Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Բ. – Մէկ Ենք` Մեր Ցաւերով, Մեր Յաղթանակներով

Դեկտեմբեր 16, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 դեկտեմբեր 1988-ի չարաբաստիկ օրէն անցած է 28 տարի: 28 տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը անցաւ յաղթանակներու եւ տագնապներու ուղիով:

Երկրաշարժը աննախադէպ էր իր խլած մարդկային զոհերով ու համահայկական  ցնցումով:

Աշխարհը ու մանաւանդ հայութիւնը զարհուրանքով հետեւեցաւ մեր հայրենիքի հիւսիսային շրջաններու փլուզումին, մեր հայրենակիցներու ողբերգութեան ու ձեռք երկարեց մեր ժողովուրդին` քաջ գիտնալով, որ ան պիտի կարենայ կրկին ոտքի կանգնիլ ու ծաղկեցնել իր հողն ու տունը:

Համայն հայութիւնը մէկ բռունցք դարձաւ ու իր կարելին ըրաւ ամոքելու մեր հայրենակիցներուն ցաւը, յոյս ներշնչելու աղէտահար մեր ժողովուրդին:

Միասնութեան այս երեւոյթը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք սոսկ մարդասիրական ոլորտին մէջ չսահմանափակուեցաւ, այլեւ ընդլայնեցաւ` ընդգրկելով ազգային մեր տեսլականներու իրագործման դաշտը:

Այնուհետեւ վրայ հասան Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրական պայքարի տարիները, ու մեր ժողովուրդը իր միասնականութիւնը պսակեց գործով:

Դէպի Հայաստան եւ Արցախ ուղղուեցաւ հայկական  կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն հայեացքը: Հայաստանի մէջ վերընձիւղուեցան հայկական կուսակցութիւններ, միութիւններ: Արցախի ազատագրումին մասնակցեցան աշխարհասփիւռ հայորդիներ ու տարուէ տարի ոչ միայն սպիանալ սկսան երկրաշարժի վէրքերը, այլեւ արդիւնաւորուիլ սկսաւ մեր ժողովուրդի հաւաքական ձգտումը յանուն մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի յառաջընթացին:

Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն զուգադիպեցաւ Սպիտակի ու Գիւմրիի երկրաշարժը, որուն յաջորդող տարիներուն մեր ժողովուրդը իր ցաւերը ամոքեց անկախութեան յաղթանակով` համայն աշխարհին որպէս ազատ ու անկախ պետականութիւն ունեցող ինքնիշխան երկիր ներկայանալով:

Սփիւռքը եւս գօտեպնդուեցաւ` ունենալով անկախ հայրենիք, ունենալով քաղաքական յենարան ու յաջորդող տարիներուն սփիւռքի դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստեց մեր անկախ հայրենիքը` իր պետութեամբ, իր դիւանագիտական տարողունակ աշխատանքով:

2011-ին ծայր առաւ սուրիական տագնապը, եւ անկախ մեր հայրենիքը այս անգամ փութաց աղէտահար սուրիահայութեան օգնութեան` իր գիրկը ընդունելով պատերազմի արհաւիրքէն յոգնաբեկ դարձած հայորդիները, հնարաւորինս օժանդակելով անոնց ու զօրավիգ կանգնելով սուրիահայ գոյատեւող համայնքին:

Միտք բանին. երկրաշարժի դառն օրերով ամրապնդուած մեր միասնութիւնը տարուէ տարի առաւել իմաստաւորուեցաւ ու համազգային զօրաշարժի վերածուեցաւ` ծառայելով ոչ միայն մեր ցաւերու ամոքման, այլեւ` մեր ձեռքբերումներու ամրագրման:

 

Նախորդը

Մեղաւոր Հեւքը

Յաջորդը

Հինգերորդ Պողոտայ, «Թրամփ Աշտարակ» Եւ Գնում Չընող Զբօսաշրջիկները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?