Վակների Մենամարտը Ընդդէմ Քաղցկեղիս
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ Այդ գիշեր սովորականէն աւելի կը տառապէի անքնութենէն, երբ, չեմ գիտեր` ի՞նչ դրդապատճառով, ձեռքս տարի կոկորդիս եւ մեղմօրէն սկսայ շփել: Սարսափ մը անցաւ ամբողջ մարմնէս: Ուռեցք մը կար հոն: Ուրեմն այս ուռեցքն էր, որ կը փնտռէին բժիշկները: Գացած էի «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցը: Մասնագէտ բժիշկը ճամբորդած է ըսին: Կայ ուրիշ մը, նոյնպէս` մասնագէտ եւ ինքզինքս յանձնեցի իրեն: Մինչ այդ օր...














