Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 17. Վարձքը Կատար Բոլորին

Դեկտեմբեր 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Havatian_1207115

Անցնող շաբաթը յիշատակելի պիտի մնայ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ: Լիբանանահայութիւնը, իր բոլոր շերտերով, անգամ մը եւս փաստեց, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ առկայ մտահոգութիւններուն, ինք կը մնայ պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ եւ նախանձախնդիր է կեդրոնական այս գաղութի երթի ու առաքելութեան անխափան շարունակութեան:

Չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին, ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին` ի նպաստ Հայ դատի կազմակերպած ընթրիք-նուիրահաւաքին աննախընթաց մասնակցութեան պատկերը եւ ընդառաջումը, գոյացած հասոյթը, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին ժողովրդային հանդիսութեան աւելի քան 5000 հայորդիներու ներկայութիւնը եւ այս բոլորի կողքին գաղութին ապրած աննախընթաց խանդավառութիւնն ու աշխուժութիւնը, անգամ մը եւս եկան յուշելու բոլորին, որ տակաւին լիբանանահայ գաղութը աշխուժ է  եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը իր վճռորոշ դերն ու տեղը ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համահայկական ընդհանուր առաջադրանքներուն եւ գործունէութեան մէջ:

Անցնող քանի մը օրերուն Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր գաղութներ հպարտացան լիբանանահայութեան արձանագրած նոր նուաճումներով ու իրենց շնորհաւորութիւններով եւ բարեմաղթութիւններով մասնակից դարձան տիրող խանդավառութեան:

Ստեղծուած այս խանդավառութիւնը, ժողովուրդի յարգանքի արժանի այս ամբողջական արձագանգումը, Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը կը դնէ յաւելեալ պարտաւորութեանց ու պարտականութեանց դիմաց: Այդ պարտաւորութեանց շեշտադրումը կատարուեցաւ անցնող շաբաթ երեկոյեան, երբ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործեցին 88 նորագիրներ, ապա Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքի անդամները միասնաբար նշեցին կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակը եւ միասնաբար որոշեցին շարունակելու Դաշնակցութեան սուրբ գործը: Դաշնակցութեան անկեղծ զինուորները, դաշնակցական ընկերականութեան վեհանձն ու ազնիւ գիտակցութեամբ շնորհաւորեցին զիրար եւ որոշեցին նո՛յն վճռականութեամբ քալել հայ ժողովուրդի տենչերու եւ իտէալներու իրականացման ճշմարիտ ուղիով:

Այսօր ձեռնարկներու եզրափակումը կը կատարուի պետական եւ քաղաքական շրջանակներու շնորհաւորական ընդունելութեամբ, որմէ ետք դարձեալ դաշնակցական գործին շուրջ համախմբուած ընկերները կը շարունակեն յաւելեալ ուժականութեամբ եւ անկոտրում կամքով ու հաւատքով ծաւալել Դաշնակցութեան աշխատանքները եւ ընդարձակել գործադաշտերը:

Այս առիթով վարձքը կատար կ՛ըսենք բոլոր նուիրատուներուն, բարերարներուն, բարեկամներուն, որոնց ցուցաբերած անվերապահ զօրակցութեան կը պարտինք ձեռք բերուած բոլոր նուաճումները: Կը մնանք հաշուետու մեր ժողովուրդին` մեր կատարելիք գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ, միաժամանակ ժողովուրդին ցուցաբերած այդ անփոխարինելի վստահութեան վրայ գուրգուրալու եւ զայն աւելիով ուռճացնելու պարտականութեան տակ կը դնենք մենք զմեզ, որպէսզի կարենանք միասին նուաճել նոր բարձունքներ:

Վարձքը կատա՛ր մեր սիրելի ու աննման ժողովուրդին, որ 4 դեկտեմբերին իր խուռներամ ներկայութեամբ արժանավայել կերպով Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակի տօնակատարութիւնը վերածեց համաժողովրդային եզակի ու պատմական հաւաքի, յարգեց Դաշնակցութեան նահատակները, ապրեցաւ Դաշնակցութեան անցած ուղիին հետ եւ իրազեկ դարձաւ գալիք մարտահրաւէրներուն ու գործունէութեան:

Վարձքը կատա՛ր, անցնող շաբթուան ընթացքին այս բոլոր ձեռնարկներու կազմակերպման գործին մէջ իրենց բաժինը բերած համակիր բոլոր անհատներուն, որոնք մեծապէս սատարեցին ձեռնարկներու բարեյաջող աւարտին:

Արժէ՛ նաեւ այս առիթով վարձքը կատար ըսել դաշնակցական ընկերներուն, որոնք կոմիտէութիւններու թէ յանձնախմբային աշխատանքով մասնակից դարձան ձեռնարկներու կազմակերպման եւ յաջողութեան:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին…

Այժմ կենարար գործի պահն է, յարգանք պարտադրող եւ նոր ակօսներ բացող գործի: Գիտակից ենք, որ շատ բան կ՛ակնկալուի լիբանանահայութենէն եւ յատկապէս Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքէն: 125-ամեակին առիթով մեր ընկերները եկան միասնաբար ներկայ ըսելու եւ մասնակից դառնալու Դաշնակցութեան նոր երթին ու նոր աշխատանքներուն:

Բարի երթ բոլորիս…

Փա՛ռք ՀՅ Դաշնակցութեան, պատի՛ւ մեր ժողովուրդին:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Մեծ Յոյսեր Կը Կապեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպումին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?