Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Նոյեմբեր 26, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

P.Papazian_112615

Դաշնակցութիւնը ծնաւ ու պատգամեց Քրիստափորներու, Ռոստոմներու, Զաւարեաններու բերնով.

Հայը համոզուած է, որ օտարի վրայ դրած յոյսը ցնորք է, վճռել է իր ձեռքերով պաշտպանել իր իրաւունքը, կայքը, պատիւը, ընտանիքը:

Հայ ժողովուրդը հասկացել է, որ իր ուժը իր մէջ է:

Նա, ով այսօր երես կը դարձնի ժողովուրդից, եւ չի հետեւիլ նրան, ես այդ ժողովուրդի հակառակորդն է, թշնամին է…

Ուրեմն եղբայրներ, միանանք յանուն սուրբ գործի, ընդհանուր թշնամու դէմ:

Այս յայտարարութեան անխախտ հաւատացողը եղաւ, զայն տեւաբար շեփորողը եւ գործադրողը եղաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Սուրբ համարեց հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան ծառայելու գործը եւ իր աննման սուրբերը` Քրիստափորները, Ռոստոմները, Զաւարեանները ղրկեց ծառայելու ժողովուրդին ու զոհուելու անոր համար: Եւ անոնցմով սկսաւ վերականգնել հոգեկան որակը հայուն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մնայ ներքին այն ուժականութեամբ, ինչ ուժականութեամբ, որ կը գործէր Ռոստոմներու, Քրիստափորներու, Զաւարեաններու օրով. նոյն պայծառ դիմագիծը ունի, նոյն ձգտումը, նոյն նուիրումը:

Պէտք է հաւաքուիլ իր շուրջ ու կերտել հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժը, հաւաքական կամքը: Եթէ բացակայի այդ հաւաքական կամքը, մենք հողմածեծ պիտի ըլլանք ու հողմացրիւ:

Հայ ժողովուրդը միշտ ալ գիտակցած է այս իրողութեան, եւ ամէն անգամ որ զգացած է իր գոյութեան ու ձգտումներուն սպառնացող վտանգ մը կամ ՀՅ Դաշնակցութեան սպառնացող վտանգ մը, բոլորուած է Դաշնակցութեան շուրջ, իր զաւակներուն ընտիրները ղրկած է անոր գիրկը եւ դարձուցած զայն անընկճելի:

ՀՅ Դաշնակցութեան կազմութիւնը, գործունէութիւնը շարունակական պայքար մըն է ժողովուրդի լինելութեան, փնտռտուքին համար:

Իր յարատեւ, անյուսահատ ձգտումը հայ ժողովուրդի էութեան հիմնական ձգտումներուն իրականացումն է, մէ՛կ կամքի, վճռական կամքի ստեղծումը, որ պիտի տանի մեզ, մեր պատմութեան ճամբաներով, դէպի իրականացումը հայ ժողովուրդի տենչանքին, դէպի ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՀԱՅՈՒՆ:

Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

maroukian_112615

Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն,- ահա՛ այն հզօր կազմակերպութիւնը, որ ծնուեց հայ ժողովրդի ծոցից` ծառայելու համար հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին:

Իր երեւումը հայ կեանքին մէջ, առաջին օրից իսկ, եղաւ տիրական եւ վստահութիւն ներշնչող: Որովհետեւ դառնալով հայ ժողովուրդի կամքի եւ ձգտումների արտայայտիչը, նաեւ ձգտումների իրականացման  անվերապահ նուիրեալը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներշնչման միակ աղբիւրը հանդիսացաւ ինքը` հայ ժողովուրդը եւ իր գործունէութեան ուղեգիծը միշտ ճշդուեց ժողովրդի պահանջների եւ իրական շահերի սահմաններում:

Ամէն անգամ, որ հայ ժողովուրդը տագնապի է ենթարկուել, անմիջապէս խոյս են տուել հրապարակը աղմկող, փքուն խօսքերով` միամիտ զանգուածների բարի տրամադրութիւնները շահագործող «դիւրին օրերի ասպետները» եւ Դաշնակցութիւնն է եղել այն արթուն պահակը, որ կանգնել է իր ժողովրդի կողքին եւ վտանգի ժամին իր շարքերի անվերապահ զոհաբերութեամբ կուրծք է տուել սպառնացող վտանգներին, իր կարելի բոլոր միջոցները` մտքի, գրչի եւ բազուկի ի սպաս է դրել իր սքանչելի ժողովրդի փրկութեանը եւ, երբ ի գին հերոսական ջանքերի ու դիւցազնական խոյանքների ապահովել է  յաղթանակը, վաստկած դափնեպսակը հայ ժողովրդի է տուել` ստացուած արդիւնքը համարելով հայ ժողովրդին նուաճումը:

Այս իրողութեան գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը անվերապահօրէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վստահեց հայոց ճակատագիրը եւ պատմութեան ամբողջ ընթացքը ապացուցեց, որ ժողովուրդը չէր սխալուած իր բնազդին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

91.- Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ ՀՅԴ-ի տարագիր կուսակցութիւն դառնալէն մինչեւ 1950-ական թուականները երկարող ժամանակաշրջանը` 100-ամեայ մեր պատմութեան մէջ պիտի արժեւորուի իբրեւ տարագիր հայութեան կազմակերպման դժուար, այլ կարեւոր հանգրուանը, որմէ պատուով դուրս եկաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Այդ հանգրուանին ամէնէն խօսուն նուաճումը հանդիսացաւ արտերկրի տարածքին ստեղծուած դաշնակցական ակումբներու ցանցը, որուն նուիրուած է Շաւարշ Նարդունիի հետագայ վկայութիւնը: «Ուր որ նստած է հայը` իր փեթակէն  դուրս պարս կազմած, այնտեղ անպայման կը գտնուի ՀՅ Դաշնակցութեան տուն մը, կամ ակումբ մը, կամ մատենադարան-ընթերցարան մը, կամ դաշնակցականի մը բնակարանը, որ հիւրանոց է, ժողովատեղի է, ակումբ է, հանդիսասրահ է, եթէ նոյնիսկ հիմնուած չէ դեռ եկեղեցի մը կամ դպրոց մը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը միայն տուն մը չէ ինձ համար, այլեւ` հայրենիք մը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինքն իր մէջ Հայաստան մըն է, հարազատ եւ անբռնաբարելի»: Նարդունիի վկայութիւնը կ՛ամբողջացնէ եւ աւելիով կը խորացնէ Ն. Սարաֆեան.- «… Ոչ միայն ես, այլեւ շատեր ՀՅ Դաշնակցութեան կը պարտին իրենց ազգային գիտակցութիւնը: Զայն ուրացողներն իսկ, եթէ ազնուութիւնն ու կարողութիւնը ունենան իջնելու մինչեւ իրենց մանկութիւնը, պիտի ըմբռնեն Դաշնակցութեան դերը իրենց կազմաւորման վրայ եւ պիտի ունենան երախտագիտական զգացում մը: Վարժարաններն եւ եկեղեցիէն առաջ` հայ հոգին ճանչցայ Դաշնակցութեան ընթերցարաններուն մէջ, ուր կ՛երթայի, երբ տղայ էին տակաւին»:

92.- 20 փետրուար 1956-ին Զարեհ Ա.-ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեամբ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը յաջողութեամբ պսակեց հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմական այս աթոռին սրբութիւններն ու իրաւունքները պոլշեւիկեան ոտնձգութեանց դէմ պաշտպանելու արտերկրի մղած պայքարը: Մնալով հանդերձ հայաստանեայց եկեղեցւոյ միասնութեան ջերմ ջատագով` ՀՅԴ միշտ եղաւ արթուն պահակը ազգային մեր կառոյցներու ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական հիմերու պաշտպանութեան:

1958-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ձեռնտու առիթ մը նկատուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի սադրիչներուն համար, որպէսզի եղբայրասպան բախումներու մէջ մխրճեն ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Անմեղ հայերու արիւն հեղեցաւ, Դաշնակցութիւնը հարուածներուն հարուածով պատասխանեց, բայց գիտցաւ եւ կարողացաւ պատմական այդ դառն փորձութենէն դուրս գալ գաղափարական այն ամուր դիրքաւորումով, թէ հարկ է միշտ կազմակերպականօրէն ըլլալ ուժեղ, որպէսզի նման սադրանքներ իրենց սաղմին մէջ խեղդուին եւ ոչ մէկ պարագայի դաշնակցականի հարուածը ուղղուի անմեղ հայերու դէմ:

Նախորդը

«Ժողովրդավարութիւն» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Զ.

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?