Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գլուխը Ողջ Ըլլայ» Իսթանպուլահայ Գրականութեան

Դեկտեմբեր 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Khrakhouni-d

«Մարմարա»-ի խմբագրատունէն ուղարկուած տեղեկատուական թղթածրար մը կը գուժէր մահը հոգածու եղբօր մը, սիրելագոյն անձի մը, ազնուական հոգիի մը, իսկական պոլսեցիի մը, ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն, սփիւռքահայ ամէնէն վաւերական բանաստեղծներէն եւ պոլսահայութեան ազգային ջիղն ու գիտակցութիւնը լաւագոյնս դրսեւորող, մեսրոպաշունչ խրամատի առաջամարտիկ` Արթօ Ճիւմպիւշեանը. գրական անունով` Զարեհ Խրախունին:

Պատկառելի բանաստեղծի, արձակագիրի, յուշագիրի, թատերագիրի, թարգմանիչի, լեզուական պատշաճեցումի վաստակներուն առընթեր, Խրախունին ունէր նաեւ պատկառելի մանկապատանեկան պատշաճեցումի հարուստ արտադրութիւն: Դասաւորուած աշխատանքի եւ աշխատաժամի հաւատարիմ բանաստեղծը յատուկ ջանադրութեամբ կը վերականգնէր Վարուժանի եղերական մահուամբ ընդհատուած հայ գրականութեան ազգային-աւանդական գիծը եւ կու տար յատկանշական ստեղծագործութիւններ:  Հակառակ իր նշանակալի ներդրումին, հրատարակուած բներգական հատընտիրներու մէջ տեղ չէր տրուած «Ստուեր եւ արձագանգ»-ի եւ մանաւանդ «Հոգեհանգիստ»-ի անզուգական հեղինակին:

Khrakhouni_e

Խրախունիին մտերմութեան վայելքը առանձնաշնորհում նկատած, փոխան յաւուր պատշաճի արտայայտութեան, կը համարձակիմ մէջբերել իր 26 նոյեմբեր 2006 թուականակիր նամակէն հատուած մը, ուր Խրախունին խրախունիական ոճով մը կը ներկայացնէ իր գրական վաստակն ու հաւատամքը –

«Յիրաւի, 18 տարեկանէս ի վեր, երբ Մխիթարեան լիսէն աւարտեցի Դ. Վարուժանի մասին շուրջ 25 վայրկեան տեւող աւարտաճառ մը կարդալով, իտէալս եղաւ անոր ուղղութիւնն ու գործը շարունակել, միաւորելով Վ. Թէքէեանի սահուն, հանգիստ, տեղ տեղարձականման ոճին հետ:

Khrakhouni_f

«Ես ոչ ոքէ «գոփի քաշեցի» … նորարարութիւններ փորձեցի` առանց ոեւէ մէկը ընդօրինակելու, պարզապէս` դարուն յառաջընթացին հետ քայլ պահելու եւ մեր լեզուին արտայայտութեան միջոցները զարգացնելու համար:  Միշտ հաւատացի բանաստեղծութեան մտքի ու մշակոյթի հիմնական սնունդներէն մէկը ըլլալուն, եւ ջանացի հեռու պահել զայն սրամտութեան կամ զուարճախօսութեան պատառիկներ ըլլալը, – որքան ալ քաղցրահամ ու հաճելի ըլլան անոնք:  Բայց հիմա ափսոսանքով կը տեսնեմ, որ – բացի մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող քանի մը բանիմաց ու անաչառ հոգիէ – գրեթէ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ իմ այս կեցուածքին ի ողջութեան, որ մեր դպրութեան մայր հոսանքին պաշտպանութիւնն ու առաւել խորացումն ու ընդարձակումն է, փոխանակ` խոտորեցումի եւ ճապաղեցումի»:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. «Ազատամարտ» Ակումբը` 50 Տարիներ Առաջ, Նաեւ` Իբրեւ Մշակոյթի Կեդրոն Եւ Էսդրատային Երաժշտութեան Օրրան

Յաջորդը

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (4). Յիշատակներ… Յիշատակներ (Վերադարձ Դէպի Անցեալ)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?