Անդրադարձ

Ակնարկ.  9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

Ակնարկ. 9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

9 դեկտեմբերը այսուհետեւ կը նշուի իբրեւ հայկական նախաձեռնութեամբ միջազգային ընտանիքին կողմէ որդեգրուած ՄԱԿ-ի օրացոյցին ներառուած յատուկ օր: Այս տարուան 11 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն նախագիծը ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, 9 դեկտեմբերը կը հռչակէր Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր: Նման բանաձեւի ամրագրման մէջ հայկական առնչութիւններու ընդգծման փորձը հետեւեալ մեկնաբանութիւններուն առիթ կու տայ: Նախ...

Կնոջ Բռնաբարումին Դէմ Տասնվեցօրեայ Արշաւ

Կնոջ Բռնաբարումին Դէմ Տասնվեցօրեայ Արշաւ

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատու 1991-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգի «Ռոթճըրզ» համալսարանի «Սենթըր օֆ ուիմենզ կլոպըլ լիտըրշիփ»-ի կեդրոնը ծրագրեց տասնվեցօրեայ արշաւ մը` կնոջ բռնաբարումին դէմ: Այս արշաւին գլխաւոր նպատակն է լուսարձակի տակ առնել ամբողջ աշխարհի տարածքին կիներու դէմ գործուած բռնաբարութիւններն ու խոշտանգումի դէպքերը, որոնք պահ մը կ՛արթնցնեն մարդկային խիղճը` լուսարձակի տակ առնելով այդ դէպքերուն հետեւանքներն ու կնոջ...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Նիւթեր Արաբերէնով` «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքին Վրայ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Նիւթեր Արաբերէնով` «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքին Վրայ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առթիւ «Ազդակ» արաբերէնի կայքը  նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ թարգմանաբար սկսաւ ներկայացնել կուսակցութեան վերաբերող տարբեր նիւթեր: Այսպիսով առաջին անգամն ըլլալով արաբերէն լեզուով հետեւեալ նիւթերը հասանելի կը դառնան արաբ ընթերցողին: Դաշնակցութեան հիմնադրութեան հոլովոյթը, պատմական ակնարկ, կազմութիւնն ու նպատակը, զինանշանին խորհուրդը, Ընդհանուր ժողովներէն բխած կարեւոր հատուածներ` օրինակ 1907-ին քաղաքական պահանջները, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հիմունքները ըստ Դաշնակցութեան, 1982-ին ճշդուած քաղաքական...

Արամ Հայկազ, Մոռցուած Էջեր, Հատոր Զ. (1973-1975)  Երեւան, «Տիգրան Մեծ», 2015

Արամ Հայկազ, Մոռցուած Էջեր, Հատոր Զ. (1973-1975) Երեւան, «Տիգրան Մեծ», 2015

Կազմող Եւ Ծանօթագրող` Բանասիրական Գիտ. Դոկտոր Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեան Ներկայացնող` Թորոս Թորանեան Հատորը նուիրուած է մատենաշարի խմբագիրին`  Գէորգ Եազըճեանի մօր` Արփինէ Հայրապետեանի յիշատակին: Այս մէկը` արժանի յիշատակում: Յարգարժան ընթերցողնե՛ր, Հիմա պիտի ըսէք` այս ի՜նչ հեղեղային գործ, որ Արամ Հայկազ սփիւռքահայ գրողէն կը հրատարակուի 6 հատոր գիրք եւ այդ ալ` մինչեւ 1973-1975: Այդ կը նշանակէ, թէ տակաւին յաջորդելիք հատորներ կան, քանի...

Բարի Լոյս 17.  Վարձքը Կատար Բոլորին

Բարի Լոյս 17. Վարձքը Կատար Բոլորին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Անցնող շաբաթը յիշատակելի պիտի մնայ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ: Լիբանանահայութիւնը, իր բոլոր շերտերով, անգամ մը եւս փաստեց, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ առկայ մտահոգութիւններուն, ինք կը մնայ պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ եւ նախանձախնդիր է կեդրոնական այս գաղութի երթի ու առաքելութեան անխափան շարունակութեան: Չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին, ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին` ի նպաստ Հայ...

Նշմար.  Կարեւոր Ձեռքբերում  Եւ Նոր Հանգրուան

Նշմար. Կարեւոր Ձեռքբերում Եւ Նոր Հանգրուան

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 6 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէ, որուն ընթացքին քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը «Այո՛» ըսաւ առաջարկուած բարեփոխումներուն: Արձանագրուեցաւ կարեւոր ձեռքբերում մը, սակայն աշխատանքը տակաւին չէ հասած իր աւարտին: Այժմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մուտք գործած է քաղաքական նոր հանգրուան, որուն ընթացքին պէտք է ամբողջացնել առնուած այս կարեւոր քայլը: Այժմ հերթը ընտրական ներկայ վատ համակարգի բարեփոխումինն է: Նոր գինին...

Բանաստեղծութեան Եւ Բանաստեղծի  Երեկոներ` «Լոսում»

Բանաստեղծութեան Եւ Բանաստեղծի Երեկոներ` «Լոսում»

ՄԱԿԱՐ Արմենակի գիրի ել-նամակով ստացման օրը Կեդրոնականցի Արմենակ եւ Էլպիս հայոց մեծագոյն քաղաքը գացին կրկին: Ինչո՞ւ Նիւ Եորքը հրէական մեծագոյն քաղաքը ըլլայ, եւ Լոսը չըլլայ հայկականը, եւ հոն չապրինք ինչպէս Փարաքար կամ Պռօշեան: Արմենակ Վեկաս կամ Լաֆլին չ’երթար, ձեռնարկներու կ’երթայ: Նստակեացներս անմասն չի ձգեր լսածէն եւ տեսածէն: Մակարուհիին հետ երկարակեցութիւն` կանաչ թէյ կը վայելէինք: Ձմեռնամուտի երեկոյ էր: Աղմուկէն անջատուած, Փասքալի...

ՀՅԴ-ի 125-Ամեակին Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ-ի 125-Ամեակին Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

  125-ամեակն է Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան: Փնտռեցէ՛ք ՀՅ Դաշնակցութեան նմանող 125-ամեայ կուսակցութիւն մը աշխարհի տարածքին: Փնտռեցէ՛ք ՀՅ դաշնակցութեան նմանող կուսակցութիւն մը, որ ներկայութիւն է աշխարհի տարածքին 34 երկիրներու ու հարիւրաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Փնտռեցէ՛ք նման կուսակցութիւն մը, որ հայրենահան եղած է, բայց` հայրենիքով ապրած, պետականօրէն իր գործունէութիւնը արգիլուած է, բայց այդ արգելքները քանդելով` ապրած է: Ցո՛յց տուէք կուսակցութիւն մը...

Արցախեան Տօնավաճառ Պէյրութում. Դեկտեմբեր 11-13

Արցախեան Տօնավաճառ Պէյրութում. Դեկտեմբեր 11-13

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Դեկտեմբերի 11-13 Լիբանանի մայրաքաղաքում կազմակերպուելու է արցախեան տօնավաճառ, որի ընթացքում կը ցուցադրուեն եւ վաճառքի կը հանուեն Լեռնային Ղարաբաղում, ինչպէս նաեւ Հայաստանում արտադրուած տարբեր ապրանքատեսակներ` յուշանուէրներ, մեղր, քաղցրաւենիք, գեղանկարներ ու արուեստի այլ գործեր: Եռօրեայ ցուցահանդէս-տօնավաճառը տեղի է ունենալու «Ազդակ» օրաթերթին կից «Փիւնիկ» սրահում: Այն կազմակերպել է Լիբանանի ԱՐՑԱԽ ֆոնտը, որը 2008-ից ի վեր ամէն տարի մէկական կթու կով է...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Պքերքէ. Խաչքար, Յիշողութիւն Եւ Երախտիք

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ   Քոյր խմբավար Մարանա Սաատին շրջուեց դէպի լսարանը, խոնարհուեց ծափերի տարափի տակ, ապա մօտենալով առաջին շարքում նստած հոգեւոր առաջնորդներին` Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կրկին խոնարհուեց ու սեղմեց նրանց աջը: Կիսով չափ ժայռափոր եկեղեցու պատերը արձագանգում էին ծափահարութիւններն ու տարբեր տեղերից լսուող «Պրաւոները». հաւաքուածները ոտքի էին կանգնել եւ իրենց հիացմունքն էին ...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Կրակելով Ռուսական Ռազմական Օդանաւին Վրայ` Էրտողանը Կրակ Ինկաւ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Տարբեր երկիրներու ղեկավարները տարիներ շարունակ կը շողոքորթէին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին դիմաց` փորձելով զայն իրենց կողմը գրաւել: Անոնք այնքան փառաբանեցին Թուրքիոյ նախագահը, որ շռայլ գովեստները խելքահան ըրին զայն: Իբրեւ նոր Օսմանեան կայսրութեան ինքնակոչ մեծ սուլթան` Էրտողանը սկսաւ միջամտել դրացի երկիրներու ներքին գործերուն եւ բանտարկել իր երկրի քաղաքացիները, որոնք կը  համարձակէին յայտարարել, որ սուլթանը...

Ցեղասպանութեան Զոհերու Սրբադասումը. Ի՞նչ Է Անոնց Սրբադասման Իմաստը

Ցեղասպանութեան Զոհերու Սրբադասումը. Ի՞նչ Է Անոնց Սրբադասման Իմաստը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 75-ամեակին առիթով 1989 ապրիլ 29-ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. կ’առաջարկէին «շարունակել Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման նախապատրաստական աշխատանքները»: Արդարեւ, նահատակներու կրօնական ոգեկոչման գաղափարը սկիզբ կ՛առնէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) տարիներուն, երբ կառավարութիւնը արդէն պաշտօնապէս դիմած էր Գէորգ Ե. կաթողիկոսին, որպէսզի մարտիրոսները ընդգրկուին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Յստակ Հարցումներ Ուղղել Եւ Յստակ Պատասխաններ Ակնկալել` Թերեւս Վերջին Պատերազմի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ֆրանսայի մէջ արտակարգ վիճակ յայտարարուած է. խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ: Զէնքեր գրաւուած են: Յայտարարուեցաւ, որ ահաբեկչական խումբերու մասնակցութեան հարցով կասկածելիներու ցանկեր կային: Հսկողութեան տակ էին շատեր: Խորապէս յուզիչ էր ֆրանսացի երիտասարդուհիի մը մօր վկայութիւնը իր միակ աղջկան մասին, որ քարոզչութեան պատճառով կրօնափոխ եղած էր, ընդունած էր ծայրայեղ խստակրօնութիւնը, տարազը եւ սովորութիւնները, զաւակ մը ունեցած էր եւ այժմ Սուրիա կ’ապրէր: Ուրիշ...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Վասպուրականէն Մինչեւ Սալնոյ Ձոր

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Հայրենակցական միութիւններու շարքը իր աւարտին պիտի բերենք` յիշատակելով երկու անուններ եւս. Վասպուրական եւ Սալնոյ Ձոր: Մէկը` ժողովրդային լայն խաւերու համար յայտնի տեղանուն մը, միւսը` ընդհակառակն, գրեթէ անծանօթ վայր մը: Արդարեւ, ո՞վ լսած է Սալնոյ Ձոր անունը: Սալնոյ Ձոր կամ Սալնոձոր (մէկ բառով) իր անունը կ՛առնէ Սասունի մերձակայ Սալանայ լեռներէն: Եթէ դիմենք պատմական հին քարտէսներու, պիտի հասկնանք, որ Սալնոձորը...

Հայը… Մենք Ենք

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (4). Յիշատակներ… Յիշատակներ (Վերադարձ Դէպի Անցեալ)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Սիրում եմ ես, առանց բառի, եա լէյլ երգող հանճարն իր, Սոխ «պատլիճան» էշուն բեռցած, դռնէ ի դուռ ծախողը իր» ԹՈՒՐԻԿ   Շատ բան կը պարտիմ Լիբանան գտնուող դասընկերոջս` Յակոբ Եափուճեանին: Շաբաթ օր մը լման օրը տրամադրեց ինծի, եւ միասին այցելեցինք վայրեր, որոնք առանձինս անկարելի պիտի ըլլար իրագործել: Նախքան մեր շրջապտոյտը դէպի արեւմտեան Պէյրութ` կ’ուղղուինք դէպի  «Շաղզոյեան» կեդրոն: Առաջին...

