ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Սիրում եմ ես, առանց բառի, եա լէյլ երգող հանճարն իր,
Սոխ «պատլիճան» էշուն բեռցած, դռնէ ի դուռ
ծախողը իր»
ԹՈՒՐԻԿ
Շատ բան կը պարտիմ Լիբանան գտնուող դասընկերոջս` Յակոբ Եափուճեանին: Շաբաթ օր մը լման օրը տրամադրեց ինծի, եւ միասին այցելեցինք վայրեր, որոնք առանձինս անկարելի պիտի ըլլար իրագործել:
Նախքան մեր շրջապտոյտը դէպի արեւմտեան Պէյրութ` կ’ուղղուինք դէպի «Շաղզոյեան» կեդրոն: Առաջին հերթին կ’այցելենք «Ազդակ»-ի խմբագրապետ-տնօրէն ընկեր Շահան Գանտահարեանի գրասենեակը: Նախապէս, քանի մը վայրկեանով տեսնուած ու ծանօթացած էինք: Այսօր իրարու մօտէն ծանօթանալու լաւագոյն առիթն է: Ընկեր Շահան ջնջած է իր բոլոր ժամադրութիւնները եւ իր թանկագին ժամանակը որոշած է տրամադրել մեզի:
Մուտք կը գործենք իր գրասենեակը, եւ հաճելի անակնկալով մը հոն կը գտնենք Ճեմարանի մեր հայոց պատմութեան նախկին ուսուցիչը` պատմաբան պարոն Երուանդ Փամպուքեանը: Վայրկեանները ժամերու կը վերածուին: Ազգային, քաղաքական եւ մշակութային հետաքրքրական նիւթերը իրարու կը յաջորդեն եւ այդ հիանալի մթնոլորտին մէջ ենք, երբ գրասենեակի դուռը կը զարնուի եւ խմբագիրներէն մէկը կը հարցնէ, թէ վայրկեան մը կրնա՞մ գրասենեակէն դուրս գալ: «Վստահաբար ծանօթի մը պիտի հանդիպիմ», կ’ըսեմ մտովի, սակայն դէմս կանգնած է բոլորովին անծանօթ, հազիւ 12 կամ 13 տարեկան ժպտուն պատանի մը: Խմբագիրներէն մէկուն զաւակն է, որ կարդացած է «Յիշատակներ… անցած օրեր» հատորս, եւ երբ լսած է խմբագրատան մէջ գտնուիլս, ուզած է անձամբ ծանօթանալ հետս:
Լիբանան գտնուած միջոցիս ծանօթացայ շատերուն: Ուրախացայ նոր ծանօթութիւններովս, սակայն այս անգամ, ուրախութեան կողքին, կայ նաեւ յուզումը: Յուզուած եմ, միեւնոյն ժամանակ` հիացած այդ պատանիով: Հայ պատանի մը, որ հայերէն գիրք կը կարդայ ու կը փափաքի ծանօթանալ հեղինակին հետ: Միացեալ Նահանգներ եւ… Լիբանան: Ամերիկայի մէջ հազուադէպ է հանդիպիլ այդ տարիքի հայերէն գիրք կարդացող պատանիի մը: Հիացմունքով կը սեղմեմ պատանիին ձեռքը: Միասին յիշատակի նկար մը կ՛առնենք, եւ կը վերադառնամ խմբագրապետին գրասենեակը: Յուզումս եւ ուրախութիւնս կ’արտացոլան դէմքիս վրայ:
Լիբանանահայը: Ինչպէ՞ս չհպարտանալ նման գաղութով:
«Ազդակ»-ի խմբագրատունէն ետք մեր քայլերը կ’ուղղենք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը: Երկար տարիներու մասնագիտութիւնս եղած է տպագրական աշխատանքը, եւ հետաքրքրութեամբ կը հետեւիմ տպագրիչի ցուցմունքներուն ու կը համոզուիմ, որ կը գտնուիմ արդիական տպարանի մը մէջ` օժտուած լաւագոյն պայմաններով ու տպագրիչ մեքենաներով: Կը բարձրանանք վերի յարկը եւ կ’ուղղուինք Համազգայինի հրատարակչութեան եւ գրախանութի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի գրասենեակը: Լայն ժպիտով կը դիմաւորէ մեզ: Գրասենեակին դուռը փակած է մեր ետեւէն եւ իր քարտուղարուհիէն խնդրած` «Քանի մը ժամուան համար` ոչ մէկ այցելու կամ հեռաձայն»:
Առաջին անգամն է իրարու կը հանդիպինք, սակայն երկուստեք այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, թէ երկար տարիներու բարեկամներ եղած ենք:
Իրարու ծանօթ էինք անունով միայն, սակայն այդ հանդիպումէն ետք դարձած ենք լաւ բարեկամներ: Լայն տեղեկութիւններ կը ստանանք Համազգայինի գրախանութին եւ հրատարակչատան աշխատանքներուն մասին: Խիստ գնահատելի աշխատանք կը տարուի այդ յարկին տակ` շնորհիւ անձնակազմին եւ մանաւանդ Յակոբ Հաւաթեանին, որ անկարելին կարելի կը դարձնէ մեկենասներ գտնելու եւ հրատարակելու հայերէն նոր գիրքեր:
Կը բաժնուինք դարձեալ իրարու հանդիպելու խոստումով:
* * *
Խճողուած փողոցներէն ու կամուրջներէն անցնելով` յանկարծ ինքզինքս կը գտնեմ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շէնքին դրան մուտքին: Չհասկցայ` ուրկէ՞ անցանք եւ ինչպէ՞ս հասանք այդ թաղը: Քաղաքը ամբողջովին փոխուած է: Առանձինս անկարելի պիտի ըլլար հասնիլ այդ վայրը, ուր անցուցած եմ մանկութեան եւ պատանեկութեան ամենաերջանիկ տարիներս: Մեր ժամանակներուն սինեմա «Քափիթոլ»-ի առջեւէն կը բարձրանայինք Սուրբ Նշանի բարձունքը` անցնելով պետական երաժշտանոցին եւ ՀԲԸՄ-ի «Յովակիմեան Մանուկեան» վարժարանի առջեւէն, կը հասնէինք Զոքաք էլ Պլաթի մզկիթը, կը թեքուէինք աջ եւ արդէն հասած ենք մեր սիրելի դպրոցը` Նշան Փալանճեան Ճեմարան: Շատ տարօրինակ «ճամբորդութիւն» մը թուեցաւ ինծի: Վերը յիշած վայրերէս եւ ոչ մէկուն հանդիպեցանք հասնելու մեր դպրոցը: «Յովակիմեան Մանուկեան» վարժարանը հիմնովին փլած եւ ինքնաշարժներու կանգառի վերածուած է: «Յովակիմեան Մանուկեան» եւ «Դարուհի Յակոբեան» վարժարանները միացած են մէկ յարկի տակ, Արեւելեան Պէյրութի մէջ:
Սուրբ Նշան եկեղեցին տակաւին հոն է, սակայն «Սուրէն Խանամիրեան» քոլեճը (նախկին Սուրբ Նշան վարժարան) նմանապէս փոխադրուած է արեւելեան Պէյրութ:
Զոքաք էլ Պլաթի մզկիթին դէմ կը գտնուէր մեզի համեղ «սանտուիչներ» պատրաստող պարոն Սագոյին կրպակը, կողքին` հայախօս Մուսթաֆայի սափրչատունն էր. երկուքն ալ փակ են: Աջին մեր հայերէնի ուսուցիչ պարոն Գառնիկ Բանեանը կը բնակէր: Ճեմարանը հազիւ անցած` կը հասնէինք «կաթոճի» պարոն Նշանին: Այս բոլորէն եւ ո՛չ մէկը հոն է, սակայն բարեբախտաբար տակաւին ներկայ է մեր սիրելի դպրոցը եւ կը նշմարեմ Համազգայինի շէնքն ու «Վասպուրական» սրահը: Շէնքը ներկայ է, սակայն բացակայ է մեր սիրելի Ճեմարանի տաքուկ մթնոլորտը: Այժմ կը կոչուի «City International School»: Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը գնահատելի գործ տեսած է վարձու տալով այդ շէնքը լայիք դպրոցի մը: Թէպէտեւ յուզիչ, սակայն երբ մտածենք, թէ շրջանի մը մէջ, ուր պակսած է հայութեան թիւը, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենար պահել շէնքը. այսպէսով, տարեկան կոկիկ գումար մը կ’ապահովէ Համազգայինի, որ կը հոգայ ներկայ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարանի հսկայական նիւթական ծախսերը:
Կը մտնենք դարպասէն ներս եւ կը յիշեմ Ճեմարանի առաջին օրս: Հազիւ 7 կամ 8 տարեկան երեխայ մըն էի: Հօրս ձեռքէն բռնած` ուղղուեցանք պարոն Բանեանին գրասենեակը: Արձանագրուեցայ, ու հայրս մեկնեցաւ իր գործին: Մտայ դասարան: Առաջին օրը այնքա՜ն լացի, սակայն վերջին օրը, երբ պէտք էր ձգէի սիրելի դպրոցս, արդէն հասուն պատանի էի, եւ դարձեալ լացի: Այս անգամ լացի սրտանց: Չէի ուզեր բաժնուիլ սիրելի դպրոցէս:
Ճեմարանի շէնքերը գրեթէ փոփոխութիւն չեն կրած. ընդհակառակը, վերանորոգուած ու լաւ վիճակի մէջ են: Տակաւին մայր շէնքի ճակտին կը կարդանք «Նշան Փալանճեան Ճեմարան»: Պարտէզի տարբեր անկիւններուն` տակաւին կը հանդիպինք Լեւոն Շանթի, Ն. Աղբալեանի, Բ. Կանաչեանի կիսանդրիներուն: Այնպէս համաձայնուած է. շէնքը կը մնայ նոյնութեամբ: Լեւոն Շանթի, Աղբալեանի շուքին տակ ուսում կը ստանան … օտար աշակերտներ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ մը աւերներ գործեց: Տուժեց նաեւ հայ գաղութը, մանաւանդ` արեւմտեան Պէյրութ բնակող հայը: Ճեմարանի շրջակայքին մէջ կը բնակէին Սիմոն Վրացեան, Կոմս, Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Բանեան եւ հայ մտաւորականներու եւ ուսուցիչներու մեծ տոկոսը: Այսօր այդ շրջանին մէջ հայերու թիւը նուազագոյնի իջած է: Նախքան պատերազմի տարիները` Ճեմարանի շէնքերը նեղ կու գային: Տեղի չգոյութեան պատճառով տնօրէնութիւնը ստիպուած էր մերժելու շատ մը դիմող աշակերտներ: Պատերազմի յաջորդող տարիներուն աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն սկսած էր պակսիլ: Իւրաքանչիւր դասարանի մէջ քանի մը աշակերտներ մնացած էին միայն:
Երկար կը դիտեմ անխօս շէնքը: Կը վերյիշեմ աշակերտական տարիներէն դէպքեր: Պասքեթպոլի դաշտը, ուր Ճեմարանի տղոց ու աղջիկներու խումբերը բազմաթիւ յաղթանակներ արձանագրած էին:
Կը դառնամ բակին շրջակայքը: Իւրաքանչիւր քայլափոխ յիշատակ մը կ’արթնցնէ: Նախապատրաստական դասարաններու շէնքի մուտքին, պատին տակ ընդհանուր հսկիչը` պր. Յովհաննէս, մեզի կը շարէր, մեր գործած «չարութիւններուն» որպէս պատիժ: Զբօսանքի ժամանակ զրկուած էինք խաղալէ:
Կ’ուզեմ մնալ երկար, վերապրիլ դպրոցական օրերս, սակայն աւա՜ղ, այդ երանելի օրերը պատմութեան անցած են:
«Շատ տարիներ եկան անցան
Մանկութեան օրեր երազ դարձան
Յիշատակներ անցած օրեր
Թանկագին ժամեր վերադարձէք» (The Five Fingers. Պ. Շ.)
Մտովի մնաք բարով կ’ըսեմ այդ անխօս, սակայն` խօսուն շէնքին:
«Քեզ կերտեցին առաքեալներ մեծանուն
Գաղափարի իբրեւ տաճար անսասան» (Մուշեղ Իշխան)
Մէկական առաքեալներ էին այդ հաստատութիւնը կերտողները` Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, որոնց կիսանդրիները արթուն պահակներու նման կը հսկեն սիրելի Ճեմարանի շէնքերն ու շրջափակը:
Ճեմարան աշակերտած տարիներուս այս աշխարհէն հեռացած էին այդ առաքեալները, սակայն ներկայ էր իրենց հայեցի շունչը:
Այդ տարիքին, չէինք գիտակցիր, թէ ի՜նչ բախտաւոր եղած ենք` շրջապատուած Մուշեղ Իշխանով, Սիմոն Վրացեանով ու Կարօ Սասունիով: Ճեմարանի այդ բակին մէջ, ուր կանգնած եմ այս վայրկեանին, տասնեակ տարիներ առաջ հանդիպած ենք հիւրաբար Լիբանան գտնուող Մալխասին, որուն «Զարթօնք»-ը հիացումով կարդացած եմ քանի՜ քանի՛ անգամներ: Հանդիպած ենք աննման ֆետայի Դրոյին, սակայն ո՛չ զէնք ունէր ձեռքին, ո՛չ ալ ճերմակ ձիու վրայ նստած էր: Այդ ժամանակ տակաւին մանուկ էինք, չէինք հասկնար, թէ որքան բախտաւոր ենք հանդիպած ըլլալու մեր պատմութիւնը կերտող հայորդիներու: Նոյնիսկ չէինք մտածած մօտենալ իրենց, շարունակած ենք մեր մանկական խաղերն ու չարութիւնները:
Կ’անցնինք Ճեմարանի ետեւի նեղ փողոցէն, ուր կը գտնուին ՀՄԸՄ-ի ակումբն ու մարզադաշտը, սակայն դժբախտաբար այդ ժամուն դուռը փակ է, եւ չենք կրնար այցելել այդ սիրելի վայրը:
Նոյն փողոցին վրայ կը բնակէին Ճեմարանի տնօրէններ` Սիմոն Վրացեան եւ Հրաչ Տասնապետեան: Երկուքն ալ հեռացած են այս աշխարհէն:
Կ’ուղղուիք դէպի Ուաթ Ուաթ թաղամասը, ուր կը գտնուէր «Ազդակ»-ի նախկին գետնայարկ խմբագրատունն ու տպարանը, ուր ժամանակին, քանի մը առիթներով այցելած էի` ծանուցում տալու: Երկու քայլ անդին «Բագին»-ի խմբագրատունն էր եւ անոր դիմացի շէնքը` «Սահակեան մայրանոց»-ը, ուր աշխարհ եկած են եղբօրս երկու զաւակները:
Նոյն փողոցին վրայ կը բնակէին դասընկերներէս` Անի Սեդրակեանը, Անի Ղարիպեանն ու Վահիկ Վարդապետեանը: Երեքն ալ հաստատուած` Միացեալ Նահանգներ:
Այդ թուականներուն հայութիւնը բաւական կոկիկ թիւ մը կը հաշուէր, ներկայիս հայութեան թիւը ոչ միայն զգալիօրէն նուազած է, այլ հազուադէպ է հայերու հանդիպիլ այդ շրջաններուն մէջ:
Կը շարունակենք մեր ճամբան եւ կ’ուղղուինք դէպի Համրա, սակայն սիրելի դասընկերոջս կը յուշեմ`. «Կարիքը չկայ այդ կողմերը երթալու»: Յիշողութեանս մէջ պատկերագրուած Համրան կ՛ուզեմ յաւերժ պահել: Լսած եմ, թէ այժմ ոչինչ կը յիշեցնէ այդ շէն Համրայէն, եւ նախկին պատկերը չեմ ուզեր խախտել: Կ’անցնինք հանրային պարտէզին առջեւէն, ուր յաճախ կէսօրուան ճաշի դադարին կ’երթայինք «դաս սորվելու» պատրուակով, երբ գրաւոր կամ քննութիւն մը ունենայինք, սակայն առանց դասագիրքերը բանալու` կը վերադառնայինք դպրոց:
Ծովեզերեայ ճամբաներէն անցնելով` կ’անցնինք ամերիկեան դեսպանատան նախկին շէնքին առջեւէն: Կը յիշեմ այն օրը, երբ երկա՜ր սպասեցի ստանալու համար «դրախտի» վիզան, ու լքելով սիրելի ծննդավայրս` հաստատուեցայ Լոս Անճելըս:
Լոս Անճելըս 2015
(Շար. 4)