Սիրելի՛ ընկեր Արա,
Վերջին զրոյցն է, որ կը կատարեմ հետդ, հակառակ անոր որ գիտեմ նեղացար, երբ դամբանականդ չխօսեցայ, որովհետեւ կը սպասէիր, որ սարդարապատցի մը խօսի: Բայց գիտեմ նաեւ, որ ենթադրեցիր ինչո՛ւ, որովհետեւ չէի կրնար գրել կամ խօսիլ այն ցնցումին մէջ, զոր ստեղծեցիր, եւ որ հարուածի նման իջաւ բոլորիս վրայ: Կը փորձէինք այդ օր մենք մեզ միայն ամուր պահել, որպէսզի կարենանք սփոփել հարազատներդ եւ ընտանիքի անդամներդ:
Կենդանութեանդ չես ուզած լսել գովասանքներ, քանի որ փորձած ես դուն քեզ շուքի մէջ պահել եւ չարտօնել, որ մէկը քու մասիդ խօսի կամ գրէ:
Բայց անակնկալդ ծանր էր…
Նկարագիրիդ պէս լուռ գացիր, առանց մնաք բարովի:
Գոնէ մեր միւս ընկերը Արան լուռ տուած էր եւ անկողինին քով վերջին մնաք բարովը ըսինք:
Նստած եմ հիմա գրասեղանիս ետին, կը փորձեմ վերյիշել վերջին կէսօրուան մեր խօսակցութիւնը եւ կատակները, երբ այցելած էի քովդ 2- քեզի սիրելի ընկերներով: Զրուցեցինք այնքան կատակով ու հաճոյքով, յիշեցինք բաներ 25 տարուան, արդեօք սկսա՞ծ էիր հոն երթալ, եւ մենք չէինք զգար:
Բայց դուն հո՛ն էիր, Սարդարապատի իմ եւ քու գիշերային հերթապահութեան օրերը կը յիշէիր եւ մեզի մասնակից կը դարձնէիր այդ հրճուանքիդ:
Այդ ցաւերուդ եւ ծանր վիճակիդ մէջ իսկ ուզեցիր գիտնալ շրջանին մասին եւ հարցուցիր, եթէ ընտրութիւնը եղաւ:
Պատասխանեցի` ո՛չ:
Ժպիտը դէմքիդ, բռունցքդ ինծի ուղղելով, յաղթանակի ապրումը եւս ապրեցար:
Ուրախ եմ անոր համար:
Որովհետեւ մեզի համար Սարդարապատը պէտք չէր պարտուեր ո՛չ մէկ ատեն:
Մեզի այդպէս դաստիարակած էին մեր «Մեծ» ընկերները, Աբոները, Սարգիսները, Խաչիկները, Յարութները, մեր տեսակի ամրութեան եւ սկզբունքային հարցերուն մէջ ղայիմ մնալը կարեւոր էր:
Չէինք կրնար փոխել ոչ մէկ ատեն եւ չփոխեցինք բնաւ, հակառակ մեր դիմաց ցցուած բոլոր դժուարութիւններուն:
Փորձեցին մարդիկ մեզ բաժնել, նեղացնել իրարմէ, բայց մենք մնացինք ամուր եւ բացի փոքր շրջանակէ, մարդ լուր չունեցաւ պատահածներէն:
Հիմա, որ կը գրեմ, Արա՛, սկսան դիմացս տողանցել այն օրերը, երբ մենք միասին գործեցինք այս ճամբուն վրայ:
1977-ին ես երիտասարդականի անդամ էի, կոմիտէն ինծի յանձնեց պարտականութիւններ, որոնք այդ օրերուն ինծի համար շատ մեծ էին, բայց հպարտ էի, որ այդ աշխատանքին լծուեցայ:
Բազմաթիւ ընկերներու կողքին հոն հանդիպեցայ քեզի եւ Գէորգին, ու միասին մենք կազմեցինք երրորդութիւն մը, որ գոյատեւեց մինչեւ Գէորգին ճամբորդելը, իսկ քեզի հետ` մինչեւ մահուանդ վերջին օրը: Երեքով միասին եղանք կոմիտէի անդամներ, երկար ժամանակ: Ապա շարունակեցինք երկուքս միասին, ես ստանձնեցի հերթապահութիւնը, իսկ դուն եղար յատուկ գործի ընկերս եւ կողքիս գործողը:
Կը յիշեմ օր մը, երբ ծանր վիճակ կար մեր շուրջ եւ ամէն կողմ կրակ կը տեղար, քրիստոնեայ ուժերուն իրար ճզմելու կարգը հասած էր. կողմ մը եկած կը փորձէր հակառակորդ կողմին հարուածել մեր թաղերէն եւ կը սպառնար տուեալ շէնքերու բնակիչներուն:
Կապը խզուած էր օրուան պատասխանատուներուն հետ, եւ ես ու դուն պէտք էր որոշում տայինք Դաշնակցական կոմիտէի ծանրութեամբ. կա՛մ պէտք էր հարուածէինք կամ ձգէինք, որ կատարուէր ոտնձգութիւնները:
Խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք:
Եթէ անդրդուելի մնան, հարուածենք, չձգենք միւսը կատարուի, մեռնելու գնով:
Յանկարծ դուրս ելանք, հրահանգը դուն փոխանցեցիր:
Մեր տարեց ընկերներէն մէկը վախով մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Ընկեր Արան խենթացեր է, տեղեա՞կ ես ինչ փոխանցեց»: Ըսի, լուր ունիմ, երբեմն մարդիկ այս կուսակցութեան խենթերն ալ պէտք է տեսնեն:
Ասիկա պատմելով ուզեցի ըսել, որ միասին էինք ուրախութեան, միասին էինք մեռնելու երթալու պահուն, բայց վճռակամ էին բնաւ ճակատը չլքելու մէջ:
Եւ չլքեցինք, այլ պահեցինք ամուր, ապագային երիտասարդ ընկերներուն յանձնելով գործը, իսկ մենք դարձանք Կ. կոմիտէի անդամ, այնտեղ ալ ոչ մէկ տարակարծութիւն ունենալով իրարու հետ:
Սիրելի՛ Արա, այս եւ նման զանազան դէպքեր եւ յուշեր կրնամ ունենալ, բայց պիտի բաւարարուիմ մէկ դրուագ պատմելով` չվիրաւորելու համար քու համեստութիւնդ, նոյնիսկ յետ մահու:
Բայց ըսեմ նաեւ, այնքան նախանձախնդիր էիր նաեւ շրջանի կառոյցներուն նկատմամբ: ՀՄԸՄ-ի լուրերը քեզ կ՛ուրախացնէին, որովհետեւ ծառայած էիր հոն: Ազգային կառոյցները քու առօրեայիդ մէջն էին դպրոց, եկեղեցի, հակառակ անոր որ գործունեայ մասնակցութիւն չէիր բերեր, բայց քու կարողութեանդ սահմաններուն մէջ կ՛օժանդակէիր բոլորին:
Հիմա, սիրելի՛ ընկերս, այս բոլորէն ետք չեմ կրնար մոռնալ քեզ որպէս «Ընկերս» Սարդարապատի «Ազիզ» ընկերս ինչպէս չկրցայ մոռնալ Խաչիկները, մանաւանդ մեր երկուքին այնքան սիրելի Ղանպըրը եւ Մաքրուհի քոյրիկը:
Բայց նաեւ շրջանը պիտի չկրնայ մոռնալ քեզ ոչ անպայման որպէս ընկեր, այլ որպէս մարդ, Հայ Մարդ, Գլխագիր Մարդ, Դաշնակցական Մարդ:
Իսկ ինծի համար, որպէս հարազատ եղբայր, Մեծ Եղբայր, ինչպէս մեզի անուանած էր Մաքրուհի քոյրիկը` ըսելով. «Ես զաւակ չեմ ունեցած Մեծ տղաս Արան է, փոքր տղաս` Գառնիկը»:
Հիմա, արդէն ձգեցիր մեզի անակնկալ ձեւով եւ այդ սիրտդ առիթ չտուաւ քեզի այս կեանքը շարունակելու:
Վստահ եղիր, որ բոլորին, մեզի, կնոջդ, զաւակներուդ, հարազատներուդ, ընկերներուդ ձգեցիր այնպիսի յիշատակներ, որոնք անմոռանալի են եւ պիտի մնան յաւիտեան:
Հանգիստ գնա՛, սիրելի ընկերս, քեզ յանձնեցինք Լիբանանի Պուրճ Համուտի հողին, որուն այդչափ կառչած էիր եւ կը սիրէիր ու անոր համար ալ մնացիր հոս:
Ժամանակին իմ ու քու փափաքն էր, որ իրականանար օր մը մեր առաջին հայրենիքը երթալը. այնքան ուրախ էիր Հայաստանի վերանկախացումով, երբ այդ մասին լուրերը կը բերէի, այնքան հրճուանք կը պատճառէր քեզի:
Ես վստահ եմ եւ կը հաւատամ յաւիտենականութեան:
Հիմա որ մարմինդ մնաց Լիբանանի ցուրտ հողին տակ, հոգիդ կը սաւառնի Արագածի լեռներուն վրայ, այն բոլոր ընկերներուդ հետ, որ քեզի հետ են հիմա եւ օր մը, որ հանդիպինք իրար դարձեալ այս աշխարհէն հեռու պիտի երթանք Հայաստան միասին վայելելու իմ եւ քու կէս մնացած այնքան սպասուած պտոյտը:
Յիշատակդ անթառամ սիրելի Արա, քեզ միշտ յիշող ընկերդ Գառնիկ: