Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վասպուրականէն Մինչեւ Սալնոյ Ձոր

December 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

1551553_1478686952374573_304726276680696348_n10458116_1478687065707895_1726662746854747954_nՀայրենակցական միութիւններու շարքը իր աւարտին պիտի բերենք` յիշատակելով երկու անուններ եւս. Վասպուրական եւ Սալնոյ Ձոր: Մէկը` ժողովրդային լայն խաւերու համար յայտնի տեղանուն մը, միւսը` ընդհակառակն, գրեթէ անծանօթ վայր մը:

Արդարեւ, ո՞վ լսած է Սալնոյ Ձոր անունը:

Սալնոյ Ձոր կամ Սալնոձոր (մէկ բառով) իր անունը կ՛առնէ Սասունի մերձակայ Սալանայ լեռներէն: Եթէ դիմենք պատմական հին քարտէսներու, պիտի հասկնանք, որ Սալնոձորը Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգի գաւառներէն մէկն էր, որ կը տարածուէր Սասունի արեւելքը: Աւելի ուշ, օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, այս գաւառը կցուած է Պիթլիսի վիլայէթին ու այդպէս ալ մնացեր է մինչեւ վերջ:

Եթէ կարդացեր էք Ռուբէնի (Տէր Մինասեան)  նշանաւոր «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» բազմահատոր երկը, պիտի մտաբերէք, թէ այնտեղ բազմիցս խօսուած է ՀՅԴ Սալնոյ Ձորի Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան մասին: Ու այդ գործունէութեան առանցքը Աղբիւր Սերոբն էր` Բաղէշէն մինչեւ Ախլաթ…

Հետեւաբար սխալ չէ ենթադրել, որ Սալնոձորի հայրենակցական միութիւնը իր երդիքին տակ համախմբած ըլլայ պիթլիսցիները կամ Պիթլիսի մօտակայ շրջաններու հայերը: Մեզի ծանօթ է միայն այս միութեան Մարսէյի մասնաճիւղը, որ հիմնուեր է 1928-ին ու ջանադիր եղած է հրատարակելու իր ծրագիր-կանոնագիրը (տեսնել` կցուած լուսանկարը): Քանի՞ տարի կրցեր է գոյատեւել` կ՛անգիտանանք: Թերեւս անոնք, հետագային, միացան Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան:

Իսկ Վասպուրակա՞նը…:

Օ՜, ամէն մարդ գիտէ, որ Վասպուրականը Վանի ու Վանայ լճի շրջանին տրուած անունն է, մէկը` Մեծ Հայքի կեդրոնական ու ընդարձակ նահանգներէն: Հո՛ս  հիմնուած է Արծրունեաց թագաւորութիւնը, որ գոյատեւեց աւելի քան դար մը, Ժ.-ԺԱ. դարերուն: Ափսո՜ս, որ վասպուրականցիք իրենց պապենական հողերը ՁՐԻԱԲԱՐ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ բիւզանդացիներուն, ու հաւաքաբար գաղթեցին դէպի Սեբաստիոյ կողմերը ու հոն հաստատուեցան 1021-ին… Մեր պատմութեան ամէնէն անմարսելի ու տխուր դրուագներէն մէկն է ատիկա:

Վասպուրական ունէր նաեւ իր առանձին կաթողիկոսութիւնը, որ կը գտնուէր Աղթամարի մէջ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շուքին ներքեւ: Այս կաթողիկոսութիւնը իրողապէս գոյատեւեց մինչեւ 1895, Խաչատուր Բ. Շիրոյեան կաթողիկոսին վախճանումը:

Ի հարկէ, էջե՜ր ու էջեր պէտք է լեցնենք` պարզ ուրուագիծը տալու համար Վասպուրականին: Այնքա՜ն հարուստ է անոր պատմութիւնն ու անցեալը, այնքա՜ն անհամար են անոր ստեղծած մարդկային ու աննիւթական արժէքները:

Մեծաթիւ են նաեւ գիրքերը, որոնք կը խօսին Վասպուրականի անցեալին մասին: Յիշենք գէթ աչազուրկ դաստիարակ Համբարձում Երամեանի «Յուշարձան Վան-Վասպուրականի» երկհատոր աշխատասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է Աղեքսանդրիա, 1929-ին:

Վասպուրականցիներուն մեծ մասը Եղեռնէն ետք անցաւ Արեւելահայաստան, ուրիշներ անցան Պարսկաստան, Իրաք, ոմանք ալ գացին մինչեւ Ֆրանսա, Ամերիկա եւ Արժանթին: Այս երկիրներուն մէջ հիմնուեցան Վասպուրականի հայրենակցական միութեան մասնաճիւղեր:

Գիտենք, որ առ այսօր, այս անունով հայրենակցական միութիւններ կը գործեն Երեւանի, Ամերիկայի ու Մարսէյի մէջ:

Մարսէյի վանեցիները ամէն տարի կը համախմբուին Հայ մշակոյթի տան մէջ ու կ՛ոգեկոչեն իրենց հերոսամարտը: Իսկ ամերիկաբնակ վանեցիները 1953-էն ի վեր կը շարունակեն հրատարակել «Վարագ» պաշտօնաթերթը, որ  հայրենակցական բնոյթի կանգուն մնացող հազուագիւտ պարբերականներէն մին է հայ սփիւռքի տարածքին:

Ի՜նչ հրաշալի աշխարհ մը կորսնցուցեր ենք` Սալնոձորէն մինչեւ Վասպուրական…

Հալէպ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Յստակ Հարցումներ Ուղղել Եւ Յստակ Պատասխաններ Ակնկալել` Թերեւս Վերջին Պատերազմի Մասին

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.