Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հինգերորդ Պողոտայ, «Թրամփ Աշտարակ» Եւ Գնում Չընող Զբօսաշրջիկները

December 16, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մակար

trump-tower_121616

Այսօր` 7 դեկտեմբեր: Մեղա՜յ զոհերուն…

Էլպիսը եւ Մակարուհին Քուինզի վաճառատուներէն գնուածներով լեցուցած էին ճամպրուկները: Որոշած էին ամավերջի տօներուն առիթով Նիւ Եորքի գեղազարդուած Հինգերորդ պողոտան տեսնել: Արդէն գիշեր էր: Կեդրոնականցին տրտնջաց, զիս ալ համոզեցին: Գետնուղիի աղմկոտ կառաշարը մեզ հասցուց քաղաքին սիրտը:

Հռչակաւոր մակնիշներով լոյսերու մէջ լողացող կողք-կողքի հսկայ վաճառատուներ: Մարդկային հեղեղին մէջ` նաեւ մենք: Յայտնի չէր, թէ վազողները աշխատանքէ՞ կը վերադառնային, թէ՞ մեզի պէս բերանաբաց հիացողներ էին: Ցուցափեղկերը հեքիաթ էին եւ բարձրախօսները երաժշտական աղմուկ կը փսխէին: Ապահովական ուժերը աչալուրջ կը հսկէին:

Կանգ առինք նորընտիր նախագահին անունը կրող աշտարակին առջեւ. «Թրամփ թաուըր»: Լուսանկարող-լուսանկարուողներ, ինչպէս` Կիզէի բուրգերուն կամ Էյֆելի աշտարակին առջեւ, ինչպէս մենք, երբ Ծիծեռնակաբերդ ուխտի կ’երթանք: Մենք ալ անմահացանք այդ թաուըրին առջեւ: Մայթին վրայ երիտասարդ մը հասոյթի աղբիւր մը գտած էր: Հաստ ստուարաթուղթի մը վրայ մեծատառ անգլերէն գրած էր` «Իմ նախագահս չէ»: Այդ գրութեան կողքին կամ ետին, «Թրամփ թաուըր»-ը որպէս խորքի տեսարան ունենալով, մարդիկ կը լուսանկարուէին եւ… կը վճարէին այդ ծառայութեան համար: Այդ շահին համար ալ ենթական հարկ պիտի վճարէ՞ր: Ոչ ոք կ’արգիլէր այդ բացասական վերաբերումը:

Էլպիս եւ Մակարուհին կանգ կ’առնէին գոհարավաճառատուներու առջեւ, ուր ցուցադրուած էին առասպելական ադամանդներ: Պայուսակներու եւ հագուստներու տօնավաճառ: Չփորձուեցան ձեռք տալու անոնց: Երկնաքերերու պատերը լուսազարդուած էին, դարձած էին գոյնի եւ պատկերի պաստառ:

Մտանք վաճառատուն մը: Զարմանալի՛: Էլպիսը եւ Մակարուհին ցուցադրուած ապրանքներու գիներուն անգամ չնայեցան եւ բաւարարուեցան դիտելու հաճոյքով: Բազկաթոռներ կային: Արմենակի հետ հանգչեցանք: Սպասեակներ կը շրջէին, կը հրամցնէին «չեմփէյն» եւ անուշեղէն: Բերին տաք «չաքլէյթ»: Ապա շարունակեցինք թափառիլ մարդկային հեղեղին հետ:

Կրկին մտանք գետնուղի: Երբ դուրս եկանք եւ կ’երթայինք դէպի ինքնաշարժը, Էլպիս եւ Մակարուհի իրենց ձեռքի գերարդիական եւ շուտ հինցող բջիջայիններուն վրայ ճշդեցին, թէ երեք մղոն քալած էինք:

Կեդրոնականցին երբ այդ իմացաւ, հառաչելով ըսաւ.

– Կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ քայլերս դանդաղած են եւ ոտքի մատներս կը բողոքեն:

Փսփսալով ըսի.

– Արմենա՛կ, գոհ եղիր, փորձութեան պողոտային վրայ գէթ քսակդ չբողոքեց:

Արմենակ նոր Տալայ Լամայի պէս եզրակացուց.

– Անվճար յիշատակ պիտի ըլլայ մեր «պատմական» լուսանկարը «Թրամփ թաուըր»-ի առջեւ, նորընտիր նախագահին հետ լուսանկարուելու աժան անմահութեան երբեք պիտի չարժանանանք: Դուռ-դրացի պիտի զարմացնենք` հպարտութեամբ անոնց ցոյց տալով, որ նորագոյն պատմութենէն մեր բաժինը ստացած ենք:

Ոչ ոք խօսեցաւ 7 դեկտեմբերի մասին:

Խորհեցայ, որ մենք մեզմէ դուրս բանտարկուած ենք: Բայց չըսի: Ինչո՞ւ պաղ ջուր լեցնել եփած ապուրին վրայ…

7 դեկտեմբեր 2016, ի Քուինզ, Նիւ Եորք

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Բ. – Մէկ Ենք` Մեր Ցաւերով, Մեր Յաղթանակներով

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Մէջ «Լենին»-ներ Փնտռելու Հակադաշնակցականին Բթամտութիւնը

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.