Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Փորձ Կը Կատարուի Վերացնելու Մեր Հայրենիքի Պատմական Պատկանելիութեան Փաստերը»
Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի` Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բաժինը խստօրէն կը դատապարտէ Շուշիի Կանաչ ժամ` Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հանդէպ իրականացուած վանտալիզմը Ազրպէյճանի կողմէ:
«Հոգեւոր-մշակութային արժէքներու հանդէպ նմանօրինակ կեցուածքը շարունակութիւնն է Ազրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ հայկական մշակոյթի հանդէպ իրականացուած գործունէութեան: Փորձելով ջնջել հայ մշակոյթի վկայութիւնները Արցախի հողէն` փորձ կը կատարուի նաեւ վերացնելու մեր հայրենիքի պատմական պատկանելիութեան փաստերը:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ համապատասխան կառոյցներուն` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Շուշիի եկեղեցւոյ հանդէպ իրականացուած այսպիսի վայրագութիւն», նշուած է Մայր Աթոռի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Նամակ Յղած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր Տնօրէնին` Արցախի Յուշարձանները Պաշտպանելու Կոչով
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 19 նոյեմբերին նամակ յղած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէին` ազրպէյճանական կողմի իրականացուցած` հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու պղծման փաստերու եւ վանտալիզմի գործունէութեան կապակցութեամբ:
Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն. նամակին մէջ նշուած է, որ 27 սեպտեմբերին Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած զինուած հակամարտութեան պատճառով Արցախի տարածքին զգալի մասը, ուր տեղակայուած են հայկական ժառանգութեան բազմաթիւ մշակութային յուշարձաններ, յայտնուած է Ազրպէյճանի ռազմական բռնագրաւման տակ:
Արտաքին գործոց նախարարը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ «Համացանցին մէջ շրջանառուած են տեսագրութիւններ եւ լուսանկարներ, որոնց վրայ կ՛երեւին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ պատերուն վրայ ազրպէյճաներէն գրութիւններ: Քանդուած են եկեղեցւոյ մաս կազմող քանդակները, վնասուած են անմիջապէս եկեղեցւոյ մէջ գտնուող բաժիններ: Աշխուժ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ազրպէյճանական զինուած ուժերը անօդաչու թռչող սարքէ երկու անգամ կանխամտածուած հարուած հասցուցած են եկեղեցւոյ եւ այդ յարձակման իբրեւ հետեւանք` լուրջ վնասներ հասցուած են եկեղեցւոյ: Երկրորդ հարուածի ժամանակ վիրաւորուած են լրագրողներ, որոնք եկեղեցւոյ մէջ էին առաջին հարուածի հետեւանքները փաստագրելու նպատակով»:
Նամակին մէջ ընդգծուած է, որ հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան գոյութեան ժխտումը եւ անոր ոչնչացումը շատոնց արդէն կանոն կը հանդիսանան Ազրպէյճանի մէջ եւ հայերու նկատմամբ` ատելութիւն եւ այլատեացութիւն սերմանելու պետական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն: Ազրպէյճանի ռազմական վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն վրայ տեղակայուած հայկական ժառանգութեան մշակութային յուշարձաններուն ոչնչացման սպառնալիքին վերաբերեալ նախարար Մայիլեան ընդգծած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու համար հայկական պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ` երաշխաւորելու Ազրպէյճանի կողմէ այլ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը:
«Պատմական Ապացոյցները Նշանակութիւն Չունին Քաղաքականութեան Մէջ». Արտակ Բեգլարեան Տիգրանակերտէն
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 19 նոյեմբերին այցելած է Տիգրանակերտ եւ Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղա ու Նոր Հայկաջուր գիւղերը, որպէսզի տեղւոյն վրայ ուսումնասիրէ եւ արձանագրէ իրավիճակը: Այս մասին Արտակ Բեգլարեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Տեղահանուող գիւղերու բնակիչներուն իրաւունքներուն մասին իմ տեսաուղերձս աւելի ուշ կը հրապարակեմ, իսկ Տիգրանակերտին համար մեծ ցաւ կ՛ապրիմ, որովհետեւ պատմական մշակութային ժառանգութիւնն ու պատմական ապացոյցները որեւէ նշանակութիւն չունին քաղաքականութեան եւ հայրենատիրութեան հարցերուն մէջ: Մենք պարզապէս պարտաւոր ենք երկարատեւ պայքարով տէր կանգնիլ մեր հայրենիքին, արժէքներուն եւ իրաւունքներուն»:
«Աւրորա»-ն Հրապարակած Է Արցախցիներուն Մարդասիրական Օգնութիւն Տրամադրելու Կարգը
«Աւրորա» միջազգային մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ներկայացուցած է մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու կարգն ու չափանիշները Արցախի այն բնակիչներուն, որոնք տուժած են պատերազմի ընթացքին եւ հիմա կը գտնուին Արցախի կամ Հայաստանի տարածքին: Այս մասին տեղեկացուցին «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն:
Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 18-էն սկսեալ «Աւրորա» նախագիծին մասնակցելու համար info@auroraprize.com ե-հասցէով արդէն իսկ ներկայացուած է 130-է աւելի դիմումնագիրներ: Ցարդ հինգ նախագիծ հաստատուած է, եւ նոյնիսկ սկսած է անոնց ֆինանսաւորումը, ընդհանուր գումարը` 30 հազար 50 ամերիկեան տոլար: Այս փուլին «Աւրորա»-ն որոշում կայացուցած է աջակցելու բարեգործական, ինչպէս նաեւ պետական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ ստացուած դիմումնագիրներուն, որոնք կը զբաղին Հայաստանի եւ Արցախի բնակիչներուն օգնութիւն տրամադրելով:
«Աւրորա»-ն նաեւ յստակացուցած է Արցախի, Մարտակերտի շրջանի եօթը բնակավայրերու բնակիչներուն օգնութեան ծրագիրին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, յատկապէս անոնց, որոնք ստիպուած էին անյապաղ լքելու իրենց տուները: Այս կապակցութեամբ որոշում կայացուած է, որ տուժողները եւ տնազրկուածները տեղաւորեն Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ, համաձայնեցուած 10 հազար տոլարի աջակցութիւնը պիտի ուղղուի ոչ թէ փոխադրածախսի եւ գումակային հարցերու լուծման համար, այլ` կենսական նշանակութեան, մարդասիրական աջակցութեան:
Տեղեկացնենք, որ տակաւին նոյն նիւթով դիմումնագիրներուն ընդունումը կը շարունակուի «Աւրորա»-ի ե-հասցէով` info@auroraprize.com :
Մէկ Օրուան Ընթացքին Ղարաբաղ Վերադարձան 2334 Գաղթականներ
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկոր Գոնաշենքով յայտնեց, որ մէկ օրուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձան 2334 գաղթականներ: Այսպիսով, ընդհանուր առմամբ, խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձածներուն թիւը առաւել քան 11.000 է:
«Ռուս խաղաղապահները կ՛ապահովեն գաղթականներու անվտանգ վերադարձը», նշեց ան:
Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Վերացնել Արցախի Մէջ Երջանիկ Ապրելու Երեխային Իրաւունքը. Յայտնած Է Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, թէ ոեւէ մէկը չի կրնար վերացնել Արցախի մէջ երջանիկ ապրելու երեխային իրաւունքը:
Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Երեխաներու համաշխարհային օրուան կապակցութեամբ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը այցելած է «ՍՕՍ մանկական գիւղեր» հայկական բարեգործական հիմնադրամ:
«Նոյեմբեր 20-ին, Երեխաներու համաշխարհային օրը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը այցելած է Կոտայքի մարզին մէջ գտնուող «ՍՕՍ մանկական գիւղեր» հայկական բարեգործական հիմնադրամ, ուր այս պահուն կը գտնուին նաեւ Ստեփանակերտի, Քաշաթաղի, Բերձորի հաստատութիւններէն տեղափոխուած երեխաներ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ծանօթացած է երեխաներու խնամքի կազմակերպական աշխատանքներուն, որոնք հիմնուած են երեխաներու կրթական, հոգեբանական, ընկերային, առողջական եւ այլ կարիքներու աջակցութիւն ցոյց տալու համար:
«ՍՕՍ մանկական գիւղեր» հայկական բարեգործական հիմնադրամի «Կոտայք» մասնաճիւղի տնօրէնը եւ Արցախի երեխաներու հաստատութեան տնօրէնին ուղեկցութեամբ` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը շրջած է հաստատութեան տարածքին վրայ տեղակայուած կացարանները եւ ծանօթացած է երեխաներուն:
Երեխաները պաշտպանին տեղեկացուցած են, որ կը յաճախեն համայնքի դպրոցը, իսկ նախադպրոցական կրթութիւնը կը կազմակերպուի հաստատութեան մէջ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կարեւոր նկատած է բարեգործական հիմնադրամի իրականացուցած աշխատանքը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի երեխաներուն աջակցութիւն տրամադրելու գործին մէջ` շեշտելով, որ երեխաներուն առնչուող հարցերուն մէջ պէտք է մնայուն նկատի առնուին անոնց լաւագոյն շահը:
Պաշտպանը մէկ անգամ եւս ընդգծած է, որ 2020 թուականի 27 սեպտեմբերէն սկսեալ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին եւ անոնց իբրեւ հետեւանք` ականատես եղանք երեխաներու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն, ինչպէս նաեւ` այդ կապակցութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ ո՛չ պատշաճ եւ ոչ համաչափ արձագանգի: Վերացական եւ հռչակագրային բնոյթ ունեցող կոչերէն առաւել կարեւոր է երեխաներուն իրաւունքներուն ակնյայտ խախտումներուն վերացումը եւ անոնց բացառման ուղղութեամբ գործօն միջոցներու ձեռնարկումը ինչպէս ներպետական իրաւասու մարմիններու, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան, յատկապէս` երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններուն կողմէ:
Յայտնենք, որ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կ՛իրականացնէ «Երեխայի իրաւունքներու մասին» ՄԱԿ-ի հռչակագիրի դրոյթներու կիրառութեան մշտադիտարկում, ինչպէս նաեւ երեխաներու իրաւունքներու խախտումներու կանխարգիլում եւ պաշտպանութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի Զինուորները Կը Շարունակեն «Պատերազմը» Հայկական Պատմական Մշակութային Ժառանգութեան Դէմ
Կրակի դադրեցման 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն իրենց բնորոշ իւրատեսակ «պատերազմը» հայկական պատմական մշակութային, կրօնական ժառանգութեան դէմ` ոչնչացնելով եւ անարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելով կրօնական վայրերու եւ յուշարձաններու նկատմամբ: Այս մասին յայտարարութեամբ մը յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանական կողմը թիրախ դարձուցած է նաեւ Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ գտնուող Հայաստանի եւ Արցախի ազգային հերոս, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի արձանը:
«Խստօրէն դատապարտելի է նաեւ Արցախի ծեր քաղաքացիի նկատմամբ ազրպէյճանական զինուորներու նուաստացուցիչ վերաբերումքը` պայմանաւորուած բացառապէս անոր ազգային ծագումով: Այդ քայլը, ինչպէս նաեւ անոր գովաբանումը ազրպէյճանական հասարակութեան կողմէ պարզապէս ընդունուած բարոյական արժեհամակարգի մերժում է: Արցախի` ազրպէյճանական բռնագրաւման տակ յայտնուած տարածքներուն վրայ Ազրպէյճանի լրատուութեան կողմէ իրականացուող պատերազմական յանցագործութիւնները գովաբանող տեսանիւթերու հրապարակումով օրէ օր կը հարստանայ Ազրպէյճանի հայատեաց եւ ցեղապաշտական քաղաքականութեան մասին փաստական ապացոյցներու փաթեթը», կը հաղորդուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: