Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Նուիրեալ Դաշնակցական Կարօ Քեպապճեան Յետմահու Պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան «Եռաբլուր»-ի մէջ յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով : Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնեց Կ. Քեպապճեանի տղուն եւ ըսաւ, որ` «Կարօ Քեպապճեանի կեանքը ինքնին եղած է մեր ժողովուրդին պատմութեան արտացոլացումը: Անոր ծնողները մազապուրծ...




















