Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 24, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պատերազմի Ընթացքին Զոհուած Ուսանող Կիմ Խաչատրեանի Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած ուսանող Կիմ Խաչատրեանի յուշ-երեկոն, որ նուիրուած էր անոր ծննդեան տարեդարձին: Այս մասին տեղեկացուց Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժանմունքը:

«Կիմին հայրենասիրութիւն փոխանցուած է ոչ թէ դաստիարակութեամբ, այլ` ծնունդով: Ան առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու կամաւորագրուած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին` «Ո՞վ, եթէ ոչ ես» խօսքը շուրթին», ըսած է հերոսին մայրը` Նարինէ Միքայէլեան: Ան շեշտած է, որ որդին զինուորագրուած եւ պատերազմի գացած է դրօշները ձեռքին ծածանելով, աւա՛ղ, ափսո՛ս, վերադառնալով դրօշը իր վրայ կրելով` միանալով յանուն հայրենիքի նահատակուած քաջ հայորդիներու փաղանգին:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեանի խօսքով, անմահացած հերացիականները հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան եւ գթասրտութեան օրինակ են: Անոնք բժիշկի այն կերպարներն են, որոնք պատրաստ են մարտի դաշտին մէջ պաշտպանելու հայրենիքն ու ազգի արժանապատուութիւնը` միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ մնալով ամէնէն մարդասիրական մասնագիտութեան` բժիշկի կոչումին:

Ատամնաբուժական բաժանմունքի ղեկավար Լազար Եսայեանի բնորոշումով, դասախօսներու եւ ընկերներու կողմէ սիրուած Կիմը հայրենասիրութեան իրական կերպար էր: Ան ռազմաճակատ գնաց հայրենիքի նկատմամբ պարտքի մղումով: «Բոլորս կը խոնարհինք անմահացած հերոսին յիշատակին եւ ընտանիքին առջեւ», նշած է ան:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանէն նաեւ յայտնած են, որ առաջարկ-նախագիծ կը մշակուի, որպէսզի բժշկական բաժինի ուսանողները ստանան ռազմական բժշկական յատուկ դասընթացք: «Իւրաքանչիւր ուսանող, որ կ՛աւարտէ բժշկական համալսարանը եւ բժշկելու իրաւասութիւն կը ստանայ, անհրաժեշտ է, որ պատրաստ ըլլայ նաեւ թէ՛ աղէտներու, թէ՛ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ լուծելու եւ յաղթահարելու իրեն առջեւ դրուած հարցերը», ընդգծած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին նախագահը:

ՀՅԴ  Երիտասարդական Միութիւնները` Արցախի Պատանիներուն Համար

ՀՅԴ Լիբանանի, Ամերիկայի եւ Արցախի երիտասարդական միութիւնները կրկին Մարտունիի մէջ են` պատանիները համախմբելու, անոնց մէջ ազգային գաղափարախօսութիւնը ամրապնդելու, պատանիներուն նոր գիտելիքներ տալու եւ յետպատերազմեան ծանր մթնոլորտը մեղմացնելու նպատակով:

Աղաւնոյ Մէջ Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղը Արցախ-մայր հայրենիք սահմանին վրայ է, այսօր միջազգային բառակապակցութեամբ ըսուած` Լաչինի մարդասիրական միջանցքին սկիզբը:

Շրջանի առաջին բնակավայրն էր, ուր 1992-ի ամրան վերաբնակիչներ եկան Արցախի Մարաղա, Չայլու, Գետաշէն եւ թշնամիի տիրապետութեան տակ անցած այլ բնակավայրերէ: Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառով դատարկուեցաւ Քաշաթաղի շրջանը, կը ստիպէին, որ Աղաւնոյէն ալ բնակիչները դուրս գային: Սակայն համայնքապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի, որ, ի դէպ, 5 անչափահաս զաւակ ունի եւ բնակիչներու հայրենասիրութեան, հողին տէր մնալու, հայրենիքը չլքելու վճռականութեան շնորհիւ կ՛ապրի Աղաւնոն` իբրեւ հայոց բնակավայր, որ նաեւ ունի դպրոց:

Գարեգին Նժդեհի անունը կրող Քաշաթաղի շրջանի առաջին կրթօճախը սկսած է գործել 1994 սեպտեմբերին: 9 աշակերտ եւ մէկ ուսուցիչ կը յաճախեն Բերձոր քաղաքէն: Ըստ Աղաւնոյի դպրոցի տնօրէնին, դպրոցը բոլոր դասանիւթերուն համար ուսուցիչներ ունի: Այս օրերուն դպրոցին մէջ նոյնիսկ կ՛ընթանան վերանորոգման աշխատանքներ: Հիմնովին կը նորոգուին քանի մը դասարաններ, դահլիճը եւ գրադարանը:

Գիւղը միշտ եղած է սփիւռքահայութեան, յատկապէս լիբանանահայութեան ուշադրութեան կեդրոնը: Տարիներ առաջ ԱՌԻ (Արցախ ռուց ինվեսթմընթ) ընկերութեան տարբեր ծրագիրներով այնտեղ կառուցուեցաւ մօտ 70 բնակելի առանձնատուն, իրականացուեցան այլ աշխատանքներ: Այժմ նոյնպէս սփիւռքը կ՛օգնէ Աղաւնոյին: Անցեալ դեկտեմբերին Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի պատուիրակութիւնը եկած էր Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, ուր յստակացած էին շարք մը ծրագիրներ:

Այժմ Աղաւնոյի մէջ «Արցախ Ֆոնտ»-ի նիւթական յատկացումով մանկապարտէզ կը կառուցուի: Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի տեղեկութիւններով, մինչեւ սեպտեմբեր մանկապարտէզը պատրաստ պիտի ըլլայ եւ պիտի ընդունի մօտաւորապէս 10 երեխայ: Գոյքի հարցը պիտի լուծուի Հայ օգնութեան միութեան Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին միջոցով: Իսկ այժմ արդէն իսկ կ՛ընթանան շինարարական աշխատանքներ:

Սկաուտներու Երդման Արարողութիւն` Գիւմրիի Մէջ

14 մարտ 2021-ին Գիւմրիի Վահան Չերազի արձանին մօտ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի եւ Գիւմրիի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղերու սկաուտներու երդման արարողութիւնը: Վայրը պատահական չէր ընտրուած, այն խորհրդանշական էր, որովհետեւ սկաուտական խումբերը կը կրէին Վահան Չերազի անունը:

Նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք տեղի ունեցաւ ծանօթացման արարողութիւնը, որ սկաուտներուն բնորոշ եւ տարբերուող էր: Սկաուտները բաժնուեցան խումբերու, խումբի անդամները ծանօթացան իրարու, զրուցեցին եւ առանձնացուցին Գիւմրիի եւ Երեւանի մասնաճիւղերուն նմանութիւնները եւ տարբերութիւնները:

Պահը վճռորոշ էր նոր երդում կատարող սկաուտներուն համար. ուրախութեան, ժպիտներու տակ թաքնուած էր փոքր տագնապ մը եւ մեծ պատասխանատուութիւն:

Արարողութեան բացման խօսքը արտասանած էր քոյր Արմիկ: Ան Երեւանի Արաբկիր համայնքի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղի խմբապետուհին է:

Այնուհետեւ սկաուտները ծունկի գալով` տուին իրենց սրբազան երդումը, որմէ ետք խմբապետները արդէն երդուեալ սկաուտներուն տարազին ամրացուցին վզկապերը:

Սկաուտները իրենց երդման ընթացքին խոստացան ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել հայրենիքին ու ազգին: Անոնց զօրակցելու եւ քաջալերելու համար ներկայ էին տարբեր վայրերէ սկաուտներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:

Խօսքը առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, որ նախ շնորհաւորեց սկաուտական երդում կատարած եղբայրները, ապա խնդրեց անոնցմէ, որ ամէն օր յիշեն իրենց երդումը եւ հաւատարիմ մնան անոր: «Այս սկիզբն է եւ ոչ` աւարտը: Այսպիսով, սկիզբ կը դրուի ձեր նոր քայլերուն, նոր կեանքին եւ նոր առաջընթացին», եզրափակեց ան իր խօսքը:

Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսք արտասանեց Խմբապետական խորհուրդի ներկայացուցիչը, որ նշեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի դաստիարակչական մեծ նշանակութիւնն ու հայրենասիրական դասերը եւ փաստեց, որ ՀՄԸՄ-ի դաստիարակութիւն ստացած պատանիները իրենց լաւագոյնը կը դրսեւորեն այն իրավիճակներու մէջ, երբ հայրենիքը իրենց կարիքը կը զգայ: Ցանկութիւն յայտնելով, որ երդուեալ սկաուտները չմոռնան յանուն հայրենիքին իրենց կեանքը զոհած եղբայրները եւ քոյրերը, հաւատարիմ մնան թէ՛ անոնց եւ թէ՛ իրենց կատարած գործին:

Երդման արարողութեան եզրափակումէն ետք սկաուտները շրջեցան Գիւմրիի պատմական վայրերը, այցելեցին Աւետիք Իսահակեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Մհեր Մկրտչեանի թանգարանները, ծանօթացան Գիւմրիի պատմութեան, ձեռք բերին նոր ծանօթութիւններ եւ հրաժեշտ տուին իրարու` վերստին հանդիպելու ակնկալիքով:

Ստեփանակերտի Մէջ Վերանորոգուած Է Պատերազմի Ընթացքին Ռմբակոծուած Ծննդատունը

Ստեփանակերտի մէջ կը շարունակուին պատերազմի ընթացքին հրթիռակոծուած «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին նոր մասնաշէնքին վերականգնողական աշխատանքները: Այս մասին  տեղեկացուցին Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութենէն:

Յայտնենք, որ Ստեփանակերտի ծննդատան նոր շէնքին վերականգնման աշխատանքներուն կը մասնակցին 4 շինարարական կազմակերպութիւններ:

Այս փուլին մասնագէտները կը վերանորոգեն վնասուած ենթակառուցուածքներուն` մասնաւորապէս հեռախօսերու, անվտանգութեան,  օդափոխութեան համակարգերը, ինչպէս նաեւ կ՛իրագործեն ներքին յարդարման, վնասուած պատուհաններու փոխարինման եւ կոյուղիներու վերանորոգման աշխատանքները:

Շինաշխատանքներու որակի հսկողութիւնը կ՛իրականացուի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան թեքնիք հսկողութեան մասնագէտներու կողմէ:

Տեղեկացնենք, որ նախատեսուած շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին հասցնել մինչեւ ընթացիկ տարուան գարնան աւարտը:

«Ազնաւուր» Հիմնադրամին Հաւաքած Մարդկային Օգնութեան Հերթական Խմբաքանակը Հայաստանի Մէջ

«Ազնաւուր» հիմնադրամը ընդունած է մօտաւորապէս 105 թոն մարդասիրական օգնութիւն` արցախեան երկրորդ պատերազմէն տուժած բնակչութեան համար:

Օգնութեան այս նոր խմբաքանակը եւս Հայաստան ուղարկուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան «Ճգնաժամային աջակցութեան կեդրոն»-ին աջակցութեամբ` ծովային ճանապարհով, այնուհետեւ ցամաքային ճանապարհով փոխադրուած է Երեւան:  Օգնութեան այս խմբաքանակը կը ներառէ բժշկական իրեր, մասնաւորապէս բժշկական մահճակալներ, ինչպէս նաեւ` հագուստ եւ այլն:

Ինչպէս նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ, իր մարդկային ծրագիրի շրջանակներուն մէջ «Ազնաւուր» հիմնադրամին եւ վերջինիս շուրջ համախմբուած գործընկեր կազմակերպութիւններուն միջոցով Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ գտնուող 19 ընդունման կէտերու մէջ հաւաքուած է աւելի քան 175 թոն մարդասիրական օգնութիւն: Այս աննախադէպ զօրաշարժը կարելի դարձած է աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու եւ 100 նուիրատուներու միասնութեան, համերաշխութեան եւ քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ: Հաւաքուած բեռին առաջին խմբաքանակը` 70 թոնը, Հայաստան ուղարկուած էր նոյեմբեր-յունուար ամիսներուն` յատուկ թռիչքներով:

Հաղորդենք, որ ցարդ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր մարզերու մէջ ապաստանած արցախցի ընտանիքներու հետ աշխատող աւելի քան 20 տեղական կազմակերպութիւններու եւ  անձնական նախաձեռնութիւններու միջոցով հիմնադրամը 15 հազար 663 փախստականի ապահոված է առաջին անհրաժեշտութեան իրերով:

Առնօ Բաբաջանեանին Նուիրուած Նուագահանդէսին Սենեկային Նուագախումբը Հնչեցուց Երգահանին Լաւագոյն Ստեղծագործութիւնները

Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը մեծանուն երգահանին` դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեանի 100-ամեակին նուիրուած նուագահանդէսին ընթացքին կատարեց հեղինակին սիրուած ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:

«Հերոսական բալլադ» խորագրով երեկոն տեղի ունեցաւ մարտ 18-ին, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ: Նուագահանդէսը ղեկավարեց սենեկային գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանը:

Նուագախումբի տնօրէն Սարգիս Բալբաբեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ հետեւելով իրենց հիմնական առաքելութեան` ներկայացնել հայ երաժշտական եւ հայ կատարողական արուեստը Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, նախաձեռնեցին այս կարեոր համերգը: «Այս տարի յոբելեանները շատ են, բայց առաջին նշանակալի համերգը նուիրեցինք Բաբաջանեանին: Նուագահանդէսի ընթացքին ներկայացուցինք երգահանին բազմաժանր գործերը` դասական, էսթրատային ստեղծագործութիւններէն, որոնք յայտնի են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ արտերկրի մէջ: Համերգին հնչեցին Բաբաջանեանի դաշնակի եւ նուագախումբի համար ստեղծագործութիւններ, որոնք այս ձեւաչափով` դաշնակի եւ նուագախումբի կատարմամբ, առաջին անգամ կ՛իրագործուին», շեշտեց Բալբաբեան:

Խորհրդանշական նուագահանդէսին, իբրեւ մենակատարներ ելոյթ ունեցան`  դաշնակահար Ալեքսանտր Կինտին, սոփրանօ Սիրանուշ Գասպարեան, պարիթոններ Գէորգ Յակոբեան եւ Իլիա Կուզմին:

Սիրանուշ Գասպարեանի խօսքով, Բաբաջանեան դասական երգչուհիներու համար շատ քիչ գործեր գրած է: Եզակի է Լուսինէ Զաքարեանի համար գրուած «Վոկալիզ»-ը:

Ըստ Ալեքսանտր Կինտինի, Բաբաջանեան հրաշալի երգահան, զարմանալի, ջերմ երաժիշտ եւ փայլուն դաշնակահար է: «Զիս կը հիացնէ անոր ակադեմական երաժշտութիւնը:  Պարզապէս անոր կեանքը այնպէս դասաւորուած է, որ Բաբաջանեան մեծ տեղ յատկացուցած է երգային տեսակին եւ իբրեւ երգերու հեղինակ` դարձաւ Խորհրդային Միութեան գերաստղ: Ես մեծցայ այդ երգերը լսելով, բայց անոր ակադեմական գործերը իրապէս փայլուն են», շեշտեց դաշնակահարը:

Ա. Կինտինը կը կարծէ, որ Բաբաջանեանի տաղանդը անտարբեր չի ձգեր ոեւէ մէկը: Անդրադառնալով սենեկային նուագախումբին հետ համագործակցութեան` երաժիշտը ըսաւ, թէ առաջին անգամը չէ, որ կ՛աշխատի նուագախումբին հետ: «Առաջին անգամ Երեւան գտնուած եմ 2001 թուականին: Պարբերաբար կ՛այցելեմ Հայաստան եւ յաջողած եմ աշխատելու սենեկային նուագախումբին հետ: Հրաշալի նուագախումբ է,  բարձրակարգ երաժիշտներով հարուստ: Մեծ բաւականութիւն է անոնց հետ հանդէս գալը», եզրափակեց Ալեքսանտր Կինտին:

Նշենք, որ նուագահանդէսին առաջին բաժինին մէջ ներկայացուեցաւ երաժշտութիւն` «Իմ սիրտը լեռներում է» ժապաւէնէն, «Յորժամ» սոփրանոյի եւ լարային նուագախումբի համար, «Հերոսական բալլադ» դաշնակի եւ նուագախումբի համար գործերը: Երկրորդ բաժինով հնչեցին «Վերադարձրու ինձ երաժշտութիւնը», «Ճակատագիր», «Ձմեռնային սէր», «Շնորհակալ եմ քեզ», «Քո հետքերը», «Մի՛ շտապիր», «Անուրջներ», «Առաջին սիրոյ երգը», «Սատանու անիւ» եւ շարք մը այլ գործեր:

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Յաջորդը

Փաշինեանական Ընտրարշաւը Եւ Մեր Երկրի Սուր Ճգնաժամը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?