Փոլ Էլիւառ Եւ Հայոց Ազատութեան Երգիչը
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Հայոց ազատութեան երգի՞չը...: Ո՞վ կրնար ըլլալ ան: Գրական ծածկանունով կը կոչուէր «Կոմս Էմմանուէլ»: Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն» երկհատոր գործին մէջ, քանի մը էջերու երկայնքին խօսելով ԺԹ. դարու արեւելահայ մեր այդ երիտասարդ ու աշխուժ գրողին մասին, առաջի՛ն իսկ տողով կը կատարէ սա՛ բնութագրումը. «Ազատութեան երգիչ եւ հանրայայտ կրակոտ գործիչ»: Իսկ Սիմոն Սիմոնեան իր «Արեւելահայ գրականութիւն» գիրքին...




















