Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Վեհափառ Հայրապետի Տնօրինութեամբ Աղօթք` Գերիներուն Եւ Անհետ Կորածներուն Համար
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, 10 յունուարին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մասնաւոր աղօթք` արցախեան պատերազմին ընթացքին գերեվարուածներու եւ անհետ կորսուածներուն համար` անոնց տունդարձին համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, ս. պատարագին մասնակցեցաւ Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ:
Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր զինուորների հայրերի ու մայրերի, կանանց ու երեխաների հետ բոլորս մեր սրտերում փայփայում ենք մեր զաւակների տուն վերադարձի յոյսը: Մեր յոյսը պարզ մի զգացում, ցանկութիւն կամ լաւատեսութիւն չէ, այլ` Աստծոյ հաւատարիմ սիրոյ վրայ հիմնուած վստահութիւն: Այն երբեք չի ամաչեցնում, ինչպէս ասում է առաքեալը, քանզի Աստուած Սուրբ Հոգու միջոցով Իր սէրը սփռել է մեր սրտերում: Այդ յոյսն է, որ մեզ զօրացնում է ջերմեռանդ աղօթելու եւ անվհատ հետամուտ լինելու գերեալ մեր զաւակների շուտափոյթ ազատութեանը, անյայտ կորածների յայտնաբերմանը»:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Ազրպէյճան կը շահարկէ ռազմագերիներու վերադարձի, անհետ կորսուածներու որոնման եւ զոհուածներու մարմինների արտայանձնման խնդիրը: «Գերութեան մէջ յայտնուած մեր զաւակները անմարդկային վերաբերմունքի են ենթարկւում, ոտնահարւում են գերեալներին վերաբերող միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները: Անտեսւում են նաեւ մարդկային կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները արժեւորող երկրների եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնների դիմումներն ու յորդորները», ըսաւ վեհափառը` կոչ ուղղելով Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ պատրիարքին եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէին իրենց ներդրումը ունենալու այս գծով:
«Արցախ Ֆոնտ»-ը Արցախի Կողքին
Դեկտեմբեր 28-ին Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ:
ՀՅԴ Ստեփանակերտի կեդրոնին մէջ տեղակայուած «Արցախ Ֆոնտ»-ի գրասենեակի անձնակազմի կազմակերպութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արցախի պատերազմին ընթացքին զոհուած նահատակներու հարազատներու հետ: Մտերմիկ եւ ազդեցիկ մթնոլորտի մը մէջ «Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները խոր ցաւակցութիւն յայտնեցին մեծ կորուստին առիթով եւ հաստատեցին, որ իրենց հերոսներու կորուստը ողջ ազգի կորուստն է: Հարազատները պատմեցին պատերազմի արհաւիրքի եւ իրենց հերոս նահատակներու մասին:
Աւարտին, «Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները քսան զոհուածներու հարազատներուն, նիւթական օժանդակութիւն կատարեցին` իբրեւ ներդրում իրենց ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները մեղմացնելու միջոց:
«Ապառաժ» թերթին տուած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին Խաժակ Մկրտիչեան բացատրեց, որ` «Պատերազմի ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները մեղմացնելը ընդհանրապէս պետութեան պարտականութիւնն է: Բայց գիտենք, որ պետական միջոցները սահմանափակ են. ուստի, մեզի պէս բարեսիրական կազմակերպութիւններ իրենց ուժերու ներածին չափով որոշ բաժին մը կը վերցնեն իրենց ուսերուն, որպէսզի այդ ձեւով քիչ մը նպաստած ըլլան արցախցի մեր հայրենակիցներուն դժուարութիւններուն մեղմացման: «Արցախ Ֆոնտ»-ը վճռած է միշտ մնալ Արցախի կողքին, եւ այս այցելութեան ընթացքին կատարուած օժանդակութիւնները վերջինը պիտի չըլլան»:
Աղաւնոյի Կամքն Ու Ժպիտը
Արցախի օժանդակութեան իր ծրագիրը շարունակելով` դեկտեմբեր 27-ին Ամերիկայի Հայ մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ ֆոնտ»-ի երկրորդ պատուիրակութիւն մը Գորիսի մէջ հանդիպեցաւ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանին, որ ֆոնտի անդամներուն ներկայացուց բնակիչներուն վճռակամութիւնն ու ունեցած կարիքները:
Նոյն օրը «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները հասան Աղաւնոյ` իրենց հետ բերելով կենցաղային իրերու եւ սնունդի բաւարար քանակ, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի եւ Նիւ Եորք շրջանի մէջ հաւաքուած հագուստներ, որոնք պիտի բաժնուէին Աղաւնոյ համայնքի ընտանիքներուն:
Մեծ հիւրընկալութեամբ Աղաւնոյ համայնքապետը հիւրընկալեց «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները, որոնք գիշերեցին այնտեղ: Գիշերը անոնք ծանօթացան տեղւոյն դպրոցի եւ գիւղապետարանի շէնքային կացութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին վերանորոգման գործին նպաստելու:
Դեկտեմբեր 30-ին «Արցախ ֆոնտ»-ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտէն վերադարձաւ Աղաւնոյ` այնտեղի բնակչութեան հետ դիմաւորելու Նոր տարին եւ ժպիտ պարգեւելու պատերազմի ճիրաններու մէջ յայտնուած հայ փոքրիկին: Տպաւորիչ էր համայնքի նոյնիսկ երեխաներու ամրութիւնը, ազատագրական պայքարի նուիրեալներու նկարներով զարդարուած տօնածառը եւ համայնքի բնակիչներուն հանդէպ` համայնքի ղեկավարի ու իր կնոջ ցուցաբերած հոգատարութիւնը:
«Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները Աղաւնոյի մէջ տեսան հողին կառչած մնալու կամք, երեխաներու յուսադրիչ ժպիտ եւ իրարու հանդէպ հոգատար ու անկեղծ վերաբերմունք, որոնք պարտաւորեցնող են իւրաքանչիւր հայու համար` իրենց կողքին կենալու եւ իրենց պայքարին սատարելու:
Գիւմրիի «Շիրվանեան» Կեդրոնին Մասնակցութիւնը` Արցախի Պատերազմէն Տուժածներուն Աջակցելու Ջանքերուն
Գիւմրիի «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը վերջին քանի մը ամիսներուն իրենց գործնական նեդրումը ունեցան Արցախի պատերազմէն տուժածներուն աջակցելու ջանքերուն:
Հակառակ համաճարակին պատճառով ստեղծուած դժուար պայմաններուն` «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնը նաեւ շարունակեց դաստիարակելու իր առաքելութիւնը, գլխաւորաբար` առցանց: Նաեւ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը այս տարեշրջանին Շիրակի մարզէն 12 համալսարանական ուսանողներու նիւթական յատկացումներ կատարեց:
Արցախի պատերազմի առաջին օրերէն սկեալ, մինչ ՀՅԴ-ի եւ երիտասարդականի անդամներ կամաւորաբար կը մասնակցէին ինքնապաշտպանութեան մարտերուն, «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնը վերածուեցաւ Արցախէն տեղահանուած եւ Գիւմրի հաստատուած հայորդիներուն աջակցութիւններ տրամադրող կեդրոնի մը` աջակցութեամբ բազմաթիւ կամաւորներու, որոնց շնորհիւ 142 ընտանիքներ այլազան աջակցութիւններ կը ստանան:
«Շիրվանեան» կեդրոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի «Մինաս Չերազ» մասնաճիւղի անդամները Գիւմրի գաղթած արցախցի պատանիներուն յատուկ խաղեր եւ ժամանցի այլ ձեռնարկներ իրականացուցին կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ զանոնք պտոյտի տարին, որպէսզի մօտէն ծանօթանան Գիւմրիին:
Նշենք, որ «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումը կատարուած էր յուլիս 2016-ին, 1988-ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Վերջին չորս տարիներուն կեդրոնը այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխուժ գործունէութեան վայր հանդիսացաւ` կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա վերածուեցաւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայրի մը` նոյն ժամանակ նպաստելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան սերտացման: Կեդրոնը նաեւ կը գործածուի Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի «Երիտասարդական ջոկատներ»ուն եւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ:
Ամանորեայ Ծրարներ` Արցախէն Տեղահանուածներուն
Արցախէն տեղահանուած շուրջ 700 ընտանիք կը շարունակէ բնակիլ Գեղարքունիքի մարզի 40-է աւելի համայնքներու մէջ:
Նկատի առնելով տեղահանուածներուն ծանր վիճակը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Ամանորին ընդառաջ սնունդի եւ տնտեսական պարագաներու ծրարներ տրամադրեց այդ ընտանիքներուն:
Գաւառի, Մարտունիի եւ Սեւանի շրջաններու 9 համայնքներուն մէջ ապաստանած 207 ընտանիքներ արդէն ստացան այս ծրարները, որոնք հիմնականին մէջ կը ներառեն թարմ միս, բանջարեղէն, միրգ, աղանդեր, հիւթեր եւ առաջին անհրաժեշտութեան տնտեսական պարագաներ:
Նման ծրարներ ստացան նաեւ Վարդենիսի 34 համայնքներուն մէջ ապաստանած արցախցի հայրենակիցները:
Յունաստան Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Հայաստան
Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի, Հայկական գթութեան խաչի եւ Հայ օգնութեան միութեան ջանքերով, ինչպէս նաեւ Յունաստանի կառավարութեան եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ յունուար 9-ին Յունաստանէն Հայաստան ուղարկուեցաւ մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկրորդ օդանաւը:
Մարդասիրական օգնութիւնը կը ներառէ` առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ, բժշկական պարագաներ, հագուստ եւ սնունդ: Օգնութիւնը նախատեսուած է պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն աջակցութեան համար:
Հայերու Սուրբ Ծննդեան Օրը Կը Յիշեմ Արցախահայերուն` Նոր Ցեղասպանութեան Զոհերուն. Վալերի Պուայէ
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է` նշելով, որ «Հայերուն Սուրբ Ծննդեան օրը կը յիշեմ արցախցիները, որոնք նոր ցեղասպանութեան զոհ դարձան»:
«Հայոց այս Սուրբ Ծննդեան օրը կը յիշեմ արցախահայերը` նոր ցեղասպանութեան զոհերը: Կը մտածեմ Տէր Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանի եւ Դադիվանքի մասին: Կը մտածեմ այդ ժառանգութեան մասին: Կը մտածեմ քրիստոնեաներու սպանութիւններու մասին: Եկէք` չմոռնանք, յանդիմանենք եւ պայքարինք», գրած է Պուայէն: