Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

November 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցութիւնը

Ardashes_112815Դաշնակցութիւնը, մեր այսօրուան քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ, անժխտելի կերպով ամէնէն գործունեայ, ամէնէն ընդարձակածաւալ ու միեւնոյն ատեն ամէնէն աւելի հասարակաց ըմբռնումին մէջ վէճի ու անհամաձայնութեան առարկայ դարձած կուսակցութիւնն է թէ՛ իր ձգտումներուն եւ թէ՛ իր գործելակերպին տեսակէտով:

Դաշնակցութիւնը, անտարակոյս, զինքը տոգորող ընդհանուր ոգիին իսկ բերմամբ, հայ կեանքին մէջ կենսաւէտ ուժ մըն է, զոր կարելի չէ վարկաբեկել կամ ջլատել ջանալ, առանց վնասելու ազգային դատին ու շահերուն:

Անտարակոյս, կարելի է քննադատել Դաշնակցութիւնը, երբ տեղի կայ անկեղծութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ: Արի կուսակցութիւն մը չէր կրնար մերժել քննադատուելու կարելիութիւնը: Բայց զայն քանդելու աններելի ինքնասպանութիւնը թող չգործուի բնաւ:

… Կը փափաքիմ, որ Դաշնակցութիւնը ապրի ու բարգաւաճի, վասնզի համոզուած եմ, թէ կազմակերպութիւնները նշանակելի ու մեծ արժէք ունին իրենց քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ, պատմական եւ այլ կարգի չարիքներէ հալածական ժողովուրդներու գոյութեան տեսակէտէն:

ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

 ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

95.- 1967 թ.ի նոյեմբեր-դեկտեմբերին, Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ 19-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ Հայ դատի արդար լուծման ի խնդիր որոշեց պահանջատէր ներկայանալ միաժամանակ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ մեծ պետութեանց: Ժողովը կ՛որոշէ իրարմէ զատորոշել Խ. Միութիւնը եւ Խ. Հայաստանը, իւրաքանչիւրին նկատմամբ իւրայատուկ դիրքորոշում կատարելով:

96.- 1972 թ.ի դեկտեմբերին, Վիեննայի մէջ գումարուեցաւ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը: Եղաւ պատմական ընդհանուր ժողով մը, որ ՀՅԴ-ի յեղափոխական աւանդներուն վերադառնալու որոշումը կայացուց  եւ նուիրագործեց ՀՅԴ-ի գաղափարական աւանդներէն շեղումի բոլոր երեւոյթները մերժեց եւ ՀՅԴ Ծրագիրը մինչեւ յաջորդ Ընդհանուր ժողով վերամշակելու որոշում տուաւ: Ըստ ամենայնի մերժեց Արեւմուտքին կամ Արեւելքին ապաւինելու քաղաքական ամէն ուղղութիւն եւ շեշտը դրաւ հայութեան հաւաքական ուժը կերտելու եւ անոր ապաւինելու ռազմավարութեան վրայ: Թուրքիոյ դէմ Հայ դատի ուժական պայքար մղելու որոշումին առաջնահերթ նշանակութիւն տուաւ: Խ. Հայաստանի եւ հայ ազգային կուսակցութեանց հետ քաղաքական գործակցութեան եզրեր առաջացնելու որոշում տուաւ` միշտ նախապայման դաւանելով անոնց յանձնառութիւնը` Հայ դատի պահանջատիրութեան ի սպաս գործելու:

97.- Հոկտեմբեր 1975-ին, Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք ղեկավարներու ահաբեկումով, հայ ազատագրական շարժման նորագոյն զարթօնքը թափ առաւ` Հայոց ցեղասպանութեան Արդարութեան մարտիկներու իրագործած ուժական պայքարով, որ թէ՛ իր քաղաքական ուղղութեամբ եւ թէ գործելու եղանակով` կարեւոր ներդրում մը եղաւ Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդները արտերկրի հայ երիտասարդութեան մտքին ու հոգիին մէջ վերանորոգելու իմաստով:

98.- 1975-ի գարնան բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատմական նշանակութեամբ ամբողջ հանգրուան մը բացաւ ՀՅ դաշնակցութեան կեանքին մէջ: Ամբողջ 15 տարի թէ՛ գաղութի ինքնապաշտպանութեան դիրքերուն վրայ դաշնակցական տղոց արթուն պահակի հսկողութիւնը, թէ՛ հայ գաղութի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերէն ՀՅԴ-ի մղած կռիւները եւ թէ՛, յատկապէս, սփիւռքի բաբախուն սիրտը եւ հայրենամերձ կարեւոր ամրոցը հանդիսացող Լիբանանի հայ գաղութի ազգային կառոյցներուն եւ կազմակերպ հիմերուն կառչած մնալու Դաշնակցութեան դիրքորոշումը անկեղծ զինուորի նոր դափնեպսակով վերանորոգեցին 100-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ մեր կուսակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Ազատութիւն» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Ը.

Յաջորդը

Հայկական Երեկոյ` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 300 Հայ Ուսանողներու

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.