Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Գնդակը Կը Գտնուի Ռուսիոյ Դաշտին Մէջ

November 26, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_112515

Թրքական 2 «Էֆ-16»-եր 24 նոյեմբերին վար առին ռուսական «Սու-24» մը: Ռուսական կողմը նշեց, որ օդանաւը վար առնուած է Սուրիոյ վերեւ, իսկ թրքական կողմը պնդեց, թէ անիկա խոցուած է Թուրքիոյ օդային սահմանին մէջ:

Թէեւ միջադէպը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ է, սակայն նկատի ունենալով, որ վերջինս ՕԹԱՆ-ի անդամ է, հարցը կրնար շուտով վերածուիլ Ռուսիա-ՕԹԱՆ լարուածութեան: Թուրքիան միջադէպէն անմիջապէս ետք ՕԹԱՆ-ի արտակարգ նիստ մը պահանջելով փորձեց ճիշդ այդ մէկը իրագործել եւ իր գործած ծանրակշիռ արարքին լուրջ հետեւանքներուն բեռը մեղմացնելու համար փորձեց ՕԹԱՆ-ի փէշին տակ պահուըտելով այդ բեռը բաժնեկցիլ դաշինքին անդամներուն հետ: Վերջիններս խուսափեցան թրքական ծուղակը իյնալէ: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ դաշինքի մէկ անդամին զօրակցելու բնական արտայայտութեամբ մը նշեց, որ դէպքին մանրամասնութիւնները կը համապատասխանեն թրքական վարկածին, սակայն աւելցուց, որ իրենք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ կապի մէջ են` լարուածութիւնը վնասազերծելու համար: Այլ խօսքով` ՕԹԱՆ միջնորդի դեր ստանձնելով գնդակը վերադարձուց Ռուսիա-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութեանց դաշտ: Փենթակոնը իր կարգին դէպքէն «ձեռքերը լուալու» նոյնպիսի կեցուածքով մը յայտարարեց, որ Թուրքիա ռուսական օդանաւը վար առաւ իր օդային տարածքին մէջ, սակայն ոչ թէ իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու գործընկեր: Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւր մը քայլ մը անդին երթալով անկողմնակալ մնալու ջանքով մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Սու-24»-ը իրապէս վար առնուած է Սուրիոյ վերեւ, սակայն Թուրքիոյ օդային տարածք մուտք գործելէն կարճ ատեն ետք:

Անգարա Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին գործողութիւններուն պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի հետ քարիւղի առեւտուրին, իր ցեղակից թուրքմէններուն եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «ապահովական գօտի» մը ստեղծելու ծրագիրին հասած ծանր հարուածներէն անճրկած դիմեց ռուսական օդանաւ մը վար առնելու յուսահատական այս քայլին: Սակայն, ռուսական կողմին իր հասցուցած «թիկունքէն հարուած»-էն ետք, Թուրքիան իր կարգին նոյնպիսի հարուած մը ստացաւ իր դաշնակիցներէն, եւ այժմ ստիպուած է իր մատները կրծելով սպասել Ռուսիոյ վրիժառու հարուածին: Գնդակը կը գտնուի Ռուսիոյ դաշտին մէջ: Ռուսիոյ դիմաց ընտրանքները շատ են, սակայն արդէն իսկ յստակ է, որ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող թուրքմէնները սուղ գին պիտի վճարեն Թուրքիոյ կողմէ «Սու-24»-ի ջախջախման եւ ատոր ռուս օդաչուն սպաննելու իրենց արարքին համար:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն. «Կրթութիւն Հայաստան» Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչ Թինա Աւագեանին Հետ Հանդիպում-Հաւաք

Յաջորդը

«Ռուսիա Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի Չի Պատրաստուիր» Ըսաւ Լաւրով

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.