Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ֆրանսայի մէջ արտակարգ վիճակ յայտարարուած է. խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ: Զէնքեր գրաւուած են: Յայտարարուեցաւ, որ ահաբեկչական խումբերու մասնակցութեան հարցով կասկածելիներու ցանկեր կային: Հսկողութեան տակ էին շատեր:
Խորապէս յուզիչ էր ֆրանսացի երիտասարդուհիի մը մօր վկայութիւնը իր միակ աղջկան մասին, որ քարոզչութեան պատճառով կրօնափոխ եղած էր, ընդունած էր ծայրայեղ խստակրօնութիւնը, տարազը եւ սովորութիւնները, զաւակ մը ունեցած էր եւ այժմ Սուրիա կ’ապրէր: Ուրիշ մը, ճարահատ, պետութեան յայտնած էր իր աղջկան պարագան, որ կրնար ահաբեկչութիւն գործել, եւ ենթական բանտարկութեան դատապարտուած էր:
Փարիզի 13 նոյեմբերի ահաբեկչական եւ կոյր ոճիրները այժմ կը սթափեցնեն զանգուածը: Շատեր դիմած են արձանագրուելու համար ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու մէջ: Ֆրանսայի մէջ ընդունուած հանրապետական յառաջադէմ գաղափարը, որ ինքզինք վեր կը դասէ ազգութիւններէ, կրօնական պատկանելիութենէ, ծագումէ, յարձակման ենթարկուած է, ինքզինք վտանգուած կը համարէ, եւ այժմ չեն վարանիր ըսելու, որ Ֆրանսան պատերազմի մէջ է: Ոչ ոք կը խօսի կարելի երկխօսութեան մասին, քանի որ Իսլամական պետութիւնը կը ձգտի համաշխարհային կրօնական քաղաքական իշխանութիւն հաստատելու: Եւ այդ միտքը չի թաքցներ: Պարզ է, որ երկխօսութեան համար երկու պէտք է ըլլալ:
Ինքնակոչ այս «պետութիւն»-ը ցարդ գոյութիւն ունեցող այլ պետութիւններու տարածքներուն վրայ կը հաստատուի: Ազգային-մշակութային ենթահող չունի եւ կը հիմնուի կրօնական հասարակ յայտարարի վրայ, այսինքն` կրօնական միջազգայնականութիւն մը, ըլլալով միաժամանակ այլամերժ: Միջինարեւելեան, արաբական եւ մասամբ ալ ափրիկեան ապակայունացած շրջաններու մէջ ինքզինք կը հաստատէ բիրտ ուժին կռթնած:
Իսկ եւրոպական երկիրներու մէջ մարդորսութիւն կ’ընէ չհամարկուած գաղթական զանգուածներու շրջանակներուն մէջ:
Բայց ամէնէն բիրտ ուժն անգամ ինքզինք հաստատելու համար կարիք ունի նիւթական-դրամական եւ զինական միջոցներու: Իսլամական պետութիւնը, իր տիրակալութեան ենթարկուած շրջաններուն մէջ, որոնք սահմանագիծ չունին, տէր դարձած է նաւթահորերու եւ կողոպտած է դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները, ինչպէս այդ եղաւ Մուսուլի գրաւման ժամանակ:
Իսկ նաւթային հարստութիւնը բանի չի ծառայեր, եթէ չվաճառուի: Նաւթի վաճառքէն գոյացած գումարը կը ծառայէ Իսլամական պետութեան հզօրացման:
Իսլամական պետութիւնը տէր է նաեւ արդիական զէնքերու:
Իսկ արդիական զէնքերը անգործածելի կ’ըլլան, եթէ զինամթերքը տեւաբար չմատակարարուի:
Իսլամական պետութեան դէմ պատերազմ յայտարարած երկիրները ի՞նչ ըրած եւ ի՞նչ կ’ընեն, որպէսզի անոր եկամուտի աղբիւր հանդիսացող քարիւղի վաճառքը կասի եւ հակակշռուի զինամթերքի վաճառքը:
Աւելի ճիշդ. ո՞վ կամ որո՞նք են քարիւղը գնող-վճարողները, ո՞վ կամ որո՞նք են այդ վաճառքի միջնորդները, ուրկէ՞ կ’անցնի այդ քարիւղը:
Մեծ պետութիւնները օժտուած են արբանեակային այնպիսի սարքերով, որ կրնան նոյնիսկ հսկել սուրիական հողամասին, ափրիկեան երկրի մը, նոյնիսկ դաշնակից կոչուող երկիրներու տարածքին այծերու հօտերը, կամ մարախներու պարսերը: Եթէ հեռատեսիլը ցոյց կու տայ Իսլամական պետութեան զինեալ զօրասիւնները, կը նշանակէ, թէ անոր դէմ կռիւ յայտարարած պետութիւններն ալ տեսած կ’ըլլան եւ գիտեն:
Մանր քայլերով «պատերազմ»-ը կը նմանի գեղագիտական վիրաբուժութեան, քիթ կամ շրթունք սրբագրելու պէս:
Հետեւաբար հարց պէտք է տալ, թէ ո՞վ կամ որո՞նք կ’օգտուին եւ կ’ուզեն, որ այս սահմաններ չունեցող պատերազմը շարունակուի` կորստեան մատնելով բազմահազար անպաշտպան մարդիկ, սպանութեամբ, տեղահանութեամբ, թշուառացումով, զանոնք արմատախիլ դարձնելով:
Տեղի ունեցող պատերազմի նպատակ-դրդապատճառը սահմանային սրբագրութիւնները կամ ընթացիկ իշխանափոխութիւնը չէ: Քաղաքական մարդիկ, երկիրներու առաջնորդներ, եթէ պահ մը չանջատուին իրենց նեղ իշխանական եւ դրամատիրական մրցակցութիւններէն, կացութեան գնահատումը ընեն պարկեշտութեամբ, համաշխարհային իրաւակարգի փլուզման առաջքը կրնան առնել:
Այլ խօսքով, բազմադարեան հոլովոյթի ընթացքին ստեղծուած արժէքներու համակարգը վտանգուած է այսօր, այդ համակարգը սահմանումներ ունի. մարդկային իրաւունքներ (les droits de l’homme, human rights), խիղճի ազատութիւն (liberté de conscience), այրերու եւ կիներու հաւասարութիւն (égalité homme-femme), ժողովրդավարութիւն (démocratie), մտածումի եւ խօսքի ազատութիւն, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք, դարերու ընթացքին զարգացած ազնիւ գաղափարը` բնութեան բարիքները եւ գիտութեան նուաճումները հաւասարապէս բոլորին ծառայեցնելու, մարդը բնութեան տարերքէն անջատող ստեղծագործական ներուժը, որ մշակոյթ է, արուեստ է, գեղեցիկի նուաճում:
29 նոյեմբերին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը` բնութիւնը պաշտպանելու օրակարգով, մասնակցութեամբ շուրջ երկու հարիւր երկիրներու, որպէսզի մեր կապոյտ մոլորակը անապատ չդառնայ:
Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ մոլորակի փրկութիւնը: Եթէ փրկուի միայն կեանքը, եւ մարդը վերադառնայ նախնականութեան, ոչ ոք պիտի զբաղի բնութեան պաշտպանութեամբ:
Ինչպէս որ մատով ցոյց կը տրուին մոլորակը ամէնէն աւելի ապականող երկիրները, այնպէս ալ մատով պէտք է ցոյց տրուին այն երկիրները եւ ուժերը, որոնք մոլորակը այսօր կ’առաջնորդեն դէպի նախնականութիւն:
Ինչ որ տեղի կ’ունենայ այսօր, դասական պատերազմ մը չէ, այլ` տնտեսական, սահմանային, կայսերական, կայսերապաշտական, ազգայնամոլական:
Մոլորակի վրայ զարգացող դէպի նախնականութիւն վերադարձի չարիքի ախտաճանաչումը պէտք է ընել` մէկդի դնելով անցեալի եւ ներկայի դասական եւ ժամանակավրէպ մրցակցութիւնները, փրկելու համար մոլորակը, բայց նաեւ քաղաքակրթութիւնը եւ մարդը` որպէս գերագոյն արժէք, իմաստը` նոյն մոլորակին:
Ախտաճանաչման հարցումը պարզ է. ո՞վ կ’օգտուի կամ կը կարծէ օգտուիլ` թոյլ տալով, որ զարգանայ դէպի նախնականութիւն ընթացքը, եւ առանց որձեւէգ ճապկումներու արմատախիլ ընել չարի արմատը:
Ընթերցողը յաճախ կը ցանկայ, որ ախտաճանաչումէ ետք ճշդուին հասցէներ եւ պատասխանատուութիւններ:
Հաւկուրութենէ չտառապողները կը տեսնեն, կը հասկնան:
Ի՞նչ է պատասխանատուութիւնը զէնքի վաճառական պետութիւններուն:
Ի՞նչ է պատասխանատուութիւնը քարիւղի գաղտնի կամ բացորոշ վաճառքի պատասխանատուներուն, միջնորդներուն եւ այդ վաճառքէն օգտուողներուն:
Եթէ անցեալի Արեւմուտք-Արեւելք հակամարտութիւն-մրցակցութիւնը իրապէս չյաղթահարուի, հակաքաղաքակրթական ուժերը պիտի շարունակեն իրենց լծակի խաղը, bascule-ի խաղը, անմիջական շահերու շլացման գինովութեամբ:
Եթէ այսօր նախնականութեան դէմ իսկական համագործակցութիւն-զինակցութիւն չի գոյանար, հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ… եւ սկսելու համար իւրաքանչիւրը քաջութիւն պէտք է ունենայ ինքնաքննադատութիւն ընելու եւ իր դրան շեմը մաքրելու:
Այդ աղտոտ շեմերն են այն աղբիւսը, որուն վրայ կ’աճի նախնականութեան վերադարձի կեղը:
Գեղագիտական, շպարային (կոսմետիկ) նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն հակաքաղաքակրթական ընթացքին եւ նախնականութեան վերադարձին:
Այս բոլոր ըսուածները «ՄԵԾ»-երը գիտեն: Բայց կը շարունակեն մտածել եւ գործել արդէն այլեւս ժամանակավրէպ դարձած 19-րդ եւ 20-րդ դարերու ամլացնող ըմբռնումներով:
Եւ որպէսզի ճահճացումը աւերի չառաջնորդէ, ժողովուրդները, նաեւ անհատները, յաղթահարելով իրենց անզօրութեան զգացումէն եկած վատութիւնը, պէտք է գիտնան հակազդել:
Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան ապագան իւրաքանչիւր մարդէ կախում ունի: Այդ ապագան կ’իրականանայ մակերեսայնութեան եւ անհատական-հաւաքական եսապաշտութեան դէմ տարուած յաղթանակով:
Կրկին չեմ կրնար չյիշել 20-րդ դարու մտածող Ռընէ լը Սենի խօսքը, զոր յաճախ կը մէջբերեմ. «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնն է»: Եթէ այս բնաբանով սկսէին խորհրդաժողովները, ամէն օր հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ այս կրկնէին, թերթերը այդ մեծատառ գրէին իրենց ճակատին, նուազ կը պառակտուէինք եւ ճիշդ ընտրութիւն կ’ընէինք:
Եւ նախնականութեան դէմ մղուող-մղուելիք պատերազմը ոգեկանութիւն կ’ունենար` փրկելու համար մոլորակը եւ մարդը:
27 նոյեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան