Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 18, 2020
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախը Չեմ Ձգեր: 30 Տարի Առաջ Պաքուի Մէջ Տուն Կորսնցուցի, Հիմա Ալ Արցախի՞ Մէջ Կորսնցնեմ

«Պատերազմը սկսաւ, ես եկայ Հայաստան, հիմա ալ չեմ գիտեր` ո՞ւր երթամ, ի՞նչ ընեմ», 17 կուսակցութիւններու հանրահաւաքի ժամանակ «Երկիր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է արցախցի Ժենիա Բաբայեանը: Ան նշած է. «Ես Արցախը չեմ ձգեր: 30 տարի առաջ Պաքուի մէջ տուն կորսնցուցի, հիմա ալ այստե՞ղ կորսնցնեմ, ինչո՞ւ»:

Ժենիան դժգոհութիւն յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանին որոշումին վերաբերեալ եւ ըսած է. «Ո՞վ կէս գիշերին որոշումներ կը կայացնէ: Մեզի անընդհատ կ՛ըսէին` յաղթելու ենք, յաղթելու ենք, մեր այս ձորը` այսպէս, մեր այն սարը` այնպէս, եւ այսպիսի՞ որոշում կը կայացնեն: Եթէ յաղթած ենք, ո՞ւր են մեր հողերը»:

Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարմնամարզի Նախարարութիւնը Դիմած Է Միջազգային Պատկան Մարմիններուն` Պահանջելով Կանխել Մշակութային Վանտալիզմը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը այս օրերուն մնայուն կապի մէջ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղող միջազգային այլ կազմակերպութիւններու հետ, որոնց ուշադրութեան կը յանձնեն Արցախի մէջ հայկական պատմական մշակութային ժառանգութեան եւ հնագիտական վայրերու վտանգուած ըլլալու հարցը: Այս մասին յայտնած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութենէն:

Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելիք տարածքներուն վրայ կան բազմաթիւ կրօնական եւ քաղաքակրթական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ, յուշարձաններ, արուեստի տարբեր նմուշներ, հնավայրեր, որոնց պահպանութիւնը վտանգուած է:

Նկատի ունենալով անցեալին Ազրպէյճանի կողմէ մշակութային ժառանգութիւն համարուող արժէքներուն միտումնաւոր ոչնչացումը` արդէն առկայ են վանտալիզմի ապացոյցեր Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ պարագային.  Միջազգային իրաւունքի օրէնքներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպայի խորհուրդի շրջանակներուն մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները խախտելու դէպքերուն առիթով Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը դիմած է միջազգային կառոյցներուն` պահանջելով հաւատարիմ մնալ ստանձնած առաքելութեան, ձեռնարկել գործօն եւ վճռական քայլեր` կանխելով ու դատապարտելով ազրպէյճանական վանտալիզմի դրսեւորումները:

Ռուս Խաղաղապահներու Ընկերակցութեամբ Ցարդ 725 Անձ Վերադարձաւ Արցախ

Ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ, 14 նոյեմբերէն Արցախ վերադարձան 725 անձեր, որոնք աւելի կանուխ լքած էին իրենց բնակավայրերը մարտական գործողութիւններուն պատճառով: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի հաստատումով, 17 նոյեմբերին, ժամը 10:00-էն սկսեալ Ստեփանակերտ-Բերձոր-Գորիս մայրուղին պիտի գործէ անվտանգ կերպով:

Ըստ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան` առնուազն մինչեւ 25 նոյեմբեր ասոր զուգահեռ պիտի գործէ նաեւ Մարտակերտ-Քարվաճառ-Վարդենիս մայրուղին:

Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի Առողջական Վիճակը Կայուն Է

16 նոյեմբերի առաւօտուն լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան սրտի կաթուած ունեցած է եւ փոխադրուած Երեւան: Աւելի ուշ «Արմէնփրէս» հաղորդեց, որ, թէեւ սրբազանը առողջական խնդիրներ ունեցած է, սակայն արդէն անոր առողջական վիճակը կայուն է:

Մոմավառութեան Մասնակիցներէն Մէկը Նշած Է.
«Վարչապետը Սխալած Է, Որովհետեւ Ան Իրաւունք Չունէր Այդ Փաստաթուղթը Ստորագրելու Առանց Ժողովուրդին Կարծիքին»

Վերջերս «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կայացաւ արցախեան պատերազմի ընթացքին ինկած նահատակներուն յիշատակը յարգող մոմավառութիւն, որուն ընթացքին լրագրողներ ներկաներէն ոմանց կարծիքը հարցուցած էին Արցախի պատերազմի կասեցման գծով ստորագրուած համաձայնագիրին մասին: Մասնակիցներէն մէկը նշած է, որ` «Նահատակները անմեղ երիտասարդներ էին, դժուար է վիճակը: Այսօր, եթէ այդքան զինուորներ պէտք էր որ մեռնէին, պէտք չէր հողը յանձնուեր:

Ուրիշ մը շեշտած է, որ` «Վարչապետը սխալած է, որովհետեւ ինքը իրաւունք չունի մեր Արցախը, մեր հողը յանձնելու եւ վե՛րջ: Աստուած մեզի համբերութիւն կու տայ, զինուորներուն հոգիին ալ հանգստութիւն: Անոնց աճիւնները մնացին թուրքին հողին վրայ: Շատ վատ է այս կացութիւնը, 4700-էն աւելի նահատակ երիտասարդներ ունինք, արիւն թափեցինք, եւ վերջնական արդիւնք, յաղթանակ չեղաւ, ստորագրեց փաստաթուղթը, հողը յանձնեց, առանց ժողովուրդին հաւանութեան` իրաւունք չունէր այդ փաստաթուղթը ստորագրելու. ժողովուրդին թիկունքին խփեց», ըսած է ան:

Մոմավառութեան մասնակիցներէն ուրիշ մը, որուն թոռնիկը նահատակուած է, կ՛ըսէ, որ ղեկավարին սիրտը պէտք է ցաւի հողին համար, ոչ թէ` աթոռին համար: «Մենք 4750 բալիկի համար կու լանք, իմ թոռնիկիս կորուստին ցաւը ես կը բաժնեմ այդ 4750-ին վրայ: Իմ թոռնիկս 20 տարեկան էր, Յունաստան պիտի ուսանէր, իր երազը կիսատ մնաց»:

Մոմավառութեան այլ մասնակից մը կ՛ըսէ. «Եկած եմ Մատաղիսէն, այժմ իբր թէ թուրքին ձեռքն է, ես չեմ հաւատար, չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ դեռ ունինք այսպիսի հայութիւն, թուրքը Ղարաբաղին, Մատաղիսին  չի տիրանար»:

«Մենք այնտեղ գիւղեր ունինք, թուրքը չի կրնար այդ շիրմաքարերը, այդ խաչքարերը սեփականացնել: Ես այնտեղ ձգեցի որդիիս շիրիմը, ո՞ւր երթամ, ի՞նչ ընեմ, Փաշինեա՛ն: Դուն, երբ ստորագրեցիր այդ թուղթը, հարցուցի՞ր ղարաբաղցիին, ինչո՞ւ ստորագրեցիր, դեռ թաց է այնտեղի հողը, դեռ արիւն կը հոսի այնտեղ, դեռ մեր, ձեր  զաւակներուն արիւնը այնտեղ է:

Մէկ բռունքցք դարձէք, ո՛չ ըսէք այդ փաստաթուղթին: քալեցէ՛ք  առաջ եւ ինծի հետ միասին հասէք Մատաղիս, Շուշի, Մարտունի: Խօսքս կ՛ուզեմ եզրափակել` ըսելով, որ ոչ մէկ դրախտային  կեանք մեզ չի գերեր, մենք ծնած ենք հոն` լեռներուն գիրկը եւ մենք հող կը դառնանք մեր Մայր Արցախին մէջ»:

Նահատակ զինուորներու մայրերէն ուրիշ մը նշած է, որ` «Բանակը կը յաղթէր, թուրքը հիմա կ՛ուզէ, որ Շուշի երթայ, այսինքն Շուշիի մէջ թուրք չկայ,  իսկ դուն կ՛ըսես` Շուշին թուրքերը գրաւած են: Ինչո՞ւ չկրցանք պահել զայն, զօրք չունէի՞նք, այս հինգ հազար, մինչեւ ատամները զինուած տղաները բերած ես զոհուածներու մայրերուն վրայ»:

«Թուրքը կեանքին մէջ Հադրութը չէր տեսած, քու ձեռքովդ ստորագրեցիր, տուիր: Այսօր մեր տղաներուն գերեզմանները կը քանդեն, կը բերեն, որպէսզի թուրքերը չպղծեն: Դուն հայ չես», ըսաւ այլ մասնակից մը` խօսքը ուղղելով Հայաստանի վարչապետին:

Սեպտեմբեր 27- ին, երբ գիւղը կը հրետակոծուէր, մեզ գիւղէն հանեցին: Պատէն մահացած զաւակիս նկարը պոկեցի, դուրս եկայ, հիմա ես ինչպէ՞ս երթամ ու այցելեմ զաւակիս շիրիմը. 13 տարեկան երեխաս արիութեան մետալի արժանացած էր, հիմա զինք ձգած, եկած եմ, թշնամիին յանձնե՞մ. «Ազատութեան» հրապարակի հանրահաւաքի ժամանակ նշած է Մարտակերտ շրջանի բնակիչ Եկատիրինա Թումանեանը:

Ան պատմած է, որ` «1980 թուականին  հայրենիքի կանչով գացած ենք այնտեղ, իմ 13 տարեկան տղաս` իբրեւ փոքրիկ ֆետայի, հետեւած է իր հօրը եւ մասնակցած է մարտին` փոքր հասակէն, Քելբաջարի տարածքը ազատագրելու ժամանակ իր կեանքը զոհած էր: Այստեղ կը մնամ բարեկամի մը տունը, բայց որքա՞ն կրնամ մնալ բարեկամի մը տունը: Երկու աղջիկներս ալ փախստական վիճակի մէջ,  բարեկամի մը տունը կը մնան: Իմ տանս հետ կապուած բան չեմ ըսեր, ես իմ ժողովուրդիս ու ապա իմ մասիս կը մտածեմ, ճար մը մտածենք, որպէսզի ճամբաները չփակուին ու կարենանք վերադառնալ տուն»:

Ի՛նչ Ճակատագիրի Պիտի Արժանանան Մատենադարան Գանձասարի Ձեռագիրերն Ու Արժէքաւոր Փաստաթուղթերը

Մօտաւորապէս 44 օր Արցախի վրայ սանձազերծուած թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական պատերազմը աւարտեցաւ եռակողմանի յայտարարութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք մէկ գրիչի շարժումով Արցախի մեծ մասը անցաւ թշնամիին տիրապետութեան տակ: Այս օրերուն իւրաքանչիւր հայու մտահոգութիւնն է այդ տարածքներուն վրայ դարաւոր հայ մշակութային կոթողներու, խաչքարերու, եկեղեցիներու եւ մշակութային արժէքներու ճակատագիրները: Պատերազմի ընթացքին թշնամին թիրախաւորած էր նաեւ մեր մշակութային հաստատութիւններն ու եկեղեցիները…

«Պատերազմական գործողութիւններուն օրերուն «Մատենադարան-Գանձասար» գիտական մշակութային կեդրոնին մէջ գտնուող ձեռագիրները, հնատիպ գիրքերն ու արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթերը տեղափոխուած էին Երեւանի Մատենադարան»: Այս մասին «Երկիր»-ին տեղեկացուցած է Գանձասարի մէջ գտնուող «Մատենադարան-Գանձասար» գիտական մշակութային կեդրոնի տնօրէն Արամ Թորոսեանը: Ան հաղորդած է, որ «Ձեռագիրերն ու արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթերը Երեւան տեղափոխուած են ժամանակաւորապէս` հրետակոծութիւններէն եւ այլ յարձակումներէն պաշտպանելու նպատակով»:

Ըստ «Մատենադարան-Գանձասարի» տնօրէնին, Արցախի մէջ Մատենադարանը պիտի գործէ, գոյութիւն պիտի ունենայ այնպէս, ինչպէս Արցախը. «Մատենադարանի գոյութիւնը ուղիղ համեմատական է Արցախի գոյութեան հետ», վստահեցուցած է Ա. Թորոսեանը եւ պնդած է` ըսելով. «Մինչեւ այն ատեն որ կայ հայկական Արցախը, իսկ ես վստահ եմ, որ ան միշտ ալ հայկական պիտի ըլլայ, նոյնպէս ալ  գոյութիւն պիտի ունենայ Մատենադարանը»:

Հադրութցիները Նամակներ Յանձնեցին Նաեւ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն

Արցախի Հադրութ քաղաքի բնակիչները նամակներ յանձնեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու դեսպաններուն` յատկապէս Հադրութի հարցով աջակցութեան ակնկալիքով: Հաւաքուած հադրութցիներէն քանի մը կիներ ընդունուեցան Միացեալ նահանգներու դեսպանատան տարածքին վրայ:

Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հադրութցի Մերի Դաւթեան յայտնեց, որ իրենց պահանջները ներկայացուցած են դեսպանատան աշխատակիցին եւ յանձնած են նամակը:

«Աշխատակիցը պատրաստակամօրէն լսած եւ ըսած է, որ դեսպանն ալ շահագրգիռ է հանգուցալուծման, եւ այս նիւթով պիտի կայացուի կլոր սեղան-քննարկում, որուն կրնանք նաեւ մասնակցիլ մենք », նշած է ան:

Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ հաւաքուած հադրութցիներուն նամակը ստանձնած է դեսպանատան աշխատակիցը` դարպասներուն մօտ: Հաւաքուածները կարելիութիւն չեն ունեցած իրենց պահանջը ներկայացնելու դեսպանատան ներկայացուցիչին:

Համանախագահող երեք երկիրներու` Հայաստանի մէջ դեսպանութիւններուն յանձնուած նամակները նոյնաբովանդակ էին: Ինչպէս նշած էր հադրութցի Մերի Դաւթեանը, Հադրութը պէտք է ազատել ազրպէյճանական ահաբեկչական երկրէն, Հադրութը պատմականօրէն եղած է եւ պիտի ըլլայ հայկական: Դեսպանատուներուն մօտ հաւաքուող պահանջատէր ժողովուրդը այս հարցին գծով կ՛ակնկալէ համանախագահող երկիրներու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը յուսայ, որ ստորագրուած փաստաթուղթը վերախմբագրման ենթարկուի:

Նշենք, որ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ հաւաքուած հադրութցիներուն ընդունած է դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը անձնապէս, դեսպանատան բակին մէջ լսած է զիրենք, ապա հաղորդած է պահանջատէր ժողովուրդին, որ դեսպանատան դռները միշտ բաց են իրենց առջեւ:

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Յաջորդը

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?