Քարլա Եարտըմեան-Հաժ՝ Սննդագիտութեան Դոկտոր
Մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ տարիներէ ի վեր «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ սննդագիտական-առողջապահական նիւթերով բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Քարլա Եարտըմեան-Հաժ ստացած է սննդագիտութեան դոկտորական աստիճան` Անգլիոյ Օքսֆորտ Պրուքս համալսարանէն: Քարլա իր ուսումնասիրութեամբ հետազօտած է սնունդի անապահովութեան ազդեցութիւնը Լիբանանի դպրոցական երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»): Քարլան ուսումնասիրած է կենցաղային տարբեր գործօններ, որոնք կրնան առաջնորդել տան անդամներու,...


















