Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ գաղափարական լաւագոյն դպրոցն է եղած ան եւ է ու պիտի մնայ տակաւին երկար ատեն. այսինքն` հայկականութեան իբրեւ անմիջական ու գերզօր խորհրդանիշ: Հայ երիտասարդը, որ կ՛ուզէ գերագոյնօրէն հայ ու նաեւ գերագոյնօրէն իբրեւ մարդ ապրիլ, թափանցուիլ հայ երկրով, հայ պատմութեամբ, հայ մշակոյթով ու հայ ամէն ինչով, որ առողջ է` պէտք է աշակերտէ, հարկադրուած պիտի զգայ ինքզինք արդէն այս կամ այն ձեւով աշակերտելու կէս ու աւելի դարու ժամանակով մը լուսաւոր Դաշնակցութեան ոգեդպրոցին:
Հայ երիտասարդը պիտի անդրադառնայ եւ համոզուի շուտով, որ ուրիշ ճամբայ չկայ, որ հայկական Հռոմին տանող ամէնէն կարճ ու ապահով ճամբան Դաշնակցութիւնն է, իր ազգային ու համամարդկային սկզբունքներով, որ հակառակ կեցուածք մը, այդ երիտասարդին համար, կը նշանակէ բարոյապէս մթանալ, աղճատուիլ, ենթարկուիլ հոգեկան անարգ ամլութեան. կը նշանակէ դեռ իրեն համար`
Զրկուիլ հասարակական կեանքի ամէն ալեկոծութենէ, ամէն մակընթացութենէ, յեղափոխականօրէն, անվերծանելի ամէն գինովութիւններէ. առնականութենէն եւ, մա՛նաւանդ` դիւցազնական բուռն ու յաղթագոռ, յաղթապանծ ժեսթերէ:
Դաշնակցութիւնը ծնունդը եղաւ մեր ապրած անտանելի պայմաններուն. եղաւ մեր պատմութեան վերջին կորիւնը. մինչեւ այսօր, այդ պատմութեան հետեւանքը, եթէ ուրիշ բան ըլլար, քան դաշնակցական կազմակերպութիւնը` իր տրամաբանական հիմքերէն զրկուած կ՛ըլլար եւ հայ ժողովուրդը, մասսան, դեռ երկար ատեն կը խարխափէր տգիտութեան ու ստրկութեանց զանազան խաւարներուն մէջ:
Տիրող պայմաններէն ձերբազատուելու համար, հայոց ազգային պատմութիւնը, իր պատճառական տրամաբանութեամբ, գտաւ դրական լուծումի յանգող ելք մը ու այդ ելքը կոչեց Դաշնակցութիւն:
Որով`
Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական բեմին վրայ երեւումով, հայոց պատմութիւնը կատարեց իր ճակատագրական դարձակէտերէն մին:
Յեղափոխական կեանքի այդ հրաշալի ծննդապահէն վերջ, ազգային եւ կուսակցական իտէալ նոյնացան իրարու, ամբողջացնելով զիրար միշտ:
Եղաւ մեր կուսակցութիւնը համայն հայութեան բազուկ, առողջ իմացականութիւն, եւ պահակ` ազգային համադրուած հարստութեանց:
Իր զինանշանին վրայ փորագրեց.-
Մահ կամ ազատութիւն.
ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125 Դրուագով
93.- 1962-ին, Սուրիոյ տարածքին, տեղի կ՛ունենայ ՀՅ Դաշնակցութեան տեղւոյն կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն ձերբակալութիւնը, հակաօրինական եւ հակապետական գործունէութիւն վարելու ամբաստանութեամբ: Արաբական աշխարհի մէջ տարուող հակադաշնակցական քարոզչութեան հետեւանք պետական այդ ճնշումը, իր ունեցած բացասական անդրադարձներու կողքին, յանգեցաւ այն եզրակացութեան` որ եկաւ մէկանգամընդմիշտ յստակացնելու արաբական հանրային կարծիքին համար, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն պայքար չի տանիր հայ ժողովուրդի հանդէպ հիւրընկալութեան այնքա՜ն եղբայրական վերաբերում ցուցաբերած արաբ ժողովուրդին դէմ, այլեւ` ամէն գնով զօրավիգ կանգնած է արաբական արդար դատերուն եւ եթէ կը զինէ շրջանի հայութիւնը` այդ քայլին դիմած է ի խնդիր տարագիր ու ազատագրական դատ ունեցող հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին միա՛յն:
94.- 1963 թ.ի հոկտեմբեր-նոյեմբերին, Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ 18-րդ Ընդհանուր ժողովը: 1947-ին սկիզբ առած կազմակերպական կեանքի ամբողջ շրջան մը փակող ժողովը եղաւ: Հայ դատի հետապնդման պայքարի ծիրէն ներս, թէ՛ ներքին հողերու եւ թէ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան հարցով Խ. Միութենէն պահանջատէր ներկայանալով ու այս վերջինի հաստատած կարգերուն դէմ գաղափարական անհաշտ պայքարի իր ուղղութիւնը շարունակելով հանդերձ Ընդհ. ժողովը եկաւ հաստատելու, որ ստալինեան ներշնչումով համայնավարական ծաւալապաշտութեան դէմ Արեւմուտքի մղած պայքարը եւ այդ ծիրէն ներս մեր հաստատած գործակցութիւնները սկսած են ստանալ ուղղակի եւ ինքնանպատակ հակահամայնավար պայքարի բնոյթ, ինչ որ խոտոր կը համեմատի Դաշնակցութեան գաղափարական եւ ազատագրական պայքարի աւանդներէն բխող ռազմավարական ուղղութեան հետ եւ, առ այդ, անհրաժեշտ է ըստ այնմ սրբագրութիւններ մտցնել մեր ուղեգիծին մէջ: Հայ կեանքի ուղղութեամբ եւս նոյն ոգին տարածելով` Ընդհ. ժողովը որոշեց որդեգրել հայ ազգային կուսակցութեանց հետ ազգային-միութենական մարզերէ ներս գործակցութեան սկզբունքը, աւելցնելով որ խորհրդային հակակշռէն անոնց դուրս գալու պարագային` նաեւ քաղաքական գործակցութիւն պէտք է ունենալ: Ընդհ. Ժողովի կարեւոր շարժումներէն մէկը եղաւ համազգային ու միջազգային պահանջատիրութեամբ պատրաստուիլ Եղեռնի Յիսնամեակին:
24 ապրիլ 1965-ին` Երեւանի հայութեան 100 հազարով պահանջատիրական պոռթկումը, Լիբանանի մէջ Եղեռնի Յիսնամեակի քաղաքական միասնական նախաձեռնութիւնները եւ տարագիր հայութեան բոլոր գաղթօճախներուն մէջ ծաւալած բողոքի ելոյթները Հայ դատի պայքարին ճամբուն վրայ անկիւնադարձ մը կազմեցին ՀՅ Դաշնակցութեան համար, որ իր 18-րդ Ընդհ. ժողովի որոշումներուն գործադրութեան ընթացքին` փաստօրէն կը քաղէր առաջին պտուղները համազգային ուժերով Թուրքիայէն պահանջատէր կանգնելու իր ռազմավարութեան: Եղեռնի Յիսնամեակին շուտով հետեւեցաւ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային շրջանակներու մօտ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ծաւալուն գործունէութիւն մը: