Անդրադարձ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Նոյեմբեր Ա./2016 . Սուրիական Պրիսմակէն

Երեք տարի վերջ զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրուիլը երկրի ներքին քաղաքական կեանքը կայունութեան առաջնորդելու իմաստով մեծ ոստում մը համարուեցաւ, յատկապէս` տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու սուր լարուածութեան լոյսին տակ: Զօր. Աուն նախագահ ընտրուեցաւ ժողովուրդի իսլամ թէ քրիստոնեայ բոլոր բաղադրիչներուն զօրակցութեան, միաժամանակ քաղաքական զանազան ուժերու համախորհուրդ որոշումին  շնորհիւ: Այլ խօսքով, նախագահական այս ընտրութեան յաջողութիւնը առաւելաբար տեղի ունեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին միասնականութեան շնորհիւ` յաղթահարելու...

Քեսապի Նշանաւոր Դափնիի Իւղը Եւ Գիւղատնտեսութեան Ամփոփ Հոլովոյթը

Նազան Մաքսուդեան. «Ամառս Ձմրան Վերածեցիր, Տունս-Տեղս Աւերակ Դարձաւ»*

Ջանիկեանի համար դէպի Խոտորջուր ճանապարհորդութիւնը հաւասարազօր է դրախտ վերադարձին: Ռաֆայէլը փնտռում է դրախտում անցկացրած իր մանկութիւնը, սակայն գտած աւերակները որեւէ կապ չունեն իր մօտ եղած Խոտորջուրի լուսանկարների հետ, որոնք 1910 թ. լուսանկարել է վանահայր Յակոբ Թաշչեանը: Ռաֆայէլ (Րաֆֆի) Ջանիկեանը ծնուել է 1906 թ., Խոտորջուրում: Խոտորջուրը գտնւում է հիւսիսարեւելեան Անատոլիայի լեռների միջեւ ընկած հովտում, որը Սեւ ծովի ափերից բաժանուած է Քաջքարի...

«Կանչ Հրեշտակապետին» Տարեգիրքին Գրախօսականը

«Կանչ Հրեշտակապետին» Տարեգիրքին Գրախօսականը

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Փոխտեսուչ Զմմառեան Միաբանութեան Ս. Միքայէլ Ընծայարանի եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի Աշխարհի գերտէրութիւնները իրենց տնտեսութիւնը բարելաւելու անյագ նկրտումով պատերազմներ կը հրահրեն փոքր երկիրներու միջեւ: Այնուհետեւ, տիրանալէ ետք անոնց բնական հարստութեանը, սնանկութեան եզրին յայտնուած երկիրները իրենց գերիշխանութեան ներքոյ կը պահեն` ստրկացնելով զանոնք: Այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ ի հարկ է միակ տուժողը կ՛ըլլայ սնանկացող անհատը` քաղաքացին, որ իր անձուկ...

Մամուլի Խորհրդաժողովի Ընթացքին-Լուսանցքին` Զրոյցի Մը Ընթացքին Ըսուած Խօսքեր

Մամուլի Խորհրդաժողովի Ընթացքին-Լուսանցքին` Զրոյցի Մը Ընթացքին Ըսուած Խօսքեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կարինէ Աւագեան մամուլի խորհրդաժողովէն դուրս հանեց զիս` զրուցելու: Լրագրողները երբեմն անմիջականէ կամ ձեւականէ անդին գացող եւ հիմնականի վերաբերող հարցումներ կ’ուղղեն: Կամ` լսողը այդպէս կ’ընդունի հարցումը: Մեր զրոյցը արդէն հանրութեան սեփականութիւնը դարձած է: Հակառակ անոր որ ըսուածները լսուած են գէթ հետաքրքրուողներուն կողմէ, կ’ուզեմ կարգ մը գաղափարներ ընդլայնել: Երբ կը հարցուի, թէ «ի՞նչ կարեւորութիւն կու տանք նմանօրինակ համաժողովներու եւ ի՞նչ...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Քլինթը՞ն, Թէ՞ Թրամփ Հարցումէն Անդին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ճափոնէն մինչեւ ասիական ու եւրոպական երկիրներ, Ափրիկէէն մինչեւ Քանատա ու Հարաւային Ամերիկա, աշխարհի աչքերը այսօր սեւեռած պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու վրայ` իմանալու, թէ ամերիկացի քուէարկողները որո՞ւ պիտի տան Սպիտակ Տուն մտնելու տոմսը, այն ենթամտածումով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ աշխարհի առեւտուրին, տնտեսութեան, բայց մանաւանդ տագնապահար գօտիներու յառաջիկայ վերիվայրումներուն վրայ: Բոլորէն աւելի, սակայն, ամերիկացիք իրե՛նք գիտեն,...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Փակուղիի Խորութեան Անհամապատասխան «Փակուղի»-ն

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Սփիւռքը տարողունակ է. նաեւ` յարափոփոխ, երբեմն կենսունակ` ըստ վայրի, երբեմն ալ` անյոյս ու խորտակուող: Բայց միշտ ուժական (dynamic) ու երբե՛ք «սթաթիք»: Ներկայ սփիւռքը նախ բռնագաղթի, ապա արտագաղթի հետեւանք է: Դասական, յետեղեռնեան սփիւռքը իր հայրենիքէն զրկուած հայ մարդը դրաւ պարտադրանքներու տակ: Առաջնահերթութեան կարգով, այս սփիւռքին մէջ «հայ մնալ»-ն էր հիմնականը, որ պարտադրանքի հանգամանքէն անդին անցնելով` յանգեցաւ ներքին պաշտպանական համակարգի...

Հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահէ 6 Տարի Տրամադրած Է «Մատեան Ողբերգութեան»-ը Ֆրանսերէնի Թարգմանելու

Հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահէ 6 Տարի Տրամադրած Է «Մատեան Ողբերգութեան»-ը Ֆրանսերէնի Թարգմանելու

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Ֆրանսացի նշանաւոր հայագէտ, բանասէր եւ պատմաբան Ժան-Փիեռ Մահէ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աշխատութիւնը 6 տարուան ընթացքին ֆրանսերէնի թարգմանած է: Անոր համոզումով, հայերէնին եւ ֆրանսերէնին միջեւ կան նմանութիւններ, որոնք կ՛օգնեն աւելի դիւրութեամբ կատարելու թարգմանութիւնները: «Առաջին անգամ Հայաստան այցելած եմ տակաւին 40 տարի առաջ, որմէ ետք սկսայ Նարեկացի ուսումնասիրել: Այն ատեն արդէն իսկ ֆրանսերէն թարգմանութիւն մը կար, անոր որոշ...

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի.  Աշխարհի Վրայ Մօտ 385 Միլիոն Մանուկներ Կ՛ապրին Ծայրայեղ Աղքատութեան Մէջ

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի. Աշխարհի Վրայ Մօտ 385 Միլիոն Մանուկներ Կ՛ապրին Ծայրայեղ Աղքատութեան Մէջ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Աշխարհի վրայ մօտ 385 միլիոն մանուկներ ստիպուած են ապրելու ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններու մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», այդ մասին նշուած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) եւ Համաշխարհային դրամատան կողմէ պատրաստուած զեկուցումին մէջ: 89 երկիրներու վերաբերող տուեալներ վերլուծելով` անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, որ մանուկները չափահասներէն երկու անգամ աւելի յաճախ կը յայտնուին աղքատութեան ճիրաններուն մէջ: 2013 թուականի տուեալներով...

Հայաստանի Երեխաներուն Մէկ Երրորդը Թէ՛ Աղքատ Է Եւ Թէ՛ Բազմաթիւ Առումներով Խոցելի

Հայաստանի Երեխաներուն Մէկ Երրորդը Թէ՛ Աղքատ Է Եւ Թէ՛ Բազմաթիւ Առումներով Խոցելի

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակը եւ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 26 սեպտեմբերին հրապարակած են Հայաստանի մէջ առաջին ամբողջական ազգային վերլուծութիւնը` մանկական բազմաչափ աղքատութեան վերաբերեալ: Իր տեսակին մէջ այս ուսումնասիրութիւնը առաջինն է մեր շրջանին մէջ եւ հիմնուած է ազգային բազմակի համընկնող խոցելիութեան վերլուծութեան մեթոտաբանութեան վրայ, որ մշակուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ինոչենթի հետաքննութիւններու գրասենեակին կողմէ (Ֆլորանս): Զեկուցումը մանկական աղքատութեան...

ՏԱՀԵՇ-էն Փախուստ Տուած Նատիա Մուրատ Եւ Լամիէ Աճի Պաշար Արժանացած Են Սախարովի Մրցանակին

ՏԱՀԵՇ-էն Փախուստ Տուած Նատիա Մուրատ Եւ Լամիէ Աճի Պաշար Արժանացած Են Սախարովի Մրցանակին

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Եւրոպական Միութեան մարդու իրաւունքներու բարձրագոյն` Անտրէյ Սախարովի անուան մրցանակին արժանացած են ՏԱՀԵՇ-էն փախուստ տուած եզիտիներ Նատիա Մուրատ եւ Լամիէ Աճի Պաշար: Այս մասին կը գրէ «Պի.Պի.Սի.»-ին: Տարեկան դրութեամբ մրցանակաբաշխութեան յաղթողներուն անունները յայտարարուած են 31 հոկտեմբերին Սանթ Փեթերսպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի նիստին ընթացքին: Մրցանակին պաշտօնական տուչութեան արարողութիւնը պիտի կայանայ 14 դեկտեմբերին: «Յանուն ազատ միտքի» մրցանակի յաւակնորդներու ցանկին մէջ...

Երկրագունդի Բնակչութեան 92 Առ Հարիւրը Ապականած Օդ Կը Շնչէ

Երկրագունդի Բնակչութեան 92 Առ Հարիւրը Ապականած Օդ Կը Շնչէ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրապարակած է արդիւնքները այն ուսումնասիրութեան, որուն համաձայն, մոլորակի տասը բնակիչներէն ինն կ՛ապրի խիստ ապականած օդով շրջաններու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը նախազգուշացնէ այդ մարզին մէջ տիրող «արտակարգ դրութենէն», կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը: «Օդի ապականութիւնը կը շարունակուի սպառնալի չափերով` ազդելով տնտեսութեան վիճակին եւ մարդկային կեանքի որակին վրայ: Ատիկա արտակարգ դրութիւն մըն է առողջապահութեան համար»,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Քուէն…Ո՛չ Ոքի

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քուէն…Ո՛չ Ոքի

Վճռական ժամը կը մօտենայ, եւ քանի մը օրէն` յառաջիկայ երեքշաբթի, նոյեմբեր 8-ին, Միացեալ Նահանգները պիտի ընտրեն իրենց 45-րդ նախագահը: Արդեօք որքանո՞վ մնացած է հետաքրքրութիւն, պայքար եւ ամէնէն կարեւորը` մակարդակ: Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ ամէնէն արտառոց կացութիւնը ստեղծուած է, երբ երկու թեկնածուները, փոխանակ յառաջիկայ չորս տարիներու յատուկ փլաթֆորմ, գործընթաց եւ թղթածրար պատրաստելու եւ ներկայացնելու, ընդհանրապէս ցեխարձակումներ...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Համազգային Հայեցակարգի Անհրաժեշտութիւնը Հայ Մամուլի Մէջ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽԸՐՏԸՄԵԱՆ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան պատասխանատու Մամուլը ոչ միայն մարդկանց լուսաւորելու միջոց է, այլ նաեւ` առաջնորդող, գաղափարներ մատուցող, աշխարհահայեացք եւ հասարակական կարծիք ձեւաւորող: Հայաստանեան ու սփիւռքեան մամուլը մտահոգութիւններով, առաջնահերթութիւններով գտնւում են տարբեր հարթութիւնների վրայ: Իւրաքանչիւրն ունի իր սեփական աշխատանքային դաշտը, միջավայրը, դժուարութիւններն ու դրանց լուծման եղանակները: Որքանո՞վ է հայ մամուլը գտնւում...

«Հայ Պարբերական Մամւոլի Դերն Օտար Միջավայրում Ազգային Եւ Մշակութային Արժէքների Տարածման Գործում»

«Հայ Պարբերական Մամւոլի Դերն Օտար Միջավայրում Ազգային Եւ Մշակութային Արժէքների Տարածման Գործում»

  ԱՆՆԱ ԳԻՎԱՐԳԻԶԵԱՆ Մոսկուայի «Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Ազգային եւ մշակութային արժէքների տարածման գործում հայ պարբերական մամուլի դերն օտար միջավայրում դժուար է գերագնահատել: Համայնքը, որպէս այդպիսին, կայանում է նախ եւ առաջ որպէս հոգեւոր կառոյց, ուստի տպագիր խօսքի ու պարբերականի միջոցով հաղորդակցուելը, տուեալ համայնքի համախմբելը, նրան այլ համայնքների հայութեան հետ մամուլի միջոցով կապելը միշտ էլ եղել եւ մնում է կենսական անհրաժեշտութիւն,...

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

Ընտրական Ուղեցոյց

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Նախագահական թեկնածուներէն ո՛չ մէկուն իր զօրակցութիւնը շնորհած Հայ դատի յանձնախումբը, այնուհանդերձ, ոգի ի բռին կ՛աշխատի հայ քուէարկողներուն թիւը աւելցնել եւ զանոնք մղել յառաջիկայ երեքշաբթի օր անպայմա՛ն քուէարկելու: Առաջին հերթին, Հայ դատի յանձնախումբը նախանձախնդիր է իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն համար առաւելագոյն քուէն ապահովելու: Նահանգային նշանակութեան ընտրութիւններուն չափազանց կարեւոր է քուէարկել Արտի Քասախեանի եւ Էնթընի Փորթանթինոյի օգտին: Հայ դատի յանձնախումբը...

Անդրադարձ.  Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը

Անդրադարձ. Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիան օրըստօրէ կը մխրճուի բռնատիրութեան ու խաւարի անդունդին մէջ: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 4 նոյեմբերի կանուխ առաւօտեան ձերբակալած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ 11 անդամները, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը: Տիարպեքիրի դատախազի գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ձերբակալութիւններու եւ խուզարկութիւններու հրամանագիրները հիմնուած են «հաստատ փաստերու վրայ հիմնուած ուժեղ կասկածներու վրայ»` աւելցնելով,...

Քեսապի Նշանաւոր Դափնիի Իւղը Եւ Գիւղատնտեսութեան Ամփոփ Հոլովոյթը

Քեսապի Նշանաւոր Դափնիի Իւղը Եւ Գիւղատնտեսութեան Ամփոփ Հոլովոյթը

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծ եղեռնի տեղահանութենէն ետք, երբ քեսապցիք վերադարձած են գիւղ, անոնց թիւը նուազած է 8500-էն մինչեւ 2300, եւ ընդհանրապէս  ապրած են հացահատիկներու վարուցանէն: Կ՛ըսուի, թէ լեռներու ծերպերուն վրայ, երբ գտած են փոքրիկ` 50սմx50սմ ծաւալով փոքրիկ գոգ մը, իրենց բաճկոնին գրպանի («ջըպըգուն» կոչուած) ափ մը ցորենը ցանած, հնձած, ապա ալիւրի ու հացի վերածած` կրցած են քարշ տալ իրենց տառապալի...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Նոյեմբեր 1-ին ծննդեան 146-րդ տարեդարձն էր հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին` Ալեքսանդր Սպենդիարեանի: Հայ ժողովուրդի երաժշտական ժառանգութեան մէջ իր բարձրարժէք ներդրումը ունեցող վարպետն է Հայաստանի հողէն հեռու ծնած ու ապրած, բայց հայ ազգի ու հայրենիքի ամէնէն իրաւ եւ ինքնուրոյն երաժշտականութիւնը լիաթոք շնչաւորած ու աշխարհին հաղորդած տաղանդաշատ արուեստագէտը: Ալեքսանդր Սպենդիարեան հայկական երաժշտութեան արմատներուն խորապէս թափանցած ու լիարժէք տիրապետած երաժիշտն...

Անդրադարձ` «Կանչ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով Սպասելով Բարձրագոռ Կանչերու

Եռաբլուրը Մեր Հաշուետուութիւնն Է, Թէ Մենք Ի՛նչ Դրինք Զոհասեղանին Եւ Ի՛նչ Ստացանք: Սամուէլ Թադեւոսեան (Հայրենի Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Բեմագիր) ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երկու յիշարժան երեւոյթներ զիս մղեցին սեւով սպիտակին յանձնելու կարգ մը մտածումներ, որոնք առաջին հերթին կը վերաբերին հայ բեմադրիչին թէ բեմագիրին ցոյց տուած հայաշունչ զգայնութեանն ու խոր ապրումներու խայտանքին, եւ երկրորդ` հայ կեանքին մէջ ֆիլմարուեստի ներկայութեան ու կարեւորութեան: Իրողութիւն է,...

Նորմալ Ա…

ՅԱՍՄԻԿ  Վ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ «Նորմալ ա», ասում է արցախցին անգամ ընտանիքի, կենցաղի հոգսերից, ֆինանսական դժուարութիւններից, աշխատանք լինել-չլինելուց խօսելիս: Քիչ-քիչ սովորում ես, ինչպէս որ սովորում ես արցախցու բերանից յաճախակի հնչող «Շուշուայ ուգլը», «գասծինիցին ռաչին», «քինանք պլոշաձը», «քինամըմ պռադուկտովի մագազին», «կամանդիրը քեցալա պոլկ», «պագորոդու», «քեամըմ շկոլը», կամ «ձիւեատի պառալելնին» արտայայտութիւններին: Եւ «նորմալ ա»-ն ռուսածին այլ բառերի շարքում քիչ-քիչ նորմալ է դառնում քեզ համար:...

Page 663 of 806 1 … 662 663 664 … 806

Արխիւներ