Դժուար է խօսիլ դաշնակցական ընկերոջ մը մասին, որուն յիսնամեակի վրայ երկարող կուսակցական կեանքին ընթացքին ծանօթացած են շատեր, սակայն քիչեր մօտէն ճանչցած են զինք ու առնչուած` իր գործունէութեան անգիր էջերուն, ու այդ քիչերը դժբախտաբար արդէն չկան այսօր:
Ընկեր Արա Տեմիրճեանի` Դաշնակցութեան շարքեր մուտքի թուականը մօտաւորապէս կը համընկնի ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին, ուր կը շեշտուէր շարքերու գաղափարական դաստիարակութեան, երիտասարդութեան քաղաքականացման ու յեղափոխականացման հրամայականը, եւ հիմը կը դրուէր երիտասարդական այն շարժումին, որ պիտի առաջնորդէր Հայ դատի քարոզչական ու ցուցական պայքարը:
Էութեամբ ու նկարագիրով դաշնակցական, ընկեր Արան, հազիւ շարքերը անցած, արդէն կը ստանձնէր պատասխանատու դերակատարութիւն` երիտասարդական շարժումի կազմաւորման մէջ: Գաղափարական ենթահողի վրայ, մեր յեղափոխական աւանդներու փոխանցման ծանր պարտականութիւնը ունէր ան, բան մը, որ իր գործակից ընկերներուն` Գէորգ Առաքելեանի ու Սերժ Թովմասեանի հետ լաւապէս կազմակերպեց: Ան բեմի մարդ չէր ու դաստիարակչական իր մեթոտը կը տարբերէր այլոց որդեգրած դասախօսական շարքերէն: Լուսարձակներէ հեռու ու գրեթէ անխօս, գլխագիր Գործի հանդէպ իր ցուցաբերած խստապահանջութիւնը, խորհրդապահութիւնը, կարգապահութիւնը վարակիչ դարձուցած էր: Չէր հանդուրժեր մակերեսայինը, ցուցականը, երեւութականը ու մանաւանդ` հանգամանքներու օգտագործումը:
Նորահաս սերունդին փոխանցեց կուսակցական մեծ թէ փոքր Գործի հանդէպ համոզումն ու հրապոյրը. առանձնաշնորհեալ էր ան, որ կը կանչուէր ընկեր Արայի կողմէ ու յատուկ գործ կը ստանձնէր, կարծես Կարսէն դէպի Երկիր գործուղուած ըլլար: Ու այսպէս, լուռ ու հետեւողական իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներու ներշնչեց գաղափարական մարտիկի տիպարը: Աւելի ուշ այդ սերունդներն էին, որոնք ստանձնեցին Հայ դատի ցուցական պայքարի պատասխանատւութիւնն ու Լիբանանի հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործը:
Իր անշեղ խորհրդապահութիւնն ու անխախտ հաւատքը կուսակցական մարմիններու ու ժողովներու որոշումներուն հանդէպ` նկատուած էր արդէն ու կուսակցական շարքերէն ներս հազիւ քանի մը տարիներ բոլորած` կը հրաւիրուէր ստանձնելու կուսակցութեան գերագոյն մարմինի` ՀՅԴ Բիւրոյի գործավարութեան պատասխանատու պաշտօնը, զոր հմտութեամբ վարեց 11 իրերայաջորդ Բիւրոներու օրով: Վերջին 50 տարիներու ընթացքին մասնակցեցաւ Դաշնակցութեան բոլոր Ընդհանուր ժողովներուն, Բիւրոյի լիագումարներուն, Շրջանային ժողովներուն թէ տարբեր նիւթերով կազմակերպուած խորհրդաժողովներուն, մանրակրկիտ ու ճշգրիտ կերպով արձանագրութիւն պահեց ու տեղեկագրեց: Կազմակերպուած ու դիւրամատչելի ձեւով դասաւորեց ու կոկեց արխիւները, հետեւեցաւ մարմիններու գործունէութեան ու թղթակցութեան: Բծախնդրօրէն ու հարազատ կերպով փոխանցեց որոշումներն ու շրջաբերականները` մարմիններուն թէ ընկերներուն:
Գործավար էր բառին ամբողջական իմաստով: Դաշնակցութեան վերջին յիսնամեակի դէմքերու, դէպքերու, որոշումներու, մէկ խօսքով, անգիր թէ գրաւոր պատմութեան համայնագիտարանն էր: Ծանօթ էր շրջաններու միջեւ առկայ մտայնութիւններու ու սովորութիւններու բնական տարբերութիւններուն ու իրեն յատուկ ճկունութեամբ, ըստ այնմ կը վարուէր իւրաքանչիւրին հետ:
Մարմինի մնայուն անդամն էր ու յաճախ, օգտուելով իր փորձառութենէն ու անաչառ դատողութենէն, մարմինի ընկերներ իր խորհրդատուութեան կարիքը զգալով` կը դիմէին իրեն, իսկ ժողովներու ընթացքին հազուադէպ պարագաներու իր արտայայտած տեսակէտը անպայմանօրէն նկատի կ՛առնուէր:
Լաւապէս ըմբռնած էր կազմակերպութեան մէջ իր դերն ու պատասխանատուութիւնը ու, հակառակ այդ հանգամանքին, երբեք չկորսնցուց իր համեստութիւնը, մնաց նոյն ընկեր Արան: Անշուշտ ունէր իր անձնական նախասիրութիւններն ու տեսակէտները, սակայն ոչ մէկ պարագայի հակադրեց զանոնք ընտրուած մարմիններուն ու ընդունուած որոշումներուն:
Ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ կուսակցական կեանքին ու յաճախակի բացակայութիւններէն ու տեղափոխութիւններէն բնականաբար տուժեց ընտանեկան կեանքը:
Խոժոռ դիմագիծի տակ թաքնուած առաքինի ընկերը մարտիկի մը յանդգնութեամբ դիմագրաւեց զինք հարուածած հիւանդութեան տառապանքը ու ամենածանր վայրկեաններուն անգամ չկորսնցուց իր արժանապատուութիւնը: Ափսո՜ս, որ կանուխ բաժնուեցաւ մեզմէ` հետը տանելով վերջին յիսնամեակի մեր անգիր պատմութեան արժէքաւոր վկայութիւնները եւ գնաց միանալու փաղանգին այն նուիրեալ ընկերներուն, որոնք իրենց անառարկելի դրոշմը ձգեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն էջերուն մէջ:
Սիրելի՛ ընկեր Արա,
Ապրեցար մեր ժողովուրդին յաղթանակներով, տագնապեցար անոր դժուարութիւններով, վստա՛հ եղիր, որ պատրաստած սերունդներդ նոյն հաւատքով ու վճռակամութեամբ կը շարունակեն պայքարը:
19 նոյեմբեր 2016
Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն