ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին երէկ հրաժեշտ տուին երկու ընկեր Արաները: Այս շաբաթ երկու անգամ խռովալից հոգիով ու յուզումնախառն զգացումներով միասնաբար պիտի երգենք «Վէրքերով լի» երգը ու ապրինք, եւ իւրաքանչիւրիս մտապատկերին վրայ պիտի տողանցեն երկու ընկերներու անմոռաց վաստակն ու անջնջելի դերակատարութիւնը: Անոնք իրենց կեանքի բոլոր փուլերուն միացան: Միացան անաղմուկ աշխատանքի ընթացքին, յեղափոխական աւանդներու պահպանութեան նուիրական առաքելութեան մէջ, եղան հաւատարիմ ու անկեղծ զինուոր, չբացակայեցան մարտի բոլոր ճակատներէն եւ կռուեցան նոյն խրամատին մէջ ու ահաւասիկ մահով նաեւ մնացին միասին բարի, ազնիւ ու առաքինի դաշնակցական ընկերներ ու կը մեկնին նաեւ անձայն:
Այսօր հաւաքուած ենք ընկ. Արա Քենտիրճեանի դագաղին շուրջ եւ վստահաբար բոլորիս մտքերը, ապրումները ու զգացումները կը սաւառնին բաւական հեռու: Այո՛, ընկ. Արա դաշնակցական իւրայատուկ տիպար մըն էր, դաշնակցականի տեսակ մը, որ դժուար է ամբողջականօրէն բացատրել, անոր էութեան խորքը թափանցել, դժուար է անոր կատարած գործին մասին համապարփակ ներկայացում կատարել: Ընդունուած կարգ է, որ դաշնակցական ընկերներու վաստակին մասին կարելի կ՛ըլլայ արտայայտուիլ եւ լուսարձակի տակ բերել անոնց ծաւալած հանրային, մտաւորական, կրթական բնագաւառներու մէջ բերած ներդրումը: Կ՛արտայայտուինք նաեւ նահատակներու մասին, որոնք իրենց արեամբ ու կեանքով անմար կը պահեն յեղափոխութեան ջահը ու վառ կը պահեն հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր ծաւալած պայքարը: Կան սակայն «անձինք նուիրեալք», խոնարհ հերոսներ եւ մանաւա՛նդ ազատագրական կռիւներու, ինքնապաշտպանութեան մարտերու եւ Հայ դատի հետապնդման ի խնդիր ամբողջ կեանք մը մաշեցուցած ընկերներ, որոնք միշտ ալ նահատակութեան հետ ժամադրուած են ու նահատակութիւնը` իւրացուցած, բայց ոսոխին գնդակը չէ հասած իրենց ու շարունակած են գործել, սերունդ պատրաստել եւ դաշնակցական գործ ղեկավարել: Այսպիսիներու մասին դաշնակցական պատմիչը յետոյ, բաւական ուշ անդրադարձած է, որովհետեւ դաշնակցական գործը այդպէս կը պահանջէ, ու դաշնակցական անհատը այդպէս դաստիարակուած է: Կասկածէ վեր է, որ վաղը հայ ժողովուրդի ապրած կարեւոր մէկ ժամանակահատուածին, որ զուգադիպեցաւ Լիբանանի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան եւ Հայ դատի հետապնդման պայքարին, հոն, այդ կարեւոր փուլին, սերունդներ արձանագրուած պիտի տեսնեն Արա Քենտիրճեանին, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` Արային անունը եւ այդ մէկը դարձնեն իրենց համար բարոյական արժէք ու ներշնչման կարեւոր սլացք:
Այո՛, ընկ. Արա մարդկային, ազգային եւ դաշնակցական ապրումներով, զգացումներով եւ տագնապներով իմաստաւորեց իր կեանքը: Աւելի քան 45 տարիներ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան ապրեցաւ դաշնակցականօրէն: Թող ներուի ինծի ըսելու, որ բոլոր դաշնակցականներուն չէ վիճակուած այս կարողութիւնը, բայց ինք Դաշնակցութիւնը վերածեց իրեն համար անսպառ շունչի աղբիւր եւ այդ իմաստով ծաւալեց իր ընտանեկան, ընկերական եւ կուսակցական, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ կեանքի