ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Ժողովրդավարութիւն կամ դեմոկրատիա (demos – ժողովուրդ, kratos իշխանութիւն բառերէն), քաղաքական համակարգի տեսակ, որտեղ կառավարումը կ՛իրականացուի պետութեան ամբողջ բնակչութեան կամ իրաւասու խումբերու կողմէ` սովորաբար ընտրուած ներկայացուցիչներու միջոցով: Ընտրող հասարակութիւնը կը մասնակցի ընտրութիւններուն եւ քաղաքական գործիչներ կ՛ընտրէ օրէնսդրական խորհուրդի մէջ զինք ներկայացնելու համար: Այնուհետեւ խորհուրդի անդամները որոշումներ կ՛ընդունին ձայներու մեծամասնութեամբ: Ուղիղ ժողովրդավարութեան մաքուր ձեւ է, երբ ընտրող հասարակութիւնը ուղղակի որոշումներ կը կայացնէ կամ քաղաքական գործընթացներու մէջ ուղիղ մասնակցութիւն կ՛ունենայ:
ժողովրդավարութեան վերաբերեալ քաղաքական մտքի պատմութեան մէջ եղած են իրերամերժ կարծիքներ, դեռեւս յոյն փիլիսոփաներ Պղատոնի եւ Արիստոտելի ժամանակներէն հին Յունաստանի մէջ յայտնի էր ժողովրդավարական քաղաքական համակարգը, որ սակայն ե՛ւ Պղատոնը, ե՛ւ Արիստոտելը կը համարէին վատ կառավարման համակարգ: Սակայն քաղաքականութեան տեսութեան մէջ տարածուած է այն կարծիքը, որ «դեմոկրատիայից սարսափելի ուղեբեռ չկայ աշխարհի մէջ, սակայն մարդկութիւնը անկէ լաւ ոչինչ ստեղծած է»: Մասնագիտական գրականութեան մէջ կ՛առանձնանան ժողովրդավարութեան տարբեր հասկացողութիւններ եւ ժողովրդավարական քաղաքական համակարգի տարբեր ձեւեր:
Այս առումով բացառութիւն չի կազմեր նաեւ հայկական ընկերվարական կուսակցութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ այդ գաղափարներու ներառման դրական նշանակութիւնը ամրագրած է իր հիմնարար դրոյթներուն մէջ: Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան պաշտօնական, թերեւս առաջին, փաստաթուղթի մէջ` 1892-ին «Անդրանիկ ծրագիր»-ին մէջ կ՛ըսուի. «Ապագայ ազատ Հայաստանում իշխող ժողովրդական դեմոկրատական կառավարութիւնը, ծառայելով ընդհանրութեան շահերին, անշուշտ պիտ [կայանայ] հաւասար ընտրողական իրաւունքի վրայ…» (ՀՅԴ ծրագիր, 1892):
Իսկ 1907-ին վերամշակուած ծրագրին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը աւելի խորացուցած է իր համոզումը` ժողովրդավարութեան նկատմամբ եւ` ամրագրած, որ` «Օգտուելով անցեալի փորձերից եւ իրենց յարաճուն ազդեցութիւնից, [աշխատաւորական կուսակցութիւնները] պատրաստւում են ձեռք ձգելու քաղաքական ղեկը, որպէսզի ստեղծեն նպաստաւոր պայմաններ իրենց սոցիալական իտէալի իրագործման համար, ամենալայն չափերով դեմոկրատացնել քաղաքական կազմակերպութիւնը, պետութիւնները վերածել ֆեդերատիւ-դեմոկրատական հանրապետութիւնների»: Այդ նոյն ծրագրին մէջ «մինիմալ պահանջներ»-ու գլխուն մէջ կ՛առաջադրուի հետեւեալ պահանջը. «Ներկայ միապետական ու դրամատիրական կարգերը փոխարինել լայն դեմոկրատիայով» (ՀՅԴ ծրագիր, 1907):
1918-ին հիմնադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այս իրողութեան լոյսի ներքեւ 1919-ին ամբողջապէս վերաձեւակերպուեցաւ ՀՅԴ քաղաքական պահանջներու բաժինը եւ, ի շարք ուրիշներու, հետեւեալ նպատակադրումը կատարուեցաւ. «Հայաստանը պետք է լինի ժողովրդավար անկախ հանրապետութիւն…» (ՀՅԴ ծրագիր, 1925):
Աւելի ուշ, երբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական պատճառներով «վտարանդի» կարգավիճակի մէջ էր եւ կը գտնուէր սփիւռքեան պայմաններու մէջ, շարունակեց պահպանել իր այս հաւատամքը: 1978-ին վերամշակուած եւ 1982-ին ընդունուած ծրագրին մէջ կ՛ըսուի. «Ընկերվարութիւնը գերազանցապէս ժողովրդական եւ ժողովրդավար շարժում է: Ժողովրդավարութիւնը ընկերվարական շարժման եւ ընկերվարական կարգերի ամենատիրական յատկանիշն է եւ բխում է նրանց էութիւնից» (ՀՅԴ ծրագիր, 1982):
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է»:
Դաշնակցութեան համար ժողովրդավարութիւնը միմիայն քաղաքական համակարգի կառավարման սոսկական կառուցուածք չէ: Հետեւաբար անոր ընկերվարական իտէալը` ընկերվարական արդարութեան անոր գաղափարը սերտօրէն կ՛առնչուի մարդ-անհատի ազատութիւններու հասկացողութեան եւ քաղաքական ազատութեան գաղափարի հետ: «Ընկերվարութիւնը,- ըսուած է ՀՅԴ ծրագրին մէջ,- առաջադրում է ժողովրդավարութեան կիրարկումով ապահովել բոլոր քաղաքացիների մասնակցութիւնը` յանուն ընկերային համերաշխութեան տնտեսական յարաբերութիւնների կանոնակարգման»:
Այս կապակցութեամբ ՀՅԴ ծրագիրը կը շեշտէ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը հաւատում է, որ ընկերվարութեան իտէալը անիրականանալի է առանց ժողովրդավարութեան, իսկ ժողովրդավարութիւնը թերի է եւ սահմանափակ` առանց ընկերվարութեան»:
«Ժողովրդավարութեան հասկացողութիւնը ընդգրկուն է, եւ պետք է, ընդհանրացուելով, տարածուի պետական կեանքի բոլոր ոլորտներում»: «Ժողովրդավարութիւնը,- ըստ ՀՅԴ ծրագրի,- ապահովում է ժողովրդի ամբողջական եւ լիարժեք մասնակցութիւնը քաղաքական, սոցիալական, տնտեսական ու մշակութային կեանքին` այդպիսով արդիւնաւէտ հիմքերի վրայ դնելով ժողովրդի եւ պետութեան փոխյարաբերութիւնները:… Այն օրէնքով պաշտպանում է բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործելու եւ աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը»:
Այս կապակցութեամբ ՀՅԴ 1982-ի ծրագիրը կ՛ամրագրէ. «Պատմական զարգացման տեւական հոլովոյթի ընթացքում, ազգերը թօթափում են իրենց ազգային մշակոյթի եւ նկարագրի ժամանակավրէպ ու քարացեալ գծերը, վերանորոգւում են տեւաբար, քայլում են ժամանակի ոգու հետ, որոնք էական նախապայմանն են կազմում ազգերի գոյատեւման ու բազմակողմանի զարգացման» (ՀՅԴ ծրագիր, 1982):
ՀՅԴ ծրագիրը, քաղաքացիական իրաւունքներու հիման վրայ, կ՛առաջադրէ շարք մը համակարգային հիմնադրոյթներ: Այսպէս` ժողովրդավարութիւնը «ապահովում է ժողովրդի կամքի անկաշկանդ արտայայտութիւնը եւ, հաստատութենական ու ներկայացուցչական հիմունքով, ժողովրդի ամբողջական եւ լիարժէք մասնակցութիւնը»:
«Քաղաքական որեւէ վարչակարգի եւ իշխանութեան պարտադրումը,- ըստ ՀՅԴ ծրագրի,- ազգերի ինքնորոշման սկզբունքի կոպիտ խախտում է, բռնատիրութիւն է եւ ըստ ամենայնի` մերժելի»:
ՀՅ Դաշնակցութեան համոզումով, «Շահագործման եւ իրաւազրկման դէմ պայքարը ենթադրում է քաղաքական ու տնտեսական ազատութիւնների եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան ձգտում թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներում»:
Գաղափարական մտաւորական եւ ժողովրդասէր գործիչ եւ հայկական հրապարակագրութեան լաւագոյն տիպարներէն Կարօ Գէորգեան Դաշնակցութեան ժողովրդավարութեամբ նաեւ իր նպատակին հասնելու ձգտումին մասին այսպէս կը գրէ. «Հայ ժողովուրդի միակ սիրելի ու հարազատ կազմակերպութիւնը եւ նեղ օրերու միակ կռուանը ՀՅ Դաշնակցութիւնն է, որ իր յեղափոխական բնոյթով եւ իր ժողովրդավար ու ազատագրական իտէալով կը ձգտի հայութեան ապահովել ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք»:
Ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ, սրամիտ ընկեր Վահան Յովհաննիսեան ժամանակակից պատմութեան հետ առնչուող եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող ժողովրդավարութեան մասին օրինակ բերելով` բացառիկ բանաձեւումով մը այսպէս կը բնութագրէ. «Իշխանութիւնն էլ պարտադրուած է յենուել իրաւունքի վրայ, քանի որ առանց իր իսկ կողմից հաստատուած օրէնքի` կը քայքայուի եւ կ’ոչնչանայ քաոսի մէջ:
«Այս վիճակը փիլիսոփայութեան մէջ կոչւում է անտինոմիա, որի լուծումը իրաւունքի եւ իշխանութեան մէջ ճիշդ հաւասարակշռութիւն գտնելն է: Այդ հաւասարակշռութիւնը կոչւում է շատ պարզ մի բառով, որն այսօր բոլորի բառապաշարում է: Այդ հաւասարակշռութիւնը ժողովրդավարութիւնն է: Եւ այդ հաւասարակշռութիւնը Հայաստանում խախտուած է: Այսօր չի խախտուած: Երբեք էլ գոյութիւն չի ունեցել: Ո՛չ օտարների լծի տակ, ո՛չ սովետական, ո՛չ էլ ՀՀՇ-ական տարիներին: Այսօր էլ չկայ: Որովհետեւ մեր երկրում իշխանութիւնը գերակայում է իրաւունքի նկատմամբ, իսկ իրաւունքը ենթակայ է եւ բոլորինը չէ»:
Այստեղ կը շեշտէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «ժողովրդավարութիւն» հասկացողութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը: Քանի մը դաշնակցականներու խորհուրդներն ու պատգամներն նոյնիսկ բաւարար են, որ ընդգծեն, թէ ժողովրդավարութիւնը ՀՅԴ արժէքային համակարգի էական տարրն է:
(Շար. 6)