ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Ազատամարտ» ակումբը կառուցուած է 1952-1953 (1, 2), Պէյրութի հայահոծ Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ, բառին իսկական իմաստով ժողովրդային տուն էր շրջանի հայութեան համար: Յատկապէս այդ օրերուն միակ սեփական ակումբն էր, որ նաեւ օժտուած էր շուրջ 200 հոգինոց պատշգամաւոր սրահով, բեմով եւ զանազան ձեռնարկներու յարմարութիւններով: ՀՅԴ Պալաքեան կոմիտէութեան յարկին տակ կը գործէր նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ) իր «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատունով եւ արծուիկներով, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Բ. խումբը` գայլիկներով, սկաուտներով ու երէցներով, եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը` իր գլխաւոր միաւորներով` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ եւ «Քնար» երգի ու պարի խումբ, եւ վերջապէս, ընթերցասէր ժողովուրդին համար կար ակումբին հանրային գրադարանը` աւելի քան 2500 գիրքերով (1): Ակումբին ճիշդ դիմացը կը գտնուի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ այդ օրերու Ազգային Եփրեմեան վարժարանը (հետագային` Չաթալպաշեան երկրորդական վարժարան, այժմ` փակ): Ահա քով-քովի ազգապահպանման անփոխարինելի երրորդութիւնը` դպրոց-եկեղեցի-ակումբ:
Յետադարձ ակնարկով կարելի է հաստատել, որ այդ օրերուն Էշրեֆիէն բացարձակ մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած էր: Այն ժամանակ, երբ իբրեւ սկաուտներ ՀՄԸՄ-ի օրացոյց կը վաճառէինք, մեր շրջանը կը համարուէր հիւսիսէն, Արմենիա փողոցի (հանրակառքի գիծ) Երկաթէ կամուրջէն մինչեւ Աքքաուի` երկու կողմերով, ներառեալ` Մար Մըխայէլ շրջանը, հասնելով արեւմուտք` Սուրսոք շրջանի Պուսթրոս փողոց (տարի մը մինչեւ Սոտեքօ), հասնելով հարաւ` Յունական Հիւանդանոցի շրջան, Ռըմէյլ, Ժեհթաուի եւ Ճերմակ տուներ, իսկ արեւելքէն` շոգեկառքի գիծը: Շատ լաւ գիտէինք, թէ ո՛ր շէնքերուն մէջ եւ ո՞ր յարկերը հայեր չէին բնակեր: Մօտակայ հայահոծ Հայաշէնը եւ շրջակայքը նաեւ Էշրեֆիէ շրջանին մաս կը կազմեն, սակայն հոն կար, եւ կայ ՀՅԴ «Մուրատ» ակումբը իր միաւորներով:
Աններելի յանցագործութիւն կը համարեմ, պատմական կոչուած, բայց անհարազատ եւ ոչ ամբողջական, կամ ընտրովի գրութիւնները` գիտակցաբար զանց առնելով կարգ մը իրականութիւններ: Իսկ յուշերու պարագային, որոշ չափով կը մեղմանան կանոնները, սակայն գրուածը պէտք է ըլլայ ճշգրիտ, եթէ նոյնիսկ ոչ ամբողջական` հիմնուելով միայն յիշողութեան վրայ:
Ահա ոչ այդքան սուր յիշողութեանս վրայ հիմնուելով` պիտի փորձեմ ներկայացնել 1961-1967 տարիներու «Ազատամարտ» ակումբի էսդրատային ժամանակաշրջանը եւ անոր շարժառիթը ծառայող` նախորդող հանգրուանը: Այդ օրերուն Պէյրութը տակաւին կը համարուէր Միջին Արեւելքի Փարիզը, յատկապէս իր գիշերային զբօսավայրերու` քապարէ եւ ճաշարաններու բազմազանութեամբ, եւ հոն ելոյթ ունեցող աշխարհահռչակ նուագախումբերու ու երգիչ-երգչուհիներուն պատճառով:
1950 թուականի վերջերուն Անգլիոյ մէջ յառաջացած «Շետոզ» խումբը երգիչ` Քլիֆ Ռիչըրտի հետ, յատկապէս էլեքթրիք կիթառի (Հենք Մարվին, սոլօ) եւ երաժշտութեան նոր ոճ մը սկսելով` հմայած էր ամբողջ երիտասարդութիւնը: Շատերս անգլիական Պի.Պի.Սի ռատիոկայանի «Թափ թուէնթի» յայտագիրը կ՛ունկնդրէինք, ուր կը ներկայացուէր շաբթուան ամենաշատ վաճառուած 20 ձայնասկաւառակները: Էշրէֆիէի մեր տան տանիքը մեծ սենեակ մը ունէինք, որուն մուտքը տան մէջէն էր` տիւփլեքսի ձեւով, որ վերածուած էր երաժշտական հաւաքավայրի եւ աշխատանոցի: Երէց եղբայրներս` Սուրէնը եւ Վազգէնը, սիրողական կիթառ նուագողներ, գործի անցան` աքուսթիք էլեքթրիք կիթառ շինելու, 1958-1959թ.: Առաջին փորձը յաջողեցաւ, տան «Սապա» ձայնասփիւռը վերափոխելով բարձրախօսի եւ նոյնիսկ այդ տան մէջ պատրաստուած գործիքներով լիբանանեան հեռատեսիլի ֆրանսական թիւ 9 կայանի Փիեռ Ժետէոնի նշանաւոր «Փել Մել» երաժշտական յայտագիրէն ելոյթ ունեցան:
Վերջապէս, տարի մը անց, Պապ Իտրիս գտնուող երաժշտական խանութ մը բերած էր սպասուած էլեքթրիք կիթառը եւ բարձրախօսը, սակայն անոր գինը անմատչելի էր տակաւին: Ուրեմն այսպէս, երկրորդ հանգրուանը սկսաւ, եւ եղբայրներս որոշեցին ու շինեցին «Շետոզ» խումբին գործածած կիթառներուն օրինակով էլեքթրիք երկու կիթառ` սոլօ եւ պաս, մինչ երրորդին փայտէ մարմինը տակաւին կը մնայ քովս: Յատկանշական է, որ այդ օրերուն շուկան կը գտնուէր կիթառ շինելու գրեթէ բոլոր բաղադրիչ տարրերը` պրկոց, պղինձէ գազ, մետաղեայ լար ու կարեւորագոյնը` լարերուն թրթռացումը ձայնի վերածող ելեկտրոնային սարքը: Սուրէնը, ելեկտրոնային փորձագէտ, շինեց աւելի ուժեղ կիթառի բարձրախօս մը` էմփլիֆայըր, հետեւելով օրուան ելեկտրոնային ամսաթերթերու մէջ լոյս տեսած ուրուագիծերու յարմարագոյն օրինակին:
Այսպիսով սկսաւ սիրողական արդի նուագախումբը, որ ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կէս արհեստավարժ «Տը ճեզ փիլկրիմզ» նուագախումբին: Տարբեր ժամանակներ նուագախումբին մաս կազմած են` Վարուժան Պասթաճեան` փող (թրամփեթ), Սուրէն Չէքիճեան` պաս կիթառ եւ թաւ ջութակ, Պերճ` արհեստավարժ սաքսոֆոնիստ, Վարդան` արհեստավարժ թմբկահար, Վազգէն Չէքիճեան` սոլօ եւ ռիթմ կիթառ, Գասպար Իսրայէլեան` մասնագէտ դաշնակահար երաժիշտ, Փոլ Ներսէսեան` թրոմպոն եւ ձեռնադաշնակ, Հրայր Մովսէսեան` ռիթմ կիթառ եւ հարմոնիքա, Ներսէս Ֆստքճեան` կիթառ, ճեզ երգչուհիներ` Արսինէ Նարկիզեան, Շուշիկ Սարգիսեան եւ երգիչ Փիթըր Նիկողոսեան, յատկապէս` Քլիֆ Ռիչըրտի երգացանկով: Կը յիշեմ այսքանը միայն:
«Ազատամարտ» ակումբի կոմիտէն 1961 թուականին, ընկերային ձեռնարկի մը առթիւ, հրաւիրեց նուագախումբը, որ սիրայօժար կերպով ելոյթ ունեցաւ` արձանագրելով արտակարգ յաջողութիւն: Կոմիտէն տեսնելով այս երիտասարդական յաջող ձեռնարկը` որոշեց մնայուն յայտագիր մը սկսիլ, արեւմտեան եւ հայկական արդի երաժշտութեան յատուկ, հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու եւ նոր տաղանդներ յայտնաբերելու ծրագիրով մը, որ կոչուեցաւ «Թէաթր ա 6 էօր»: Այս ձեռնարկին բոլոր մասնակիցները, արհեստավարժ կամ ոչ, առանց նիւթական ակնկալութեան ելոյթ կ՛ունենային:
Բացառիկ յաջողութիւն գտած այս ձեռնարկը տեղի կ՛ունենար ակումբի սրահին մէջ, ամիսը անգամ մը, մուտքի գին` 1 լ.ո., կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, սկիզբը աթոռներով, սակայն հետագային` առանց աթոռի, առաւելագոյն թիւով շուրջ 500 հանդիսատես ընդունելու համար 200 հոգինոց սրահին եւ դուրսի անցքերուն մէջ: Սիրողական (ամաթէօր) երգիչ-երգչուհի թեկնածուներ կը մասնակցէին հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն երգերով: Անոնց շարքին էր, օրինակ, սկսնակ Ատիս Հարմանտեանը, որ եթէ չեմ սխալիր, իր առաջի՛ն բեմական ելոյթը ունեցաւ այս սրահին մէջ, ճերմակ տարազ հագած: Յատկանշական է, որ այս երգիչները նուագախումբին հետ ընդհանրապէս առանց նախապէս փորձ կատարած ըլլալու, ուղղակի բեմին վրայ նուագողները յարմար երաժշտական բանալիով եւ ամանակով կը հետեւէին անոնց: Յայտագիրը կը ներկայացնէին հաղորդավարներ Յարութ Հապէշեանը եւ Ժոզեֆ Հաժժարը` զայն համեմելով զուարճախօսութեամբ:
Այս ձեռնարկին համբաւը ժամը վեցէն շատ առաջ ակումբ կը բերէր բազմահարիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` Լիբանանի բոլոր շրջաններէն, որոնց շարքերը կը հասնէին մինչեւ փողոց: Երիտասարդութեան այս «հոսքը» զսպելու համար ակումբի արտաքին երկաթէ դուռը շղթայով կը փակուէր` դուրս ձգելով հարիւրաւոր երիտասարդներ, «գլխու պտոյտ» պատճառելով կիշէին, ակումբի հայրիկ ընկեր Արամին, եւ հետագային` ընկեր Խաչիկին եւ անոնց օգնականներուն: Դադարին կարճ զաւեշտներ կը ներկայացուէին «Էտվան» կամ «Տօնիկեան» հրատարակչատուներու պաշարէն, ինչպէս` «Երեք քաջեր», «Երկու ծայրայեղները», «Արեւելեան ատամնաբուժը» եւ այլն: Ժամանակի ընթացքին ակումբի ելեկտրական հոսանքը սկսաւ անբաւարար ըլլալ, յաւելեալ լուսաւորումի եւ երաժշտական սարքերուն համար, որուն «հրաշք» լուծումը գտած էր Ալեքը:
Այս ծրագիրէն քաջալերուած` հետզհետէ լիբանանահայ գաղութին մէջ կազմաւորուեցան արեւմտեան եւ հայկական երաժշտութեան տասէ աւելի նուագախումբեր, որոնցմէ շատերը իրենց առաջին ելոյթը ունեցան այս յայտագիրի ընդմէջէն: Լեւոն Գաթրճեան եւ Արա Կիրակոսեան, իբրեւ հիւր երգիչներ, նոյնպէս ելոյթ ունեցած են այս յայտագրէն:
Ազատամարտ ակումբի մշակութային այս սրահը եւ սենեակները գերխճողուած ժամանակացոյցով մը դասաւորուած էին: Շաբթուան բոլոր օրերը, գործի ժամէն ետք, նոյնիսկ վայրկեան մը վատնուած չէր: «Քնար» երգչախումբի եւ պարախումբի փորձեր, նուագախումբերու փորձեր, «Գասպար Իփէկեան» եւ այլ թատերախումբերու փորձեր, երբեմն` «իրար հրմշտկող» ժամանակացոյցով մը: Մշակութայինէն անկախ, մարզական վարժութիւններ ալ տեղի կ՛ունենային սրահին մէջ` մարտարուեստի, մարմնամարզի եւ նոյնիսկ հեծանիւի փորձեր, եւ բնականաբար` ժողովներ, դասախօսութիւններ, հանդիսութիւններ եւ այլազան ձեռնարկներ:
Վստահ եմ, որ այդ տարիներուն մեր երկրորդ տունը նկատուող «Ազատամարտ» ակումբ յաճախողներէն շատեր ունին պատանեկութեան եւ երիտասարդական տարիներու անհամար յուշեր եւ դրուագներ: Իրողապէս, սակայն, «Ազատամարտ» ակումբի 1960-ական տարիները մշակութային «ոսկեայ» ժամանակաշրջան էին, նոյնիսկ լիբանանեան մակարդակով, իր ազգային եւ մշակութային աւանդական ծրագիրներու կողքին, գործնական կերպով սատարելով հայկական եւ էսդրատային նուագախումբերու կազմաւորման ծննդոցին:
17 նոյեմբեր 2015
1.- Սուրէն Անթոյեան, «Ինքնակերտումի ճամբով», 2006: Ըստ հեղինակին, ակումբին բացումը կատարուած է 1953-ին:
2.- Հայկազուն Եափուճեան, «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ», Բ. տպագրութիւն 2015: Ըստ հեղինակին, ակումբի բացումը կատարուած է 1952-ին: