Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Գանձասարի. Մեկուսացուած Տարածքի Հեղինակը` Մեկուսացած

August 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերէն, Թուրքիան մխրճուելով սուրիական ճգնաժամին մէջ, ոգի ի բռին պայքարեցաւ յագուրդ տալու սուրիական հողատարածքներուն վրայ իշխանութիւն հաստատելու իր բացայայտ ցանկութեան:

Սուրիոյ վարչակարգի տապալման համար ահաբեկչական խմբաւորումներուն հոսքը քաջալերող թրքական իշխանութիւնները այսքանով չբաւարարուեցան. անոնք չորս տարի անընդմէջ կրկնեցին նոյն յանկերգը` Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ ապահովական կամ ոչ, թռիչքային եւ կամ այսպէս կոչուած մեկուսացուած օդային տարածք հաստատելու մասին: Տարածք, որուն ապահովման պարագային, Թուրքիան կարելիութիւն պիտի ստեղծէր տուեալ շրջանին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու ազատ շարժումին, քրտական ջոկատներուն պիտի սպառնար ու սուրիական պետութիւնը տապալելու նոր միջոցներ ձեռք պիտի ձգէր:

Վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ  «հիւսիսային Սուրիոյ մէջ մեկուսացուած տարածք պիտի հաստատուի մօտ օրէն` երեք ամիսէն»` աւելցնելով, որ նման տարածքի մը  ստեղծումը «թրքական ռազմավարական որոշում մըն է, որուն գործադրութիւնը իրողապէս սկսած է»:

Թրքական այս յանկերգը սակայն ձայնակից չունեցաւ: Իսկ «Մեկուսացուած Տարածք»-ի  հեղինակ Էրտողան իր որոշումին հետ… մեկուսացաւ…:

Մինչ թրքական կողմը հանդէս կու գար նման որոշումի մը գծով Միացեալ Նահանգներու  համաձայնութիւնը ստացած ըլլալու յայտարարութեամբ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յաջորդ օրն իսկ կը հերքէր լուրը:

Ակնթարթ մը ետք, Ռուսիան արդիական «ՄԻԿ» տիպի օդանաւեր եւ հրթիռներ կը տրամադրէր Սուրիոյ` մէկէ աւելի ուղերձներ յղելով Թուրքիոյ եւ անոր յանձնակատարներուն:

Առաջին պատգամը այն էր, որ Ռուսիան կը շարունակէ իր զինուորական եւ քաղաքական զօրակցութիւնը Սուրիոյ, ի հակասումն զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ տարածուող այն ապատեղեկատուութեան, թէ ռուսական կողմը սկսած է վերատեսութեան ենթարկել Սուրիոյ նկատմամբ իր նախկին կեցուածքները:

Երկրորդը, որ Ռուսիան սուրիական օդուժը կ՛օժտէ ռուսական զինուորական ճարտարարուեստի գերարդիական այնպիսի սարքերով, որոնք սուրիական կողմը ատակ կը դարձնեն գերազանցապէս տիրապետելու երկրի օդային տարածքին:

Նոյն օրերուն, ՕԹԱՆ-ի անդամ Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները որոշում կը կայացնեն չերկարաձգելու թրքական հողամասերուն վրայ իրենց «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայումը:

Իսկ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, այսպէս կոչուած, ապահովական կամ մեկուսացուած տարածքի ստեղծումը այդ երկրին միասնականութեան եւ գերիշխանութեան ոտնահարում կը նկատէ:

Վերոնշեալ տուեալներու լոյսին տակ, Թուրքիան կը մեկուսանայ իր արկածախնդիր գործելակերպով:

Մինչ տարածաշրջանին մէջ օր ըստ օրէ կ՛աշխուժանան սուրիական հարցին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներուն միջեւ քաղաքական ամէնօրեայ հանդիպումները` Ժընեւ 3-ի նախապատրաստութեան եւ սուրիական հարցին քաղաքական լուծման տարբերակներու ներկայացման օրակարգերով:

Զ. Պ.

Նախորդը

Հայ Եւ Անգլիացի Հնագէտներ Կ՛ուսումնասիրեն Ծղուկ Լերան Ժայռապատկերները

Յաջորդը

Փոլ Էլիւառ Եւ Հայոց Ազատութեան Երգիչը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.