ասպարէզի գործունէութիւնը: Վստահաբար զինք լաւ ճանչցողները համաձայն պիտի գտնուին ինծի հետ, եթէ ըսենք, որ իր քայլուածքով, նայուածքով ու կենցաղով ընկ. Արա դաշնակցական մեր ֆետայիներու կերպարը մնայուն ներկայութիւն դարձուց մեր կուսակցական ու հայ կեանքէն ներս: Կուսակցական կարգապահութիւնը, մարմիններու եւ ժողովներու որոշումները իրեն համար դաշնակցական արժէքներ էին: Իբրեւ վարիչ` Սպաղանաց Մակարներու տիպարը թէ՛ բացատրեց եւ թէ՛ կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ պատանիներուն ու նաեւ` մեծերո՛ւս: Կուսակցական ներքին պայքարներն անգամ ինք դրաւ բարոյական արժեչափերու վրայ: Ընկերականութիւնը ընկ. Արային համար անփոխարինելի գանձ մըն էր, եւ արդէն ինք իր կեանքին մէջ ալ մի՛շտ ընկերականութիւն կը յորդէր: Աւելի քան 45 տարիներու կուսակցական վաստակ մը եւ այդ ծիրէն ներս կոմիտէի, Կեդրոնական կոմիտէի եւ այլ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած ընկ. Արան բոլոր պարագաներուն ալ պաշտօններով չարժեւորուեցաւ եւ իր շրջանակը զինք ոչ մէկ ատեն յարգեց իր պաշտօնին կամ տիտղոսին համար: Արժանացաւ բոլորին յարգանքին` իր դաստիարակիչ աշխատանքին ու դաշնակցական խոր ըմբռնումներուն համար:
Հանդարտ քայլերով ամէն օր քալեց Պուրճ Համուտի մայթերուն վրայ, բարեւեց բոլորին, խրախուսեց, քաջալերեց, բաժնեկից դարձաւ բոլորին ցաւին ու դժուարութիւններուն, միաժամանակ սաստեց անոնք, որոնք կը փորձէին խաթարել Պուրճ Համուտի դիմագիծը: Այսօրուան դժուար պայմաններուն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, բոլոր ժամանակներէ աւելի հիմա կարիքը պիտի զգանք ընկեր Արայի: Պիտի յիշենք զինք իր քայլուածքով Պուրճ Համուտի մէջ, պիտի շարունակէ իր շուքը սաւառնիլ ամէն անկիւն, որպէսզի Պուրճ Համուտը մնայ անառիկ ու անթափանց, որպէսզի մեր թաղերը մնան անվտանգ, որպէսզի իր շունչով կազմաւորուած տղաքը շարունակեն իր գործը` Դաշնակցութեան սուրբ գործը: Պիտի յիշենք զինք մեր կուսակցական ժողովներու ընթացքին` իր սակաւախօս ներկայութեամբ, բայց միշտ ժողովները դաշնակցական պարունակի մէջ պահելու իր վճռակամութեամբ եւ մանաւանդ իր հազուադէպ յախուռն պոռթկումներով, երբ ժողովական կարգը խախտելու կացութիւն պարզուի:
Սիրելի՛ ընկեր, ընդունէ, որ քիչ մը կանուխ բաժնուեցար: Հայաստանի ու հայութեան ի խնդիր կատարած գործդ արժանի է ամէն յարգանքի, եւ վստահաբար սերունդները երկար պիտի յիշեն ու խօսին քու մասիդ եւ այդ ճամբով նաեւ, ընկ. Տասնապետեանի բառերով, «ամէն օր քիչ մը աւելի պիտի դաշնակցականանան»: Պիտի կարօտնանք բարեւդ, որ դաշնակցական ազնիւ ընկերոջ բարեւ մըն էր, միշտ պիտի յիշենք պինդ, ամուր ու քաջ նկարագրիդ տակ պահած մաքուր, պայծառ ու ազնիւ հոգիդ, գթասիրտ էութիւնդ, զգայուն նկարագիրդ եւ մարդկային առաքինի արժէքներդ: Վստահաբար վերը` երկնքի մէջ գործակից ընկերներդ կարօտցած են քեզ, եւ հոն միասնաբար պիտի շարունակէք ձեր զրոյցը ու հսկէք մեր վրայ եւ մաղթէ՛ք, որ կանգ չառնէ մեր պայքարը մինչեւ հայութեան վախճանական նպատակներու իրականացումը:
Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք ընկ. Արայի հարազատներուն եւ գաղափարի բոլոր ընկերներուն եւ կ՛ըսենք` վարձքդ կատա՛ր, դաշնակցակա՛ն ընկեր Արա: