ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Յեղափոխութիւն հասկացողութիւնը կը նկարագրուի, իբրեւ իրաւազուրկ եւ ճնշուած ամբոխներու զայրոյթի բնական պոռթկում: Անիկա ցանկալի երեւոյթ չէ անպայման, քանի յաճախ կարեւոր թիւով զոհեր կը պահանջէ. եւ եթէ ժողովուրդ մը ի վիճակի է առանց յեղափոխութեան, այսինքն բարեշրջումով հասնելու իր նպատակներուն, ցանկալի է յեղափոխութենէ խուսափիլ: Բայց երբ ուրիշ ելք չկայ, յեղափոխութիւնը կը դառնայ անխուսափելի եւ պատմականօրէն անհրաժեշտ:
Յեղափոխութիւն, հիմնաքարային փոփոխութիւն ուժի կամ կազմակերպական կառուցուածքներու մէջ, որ տեղի կ’ունենայ համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ: Արիստոտելը կը բնութագրէ քաղաքական յեղափոխութեան երկու ձեւ.
1. Ամբողջական անցում մը մէկ սահմանադրութենէն միւսին,
2. Գոյութիւն ունեցող սահմանադրութեան բարեփոխում:
Յեղափոխութիւններ տեղի ունեցած են բազմաթիւ անգամներ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին եւ կը տարբերին իրարմէ իրագործման եղանակներով, տեւողութեամբ եւ յառաջ տանող գաղափարախօսութեամբ: Անոնց արդիւնքները կը ներառեն ընդհանուր փոփոխութիւններ` մշակոյթի, տնտեսութեան եւ ընկերա-քաղաքական կառուցուածքներու մէջ:
Գիտնականներու քանի մը սերունդներ բերած են յեղափոխութեան տարբեր բացատրութիւններ եւ ուսումնասիրած են անիկա տարբեր տեսանկիւններէ, որու վրայ ալ մեծամասամբ հիմնուած է հասկացողութեան ամբողջական ընկալումը:
Արդի հայերէնը յեղափոխութիւն բառը ժառանգած է գրաբարէ (յեղափոխութիւն): Հրաչեայ Աճառեանի «Հայերէն արմատական բառարան»-ի մէջ «յեղափոխութեան» արմատ կը մատնանշուի «յեղ» արմատը, որ կը նշանակէ փոխել, մէկ վիճակէ մէկ ուրիշին դարձնել: Եւրոպական այլ լեզուներու մէջ հանդիպող revolution, revolucion ձեւերը կը ծագին լատիներեն revolutio բառէն, որ կը նշանակէ շրջադարձ:
Գոյութիւն ունին յեղափոխութիւններու տարբեր դասակարգումներ` հասարակական գիտութիւններու մէջ եւ գրականութեան մէջ:
Արդարեւ, մեկնելով յեղափոխութեանց ընկերային-քաղաքական բնոյթէն եւ առաջադրանքներէն, կարելի է հաստատել գոյութիւնը հիմնական երեք տեսակներու.
ա. Ազգային յեղափոխութիւն,
բ. Քաղաքական յեղափոխութիւն,
գ. Ընկերային կամ ընկերային տնտեսական յեղափոխութիւն:
Անշուշտ կայ նաեւ չորրորդը` պետական հարուածը:
Աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցած են յեղափոխական կուսակցութիւններ, որոնք կ’ուզեն երկրի մը կամ ազգի մը կարգ ու սարքը յեղաշրջել բռնի կամ զէնքի ուժով: Այսպիսի կուսակցութիւններ ընդհանրապէս կը կազմուին իրաւազրկուած ազգերու մէջ:
19-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն ծնունդ առաւ Հայ յեղափոխութիւնը` Օսմանեան կայսրութեան դէմ ազատագրական պայքար մղելու եւ ազատագրելու հայկական բռնագրաւած հողերը, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովուրդը ստրկացած իր վիճակէն դուրս բերելու: 1890-ին հիմնադրուեցաւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը, որ հետագային անուանուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:
Այստեղ բնականաբար կանգ կ’առնենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհայեացքէն բխող «առարկայական եւ ենթակայական գործօններու համատեղ զարգացման, փոխազդեցութեան եւ փոխադարձ ամբողջացման» օրէնքին վրայ ներկայացնել ՀՅԴ-ի դաւանած յեղափոխութիւնը, որ ծնունդէն ի վեր յեղափոխական կուսակցութիւն է:
«Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի մէջ նախ կը հաստատուի կուսակցութեան դրուածքը. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է», ապա երեւան կու գայ կուսակցութեան որդեգրած յեղափոխական կուսակցութիւն մը ըլլալու իրողութիւնը եւ անոր տուած դրդապատճառը. «Օսմանեան բռնութիւնների հետեւանքով եւ հայութեան զոյգ հատուածների մտաւոր զարթօնքով առաջ եկաւ Հայկական հարցի սկզբնական ըմբռնումը, որ պահանջում էր հայութեան մարդկային տարրական իրաւունքների յարգում: Օսմանեան պետութիւնը ոչ միայն չընդառաջեց հայ ժողովրդի պահանջներին, այլեւ նոր բռնութիւններ կիրարկեց: Ինքնապաշտպանութեան տարերային մղումով ապստամբութիւններ բռնկեցին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններում:
«Հայ ազգային ղեկավարութեան ճիգերի շնորհիւ եւ Օսմանեան Թուրքիայում մեծ պետութիւնների հետապնդած քաղաքական ու տնտեսական շահերի պատճառով Հայկական հարցը ստացաւ միջազգային բնոյթ: Սակայն միջպետական ներհակ շահերի բերումով Հայկական հարցի լուծման ուղղութեամբ տարուած ճիգերը մնացին ապարդիւն: Այս իրողութիւնը եւ հայութեան քաղաքական գիտակցութեան զարթօնքը ծնունդ տուեցին հայ յեղափոխութեանը»: Յեղափոխութեան ճամբով ՀՅԴ ծրագրին մէջ կը հիմնաւորուի կուսակցութեան դրուածքը` իբրեւ քաղաքական եւ մարտական կուսակցութիւն, որ հիմը կը դնէ հայկական հարցի լուծման եւ վերոնշեալ երկու գործօնները: Հոն կը կարդանք. «Հայ յեղափոխութիւնը նոր նկարագրով օժտեց Հայկական հարցը` այն վերածելով ազատագրական սեփական պայքարով հետապնդուող Դատի: Այն իր քաղաքական եւ ընկերային առաջադրանքների շուրջ փորձեց միացնել հայութեան բոլոր հատուածները` ստեղծելով իր անհատական եւ հաւաքական իրաւունքների ամբողջական գիտակցութեանը ու նախանձախնդրութեանը տէր հային: Հայ յեղափոխութիւնը, որ թափ առաւ 1880-ական թուականներին, մի ողջ քառասնամեակ հանդիսացաւ հայ քաղաքական մտքի հնոցը եւ հայ մարտական կորովի ու կամքի դարբինը:
«1890-ին հիմնադրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը առաջադրեց համադրել հայութեան յեղափոխական ճիգը: Իր նպատակասլաց գործունէութեան եւ նուիրեալների զոհաբերումի շնորհիւ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ հայ յեղափոխութեան փաստական դրօշակակիրը»:
Այս առումով հայու յեղափոխական կամքի անսպառ ներուժին ոգեշնչող աղբիւր եւ ՀՅԴ-ի առաջնորդ Քրիստափոր Միքայէլեան պիտի գրէր. «Հայ յեղափոխական շարժումը իր գիտակցական զոհերով, իր հերոսական կռիւներով, իր նահատակներով, ի հարկ է մաքրեց հայի ճակատից մի խոշոր մասը այն սարսափելի անարգանքի, զոր դրոշմել էր նրա վրայ բարոյապէս մաշող, քայքայող, անողորմ պատմական անցեալը»:
Անկրկնելի ղեկավարը կը գրէ` աւելցնելով, որ` «… Յեղափոխական գաղափարի աճման համար միշտ անհրաժեշտ են եղել բանտերի խոնաւ օրօրոցները, երկաթէ շղթաների բազմալեզու նանիները եւ կարմիր դահիճների մահաբեր գուրգուրանքները: Ուրիշ ելք չկայ նոր գաղափարների յաղթանակի համար, կամ, այլ խօսքով, չկայ ուրիշ միջոց` յեղափոխական գործը նախապատրաստելու համար»:
Հայ յեղափոխականի ամբողջական մարմնաւորումը անմահն Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան) յեղափոխութիւնը, այսպէս կը բնութագրէ. «Յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մէկ խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունին կեանքի տանջանքները, նա միայն կը փոխի իր ՁԵՒԸ` յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք` իր ԷՈՒԹԻՒՆԸ»:
Ռոստոմ առիթով մըն ալ երբ կը խօսէր Դաշնակցութեան գործին մասին, հետեւեալ տողերով կը պատգամէր. «Յեղափոխութիւնը նախ գործ է, յետոյ` գաղափար: Աւելի ճիշդ` յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար»:
Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան շարունակուող երթին մղում ու թափ տուող եւ մարտունակութիւն սորվեցնող պատգամ կու տայ, հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի եւ մարտական կառոյցի դաստիարակ, մարտական կառոյցի ողնայար Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան). «Հայ ժողովրդի գոյութեան հարցը մեր սեփական գոյութեան պատճառն է եղել եւ Դաշնակցութիւնը սկզբից ի վեր, Թուրքիայում, Կովկասում, Պարսկաստանում, եղել է նախ եւ առաջ յեղափոխական-ինքնապաշտպան կազմակերպութիւն:
«… Ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է:
«… Լինել կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ` քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»:
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Գէորգ Չաւուշ (Գէորգ Արամեան). «Յեղափոխութի՜ւն, պատրաստ եմ անձս անգամ զոհել գերագոյն նպատակիդ համար» այս համոզումով եւ ոգիով ներշնչուած` զոհեց իր կեանքը ի սէր ազգային-ազատագրական պայքարի:
Նշանաւոր յեղափոխական ու պետական գործիչ Ռուբէնը` Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Ռուբէն փաշան կը գրէ. «Հայկական յեղափոխութիւնը բնական հետեւանք չէ տաճիկ կառավարութեան եւ իսլամութեան հալածանքների ու բռնութեանց, ոչ էլ հայ ժողովրդի ինքնագիտակցութեան արդիւնք է, այլ նա արհեստականօրէն մտած է հայ ժողովրդի մէջ արտաքին գրգռման շնորհիւ, գլխաւորապէս ցարական Ռուսիոյ եւ յատկապէս ռուսական եւ պարսկական հայերի միջոցով»:
Բարոյական հեղինակութեան տէր, հայկական յեղափոխութեան եւ ՀՅԴ-ի գաղափարապաշտ Յոնան Դաւթեան կը նկատէ, որ` «Հասարակական գործչից, մանաւանդ յեղափոխական ասպարէզում, պահանջւում է ամենադրական, որոշ, եթէ կարելի է այսպէս ասել` մետաղացած գաղափար, հայեացք. որի համար նա կը բարձրանայ ե՛ւ կախաղան… որովհետեւ նա շատ լաւ գիտէ, որ ինքը, հետեւապէս եւ իւր գաղափարները պիտի անցնին արեան ու կրակի միջից. նա հաստատուն քայլերով առաջ է անցնում` համոզուած լինելով, որ յաղթութիւնը իրենն է, որքան էլ պայմանները… աննպաստ լինին»:
Հայ ժողովուրդի պանծալի զաւակներէն եւ կուսակցական գործիչ Յ. Իրազեկ (Յակոբ Տէր Յակոբեան) Յեղափոխութեան տեսակներու եւ մանաւանդ մտային յեղափոխութեան մասին այսպէս կ’անդրադառնայ. «Յեղափոխութիւնը անպատճառ տուրուդմբոց չէ: Մտքերի յեղափոխութիւնը աւելի հզօր է, քան բռունցքը, այսինքն` ֆիզիքական ուժը: Ամենալաւն այն է, որ մտաւոր յեղափոխութիւնը զուգորդուի ֆիզիքական ուժին: Չե՞ս կարծում, որ Դաշնակցութիւնը հէնց այդ մտաւոր զօրութեան եւ մարմնական ուժի միացումն է: Եւ ի հարկէ` աշխատանքի: Կարելի՞ է պատկերացնել աւելի գեղեցիկ խորհրդանշան, քան` Դաշնակցութեան զինանշանը»:
Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Հրաչ (Հայկ Թիրեաքեան) յեղափոխութեան մասին իր տեսակէտը այս տողերուն մէջ կը յայտնաբերէ. «Բարեկամնե՛ր, գաղափարի պրոպականտա քիչ եղած է, որով զինուորներու թիւը համեստութեան շրջանակի մէջ սահմանափակուած է: Եւ իմ խոր համոզումն է, որ յեղափոխութիւն մը, առանց հասարակական երեւոյթներու գիտակցութեան, առանց գաղափարի զարգացման, չի կարող իր բուն նպատակին ուղղակի շուտով հասնիլ»:
Միւս կողմէ, այլ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Գուրգէն (Պաղտասար Մալեան) Երկրին մէջ յեղափոխութեան գործելաձեւը իրականացնելու նկատմամբ այսպէս կը պատգամէ. «Յեղափոխութիւնը պէտք է լինի Երկրի ժողովրդի գործ: Արտասահմանը պէտք է օժանդակէ նիւթապէս, զէնք ու ռազմամթերքով, ղեկավար ու մարտիկ ուժերով. բայց յեղափոխական ուժերի, շարժումների կազմակերպութիւնն ու ղեկավարութիւնը պէտք է գտնուի Երկրի մէջ: Դրա համար անհրաժեշտ է Դաշնակցութիւնը Երկրում դարձնել զանգուածային, զինուել` զգուշանալով մասնակի բռնկումներից, ապագային, երբ քաղաքական պայմանները յարմար նկատուին, ընդհանուր ապստամբութեան անցնելու համար»:
Հայ մշակոյթի սպասարկու, անուանի մտաւորական Վազգէն Շուշանեան ՀՅԴ յեղափոխութեան գործընթացի կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս այսպէս կը ներկայացնէ. «Ետ ինկած գիւղերու եւ քաղաքներու խուլ թաղամասերուն մէջ, բուռն ոգեւորութեամբ մը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը տարածեց նաեւ իր կենդանի, հրատոչոր ու յեղափոխական խօսքը: Ասիկա գոյութիւն ունեցող մշակութային արժէքներու կողքին բոլորովին նոր տարր մըն էր: ՀՅ Դաշնակցութենէն առաջ չկար կամ գէթ այդ չափով, հանրային կեանքին մէջ, նման հզօր, ներշնչող ու գրաւիչ հրապարակախօսութիւն մը»:
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի, երիտասարդութեան ուժին եւ կարողականութեան հաւատացող, գաղափարապաշտ յեղափոխականի անբասիր դրօշակիր Սագօ Սարգիսեան ՀՅԴ յեղափոխութիւն հասկացողութիւնը այսպէս կը հիմնաւորէ. «Յեղափոխական գործ մը իր մասնակի ելոյթներով շատ կարճաշունչ կը դառնայ եւ կը շեղի իր նպատակէն, եթէ անոր մէջ չներդրուի գիտակցական, միահամուռ եւ կազմակերպ աշխատանք» ու ապա կ’աւելցնէ, թէ` «Յեղափոխական գործին մէջ նետուած կազմակերպութեան մը համար արարքները պէտք չէ որ սոսկական արարքներ մնան, անոնց պէտք է գիտակցական եւ հարստացնող մասնակցութիւն բերել, որպէսզի յեղափոխութիւն մը ըլլայ ամբողջական»:
Ազգային-կուսակցական ղեկավար, յեղափոխական մարտունակ գործիչ Հրայր Մարուխեան բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ յեղափոխութեան ՀՅԴ ընկալումը. «Յեղափոխութիւն բառի բառարանային իմաստը բոլորովին տարբեր է անոր քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ ունեցած իմաստէն: Մեզի համար յեղափոխականը այն անձը չէ, որ ամէն օր ցոյցեր եւ գործադուլներ կ’ընէ եւ իր ձայնը լսելի դարձնելու համար բիրտ միջոցներու կը դիմէ: Ասիկա կեղծ յեղափոխականն է: Մեզի համար իսկական յեղափոխականը ա՛յն անձն է, որ իսկապէս իւրացուցած է յեղափոխութեան ոգին, որ իր հոգւոյն մէջ յեղափոխական է: Բարոյապէս պէտք է պատրաստ ըլլայ յարմար պահուն եւ յարմար միջոցներով գործելու համար, այլ ոչ թէ` որեւէ ձեւով եւ որեւէ ատեն»:
Վերոնշեալ միտքերը Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ դաշնակցականներու կողմէ արտասանուած խորհուրդներն ու պատգամները ցոյց կու տան, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ըլլալով քաղաքական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն` անքակտելի է իրեն համար յեղափոխական-մարտական գործունէութիւնը, որ տարիներ շարունակ մարտական հասկացողութեամբ եւ բարձր կարողականութեամբ կազմեց յեղափոխական խումբեր եւ տարաւ անթիւ գործունէութիւններ եւ յաղթանակներ:
Դաշնակցութիւնը յեղափոխական կուսակցութիւն է ոչ թէ միայն իր մղած փառապանծ մարտական գործունէութեամբ, այլ նաեւ` այն պատճառով, որ արմատական հոգեփոխութիւն մտցուց հայ ժողովուրդի մտածելակերպին եւ նկարագրին մէջ, որ մինչ այդ իր դժբախտ նկարագրին հետ հաշտուած, քաղաքական տեսլականէ զուրկ ու կրաւորական ընթացքով վերածուած էր լոկ կրօնական համայնքի: Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեամբ ջնջեց օտարի ջանքերով բաժնուած մեր ազգի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները:
Հայ ժողովուրդի տառապանքէն ծնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այսօր 125 տարիներու հսկայական գործ իր ետին ձգած` անխախտ հաւատքով ու վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, յեղափոխական-մարտական տարբեր տեսակի ռազմավարական եւ մարտավարական ձեւերով` օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական լուծին դէմ ազատագրութեան պայքարէն սկսած, մինչեւ ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտեր, մինչեւ Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարան ու տակաւին Արցախ եւ հասնելով հայկական այլ բռնագրաւուած հողատարածքներ:
(Շար. 7)
Կը խորհիմ որ այս յօդուածաշարքի առաջին երկուքին խորագիրին եւ բովանդակութեան մէջ տեղ գտած «ՀԱՍԿԱՑՈՒԹԻՒՆ» բառը աւելի ճշգրիտ գործածութիւն է քան թէ ետքը փոխարինուած «ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ» բառը:
Ըստ «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ին «հասկացութիւն» եւ «հասկացողութիւն» բառերու իմաստը, բացատրութիւնը:( http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=8&pageNumber=1179 )
ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ, գոյական. 1. հասկնալու կարողութիւն, խելք, ըմբռնում, ուշիմութիւն. 2. համաձայնութիւն:
ՀԱՍԿԱՑՈՒԹԻՒՆ, գոյական. Իրականութեան առարկաներու ու երեւոյթներու ընդհանուր եւ էական յատկանիշները արտայայտող տրամաբանական կերպով տարորոշուած գաղափար՝ ըմբռնում՝ պատկերացում: