Անդրադարձ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին` 125-Ամեայ Դրուագով

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին` 125-Ամեայ Դրուագով

116.- 30 մայիս 1999-ին կայացած Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը ունեցաւ 8 պատգամաւոր: 117.- 2003-ի յունուարին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ 28-րդ Ընդհանուր ժողովը: 118.- 28 մայիս 2000-ին ազգային հերոս Դրաստամատ Կանայեանի վերայուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Բաշ Ապարանի յուշարձանին մէջ: 119.- 2003 թուականի մայիս 25-ին տեղի ունեցած Հայաստանի երրորդ գումարման Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՅԴ շահելով ընտրողներու ձայներու 12 տոկոսը` խորհրդարանէն ներս ունեցաւ...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Վերջաբան

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ «ՀՅԴ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ» աշխատութեան մէջ փորձ կատարուեցաւ ուսումնասիրութեան շրջանառութեան մէջ դնել եւ գիտական շրջանակներուն, դաշնակցականներուն կամ այլ կուսակցականներուն եւ մտաւորականներուն ներկայացնել շարք մը նիւթեր` առնչուած երեք դարերու ընդմէջէն ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդները եւ պատգամները ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան եւ հիմունքներուն հասկացողութեանց շուրջ: Այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած բացայայտումներն ու վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք քանի...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Հեւք

ՄԱՐԻԱՆԱ-ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Երկինք է թէեւ, բայց  հարբած է, հեւք ունի սրտին, տխուր տարուած է մտքերով: Ամպերը իրարու անցած, գունաթափած, թուլօրէն կը շնչեն` համակուած ամպրոպին սպառնալիքով: Հողը մերկ է, կ՛այրի, գետերուն ուղղութիւնը փոխուած է: Անապատացած անդունդները ծարաւ են ծուէն մը ամպի զոհաբերման սպասումով: Անոնք  կը  պատրաստուին ճեղքուելու, որ  անյագօրէն ըմպեն եւ կլանեն անձրեւի բարեբեր լիութիւնը, ուր որ է` ընդերքը կը պայթի անյագ...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն. Երկիրը Երկի՛ր Է

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Տարուան աշխատանքները ամփոփելու եւ հաշուետուութիւնները պատրաստելու նպատակով որոշած էինք մեր գրասենեակին մէջ ժողով մը գումարել մեր գործընկերներուն հետ: Անոնք պիտի գային Հայաստանի տարբեր մարզերէն` օգտագործելով հանրային փոխադրութեան միջոցները, մասնաւորաբար` փոքր պասերը, որոնք համեմատաբար աւելի աժան են եւ մատչելի բոլորին: Մեր գործընկերները պարտաճանաչ եւ ճշդապահ երիտասարդ մասնագէտներ են, որոնց հետ արդէն քանի մը տարիէ շարունակաբար կ՛աշխատինք համայնքային զարգացման, հաշմանդամութեան...

Հայ Բեմի Անզուգական Վարդուհին

Հայ Բեմի Անզուգական Վարդուհին

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Դժուար է հրաժեշտի խօսք գրել մի անզուգական դերասանուհու, հաւատարիմ ընկերոջ, ճշմարտութեան հետեւորդի, բիւրեղեայ անձնաւորութեան, խորը հոգու տէր մարդու` Վարդուհի Վարդերեսեանի մասին: Իր երկարամեայ բեմական գործունէութեան մասին հարիւրաւոր էջեր են գրուել, դեռ նոյնքան էլ կը գրուեն անշուշտ, եւ իր բազմահազար երկրպագուները ովքեր դեռ կենդանի են, կը շարունակեն կրել այս անկրկնելի դերասանուհու ստեղծած կերպարների հմայքը իրենց հոգում: Մեծ...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Չթարգմանուած իղձ մը մարմնացնող յայտնութիւնը եղաւ Դաշնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ, համատարած տագնապի մը բաղձալի լուծումը, ճակատագրի մը կոչը: Երեւի այսպէս կը կազմուին պատմական անկիւնադարձները: Երեւի միշտ այսպէս կ՛ըլլայ ու խռովիչ կ՛ըլլայ երկարօրէն սպասուած ու յանկարծօրէն յայտնուած շարժումներուն հմայքը: Երեւի մարդոց արագ գինովութիւնը արդիւնք է երկարատեւ պապակներու յաջորդող մեծ պոռթկումներու: Հայ կեանքին մէջ մութը առաւելագոյն խտութեամբ դիզուած էր այդ օրերուն ու...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Հայ Դատ» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) ԺԲ.

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայ դատ (Հայկական հարց) առաջին անգամ տեղ գտաւ 1878 Սան Սթեֆանոյի պայմանագրի մէջ,  16-րդ յօդուածով, հայաբնակ վայրերուն մէջ բարեփոխումներ ընելու համար: Հայ դատը իր հողատարածքի վրայ հայ ժողովուրդին իրաւունքները վերահաստատելու, հայոց պետականութիւնը վերականգնելու եւ մէկ միասնական հայրենիք կերտելու նպատակով ձեւաւորուած գաղափարախօսութիւն է եւ շարժում: Հայ դատը` որպէս համապարփակ ծրագիր, ձեւաւորուած է Մեծ եղեռնէն ետք, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ամբողջութեամբ...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Հայ յեղափոխութիւնը եղաւ նոր հայութեան կերտիչը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղաւ Հայ յեղափոխութեան առաջնորդը, առաջատար ուժը, աննկուն ախոյեանը: Արդ, հայ յեղափոխութիւնը զէնք չէր միայն, այլեւ ոգեկան զինավառում էր, նոր խօսք չէր միայն, այլեւ վերափոխիչ ու ամրապնդիչ գործ էր, գաղափար չէր լոկ, այլեւ գաղափարականացում էր: Ընդվզում չէր միայն պատմութեան դէմ, բռնութեան ու ճակատագրին դէմ, այլեւ ստեղծագործ թռիչք էր, բարոյական, հոգեկան ու իմացական վերանորոգում,...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Քաղաքականութիւն» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) ԺԱ.

Քաղաքականութիւնը (յունարէն` πολιτικός, politicos բառէն «քաղաքացիներու, քաղաքացիներու համար կամ քաղաքացիներուն վերաբերող») գործընթաց է, երբ մարդոց խումբ մը միասնական որոշում կ՛ընդունի: Բառեզրը սովորաբար կը վերաբերի կառավարական կամ պետական գործերու վարման արուեստին կամ գիտութեան, ներառեալ` իրաւական կառավարութեան վարքագիծին. ան կը վերաբերի նաեւ հաստատութիւններուն, բնագաւառներուն եւ յատուկ հետաքրքրութիւններով խումբերուն, ինչպէս` միաւորումներ, ակադեմիաներ, կրօնական եւ հասարակութեան այլ հատուածներ: Ան բաղկացած է «հասարակական յարաբերութիւններէ, ներառեալ`...

Անդրադարձ.  Մեծ Կաշառքը

Անդրադարձ. Մեծ Կաշառքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Կիրակի, 29 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն վեհաժողով մը, որուն գլխաւոր նպատակը ներգաղթեալներու դէպի Եւրոպա հոսքին լուծում մը գտնելն էր: Վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն յատկացուց 3 միլիառ եւրօ եւ համաձայն գտնուեցաւ հոկտեմբեր 2016-ին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն արտօնել առանց այցեգիրի մուտք գործել Շենկենի շրջան: Աւելի՛ն, որոշուեցաւ արագացնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը եւ երկու...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի անհուն տառապանքէն ու ծով ցաւերէն, իբրեւ արտայայտիչը անոր ազատ ու անկախ ապրելու կամքին: Դարձակէտ մը կազմեց անոր ծնունդը իննսունական թուականներու վերջին տասնամեակին, երբ ահաւոր երկունքի մէջ էր հայաշխարհը,- մեր արցունքի հովիտը: Դարաւոր բռնակալութեան դէմ ընդվզում մըն էր անոր երեւումը դարաւոր ու փառաւոր պատմութեան դափնիներով պսակուած ազգի մը ընտրանիին կողմէ: Տարերային պոռթկում մը` ստրկութեան անարգ շղթաները...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Ապակեդրոնացում» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Ժ.

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ապակեդրոնացում գործօնը այն կառուցուածքն է, որ իւրաքանչիւր շրջանի ինքնաղեկավարման մարմիններուն ազատութիւն կու տայ իրենց շրջանի հետ կապուած բոլոր հարցերու վերաբերեալ որոշումներ արձակելու եւ գործադրելու, առանց դիմելու կեդրոնական մարմին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ հիմնուած է 1890-ի օգոստոսին, Թիֆլիսի մէջ: Կազմուած է իբրեւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն` նպատակ ունենալով համախմբել Արեւմտահայաստանի ազգային-ազատագրական պայքարին լծուած յեղափոխական բոլոր կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Հայ յեղափոխականների...

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ոգեկոչումներուն Փակման Համանուագ` Նուիրուած Մեծ Մարդասէր Դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընին.  «Մնաք Բարով` Մարիա»

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ոգեկոչումներուն Փակման Համանուագ` Նուիրուած Մեծ Մարդասէր Դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընին. «Մնաք Բարով` Մարիա»

ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆ Ատենապետ` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի Սովորական դասական երաժշտական ունկնդրութեան մը չէ, որուն ներկայ  գտնուեցանք 19 նոյեմբեր 2015-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շքեղ սրահին մէջ,  եւ ոչ ալ` տաղանդաւոր երաժիշտ-խմբավարի մը կախարդական ճպոտի շարժումներով ստեղծուած համանուագ մը ըմբոշխնելու լոկ առիթ:  Այս բոլորը  եւ առաւել այս երեկոն կը զանազանուէր  Հայոց ցեղասպանութեան առիթով կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններէն իր իւրայատկութեամբ, նշանակութեամբ,  նպատակով...

Հալէպը Կրկին Աղէտ Ապրեցաւ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – (Նոյեմբեր Գ.). Բացայայտելով Թուրքիոյ Կործանարար Դերը

Սուրիոյ տագնապի սրման տարիներուն ՏԱՀԵՇ-ի ընդլայնման մասին բազմիցս հնչեցին նախազգուշական արտայայտութիւններ: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ յատկապէս Թուրքիոյ վարչակարգին լռելեայն գործակցութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի հետ: Նոյնիսկ թրքական լրատուամիջոցներ փաստերով ներկայացուցին Թուրքիոյ ճամբով ՏԱՀԵՇ-ի սուրիական քարիւղի ապօրինի վաճառքին մասին, ապա նաեւ թրքական իշխանութիւններուն նշեալ արմատական ծայրայեղականներուն զէնք հայթայթելու, անոնց վիրաւորները թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժելու մասին հիմնաւորեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին: Իրադարձութիւններուն հետեւողը պիտի պարզէ, թէ ահաբեկչութեան դէմ...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Ինծի կը թուի, թէ հայ ժողովուրդը, իր մէկ մեծ մասով կը վստահի Դաշնակցութեան, որովհետեւ` Ան ձեւակերպողն է մեր ազգային ձգտումներն ու ազգային երազը` «Միացեալ, անկախ Հայաստան» նշանաբանով: Հաւատարիմ պահակն եղած է մեր ֆիզիքականին ու ազգային մշակոյթին: Իր ուժերու առաւելագոյնով պաշտպանած է հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը` ներքին թէ արտաքին թշնամիներու դէմ, ամէն տեսակ դաւադրութեանց չէզոքացման համար` առանց սակարկելու իր արիւնն իսկ:...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

«Անկախութիւն» Հասկացողութեան. Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Թ.

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Անկախ բառը բառարանային իմաստով բոլորիս ծանօթ է, որ կը նշանակէ ինքնօրէն, ինքնագլուխ, ինքնակամ, ինքնիշխան, ինքնավար, ինքնուրոյն, ազատ, անկաշկանդ: Իսկ քաղաքական բացատրութիւնը` ինքնուրոյն, ուրիշ պետութենէ կախում չունեցող: Արդարեւ, անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան մէկ մասնիկն է, որ ամբողջութիւն մըն է: Անկախութիւնը էական է: Անկախութեան ինքնութեան բնորոշումը բազմակողմանի է: Անկախութիւնը ամբողջականութիւն է, երբ կը յարգուին մարդկային եւ կրօնական իրաւունքները, երբ կարելի կ’ըլլայ...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ռուս-Թուրքական Առճակատումը Եւ Հայաստանը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Նոյեմբերի 24-ին Քեսապի երկնքում` Սիրիա - Թուրքիա սահմանին, թուրքական ռազմաօդային ուժերը խոցեցին Սիրիայում ռուսական տորմիղի մէջ մտնող Սու-24 ռմբակոծիչը: Թուրքական կողմը պնդեց, որ ռուսական ռմբակոծիչը խախտել էր իր օդային տարածքը, մինչդեռ Ռուսաստանը համոզուած է, որ Սու-24-ը  եղել է բացառապէս Սիրիայի տարածքում: Միջազգային հանրութիւնը` Թուրքիայի դաշնակիցներն առաջին հերթին, փորձեցին աւելի հաւասարակշիռ կեցուածք որդեգրել` կողմերին յորդորելով յաղթահարել դէպքի պատճառով առաջացած...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն. «Այո»-էն Եւ «Ոչ»-էն Անդին` Վտանգաւոր Անտարբերութիւն

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Հայաստանի քաղաքական դաշտը այս օրերուն մէկ հիմնական օրակարգ ունի` նոր սահմանադրութեան հանրաքուէ, որ տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 6-ին: Հայաստանեան քաղաքական դաշտի խաղացողները` կուսակցութիւնները եւ անոնց ենթակայ կամ համակիր հասարակական կազմակերպութիւնները, բաժնուած են երկու հակադիր ճակատներու: Այսպէս, նոր սահմանադրութեան կողմնակիցները կը պնդեն, որ դեկտեմբերի հանրաքուէին ԱՅՈ քուէարկելով` երկրի մէջ որակական լուրջ փոփոխութիւնները հնարաւոր պիտի դառնան, եւ մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը,...

Պօղոս Սնապեանի Յիշատակին.  Յետ Մահու Վկայութիւն Մը…

Պօղոս Սնապեանի Յիշատակին. Յետ Մահու Վկայութիւն Մը…

ՄՈՎՍԷՍ  ԾԻՐԱՆԻ - Ձախէն աջ` Սարգիս Կիրակոսեան, Պօղոս Սնապեան, Պետիկ Հերկելեան: Այն, ինչ որ կը գրեմ, հոգեկան պարտք մըն է, վկայութիւն մը` Պօղոս Սնապեանի հեղինակութեան ու անոր բերած մանկավարժական նպաստին մասին: Երբ խօսք բացուէր մանկավարժութեան վերաբերեալ, իբրեւ օրինակ` կը պատմէի այս դէպքը, երբեմն ալ իր` Սնապեանի ներկայութեան: Ան քանի մը անգամ խնդրած ու նաեւ յիշեցուցած է ինծի, որ անպայման գրի...

Page 735 of 806 1 … 734 735 736 … 806

Արխիւներ