրաւորել ուրիշները ճիշդ այն պատճառով, որ անոնք որպէս մարդիկ կը ճանչնան անոնք, որոնք չեն ուզեր տառապիլ ցաւէ կամ նուաստացումէ:

Նացիները կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ անմարդկային արարքներով  բազմաթիւ մարդիկ սպաննեցին

Օրինակ` նացիները անմարդկայնացուցին հրեաները`  զանոնք անուանելով որդեր եւ ոջիլներ: Անոնք նուաստացուցին, խոշտանգեցին եւ սպաննեցին հրեաները ճիշդ այն պատճառով, որ զանոնք կը դիտէին որպէս մարդիկ, որոնք նուաստանալու եւ նման վերաբերմունքի ենթարկուելիք էին:

Երբեմն մարդիկ նոյնիսկ կը վնասեն օգտակար եղողներուն:

Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ թոյլ տալով, որ մարդիկ հակակրանք արտայայտեն բուսակերներու նկատմամբ, զանոնք  ստիպած է աւելի նուազ աջակցիլ մսակերներուն

Այս երեւոյթը կը կոչուի «աւելի լաւ շեղում»: Այն կարելի է գտնել ամբողջ աշխարհի մէջ: Որսորդ-հաւաքողներու  հասարակութիւններու մէջ յաջող որսորդները կը քննադատեն մեծ անասունը բռնելու համար, հակառակ անոր որ որսալը կը նշանակէ, թէ բոլորը աւելի շատ միս կը ստանան:

Աւելի լաւ կատարուող շեղումը գոյութիւն ունի մեր հակա-գերիշխող միտումներուն պատճառով: Ժամանցի տնտեսական խաղի աւելի քիչ առատաձեռն խաղացողը կրնայ զգալ, որ միւսներուն կողմէ աւելի առատաձեռն խաղացողը կը դիտուի որպէս նախընտրելի գործընկեր: Աւելի առատաձեռն մարդը կը սպառնայ դառնալ գերիշխող:

ֆրանսացի գրող Վոլթեր ըսած է. «Լաւագոյնը բարիին թշնամին է»:

Երբ մենք ջնջենք բարեգործը, մենք աւելի բաց ենք անոնց ուղերձին համար: Ըստ ուսումնասիրութեան մը, թոյլ տալով մարդոց հակակրանք արտայայտել բուսակերներու նկատմամբ` անոնց ստիպեց աւելի քիչ աջակցիլ մսակերներուն:

Դաժան է  բարի ըլլալ

«Ուհիփլաշ» շարժապատկերին մէջ երաժշտութեան ուսուցիչը դաժանութիւն կը կիրարկէ իր աշակերտներէն մէկուն մէջ մեծութիւնը խրախուսելու համար: Մենք կրնանք զերծ մնալ նման մարտավարութենէ: Այդուհանդերձ, գերմանացի փիլիսոփայ Ֆ. Նիցչէ կը կարծէր, որ մենք չափազանց դժկամած ենք  նման դաժանութեան:

Մարդկութեան պատմութիւնը խաթարուած է բռնութեամբ եւ  դաժանութեամբ անոնց նկատմամբ, որոնք սպառնալիք չեն ներկայացներ

Նիցչէի համար դաժանութիւնը թոյլ տուած է ուսուցիչի մը  քննադատութիւնը բարդել ուրիշի մը վրայ` ի շահ անոր: Մարդիկ կրնային նաեւ դաժան ըլլալ իրենք իրենց նկատմամբ` օգնելու դառնալ այն մարդը, որ կ՛ուզէին ըլլալ: Նիցչէ զգաց, որ դաժանութեան տառապանքը կրնայ օգնել զարգացնելու քաջութիւն, տոկունութիւն եւ ստեղծագործականութիւն: Արդեօ՞ք մենք պէտք է աւելի պատրաստակամ ըլլանք այնպէս,  որ մենք եւ ուրիշները տառապինք առաքինութեան զարգացման համար:

Կարելի է ըսել` ոչ: Այժմ մենք գիտենք ուրիշներու կողմէ դաժանութեան ենթարկուելու ներուժի սարսափելի հետեւանքները, ներառեալ` մարմնային եւ մտային առողջութեան վնասը: Սեփական անձի հանդէպ սրտցաւ ըլլալու, այլ ոչ թէ դաժան վերաբերմունքի առաւելութիւնները նոյնպէս հետզհետէ աւելի կը ճանչցուին:

Եւ այն գաղափարը, որ մենք պէտք է տառապինք աճելու, մեծնալու համար, կասկածելի է: Կեանքի դրական իրադարձութիւնները` սիրահարիլը, երեխաներ ունենալը եւ  նուիրական նպատակներուն հասնիլը, կրնան յանգեցնել աճի:

Սատիզմի միջոցով ուսուցանելը կը բերէ իշխանութեան չարաշահումներու եւ եսասէր դաժանութեան: Անիկա միակ ճամբան չէ. օրինակ` պուտտայականութիւնը կ՛առաջարկէ այլընտրանք ` բարկացած կարեկցանք: Այստեղ մենք կը գործենք  սէրէ մղուած ` դիմակայելով ուրիշները, անոնց ագահութենէն, ատելութենէն եւ վախէն պաշտպանուելու համար:

Կեանքը կրնայ դաժան ըլլալ, ճշմարտութիւնը կրնայ դաժան ըլլալ, բայց մենք կրնանք ընտրել չըլլա՛լ:

Նախորդը

«Պուրճ Համուտը Միջնաբերդն Է Սփիւռքին», Կը Յայտնէ Լիբանանահայ Արուեստասէր Արին Չեքիճեան

Յաջորդը

Աֆղանիստանի Զարգացումներուն Ազդեցութիւնը

RelatedPosts

Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?