125-ամեակն է Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Փնտռեցէ՛ք ՀՅ Դաշնակցութեան նմանող 125-ամեայ կուսակցութիւն մը աշխարհի տարածքին:
Փնտռեցէ՛ք ՀՅ դաշնակցութեան նմանող կուսակցութիւն մը, որ ներկայութիւն է աշխարհի տարածքին 34 երկիրներու ու հարիւրաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ:
Փնտռեցէ՛ք նման կուսակցութիւն մը, որ հայրենահան եղած է, բայց` հայրենիքով ապրած, պետականօրէն իր գործունէութիւնը արգիլուած է, բայց այդ արգելքները քանդելով` ապրած է:
Ցո՛յց տուէք կուսակցութիւն մը աշխարհի տարածքին, որուն հաւատացող անհատները, կուսակցականները կամ համակիրները հալածուած ու բանտարկուած են, չարչարուած ու սպաննուած են, առեւանգուած են, զոհուած ու նահատակուած են:
Փնտռեցէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ հիմնուած է օսմանեան եւ ցարական կայսրութեան օրերուն, իր ժողովուրդին հետ ապրած է Ցեղասպանութիւն, անկախութիւն հռչակած է հայրենիքի մէջ` անկախութեան ձեռքբերման պատերազմով, հեռացած ու հեռացուած է հայրենիքէն, ապրած է համաշխարհային երկու պատերազմ, քաղաքական տարապայման միջավայրերու մէջ մասնակցած է հայութեան շահերուն պաշտպանութեան պայքարին` Միջին Արեւելքի մէջ թէ այլուր, դարձեալ հալածանքներու ենթարկուած է ու հայութեան շահին համար նահատակներ է տուած:
Ցո՛յց տուէք կուսակցութիւն մը, որուն ակումբները կոչուած են ժողովրդային տուն, որուն ակումբները գրասենեակներ չեն, այլ պատանիին, երիտասարդին, կնոջ, ուսանողին ու արհեստաւորին, աղքատին ու հարուստին, երէց ու միջին սերունդին, յաճախ նաեւ հայուն ու օտարին առջեւ միշտ բաց եղած են ու մեղուաբոյն` աշխատանքի:
Ցո՛յց տուէք կուսակցութիւն մը, որ ամբողջ տասնամեակներ գործած է ու ենթարկուած է զինք մասնատելու, բաժնելու, պառակտելու զանազան դաւադրութեանց, բայց մի՛շտ մնացած է մէկ ու միացած:
Փնտռեցէ՛ք ու գտէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ արգիլեալ եղած է իր բնօրրանին մէջ, հալածուած` իր հայրենիքի ռեժիմէն, օսմանցի թուրքէն ու ցարական Ռուսիայէն, համայնավարութենէն ու զանազան երկիրներու մէջ պետական հարուածներու իբրեւ հետեւանք հրապարակ եկած նոր վարչակարգերէն, սակայն յաջողած է գոյատեւել ու միաժամանակ պահել ու զօրացնել ժողովրդային նեցուկը:
Փնտռեցէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ յարգանք պարտադրած է իր հակառակորդին ու մանաւանդ` թշնամիին: Կուսակցութիւն մը, որ իր լաւագոյն տղաքը զոհած է հարուածելու համար իր ժողովուրդին դէմ զէնք բարձրացնող կամ դաւ նիւթող տարրեր:
Փնտռեցէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ տկարութեան ու երբեմն ալ քաղաքական ընտրական պարտութեան ժամանակներուն չէ կորսնցուցած ժողովուրդին վստահութիւնը, այլ աւելիով կռանուած` յաջողած է պայքարի նոր հանգրուաններ նուաճել:
Փնտռեցէ՛ք, շա՜տ փնտռեցէք ու վստա՛հ եղէք, որ պիտի չգտնէք նման կուսակցութիւն մը:
Փնտռեցէ՛ք հին ու արդիական միջոցներով, բաղդատականներով կամ թերահաւատութեամբ, բայց պիտի չգտնէք:
Պիտի չգտնէք մէկ հատիկ իսկ կուսակցութիւն մը, որ նմանի ՀՅ Դաշնակցութեան:
Հպարտօրէն կ՛ըսենք` ՀՅ Դաշնակցութեան նման կուսակցութիւն գոյութիւն չունի այսօր աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Սա ո՛չ մեծխօսիկութիւն է, ո՛չ ալ ամբարտաւանութիւն: Ո՛չ կուսակցամոլութիւն է եւ ո՛չ ալ մեծամտութիւն:
Սա միայն փաստ է, աղաղակող իրականութիւն:
Կան կուսակցութիւններ, Դաշնակցութենէն հին, որոնք կը շարունակեն գործել, սակայն կը գործեն մէկ երկրի մէջ, քաղաքական նպատակներով, քառամեակներու հաշուարկով, նախագահական, խորհրդարանական կամ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու համար: Չեն նմանիր Դաշնակցութեան: Աւելի հին են, բայց մեզի պէս չեն:
Իսկ հակառակ այս բոլորին, հակառակ ծանրագոյն պայմաններու մէջ գործելու փաստին, ո՞ւր է գաղտնիքը այս կուսակցութեան գոյատեւման: Ո՞ւր է գաղտնիքը 19-րդ դարուն հիմնուած, 20-րդ դարը պատուով անցուցած եւ 21-րդ դարուն իր 125-ամեակը տօնող ՀՅ Դաշնակցութեան ուժին:
Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ, կազմակերպութիւն ըլլալէ իսկ առաջ, ժողովրդային շարժում է, ժողովրդային հոսանք եւ նոյնի՛սկ ժողովրդային փոթորիկ: Հայ ժողովուրդի արիւնոտ արգանդէն ծնած, ժողովուրդին համար արդարութիւնն ու բարօրութիւնը կիզակէտ դարձուցած, ժողովուրդին պաշտպանութիւնը ստանձնած կուսակցութիւնն է Դաշնակցութիւնը:
Ժողովուրդէն ծնած Դաշնակցութիւնը ապրած ու գործած է հայութեան համար: Դաշնակցութիւնը չէ գործած Դաշնակցութեան համար: Իսկ դաշնակցական ընկերը Դաշնակցութեան ճամբով գործած է հայութեան համար:
Դաշնակցութիւնը, հայութեան գիրկէն ծնած Դաշնակցութիւնը գաղափարական ուժ է: Իր հիմնադիրներուն իսկ պատգամով ժողովներն ու որոշումները, ընկերային, տնտեսական թէ քաղաքական հարցերու նկատմամբ իր կեցուածքները կը բխին գաղափարական ծրագրային ենթահողէ ու պատահականութեան արդիւնք եղող արտայայտութիւնները չեն: Գաղափարը մեծագոյն ուժն է Դաշնակցութեան ու գերադաս նշաձող ամենաբարձրը` դաշնակցական մարդուն: Դաշնակցութիւնը գաղափարի ուժն է, հաւատամքի ուժն է մարդու ազատութեան, ընկերային արդարութեան, աշխատանքի քրտինքը յարգելու ուժն է: Ան ուժն է շահագործումը մերժող աշխատանքի եւ գործարարութեան ու միաժամանակ մարդկային իրաւունքներու արդար գործադրութեան:
Դաշնակցութեան ուժը եւ ուժին գաղտնիքը կազմակերպութիւնն է ու իր կանոնագիրը: Կանոնագիրը` դաշնակցական ընկերոջ համար, իսկ կազմակերպութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը` հայութեան զանգուածներուն եւ անոր նպատակներուն հասնելու համար: Կանոնագիրը յաճախ խիստ ու սեփական ազատութիւններէ զիջում պահանջող օրինագիրք է, որուն ենթարկուելու երդում կը կատարեն Դաշնակցութեան եկող տղաքն ու աղջիկները, կամովի՛ն, ազատ կամքով եւ առանց պարտադրանքի: Կանոնագիրը հիմքն է կուռ կազմակերպութեան եւ Դաշնակցութեան բարոյական սկզբունքները յարգելու պարտաւորութեան: Կանոնագիրը հիմքն է նաեւ մեր գաղափարաբանութեան ժողովրդավարութեան տուած յատուկ ու առաջատար սկզբունքին: Շարքերէն մինչեւ բարձրագոյն ղեկավարութիւն բարձրացող բուրգը, եւ հակառակ ուղղութեամբ հաստատուած հաշուետուութեան սկզբունքը, ընտրական սկզբունքները թէ կարծէք արտայայտելու ազատ ու կազմակերպականօրէն առողջ աստիճանաւորումը, ընկերներու եւ մարմիններու միջեւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով ճշդուած յօդուածները, օրինախախտ տարրերու նկատմամբ ընկերական վերաբերումն ու կարգապահական տնօրինումներու դաստիարակչական ու շինիչ մօտեցումը փաստեր են, որոնք ոչ միայն կ՛արժեւորեն կարգապահ տարրերով կուսակցութիւն մը, այլ` իր ամուր կազմակերպուածութիւնը ի սպաս հայութեան դնելու անխախտ վճռակամութիւնը եւ ժողովուրդին շարունակաբար ծառայելու պատրաստակամութիւն:
Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան 125-ամեայ սլացքին հիմքը կը կազմեն հայութեան եւ անոր դատին ծառայելու գոյութենական հաւատքն ու գործը: Այլապէս ինչո՞ւ ունենալ կուսակցութիւն, եթէ ան պիտի չծառայէ իր ժողովուրդին: Անվիճելի է այն, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է եւ իբրեւ այդպիսին` քաղաքական առաջադրանքներով յառաջացող կուսակցութիւն: Քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալէ աւելի՛ն, սակայն, Դաշնակցութիւնը է՛ ու կը մնա՛յ անպայման, յեղափոխական կուսակցութիւն, որուն առաջնահերթ նպատակն է յեղափոխել մեր ժողովուրդի առօրեան ու զայն դուրս բերել երբեմն թմբիրէն, այլ տեղ` անտարբերութենէն, այլ ժամանակ պարտուողական ու անձնատուական տրամադրութենէն: Յեղափոխութիւն մը, որ ո՛չ միայն ուղղուած է թշնամիին, այլ նաեւ` մեր ժողովուրդը տկարացնող ներքին ախտերուն դէմ կամ ի նպաստ մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ գոյատեւման պայքարին:
Յեղափոխութեան մեկնակէտէն ծառայութեան դաշտ նետուող Դաշնակցութիւնը 125 տարի շարունակ, երկիրէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր անկիւններ, Արցախ, Հայաստան ու Ջաւախք, եւ դեռ ծանօթ ու անծանօթ այլ վայրեր եղած է իր ժողովուրդին կողքին ու հասած` անոր ծով կարիքներուն: Ինք ու իրեն զօրակից միութեանց թէ անհատներու ճամբով Դաշնակցութիւնը դպրոց եւ եկեղեցի կառուցած է, ուսուցիչ, խմբագիր, տնօրէն հայթայթած, հայապահպանման գործին երիտասարդներ տրամադրած, հիւանդին դեղ ու դարման, տնանկին երդիք, ծերին` գաւազան, չքաւորին` պարէն, անպաշտպան հայուն` նեցուկ, հրկիզուող տան` հրշէջ, չորցող դաշտերուն` մշակ ու բանուոր, վտանգուած հայուն` զէնք ու պաշտպանութիւն, ընթերցումի կարօտ մարդուն` թերթ ու գիրք, եւ դեռ` մշակոյթ, գեղարուեստ, բժշկական կեդրոն, մասնագիտական խորհրդատուութիւն, թէ կրթական ու համալսարանական նպաստ:
Մեր ժողովուրդին ամէնօրեայ հարցերուն մօտէն հետեւելու, անոնց լուծումներ որոնելու, տեւաբար անոր հետ ըլլալու, միասնաբար տագնապելու, տառապելու, միասնաբար պայքարելու, պաշտպանելու, թումբերը խորտակելու, պատնէշները վերացնելու եւ յաղթանակ կերտելու, հաւաքականին ծառայելու հաւատքն ու գործն է, որոնք կ՛արժեւորեն Դաշնակցութեան գոյութիւնը անցնող 125 տարիներու ընթացքին:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը բարոյական սկզբունքներու կուսակցութիւնն է ու միաժամանակ սխալները ընդունող ու զանոնք սրբագրելու ձգտող ժողովրդային շարժումն է: Յաճախ ըսած ենք, որ կուսակցականներ կրնան սխալիլ, նոյնիսկ` գայթակղիլ ու սայթաքիլ: Դաշնակցութիւնը սակայն չի սխալիր: Դաշնակցութիւնը այն ծովն է, որուն ալիքները իրմէ դուրս կը շպրտեն խճաքարերը: Սխալողները, ովքեր ալ ըլլան, պատասխանատու ինչպիսի դիրքեր զբաղեցուցած ըլլան, դուրս կը մնան Դաշնակցութենէն: Սայթաքողները, կազմակերպութեան շարքերէն ներս սպրդած շահադէտ բախտախնդիրները ի վերջոյ կ՛արժանանան Դաշնակցութեան ինքնասրբագրող, երկար համբերութիւն ունեցող, միշտ ընկերական տրամադրութիւն ցուցաբերող բարոյական սկզբունքներու հաւատարիմ արդար վճիռին, որ յաճախ նաեւ կ՛ըլլայ անխնայ: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ միշտ ինքզինք կը սրբագրէ, ինքզինք կը բուժէ: Մի՛ մտահոգուիք Դաշնակցութեան ապագայով:
***
Բացառաբար գործին հաւատացող եւ խօսքը ի սպաս գործին դնելու պատրաստ Դաշնակցութիւնը 113 տարուան պատմութիւն ունի Լիբանանի մէջ: Դեռ օսմանեան բռնատիրութեան օրերուն` 1902-ին, դաշնակցական առաջին խումբը, կազմուած է հոս: Երկու տարի ետք, ընկ. Սիմոն Զաւարեան 1904-ին հիմը դրած է Զաւարեան ուսանողական միութեան: Կուսակցութիւններու կազմութեան օսմանեան օրէնքէն առաջ իսկ Դաշնակցութիւնը եկած է Լիբանան, եւ հպարտօրէն կրնանք ընդունիլ ու յայտարարել, որ այսօր Լիբանանի մէջ գործող ամենահին կուսակցութիւնն ենք, որ 113 տարի շարունակ իր ներդրումը ունեցած է Լիբանանի կերտումին ու պաշտպանութեան գործին մէջ:
Իր իւրայատուկ դրուածքով Լիբանանը եղած է ու կը մնայ ՀՅ Դաշնակցութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ամենաաշխուժ, ամենաուժեղ շրջանը: Ու եթէ իրաւամբ օրին ան կոչուած էր սփիւռքահայութեան ամրոց, այսօր եւս Լիբանանի մեր կազմակերպութիւնը կը մնայ այն վստահելի ամրոցն ու յենարանը, որ ուժ կու տայ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին եւ Դաշնակցութեան համահայկական աշխատանքներուն:
Միջին Արեւելքի տագնապալի այս հանգրուանին ու դրացի երկիրներուն մէջ պատահող աւերին իբրեւ հետեւանք հայկական գաղութներու հիւծումին` Լիբանանը կը շարունակէ մնալ թշնամի Թուրքիոյ սահմանակից ու մերձաւոր այն գաղութը, որուն վրայ նոր պարտականութիւններ եւս կու գան աւելնալու: Պարտաւորութիւններ, որոնց առջեւ Լիբանանի մեր կազմակերպութիւնը պատրաստ է ձեռնոցը վերցնելու եւ Լիբանանի հայութեան հետ զանոնք իրականացնելու:
Սուրիահայ եւ իրաքահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները իրենց տան մէջ պէտք է զգան, երբ մեր մօտն են: Դժուար է գաղթականութիւնը, խմած ենք այդ դառն բաժակէն քանիցս: Ու մեր կատարածը, մեր կարելիութիւններէն անդին, բարիք չէ, այլ` պարտաւորութիւն, զոր կը կատարենք գիտակցութեամբ, հաւատքով: Դիւրացնելով մեր հայրենակիցներուն կեցութեան պայմանները` մեր ձգտումն է, որ անոնք մնան Լիբանան, իսկ եթէ պարտին մեկնիլ, ներգաղթեն միայն Հայաստան: Հապճեպ կերպով ծովերէն անդին կայք փնտռելու տենդը ճիշդ ուղին չէ: Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ: Քիչ մը աւելի համբերութիւն եւ տոկունութիւն` մեզ հաւաքաբար աւելի ապահով պայմաններու մէջ դնելու կը ծառայէ:
Ինքնաքննադատութեան ու ինքնաճանաչումի անհրաժեշտութեամբ ըսենք նաեւ, որ առողջ չէ նաեւ Լիբանանի հայութիւնը: Օտարանալու արագ ընթացքը, խառն ամուսնութիւնները, իրենց զաւակները օտար դպրոց ղրկելու ախտը, ախտավարակ երեւոյթներու ցցումը, դէպի Թուրքիա զբօսաշրջական թէ առեւտրական պտոյտները, թմրամոլութիւնն ու հայկական աւանդութեանց հակոտնեայ ախտերը, ազգային ու հասարակական կառոյցներէ հեռու մնալու եւ արդիականութեան սուտ շղարշին տակ դէպի օտարութիւն երթալու, միշտ օտարինը գերադաս ու հաճելի տեսնելու սնափառութիւնը Հայաստանեայց եկեղեցիէն հեռանալով ապազգային հաւատամք որդեգրելը, մերը հին, ժամանակավրէպ նկատելով եւ ուրիշինը միշտ ճառագայթող, փայլուն ու քաղաքական նկատելու ինքնախաբէութիւնը եւ դեռ այլ երեւոյթներ գոյութիւն ունին մեր մէջ ու կը մտահոգեն մեզ վստահաբար: Անպայմանօրէն կը մտահոգեն բոլորս: Պարտաւոր ենք մտահոգուելու հաւաքաբար, որովհետեւ մեր զաւակներուն ապագային մասին կը խօսինք, մեր ժողովուրդի մասին կը խօսինք: Տկար լիբանանահայութիւն մը, տկար հայ անհատ ու տկար Հայաստան կը նշանակէ:
Անցնող ամիսներուն մենք ոգեկոչեցինք յիշատակը Լիբանանի պատերազմին ընթացքին նահատակուած կամ հայանուն թէ օտար թշնամիներուն սադրանքներուն զոհ գացած դաշնակցականներուն եւ հայորդիներուն: Անոնք ինկան ի խնդիր Լիբանանի եւ ամբողջ հայութեան: Ի խնդիր ամբողջ Լիբանանի եւ ամբողջ հայութեան: Անոնք ինկան պաշտպանելու համար Լիբանանի հայութիւնը, պահպանելու այդ հայութեան ինքնութիւնն ու ազատ եւ ինքնուրոյն դիմագիծը: Անոնք ինկան պարտականութեան ճամբուն վրայ` պաշտպանելով իւրաքանչիւր հայկական կառոյց, հայ ընտանիք, հայ տուն, հայու վաճառատուն, հայու գործարան: Անոնք ինկան, որպէսզի ապրինք մե՛նք:
Պարտք ունինք վճարելիք այդ նահատակներուն: Ոգեկոչումը բաւարար չէ: Խունկը, մոմն ու պատարագը բաւարար չեն: Իրենց նահատակութեամբ մեզի կեանք, շահ, կալուած, հարստութիւն ապահովող այդ տղոց հանդէպ մենք պարտաւոր ենք արդար ըլլալ:
Ընդհանրապէս Լիբանանի հայութեան ու յատկապէս հայահոծ թաղերու, մանաւանդ Պուրճ Համուտի ու Այնճարի պաշտպանութիւնը ստանձնած ու անոր համար նահատակուած մեր երիտասարդները այսօր հարց կու տան` որո՞ւ կը թողունք այս շրջանները, որո՞ւ կը թողունք այն թաղամասերն ու կալուածները, որոնց գետիններուն մեր արիւնը թափած է: Բարօր կեանք ապրելու խելացնոր մոլուցքին դիմաց չենք կրնար մոռնալ նահատակներն ու անոնց պաշտպանած շրջանները:
Այս առիթով եւ նախանձախնդիր մնալով մեր թաղամասերուն հայեցիութեան պաշտպանութեան, պատասխանատուութեամբ կը յայտարարենք, որ ընդունելի չէ որեւէ արարք, վաճառք թէ այլ ճարպիկութիւն, որ կը հարուածէ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի հայեցիութիւնը: Մենք հաւաքաբար պարտաւոր ենք ամէն ճիգ ի գործ դնել արգիլելու համար դէպի վտանգ ընթացող նման երեւոյթ: Պուրճ Համուտն ու Այնճարը պէտք է մնան ու պիտի մնան հայահոծ, այսօր եւ վաղուան համար:
Քաղաքական գետնի վրայ մենք կը շարունակենք մնալ Լիբանանի ազատութեանց, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, ազգային գերիշխանութեան եւ համայնքներու գոյակցութեան կողքին. կը մերժենք հարցերու լուծման համար որեւէ բռնութիւն եւ տեւաբար կողքին ենք երկխօսութեան:
Պիտի շարունակենք քաղաքացիական նոյն վարքագիծով ընթանալ` միաժամանակ դրական ազդեցութիւն ծաւալելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ` օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց վերաշխուժացման ուղղութեամբ: Ընտրական օրէնքի կապակցաբար պահանջատէր ենք արդարութեան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող օրէնքի մը, որ ամէն համայնք եւ քաղաքական ուժ ներկայացուի խորհրդարան համապատասխան իր քաղաքական եւ ընտրական ուժին ու ներկայացուցչութեան:
Կը յարգենք ու պիտի շարունակենք յարգել քաղաքական բոլոր ուժերն ու ըմբռնել անոնց մտահոգութիւնները: Կը յարգենք զանոնք, որովհետեւ մեր ժողովուրդով մենք զմեզ ամուր կը զգանք, դէմ ենք որեւէ կողմի մեկուսացումին: Բայց նաեւ կը պահանջենք արդարութեան եւ հասարակութեան սկզբունքէն մեկնած փոխադարձ յարգանք եւ իրաւունքի ճանաչում:
Քաղաքական ամէն հաշիւէ վեր, Լիբանանի հայութեան անվտանգութիւնն ու ներքին անդորրութիւնը կը մնան առաջնահերթ: Ի վիճակի ենք յայտարարելու, որ ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի հետ այս առնչութեամբ միակարծիք ենք ու միասնաբար` անզիջող: Եւ դեռ, պատրաստ ենք տեւական գործակցութեան` ի խնդիր Լիբանանի հայութեան բարօրութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Փաստօրէն անցնող հինգ տարիներուն Լիբանանի մէջ հայկական կուսակցութեանց եւ միութեանց միջեւ ծաւալած բարենպաստ յարաբերութեանց շնորհիւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումները անցան զուտ ներհայկական սահմանները ու իրենց բովանդակութեամբ ու ոգեկոչումով դարձան համալիբանանեան տարողութեամբ ձեռնարկներ` անգամ մը եւս Լիբանանի հայութեան տալով Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ բարձրագոյն պատուանդանին վրայ գտնուելու իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը:
Յեղափոխական երիտասարդներու կողմէ հիմնադրուած ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակը կ՛ուզենք նկատել նաեւ տօնը յեղափոխական, մարտունակ ու յանձնառու երիտասարդութեան: Այն երիտասարդներուն, որոնք իրենց հանգիստը, հաճոյքը, յաճախ ընտանիքը լքած` նուիրուած են հաւաքական ընտանիքին` հայութեան պաշտպանութեան գործին: Գործին հաւատացող, հայութեան ցաւերով տառապող, սխալը սրբագրելու ձգտող, անկեղծութեամբ քննադատող, ազատ ու խիզախ մտածողութեան տէր երիտասարդներուն է ՀՅ Դաշնակցութեան ապագան:
Մեր զաւակներն են անկասկած մեր կազմակերպութիւններէն դուրս երիտասարդ երիտասարդուհիները, որոնք կրնան իրենց անվիճելի դերակատարութիւնը ունենալ մեր ազգային, հասարակական կեանքին մէջ: Անոնք կը կազմեն այն ուժը, որուն պարտաւոր ենք վստահելու մեր ժողովուրդի ապագան: Նախապայմանը կուսակցական ըլլալը չէ, այլ` հրաւէր, որ մեր երիտասարդութիւնը գտնուի աշխատանքի, հայկական շրջանակի ծառայութեան ծիրին մէջ, եւ մեր պտուղները չիյնան այլոց պարտէզներուն մէջ:
125-ամեակի այս օրերուն, եւ դեռ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ին, որքան զօրաւոր կը հնչէ հայ կնոջ դերակատարութեան հրամայականը: Հայ մօր, որ ապրեցուց մեր ժողովուրդը, որուն արգանդէն ծնան բիւր ազատամարտիկներ, ազգային ազատագրական պայքարի օրերէն մինչեւ անկախութիւն, «Նեմեսիս»-ին մինչեւ Լիզպոն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն մինչեւ Արցախ ու Հայաստան: Հայ օրիորդին, որ իր եղբայրը ղրկեց պատերազմի դաշտ: Այո՛, Դաշնակցութիւնը երբ իր ժողովներով որոշած է վերաշխուժացնել այս դերակատարութիւնը, ապա մեր մայրերն ու քոյրերը, մեր աղջիկներն ու կիները հրաւիրուած են ֆեմինիզմի սովորական պահանջէն անդին` գործնական եւ մասնակից դերակատարութիւն ունենալ մեր կեանքին մէջ:
Սիրելի՛ ժողովուրդ,
ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակը պարտաւոր ենք վերածելու անկիւնադարձի:
Իր նմանը չունեցող այս կուսակցութիւնը պարտինք պահել ամուր եւ հզօր:
Այդ ամրութիւնը մեր ժողովուրդին համար է:
Հզօր Դաշնակցութիւնը վստահաբար կը հզօրացնէ Հայաստանն ու հայութիւնը:
Ու այդ հզօրութեան համար, Հայաստանի եւ հայութեան հզօրութեան համար բոլորս հրաւիրուած ենք հաւաքական գործի:
Մեր պահեստի զինամթերքը, դո՛ւք, սիրելի՛ համակիր զանգուածներ, այս սրահին մէջ գտնուող բազմահազար հաւատացեալներ, ձեզմով կը զօրանանք մենք:
Մեր կռնակը ամուր կը նկատենք ձեզմով:
Ձեզմով կը հպարտանանք, ձեզմով կը գոյատեւենք:
Պահանջեցէ՛ք մեզմէ ու խնայող մի՛ ըլլաք ձեր պահանջին մէջ:
Զօրակի՛ց մնացէք մեզի ինչպէս միշտ, նաեւ` վաղը, եւ ձեր զօրակցութիւնը կը վերադարձուի ձեզի, հայութեան ու Հայաստանի, բազմապատիկ ձեւով:
Ո՛չ մէկ հարուած, ո՛չ մէկ վտանգ մեզ կը վհատեցնէ: Մենք յուսահատիլ չենք գիտցած:
Ու պիտի շարունակէ գործել Դաշնակցութիւնը: Պիտի շարունակէ պայքարիլ Դաշնակցութիւնը:
Նոր նահատակներ պիտի տայ Դաշնակցութիւնը:
Նոր գագաթներ պիտի նուաճէ Դաշնակցութիւնը:
Այնքան ատեն որ կ՛ապրի մեր
աննման ժողովուրդը, պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:
Միասնաբար պէտք է ապրիլ Դաշնակցութիւնը:
Փա՛ռք դաշնակցական մարտիկներուն:
Փա՛ռք ու պատիւ մեր նահատակ ընկերներուն:
Փա՛ռք ու պատիւ իրենց զաւակները Դաշնակցութեան ու հայութեան բագինին զոհաբերած մայրերուն ու հայրերուն:
Դէպի պայքարի նոր հանգրուան:
Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը: