Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (3)

Նոյեմբեր 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Մայթեր, ինքնաշարժներ եւ կանգառ
Մայթեր, ինքնաշարժներ եւ կանգառ

«Պազարներում հազար տեսակ,
կանաչավառ բանջարն իր,

Կարճ գաւազան թեւի տակին,
երկար եղունգ տղաքը իր»

ԹՈՒՐԻԿ

Առանձինս` քալելով կը պտտիմ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ բարեկամ վաճառատուներ  գտնելու յոյսով: Նախ` կը հանդիպիմ երկար տարիներու բարեկամիս` Գոգօ Գրաճեանին դեղարանը: Տասնամեակներ իրարու չենք հանդիպած:

Գոգոն, ինծի նման, պատանեկութեան տարիներուն երաժիշտ եղած էր եւ մեր բարեկամութիւնը կ’երկարի մինչեւ այդ տարիները: Կը յիշենք մեր շրջանի «ոսկեդար»-էն անուններ, պատահած դէպքեր, սակայն մեր հաճելի խօսակցութիւնը յաճախ կ’ընդհատուի, երբ յաճախորդ մը մուտք կը գործէ դեղարանէն ներս:

Միջին տարիքի մարդ մը եկած է շամփու գնելու: Գոգօ` համբերութեամբ բացատրութիւններ կու տայ տարբեր տեսակի շամփուներու մասին:

«Այս մէկը իւղոտ մազի համար է, ասիկա` թեփի համար, իսկ այս մէկը… հաւկիթի շամփու է»… եւ  տակաւին խօսքը չաւարտած`

«Ես, մազի շամփու կ’ուզեմ…»:

Պուրճ Համուտի մէջ տակաւին շատ է միամիտ մարդոց թիւը:

Զովացուցիչով եւ լիբանանեան պտուղով հիւրասիրուելէ ետք հրաժեշտ կ’առնեմ Գոգոյէն ու կը շարունակեմ քալելով պտոյտս Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, որ այնքա՜ն փոխուած է:

Ժամանակին, գրեթէ ամէն օր այցելած հաստատութիւններէս եւ ոչ մէկուն կը հանդիպիմ:

Ո՞ւր են Անդրանիկ Մարտիրոսեանի եւ Ատիս Հարմանտեանի տիսքոթեքները: Արա Քէքէճեանի «Միւզիք սենթըր»ը, Դանիէլ Մածունեանի «Ֆոլիտիսք»-ը, «Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի մուտքի դրան աջին` Խաժակ Քէքէճեանի «Բագին»-ը, Ճօ Թաշճեանի նեղ ու խճողուած կրպակը, ուր հազիւ կրնայիր շարժիլ: Չկան: Իմ ժամանակներէս միայն «Տիսքոթեք Ճեքա»ն տակաւին հոն է, Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի փողոցին վրայ, սակայն սեփականատէրը` Գէորգ, գործը ամբողջութեամբ յանձնած է իր զաւկին` Ժաքոյին, որ մեր ժամանակներուն տակաւին երեխայ էր, ներկայիս` երիտասարդ վաճառական. ընկերային, ժպտուն ու ծառայասէր:

Կ’անդրադառնամ նաեւ, թէ Պուրճ Համուտի մէջ ոչ մէկ շարժապատկերի սրահ մնացած է:

Ո՞ւր են «Գերմանիկ»-ը, «Սեւան»-ը, «Արաքս»-ը, «Սանթրալ»-ը, «Մատոնա»-ն, «Ֆլորիտա»-ն ու «Արիզոնա»-ն:

«Գերմանիկ»-ը հսկայ շուկայի վերածուած է, իսկ իր կողքի թաղը, որ ժամանակին կը վխտար բախտախաղերու կեդրոններով, այժմ փոխարինուած է  հայկական ճաշարաններով, մեծամասնութեամբ` հալէպահայեր:

Կ’այցելեմ «Տիսքոթէք Ճեքա»: Հոն կը հանդիպիմ քանի մը բարեկամներու, որոնց շարքին` Պետիկ Չիֆթէլեանին, որուն հետ կ’այցելենք երաժիշտ բարեկամիս` Սեդօ Պաղտասարեանի սթիւտիոն, ուր տարբեր երգիչներու երաժշտական արձանագրութիւններ կը կատարէ:

Անակնկալ, միեւնոյն ժամանակ` հաճելի հանդիպում մը:

Պետիկն ու ես կը քալենք Պուրճ Համուտի նեղ ու խճողուած փողոցներէն: Ճամբու երկու կողմի մայթերուն վրայ, որոնք ըստ օրէնքի, հետիոտն մարդոց վերապահուած պէտք է ըլլան, ինքնաշարժներ շարուած են: Ստիպուած` կը քալենք ճամբու մէջտեղէն, երբ յանկարծ հեծիկ մը կը զարնուի ինծի: Նախքան գանգատիլս` կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան.

«Ի՞նչ ընեմ, ճամբուն մէջտեղէն կը քալէիր»…

Կ’արժէ՞ վիճաբանիլ:

Փողոցներու անունի չես հանդիպիր: Թաղերուն անծանօթ անձի մը համար բացատրական ուղղութիւններու վստահելով տեղ հասնիլը գրեթէ անկարելի է: Քանի մը անգամ պէտք է կանգ առնէ ու տարբեր անձերու դարձեալ հարցնէ երթալիք վայրին ուղղութիւնը:

«Փողոցին անկիւնը գտնուող նպարավաճառէն աջ, ապա` 50 մեթրէն ձախ ու կը հասնիս: Եթէ մսավաճառի մը հանդիպիս, գիտցիր, որ շատ գացեր ես»: Ամենապարզ բացատրելու ձեւը: Ո՛չ քարտէս, ոչ ալ GPS:

Sartarabad-Club_112815

Աւելի քան երեք տասնամեակ Պուրճ Համուտէն բացակայութենէս ետք շատ բան փոխուած կը գտնեմ ու կը շուարիմ, թէ ո՛ր փողոցէն պիտի անցնէի հասնելու «Սարդարապատ» ակումբ: Կը հարցնեմ երիտասարդ հայու մը: Կը զգայ, թէ «օտար» եմ եւ անծանօթ Պուրճ Համուտի փողոցներուն: Հայ է, մանաւանդ պուրճհամուտցի հայ. միշտ պատրաստ` օգնելու:

«Ընկեր, բանի մը պէտք ունի՞ս, ես ակումբէն եմ, կրնամ օգնել քեզի»:

Կը բացատրեմ, թէ պարզապէս ակումբ կ’ուզեմ այցելել եւ ուղղութիւնս կորսնցուցած եմ: Փոխանակ ուղղութիւն տալու` կ’ընկերակցի ինծի: Քանի մը փողոց անցած` ամէն ինչ յստակ է: «Մի՛ յոգնիր, ընկե՛ր, այժմ գիտեմ ուր գտնուիլս. մինակս կրնամ շարունակել», սակայն հայ երիտասարդը կ’ուզէ վստահ ըլլալ, եւ զիս ակումբ հասցնելէն ետքն է, որ կը մեկնի իր գործին:

Այդպէս էր պուրճհամուտցի հայը: Այսպէս է նաեւ այսօր: Միշտ պատրաստ` օգնելու եւ ծառայելու:

Լիբանանցի տեղացի արաբը նուազ ծառայասէր չէ:

Բժիշկի սպասման սրահին մէջ քանի մը բառ փոխանակած ենք ուրիշ հիւանդի մը հետ եւ մեր կտրտուած արաբերէնէն  կը հետեւցնէ, թէ «օտար» ենք: Կը բացատրենք, թէ լիբանանցի հայեր ենք, սակայն տասնամեակներ առաջ գաղթած ենք Միացեալ Նահանգներ եւ երկար տարիներ չգործածելով արաբերէն լեզուն` այսօր դժուարութեամբ կը խօսինք:  Այցի եկած ենք մեր ծննդավայրը, ուր արկածի մը հանդիպած է կինս եւ այդ պատճառով կը գտնուինք այս դարմանատան մէջ:

Ժամ մը ետք, փողոցը, թաքսի սպասած ժամանակ, մեր քովէն կ’անցնի այդ կինը իր ինքնաշարժով եւ կ’առաջարկէ մեզ հասցնել մեր երթալիք վայրը: Շնորհակալութիւն յայտնելով, նաեւ գնահատելով իր առաջարկը` կը մերժենք, սակայն լիբանանեան նշանաւոր «ուալաու»-ով մեզ կը համոզէ նստելու իր ինքնաշարժը: Իրեն համար մեծ ամօթ է ձգել, որ թաքսիով երթանք ու կը հարցնէ մեր երթալիք վայրը: Մենք` Պուրճ Համուտ, ինք` Ժունի: Բոլորովին հակառակ ուղղութիւններ: Մէկը արեւելք, իսկ միւսը արեւմուտք, այդ ալ` ճամբաներու ամենախճողուած ժամուն:

Իրարու անծանօթներ ենք. քանի մը բառ միայն փոխանակած ենք իրարու հետ, եւ կ’առաջարկէ ու կը գործադրէ իր ծառայութիւնը:

Լիբանան, ուր մարդկութիւնը ներկայ է միշտ:

Լիբանանցին  ծառայասէր է եւ` օգնելու պատրաստակամ:

Բաղդատական մը:

Լոս Անճելըս բնակող օտար անձէ մը երբ փոքրիկ «ծառայութիւն» մը խնդրես, հարցումդ անպատասխան ձգելով` կը շարունակէ ճամբան: Բախտաւոր ես, եթէ կարճ ու կտրուկ պատասխանի մը արժանանաս: «I Don’t Know», իսկ առաջարկէ, որ քեզ տե՞ղ հասցնէ: Նման բան մտածելն իսկ երազային է:

* * *

Պուրճ Համուտի հայկական գերեզմանատան վայրը գտնելու քանի մը անյաջող փորձերէ ետք կը դիմեմ ծանօթի մը օգնութեան, որ մեզի կ’ընկերակցի ու կ’առաջնորդէ: Կը հասնինք այն վայրը, ուր իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած են եղբայրս ու հայրս, որոնց շիրիմը չեմ այցելած աւելի քան երեք տասնամեակներ: Երկար փնտռտուքէ ետք, վերջապէս կը յաջողիմ շիրմաքարի մը վրայ կարդալ եղբօրս ու հօրս անունները` իրենց ծննդեան ու մահուան թուականներով:

Արցունքոտ աչքերով, խունկ ծխելէ, մոմ վառելէ ու «Հայր Մեր»-է ետք, կինս ու ես դարձեալ դժուարութեամբ կը գտնենք կնոջս գերդաստանի դամբարանը, ուր նոյնպէս խունկ, մոմ ու «Հայր Մեր»-է ետք, կ’այցելենք Լիզպոնի 5 նահատակներուն դամբարանը ու ապա`  ՀՅ Դաշնակցութեան պանթէոնը, ուր վերջին հանգչողը եղաւ դասընկերս` Բենօ Թոնթեան: Շիրմաքարին վրայ կը կարդամ ծանօթ անուններ: Մելքոն Էպլիղաթեան, Շաւարշ Թորիկեան, Մուշեղ Իշխան, Սիմոն Վրացեան ու Կոմս:

Խունկ, մոմ ու «Հայր Մեր»:

Պուրճ Համուտի հայկական գերեզմանատուն:

Կը հանդիպիմ շատ մը ծանօթ անուններու: Բոլորը հայեր են անշուշտ, եւ ինքնաբերաբար բաղդատական մը կ’ընեմ Միացեալ Նահանգներու գերեզմանատուներուն հետ: Ի բացառեալ Ֆրեզնոյէն, ուր հայկական գաղութը ունի երկու զուտ հայկական գերեզմանատուներ` «Արարատ» եւ «Մասին», Լոս Անճելըս`  սփիւռքի հայկական ամենամեծ գաղութը, չունինք հայկական գերեզմանատուն մը, ուր կողք կողքի յաւիտենական հանգչողները միայն հայեր ըլլան: Մեր հարազատ ննջեցեալները շրջապատուած են տարբեր ազգի ու կրօնի պատկանող «դրացի»-ներով եւ այդ մէկը մեծ ցաւ կը պատճառէ ինծի նման շատերուն:

* * *

Դարձեալ Պուրճ Համուտ ենք կինս ու ես:

Ժամադրուած ենք Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին հետ:

Իրարու  ծանօթացանք հարսնիքի օրը ընդունելութեան ժամանակ եւ նոյն օրը միասնաբար որոշեցինք հանդիպիլ աւելի հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ:

Իր գրասենեակն ենք, եւ «Ազդակ»-ի սուրճէն ետք կ’արժանանանք նաեւ Սոֆիա Յակոբեանի սուրճին:

Կարճ ժամանակ ետք պաշտօնականութիւնը վերածուած է մտերիմ խօսակցութեան: Կինս շրջանաւարտ է այս քոլեճէն: Վիգէն Աւագեան դիւրութեամբ կը գտնէ կնոջս վերջին քանի մը տարիներուն վիճակացոյցները ու մէկական օրինակ նկարելէ ետք (Photo Copy) կը յանձնէ իրեն:

Հպարտանքով կը նշմարեմ, թէ փայլուն աշակերտուհի մը եղած է, մանաւանդ` գիտական նիւթերուն մէջ: Որպէս նուէր` կը ստանանք նաեւ Սոֆիա Յակոբեանի յիսնամեակին առիթով հրատարակուած յուշամատեանը:

Խիստ թանկարժէք նուէր մը:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեանէն կը բաժնուինք իրարու ե-նամակի հասցէներ փոխանակելով, եւ մինչեւ օրս մեր միջեւ նամակագրութիւնը կը շարունակուի:

Անզգալաբար քայլերս կ’ուղղեմ «Շաղզոյեան» կեդրոն: Ժամադրութեան կարիքը չեմ զգար: Ինքզինքս հարազատ կը զգամ եւ «տան տիրոջ» նման մուտք կը գործեմ:

«Բագին»-ի խմբագրատան մէջ եմ: Խմբագիր Յակոբ Պալեան զիս կը ծանօթացնէ իր կողքին նստած անձի մը:

«Սարգիս Կիրակոսեան, ծանօ՞թ էք իրարու»:

Անունով եւ իր ստեղծագործութիւններով. իր հիանալի քերթուածներուն անշուշտ թէ ծանօթ եմ, սակայն առաջին անգամն է, որ պատիւը կ’ունենամ անձամբ ծանօթանալու: Աւա՜ղ: Առաջին եւ վերջինը եղաւ այդ մէկը: Մեր հանդիպումէն քանի մը օր ետք ցաւով իմացայ իր մահուան գոյժը:

«Բագին»-ի դիմացը, նոյն յարկին վրայ կը գտնուի «Վանայ ձայն»-ը: Կը մտնենք ներս, սակայն օրը բաւական յառաջացած է, եւ պաշտօնեաները արդէն մեկնած են իրենց տուները: Հոն է Հուրի  Փափազեան-Էմմիեանը, որ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ հեռաձայնով հարցազրոյց մը ունեցած էր հետս, «Յիշատակներ… անցած օրեր» հատորիս հրատարակութեան առիթով: Ընկերուհին, մեզ կը ծանօթացնէ «Վանայ ձայն»-ի սթիւտիոներուն եւ անձնակազմէն քանի մը հոգիին, որոնք տակաւին ներկայ են:

Կարծես հովուապետական այցելութիւն մը ըլլար: Քայլերս ինքնաբերաբար կ’ուղղեմ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն, ուր «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին դասաւանդողներէն է քենեկալս` Մելքոն Տեմիրճեանը:

«Շրջապտոյտ» մը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ: Նոյն յարկին տակ կը գործեն, «Գայեանէ» պարի դպրոցը, «Քնար» պարախումբը, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը, «Կարկաչ» երգչախումբը, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան եւ «Արեգ» թատերական դպրոցը: Նոյն յարկին տակ կը գտնուի նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը:

Մեծ թիւով, նիւթապէս տկար ընտանիքներու զաւակներ, որոնք կարողութիւն չունին իրենց տան մէջ անձնական դաշնակ ունենալու, կը յաճախեն «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոց եւ կը ստանան երաժշտական ուսում բարձրորակ դասատուներու կողմէ, մեծամասնութեամբ` մայր հայրենիքէն:

«Շաղզոյեան» եւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոններ:

Հայապահպանման եւ հայ արուեստի երկու հիանալի հաստատութիւններ, որոնց նմանը կարելի չէ գտնել սփիւռքի մէջ որեւէ տեղ:

Լոս Անճելըս 2015

(Շար. 3)

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Բաժակի Մրցաշարք. Սահակեան Եւ Շալհուպ` Տիտղոսակիր

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թուղթ Ու Մատիտ Մհերին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?