Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 16, 2020
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներ Այցելութիւնը` Հայաստան Եւ Արցախ

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` Ճորճ Աղճայեան, Անի Չաղլասեան եւ Սեպուհ Հացագործեան աւելի քան մէկ շաբթուան տեւողութիւն ունեցող այցելութեամբ մը գտնուեցան Հայաստան եւ Արցախ:

Ներկայացուցիչները տեսակցութիւններ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի, Գերագոյն մարմինի, ՀՕՄ-ի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ: Նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ կարելի եղաւ այցելել Ստեփանակերտի առաջին հիւանդանոցը: ՀՕՄ-ը կը շարունակէ օժանդակել այս կառոյցին` կատարելով վերանորոգման աշխատանքներ:

Նշենք նաեւ, որ կատարուեցան այցելութիւններ դէպի Արցախի կարգ մը գիւղեր, յատկապէս` Լաչին:

Ամերկայի Հայ մշակութային ընկերակցութեան Արցախի հիմնարկը պիտի օժանդակէ մահացած հերոսներու պարագաներուն եւ վիրաւորուած զինուորներուն, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւններ պիտի կատարուին անտուն ընտանիքներուն:

Այս այցելութիւնները յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծեցին գործակցելու եւ ներդրում կատարելու ուղղութեամբ:

Համազգայինի Գիրքերը Տեղ Գտան «Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն»-ին Մէջ Եւս

Վերջերս Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը կազմակերպած էր այցելութիւն` «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն», ուր կ՛ապաքինին արցախեան գոյապայքարին մասնակցած եւ վիրաւորուած ազատամարտիկներ: Կեդրոնին գրադարանին նուիրուեցաւ Համազգայինի տպագրած զանազան եւ աւելի քան 20 գիրք:

Ամէն անգամ, երբ առիթ կը ստեղծուի հանդիպելու մեր հերոս զինուորներուն, կարելիութիւն կ՛ունենանք ականատեսն ու վկան դառնալու անոնց անպարտելի ոգիին: Աներեւակայելի է տեսնել հաշմանդամ դարձած երիտասարդը, որ պատրաստակամ է շարունակելու ծառայել հայրենիքին, պէտք ըլլալու պարագային վերստին երթալու ռազմաճակատ: Հայ ժողովուրդին յաւերժութեան երթը կ՛ապահովեն այսպիսի հերոսները:

«Արցախ` Իմ Տուն». Ազգային Պատկերասրահը Հանդէս Եկած Է Կրթական, Ճանաչողական Նոր Ծրագիրով

Երեխաներուն, պատանիներուն Արցախը աւելի ճանաչելի դարձնելու,  Արցախի մշակոյթին, նիստուկացին ծանօթացնելու նպատակով Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նախաձեռնած է «Արցախ` իմ տուն» կրթական ծրագիրը: Նախագիծի շրջանակներուն մէջ 5-15 տարեկան մասնակիցները պէտք է Արցախի մասին թեմաթիք ստեղծագործութիւն նկարեն եւ լուսանկարներ ուղարկեն educationaldepartmentnga@mail.ru հասցէին:

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի գիտական կրթական բաժինի վարիչ Անի Նազարեանը լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը` կեանքի կոչած են «Ձօն խաղաղութեան» նախագիծը, որուն մասնակից երեխաները պատկերած են խաղաղութիւնը իրենց աչքերով: Այս նախագիծին հիմնական նպատակը երեխաները պատերազմական իրականութենէն հեռացնելն է, իսկ «Արցախ` իմ տուն»  ծրագիրին մասնակցելով` երեխաներն ու պատանիները աւելի լաւ պիտի ճանչնան իրենց հայրենիքը` Արցախը:

Նազարեանը կը հաղորդէ, որ` «Անոնք պիտի փորձեն ուսումնասիրել Արցախը, դիտել բազմաթիւ  լուսանկարներ, որեւէ տեսարան կրնան հաւնիլ եւ պատկերել: Նախագիծին վերնագիրը խորհրդանշական է. մասնակիցները պէտք է հասկնան, որ Արցախը մեր հայրենիքն է: Նախատեսած ենք աշխատանքները ցուցադրել նաեւ թանգարանին մէջ: Այդպիսով կապ պիտի ստեղծենք երեխաներուն եւ մշակութային օճախին միջեւ»: Նազարեան աւելցուցած է, որ արդէն ստացած են 70 աշխատանք, որոնք հրապարակուած են «Դիմատետր»-ի պաշտօնական էջին վրայ: Մասնակիցները իրենց գործերը կրնան ուղարկել մինչեւ դեկտեմբեր 28: Համացանցի վրայ առաւելագոյն հաւանումներու արժանացած տասը աշխատանք եւ պատկերասրահին կողմէ ընտրուած 40 աշխատանք յունուարին պիտի ցուցադրուին պատկերասրահի մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ` կա՛մ  Արա Սարգսեանի եւ Յակոբ Կոջոյեանի տուն-թանգարանին, եւ կամ Գէորգ Գրիգորեանի (Ջոտտոյի) թանգարանին մէջ:

Ըստ Նազարեանի, կան երեխաներ, որոնք մնայուն կը մասնակցին պատկերասրահին կրթական ծրագիրներուն, անոնք անհամբեր կը սպասեն նորութիւններուն եւ մնայուն կ՛արձանագրուին այս կամ այն նախաձեռնութեան մասնակցելու համար:

Համաճարակի տարածման ընթացքին ունեցած են Ֆինլանտայէն մասնակիցներ: «Հելսինքիի հայկական համայնքէն մօտաւորապէս 8 առցանց կրթական ծրագրի մասնակցած են 15 երեխայ: Ծրագիրները նախագծուած էին սփիւռքին համար: Պատկերասրահը ամէն օր աշխատանք կը տանի, որպէսզի երեխաները ծանօթանան հայկական եւ համաշխարհային մշակոյթին: Անձնակազմը կ՛իրագործէ կարելի եղած ամէն հնարք, որպէսզի ծրագիրները աւելի հետաքրքրական եւ հասանելի դարձնէ նաեւ սփիւռքին», շեշտած է Նազարեանը իր խօսքին մէջ:

Մշակոյթին առաջնային գործառոյթը մարդիկը միաւորելը եւ համախմբելն է: «Մեր ապագայ սերունդը պէտք է լաւ ճանչնայ իր սեփական մշակոյթը եւ զայն տարածէ, որպէսզի թշնամին երբեք չկարենայ զայն ներկայացնել իբրեւ իր սեփականը», խօսքը եզրափակած է Անի Նազարեանը:

 Ոչ Եւս Է Զոհուածներու Համար Ջութակ Նուագող Պորիս Պապայեանը

Կեանքէ հեռացաւ ջութակահար, արցախեան ազատամարտի վեթերան, Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Պորիս Շիրինի Պապայեանը:

Արցախեան պատերազմի ամբողջ ընթացքին արուեստագէտին մշտական ուղեկիցը եղած է իր սիրելի ջութակը: Ան իր ջութակին նուագով տղաները կը խրախուսէր ռազմաճակատ մեկնելէ առաջ: Արուեստագէտը իր ջութակը կը նուագէր նաեւ, երբ մեր նահատակներուն շիրիմները այցելէր` յաւերժացնելու անոնց յիշատակը:

«Երբ զգացումներս եւ յիշողութիւններս շատ կը ճնշեն երակներս ու էութիւնս, կ՛ուղղուիմ դէպի եղբայրական գերեզման կամ Եռաբլուր: Հոն կը նուագեմ, կու լամ, կը թեթեւնամ: Գիշերները կը նուագեմ, որպէսզի մարդիկ շատ չհաւաքուին. ընկերներուս շիրիմին նուագելը ինծի համար յարգանքի տուրք է, բայց նաեւ անձնական է», լրագրողներու հետ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած էր արուեստագէտը:

Հաղորդենք, որ մշակոյթի բնագաւառին մէջ իր ունեցած մեծ վաստակին համար ան արժանացած էր Արցախի «Երախտագիտութիւն» մետալին:

«Ազնաւուր» Հիմնադրամը Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկած Է Հայաստան` Իր Գործընկերներուն Աջակցութեամբ

«Ազնաւուր» հիմնադրամին եւ իր գործընկերներուն միջոցով Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ հաւաքուած է աւելի քան 35 թոն մարդասիրական օգնութիւն` Հայաստան ուղարկելու համար:  «Ազնաւուր» հիմնադրամէն տեղեկացուցին, որ այս օգնութեան մէկ մասը արդէն իսկ ուղարկուեցաւ Ֆրանսայի կառավարութեան վարձած օդանաւով` իբրեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ յայտարարուած մարդասիրական աջակցութիւն:

«Հայաստանը միշտ ալ առանձնայատուկ տեղ գրաւած է Շարլ Ազնաւուրի սրտին մէջ: Ան դարձած է Գիւմրիի մէջ երկրաշարժը վերապրողներուն խորհրդանիշը: Ազնաւուր մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին ե՛ւ ուրախ, ե՛ւ տխուր պահերուն: «Ազնաւուր» հիմնադրամը կը շարունակէ կեանքի կոչել արուեստագէտին մարդասիրական առաքելութիւնն ու տեսլականը. մենք նոյնպէս այս դժուարին պահերուն կանգնած ենք հայ ժողովուրդին կողքին: Իր ընկերներուն եւ գործընկերներուն ջանքերուն շնորհիւ` հիմնադրամը հաւաքած է 35 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որ Ֆրանսայի նախագահին եւ կառավարութեան աջակցութեամբ  պիտի ուղարկուի Հայաստան», նշած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրը:

Հաղորդենք, որ «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթինա Ազնաւուրը նոյնպէս պիտի երթայ Հայաստան` հիմնադրամի անձնակազմին հետ կանոնաւորելու օգնութիւններուն բաշխման գործընթացը: Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ մօտաւորապէս հարիւր կամաւորներ մասնակցած են մարդասիրական այս լայնածաւալ օգնութեան հաւաքագրման:

«Ազնաւուր» հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրին տեսլականին, կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանին: Պատերազմի առաջին իսկ օրէն ապագայ «Ազնաւուր» կեդրոնին տարածքը կը ծառայէ, իբրեւ օգնութեան բաշխման միասնական կեդրոն, ուր «ՎԻՎԱ. բժիշկներ եւ կամաւորներ` յանուն Հայաստանի», հիմնադրամի գործընկերներուն հետ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն հիւանդանոցներուն եւ բժիշկներուն: Ոլորտին ուղղուած աջակցութեան շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած է նաեւ շտապ օգնութեան մեքենայ` կահաւորելով անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ պարագաներով:

«Ազնաւուր» հիմնադրամէն յայտնած են նաեւ, որ` «Միաժամանակ կը համագործակցինք առողջապահութեան, պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու եւ այլ գերատեսչութիւններու հետ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` փորձելով արագ արձագանգել ոլորտներու մէջ առաջացող կարիքներուն:  Սերտօրէն կը համագործակցինք նաեւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու հետ` աջակցելով մարդկային օգնութեան հաւաքագրման արտերկրի մէջ եւ համակարգելով Հայաստան տեղափոխման աշխատանքները: Մասնաւորապէս, ի յաւելում նոյեմբերի վերջին եւ դեկտեմբերի սկիզբը ուղարկուելիք 35 թոն բեռին, մենք արդէն իսկ կ՛օգնենք Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ Հայաստան տեղափոխել քանի մը տասնեակ թոն դեղորայք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ: Այս ընթացքին սնունդով կ՛ապահովենք Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած հարիւրաւոր ընտանիքներ: Պատերազմի առաջին իսկ օրերէն մեր աջակցութիւնը յայտնեցինք նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` փոխանցելով մեր հանգանակութիւնը:  Պատերազմի ընթացքին մենք որոշեցինք չհրապարակել մեր աշխատանքին մասին` հիմնուելով անվտանգութեան նկատառումներէն, ինչպէս նաեւ` կեդրոնացնելով մեր ամբողջ ներուժը կարիքաւորներուն աջակցութիւն տրամադրելու կարեւոր գործին վրայ: Այսուհետեւ հանրութեան պիտի ներկայացնենք մեր նորութիւնները եւ աշխատանքային առօրեան ընկերային ցանցերու` «Ազնաւուր» հիմնադրամին էջին միջոցով»:

6000-է Աւելի Ծառ Տնկուած Է Ի Յիշատակ Արցախի Պատերազմի Հերոսներուն

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը վերջերս ձեռնարկած եւ իրականացուցած է ծառատունկ` նուիրուած հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն զոհուած հերոսներուն յիշատակին:

Այս ընթացքին Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին կողմէ 6000-է աւելի ծառ տնկուած է Վայոց Ձորի եւ Արարատի մարզերուն մէջ: Յատուկ ընտրուած «թիրախային տնկումի հայեցակարգի» մեթոտի կիրարկումով Ուրցաձորի, Յովազաձորի, Մոզրովի տարածքներուն մէջ տնկուած են փշատենիներ, տանձենիներ, նշենիներ:

Տարիներ շարունակ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին կողմէ կիրարկուող մեթոտով ընտրուած են տեղւոյն տեղայատուկ բուսատեսակներու սերմեր, սածիլները խնամքով մշակուած են տնկարաններու մէջ` այսպիսով յարմարեցնելով տարածքին, ուր պիտի տնկուին: Այս մեթոտին շնորհիւ ապահովուած է բոյսերու բարձր կպչողականութիւն:

Ընդգծենք, որ յաջորդ տարի հիմնադրամը նախատեսած է իրականացնել 20 հազար ծառի տնկում: Պիտի ընդլայնուին նաեւ տնկուող ծառերուն տեսակները. տնկուող տեսակներուն աւելցուած են ալոճենին ու խնձորենին: 2021-ի ընթացքին նախատեսուած է մէկ նորարարական գաղափար մը եւս իրականացնել` մեկնարկելով գիհիի աճեցման փորձարարական ծրագիրը:

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Յաջորդը

Կտոր Մը Խաչքարը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?