«Գլուխը Ողջ Ըլլայ» Իսթանպուլահայ Գրականութեան

«Գլուխը Ողջ Ըլլայ» Իսթանպուլահայ Գրականութեան

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ «Մարմարա»-ի խմբագրատունէն ուղարկուած տեղեկատուական թղթածրար մը կը գուժէր մահը հոգածու եղբօր մը, սիրելագոյն անձի մը, ազնուական հոգիի մը, իսկական պոլսեցիի մը, ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն, սփիւռքահայ ամէնէն վաւերական բանաստեղծներէն եւ պոլսահայութեան ազգային ջիղն ու գիտակցութիւնը լաւագոյնս դրսեւորող, մեսրոպաշունչ խրամատի առաջամարտիկ` Արթօ Ճիւմպիւշեանը. գրական անունով` Զարեհ Խրախունին: Պատկառելի բանաստեղծի, արձակագիրի, յուշագիրի, թատերագիրի, թարգմանիչի, լեզուական պատշաճեցումի վաստակներուն առընթեր, Խրախունին...

Նամականի

Անդրադարձ. «Ազատամարտ» Ակումբը` 50 Տարիներ Առաջ, Նաեւ` Իբրեւ Մշակոյթի Կեդրոն Եւ Էսդրատային Երաժշտութեան Օրրան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազատամարտ» ակումբը կառուցուած է 1952-1953 (1, 2), Պէյրութի հայահոծ Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ, բառին իսկական իմաստով ժողովրդային տուն էր շրջանի հայութեան համար: Յատկապէս այդ օրերուն միակ սեփական ակումբն էր, որ նաեւ օժտուած էր շուրջ 200 հոգինոց պատշգամաւոր սրահով, բեմով եւ զանազան ձեռնարկներու յարմարութիւններով: ՀՅԴ Պալաքեան կոմիտէութեան յարկին տակ կը գործէր նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ) իր «Միհրան Տէր Մելքոնեան»...

Մարոյին

Մարոյին

Սպասեցինք... Գիտէինք գալիքը, հրաշքի մը յոյսն ու ակնկալութիւնը ունէինք. բայց աւա՜ղ, որքա՜ն արագ ընթացաւ կեանքիդ անիւին թաւալումը... Անողոք քաղցկեղը գործեց իր ոճիրը ու տապալեց քե՛զ. եւ ահաւասիկ վերջալոյսը... Վերջաբանը` ցաւերուն, տանջանքներուն եւ հոգեմաշման: Արդեօք լա՞ւ է այսպէս, հաւատացեալներ ըլլալնուս պիտի ընդունինք, որ բարձրերէն` զերթ մի հրեշտակ կը դիտես մեզ ու կը հսկես մեր վրայ, սակայն մեզի բոլորիս համար որքա՜ն դժուար...

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին` 125-Ամեայ Դրուագով

Խմբագրական. Կազմակերպուածութեան Որակն Ու Ժողովրդային Ընդառաջումի Փաստերը (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով չորեքշաբթի օր կազմակերպուած նուիրահաւաքը թէ՛ ներկաներու մասնակցութեան եւ թէ՛ գումարային առումներով աննախընթաց էր: Այս մէկը անշուշտ ցուցանիշ է 125-ամեայ կազմակերպութեան հանդէպ ժողովուրդին, յարանուանութիւններուն եւ անխտիր  բոլոր շրջանակներուն տածած յարգանքին ու վստահութեան: Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու մասնակցութեան այս երեւոյթը եւս կը վկայէ, որ մեր կուսակցութեան Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ վայելած վարկին ու հեղինակութեան: Նման պայմաններու...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Դաշնակցականը իւրայատուկ հոգեբանութիւն եւ խառնուածք ունի. իտէալ եւ հաւատք ունի: Կը ներշնչուի մեր պատմութենէն, մեր ժողովուրդի հրաշազան առաքինութիւններէն: Կը հաղորդուի մեր հայրենի երկրի սրբութիւններէն, մեր լեռներէն ու ձորերէն: Դաշնակցականը պաշտելու աստիճան կը սիրէ իր հայրենիքը: Դաշնակցականին խօսքը պայծառ է եւ անկեղծ, այդ պատճառաւ ալ իր խօսքը ուժեղ է եւ ազդու: Իր գաղափարներն ու տեսակէտները կը ներկայացնէ յստակ եւ ձեւակերպուած. այդ...

Page 734 of 806 1 … 733 734 735 … 806

Արխիւներ