Անդրադարձ

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Բռնատիրութեամբ Եւ Հարստութեամբ Նախապաշարուած Բռնապետը. Էրտողանի 12 Գայթակղութիւնները…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հետզհետէ աւելի բռնակալ կը դառնայ: Ընդդիմադիր քրտամէտ ԺԺԿ կուսակցութեան թրքական խորհրդարանի 11 անդամներուն ձերբակալութիւնը վերջինն է Էրտողանի բռնապետական քաղաքականութեան երկար շարքին: Փենթակոնի նախկին պաշտօնեայ եւ Ձեռներէցութեան ամերիկեան հիմնարկի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին անցեալ շաբաթ ջախջախիչ նիւթ հրապարակած է Էրտողանի մասին` թուարկելով անոր գայթակղեցուցիչ գործողութիւններէն քանի մը...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Երբ Կը Միանան Դաշնակցութեան

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Կիրակի, 6  նոյեմբերին, Արարատի մարզի Քաղցրաշէնի մէջ 14 երիտասարդներ եւս միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն: Խրախուսիչ իրականութեան վերածուած է հայրենի երիտասարդներու դաշնակցական դառնալու պատրաստակամութիւնը: Հայրենիքի տարածքին, Երեւանէն Շիրակ, Լոռիէն Արագածոտն, Արարատէն Կոտայք, Սիւնիքէն Արցախ` անոնք կու գան քանակական ու որակական նոր աւիւն ներդնելու մեր ժողովուրդի ամէնէն ազգային, արդարամէտ ու խիզախ քաղաքական կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան: Անոնք կու գան իրենց...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ընչաքաղցութիւն Եւ Փառասիրութիւն Կը Մեռցնեն Ցանկալի Ժողովրդավարութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ընկերային կեանքի մէջ ընչաքաղցութիւն եւ փառասիրութիւն երկուորեակներ են, եւ քաղաքականութիւնը անոնց արգաւանդ դաշտն է: Աշխարհ հեւ ի հեւ հետեւեցան հզօրագոյն համարուող երկրի` Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութեան արշաւին: Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները առանց միջնորդի արձանագրուած անմիջական պատկերներով եւ արտայայտութիւններով տեղեակ կը պահեն ոչ միայն ամերիկացիները, այլ նաեւ` աշխարհի հեռուի եւ մօտի երկիրներու բնակիչները: Միացեալ Նահանգներու ընտրական համակարգը միշտ համարուած է...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Երբ Կան Նման Ընկերներ…

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Երկու շաբաթ առաջ մանկութեան եւ դպրոցական ընկերս` Լոս Անճելըս բնակող Վարդան Գազանճեանը, Դիմատետրի միջոցով «Արեւելք» լրատուական կայքին վրայ լոյս տեսած գրութիւն մը ուղարկեց ինծի: Գրութիւնը Հալէպէն փախած եւ Պէյրութ հասած սուրիահայ ընտանիքի մը մասին էր: Պապայեան ընտանիքը Հալէպ մնացած ու դիմացած էր բոլոր դժուարութիւններուն, բայց վերջին դէպքերէն ետք պատերազմի արհաւիրքէն փախած ու հասած էր Պէյրութ: Պապայեանները իրենց աչքերով...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Ի՞նչ, «Սի. Էն. Էն.»-ը Տակաւին Կը Սփռէ՞…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Դեռ չսկսած` ըսեմ, որ Թրամփի կամ Քլինթընի կապակցութեամբ ոչ մէկ համակրանք կամ հակակրանք ունիմ: Հոս ըսուելիքները կ*առնչուին միայն ու միայն ամերիկեան մամուլին, որուն փառաւոր պարտութեան ականատես եղանք երեքշաբթի գիշեր: Շատ բան պիտի գրուի Մ. Նահանգներու նախագահական այս ընտրութիւններուն քաղաքական ծալքերուն մասին: Մասնագէտները պիտի փորձեն լուսաբանել ու բացատրել այս ծալքերը, իսկ «մասնագէտներ»-ը պիտի փորձեն աներեսաբար արդարացումներ գտնել: Անցնող գրեթէ...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

ԱՄՆ-ի Նախագահական Ընտրութիւններու Վաղորդայնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ 2016-ի Նախագահական ընտրութիւնները արմատական տեղաշարժ յառաջացուցին ԱՄՆ-ի քաղաքական բեմին վրայ բացայայտելով քաղաքական ուժի բոլորովին նոր շերտեր և ծաւալներ և հիմնովին յեղաշրջելով ցարդ գոյութիւն ունեցող ընտրական հաշուարկներու մաթեմատիկան։ Թրամփի յաղթանակը այս նոր իրականութեան պարտաւորեցնող վկայութիւնն է։ Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածուն՝ Հիլարի Քլինթըն – հակառակ հեղինակաւոր հարցախոյզներու նախատեսութեանց – ջախջախիչ պարտութիւն կրեց կաճառային քուէներու ճակատին վրայ հակառակ այն իրողութեան, որ ժողովրդական...

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակի  Ձեռնարկին  Միհրան  Քիւրտօղլեանի Արտասանաած Խօսքը.  Հրաչ  Տասնապետեան`  Մտաւորականը

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակի Ձեռնարկին Միհրան Քիւրտօղլեանի Արտասանաած Խօսքը. Հրաչ Տասնապետեան` Մտաւորականը

Նախ` խոստովանութիւն մը. անձնական յարաբերութիւններու մակարդակի վրայ ձեզմէ շատերու չափ  չեմ ճանչցած զինք: Իմ յարաբերութիւններս իրեն հետ եղած են հազիւ թէ պարագայական եւ միա՛յն նեղ, կուսակցական-կազմակերպական խնդիրներու շուրջ: Ո՛չ աշակերտած եմ իրեն, ո՛չ ալ իր մտերմութիւնը վայելած: Թերեւս աւելի լաւ է, որ այդպէս է, որովհետեւ մտերմութիւնն ու բարեկամութինը աղուոր բաներ են անշուշտ, բայց այս պարագային ապահով ու անաչառ խորհրդատուներ չեն,...

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակին  Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակին Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

Հրաչ Տասնապետեան կերպարի ամբողջական բնութագիրը տրամադրուած ժամանակի նեղ սահմաններուն մէջ անհնար է ներկայացնելը: Իր մասին շատ գրուած է ու խօսուած, եւ տակաւին կը գրուի անպայման` ամբողջական տեսքով յառաջիկայ սերունդներուն ներկայացնելու համար Հրաչ Տասնապետեան մարդը, հայը, մտաւորականը, դաշնակցական ղեկավարը: Խօսքի շրջագիծի ճշդումի ճիգին մէջ սուր կերպով ինքզինք զգալի կը դարձնէ յատկապէս մեր ժամանակներուն իբրեւ հրամայական ընդգծուող նորերու կամ կուսակցական բառապաշարով` քատրերու...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յորդանանի ծայրագոյն հիւսիս-արեւմուտքը` Յորդանան-Սուրիա-Իսրայէլ սահմաններու միացման կէտին մօտ գտնուող ամայի շրջանի մը մէջ, յորդանանեան օդուժի գաղտնի խարիսխի մը պատասխանատու սպան էր Սահակը` 6-25 հոկտեմբեր 1973-ի արաբ-իսրայէլեան  պատերազմի օրերուն (1): Յորդանան իր մասնակցութիւնը չէր յայտարարած այս պատերազմին` Եգիպտոսի ու Սուրիոյ կողքին, սակայն խորհրդանշական օժանդակութիւն ցուցաբերեց, երկրին հիւսիսը` Սուրիոյ հարաւը զօրք կեդրոնացնելով, տալով նաեւ խորհրդանշական 23 զոհ: Ամմանի հիւսիս-արեւմուտքը` Ժըպէյհա...

Երկու Խօսք

Երկու Խօսք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընկերային ցանցերը խճողած են մեր առօրեան: Այսօր բոլոր մակարդակներու վրայ նիւթի մը, դէպքի մը, յիշատակի մը, ուրախ կամ տխուր առիթի մը ընկերային ցանցերու մեկնաբանութիւնները հանրային կարծիքին վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենան: Չմոռնանք, որ «Արաբական գարուն»-ին նպաստած էին երկու ազդակներ` ընկերային ցանցերը եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները (NGO): Այսօր փաստօրէն գաղտնի սպասարկութիւններու եւ մեծապետական ծրագրի մը յաջողութեան համար երեւոյթով անմեղ, բայց ճարպիկ...

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

Աշխարհը Չփլեցաւ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Վերնագիրը կրնայ մատնել կեցուածքս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփի հանդէպ: Այո՛, կը մտածէի, որ Թրամփի ընտրութեամբ աշխարհը կրնայ կործանիլ: Ի վերջոյ,  «երկրագունդի ամէնէն հզօր մարդը» կոչումին տէր դարձած եւ քաղաքական փորձառութիւն չունեցող ընտրեալ նախագահը իր նախընտրական յայտարարութիւններուն մէջ ցուցաբերած էր ցեղապաշտական, հաշմանդամներու ու կիներու հանդէպ վիրաւորական տրամադրութիւններ, որոնք վտանգաւոր չափերով կրնան սրել ամերիկեան հասարակութեան ներքին մթնոլորտը:...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած  Զեկոյցներ

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներ

Հայութեան Գոյապահպանման Խնդիրներ. Ուծացման Հոլովոյթը Սփիւռքի Մէջ ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի Գլխաւոր խմբագիր Հայ Սփիւռք. Պատմական Ակնարկ Հայ ժողովուրդը միշտ ունեցած է սփիւռք: Պատմական յաջորդական ժամանակագրութեանց մէջ կը յիշուին նախարարական կամ արքայական տոհմերու տեղաշարժերը Հայկական բարձրաւանդակէն մինչեւ հեռաւոր Բիւզանդիոն, Պուլկարիա, Իտալիա, Սիկիլիա... Հայկական սփիւռքի ուծացման սերտօրէն ծանօթանալու համար անհրաժեշտ է յետադարձ ակնարկ մը կատարելով վերադառնալ ԺԱ. դար: Անիի անկումէն ետք,...

«Ատիս Երգի Ճամբով».  Հեղինակ Ատիս Հարմանտեան

«Ատիս Երգի Ճամբով». Հեղինակ Ատիս Հարմանտեան

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ Հինգշաբթի, նոյեմբեր 17-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ֆերահեան վարժարանի Աւետիսեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծանուն երգիչ, աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր սփիւռքի էսդրատային երգերու ռահվիրայ Ատիս Հարմանտեանի կեանքը ցոլացնող «Ատիս երգի ճամբով» հատորին գինեձօնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի Համազգայինի մասնաճիւղին կողմէ: Այս առթիւ, բացի յաւուր պատշաճի խօսքերէ, պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, ապա` հիւրասիրութիւն:...

Հայը… Մենք Ենք

Հայերէն «Էսդրատային» Երգի Ծնունդը (2)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ 1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն տարիներ առաջ մեծ թիւով պանդուխտ հայեր, մեծամասնութեամբ` Խարբերդի եւ շրջակայ գաւառներէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, առաւելաբար` Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի շրջաններուն մէջ, հիմնած էին փոքրիկ հայկական գաղութներ:Դաշտահանդէսներու կամ այլ տեսակի միութենական ձեռնարկներուն, կ՛երգէին իրենց պապենական տուներէն սորված երգերը: Երաժշտական գործիքները առաւելաբար արեւելեան նուագարաններ էին` ուտ, սրինգ, սազ,մանտոլին, քլարինեթ, տհոլ եւ զուռնա: Քանի մը օրինակ` այդ...

Ակնարկ.   Անկանխատեսելի Կերպար Եւ Կանխատեսելի Քաղաքականութիւն

Ակնարկ. Անկանխատեսելի Կերպար Եւ Կանխատեսելի Քաղաքականութիւն

Ճնշող կանխատեսումները շրջուեցան, երբ առտուան կանուխ ժամերուն յայտարարուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ ընտրուած է Տանըլտ Թրամփ: Ամերիկեան լրատուադաշտը (եւ ոչ միայն ամերիկեան), որոշակի առումով իրաւամբ ստեղծած էր շեշտուած կարծրատիպ Թրամփի կերպարին շուրջ, յատկապէս զայն դարձնելով անկանխատեսելի, հետեւաբար նաեւ ենթաընկալումով` վտանգաւոր: Մինչ Հիլըրի Քլինթընը, որ արդէն պետական հաստատութիւններու ուղիներէն անցած կայացած պետական գործիչ էր, կայունութեան եւ կանխատեսելիութեան առումով ընդհանուր ընկալումին...

Անդրադարձ.  Պառակտուած Ընկերութեան Ամրագրումն  Ու Ժողովրդավարութեան Յաղթանակը

Անդրադարձ. Պառակտուած Ընկերութեան Ամրագրումն Ու Ժողովրդավարութեան Յաղթանակը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հակառակ լրատուամիջոցներու ջախջախիչ մեծամասնութեան եւ հոլիվուտեան աստղերու Հիլըրի Քլինթընի նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան, մեծաթիւ ականաւոր հանրապետականներու աջակցութեան բացակայութեան եւ իրերայաջորդ հարցախոյզներու բացասական նախատեսութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն` Տանըլտ Թրամփը, իրողութիւն մը, որ կարելի է նկատել ժողովրդավարութեան յաղթանակը: Սակայն հարցականի տակ առնուեցաւ մինչեւ 1956 Միացեալ Նահանգներու նշանաբանը եղած «Է Փլուրիպուս Ունում»-ը` «բազմաթիւ (ժողովուրդներէն) մէկ»-ը, որովհետեւ...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Առիթով

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Առիթով

ՄԱՐԱԼ ՍԻՄՍԱՐ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ  Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի աջակցութեամբ կազմակերպուած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը անկասկած անջնջելի տպաւորութիւններ ձգեց մասնակիցներու սրտերուն մէջ: Հանդիպելով աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մեր գործընկերներուն` մենք առիթը ունեցանք փոխադարձաբար ծանօթանալու հայկական համայնքներու մէջ կատարուող աշխատանքներուն, լրատուական դաշտը զբաղեցնող նիւթերուն եւ լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Համաժողովի քննարկման դրուած եւ այլ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Մոնթէվիտէօ

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Մոնթէվիտէօ

ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ Հարաւային Ամերիկա տուած կուսակցական աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ 1-3 նոյեմբերին Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Միջազգային խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ առաջին առթիւ այցելեց «Կոմիտաս» ռատիոժամի լսարան, ուր ուղղակի սփռումով շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ` կեդրոնանալով Հայ դատի գրասենեակներու եւ ընդհանրապէս բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու կողմէ ծաւալող հսկայական աշխատանքներուն վրայ: Նկատի ունենալով,...

Հայուն Երկուութիւնը

Հայուն Երկուութիւնը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Այս երկրին մէջ ապրիլը երկուութիւններու առջեւ կը դնէ քեզ: Այդ զգացումն է, որ կ՛ապրիս ամենաչնչին պատահարի իսկ առջեւ. կ՛ունենաս երկրի ղեկավար մը, որ մէկ կողմէ քու ազգային պատկանելիութիւնդ իր ամօթը կը համարէ, միւս կողմէ, սակայն, ունեցած, անցեալէն ժառանգուած քանի մը շէնք ու շինութիւնդ գործածելի ու եկամտաբեր դարձնելու որոշումներ կ՛ընդունի (հոգ չէ թէ ապիկար վարիչներդ ոչինչ կրնան ընել ատոնցմով):...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին

Շ. Շահնուր` Վերհրատարակուած Եւ Վերայայտնուած «Շահան Շահնուր, Երկեր», Ա. Եւ  Բ. Հատորներ. «Յաղագս Շահան Շահնուրի», Գրիգոր Շահինեան Հրատ. «Ազգ», Երեւան, 2016   ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ «Շահան Շահնուր» - եռահատոր այս հրատարակութիւնը, առաջին զոյգ գիրքերով ենթախորագրուած` «Երկեր», եւ փակուող` «Յաղագս Շահան Շահնուրի» երրորդ գիրքով, ուշագրաւ երեւոյթ է մեր գրական-հրատարակչական կեանքին մէջ, արժանի յատուկ անդրադարձի: Պիտի արժէր, առ ի ծանօթացում լայն հանրութեան, ընել...

Page 662 of 806 1 … 661 662 663 … 806

Արխիւներ