Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտի Խօսք

December 17, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Իր մէջ կար պիրկ, խտացեալ, հազուադէպօրէն բառերու վերածուող գաղափարը, որ այնուամենայնիւ կ՛արտայայտուէր դաշնակցական մարդու յատուկ իր խստակեցութեամբ: Անոր օրը կ՛անցնէր մեր ուխտի հնոցին մէջ, ուր թէժ իրականութիւնն է, եւ ուր խօսքերը կը կշռեն ծանր: Իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն բերումով, Արան անցած էր մեր կեանքի բոլոր տեղաշարժներէն, դիմագրաւած` հարցականները, դիմացած` ժամանակի տարերային փլուզումներուն: Եւ քանի որ մեր կեանքի պատմութիւնը դիւրաւ չէ, որ կը գրուի, դժուարաւ պիտի գրուի նաեւ պատմութիւնը հաւատքի այն մեծ գործին, որուն ան նուիրաբերեց ամբողջութիւնը իր ուժերուն:

Ես զինք ճանչցայ կուսակցական գործի բովին մէջ, ուր մենք պարտաւորուած էինք — եւ ե՛նք — սակաւ միջոցներով մեծապէս պահանջկոտ թիրախներ նուաճելու: Միշտ այսպիսին եղած է մեր կացութիւնը: Դաշնակցութեան գործի դաշտը վճռորոշ առաջադրանքներու դաշտն է: Յանդուգն նախաձեռնութիւններու, հաստատուած օրինակարգերը խիզախումներով փոխարինելու, նոր ճանապարհ հարթելու տեղն է Դաշնակցութեան գործի ճամբարը: Եւ անխուսափելիօրէն հաւաքական պայքարի այս վարդապետութիւնը իր խիստ չափանիշները պիտի հաստատէ եւ իր գործողները պիտի փնտռէ: Ազգին զաւակները ազատ կամքով պիտի ընտրե՛ն նուիրումի այս ճամբան: Պիտի նուիրուի՛ն անոր: Եւ իրենց անյատակ նուիրումով  պիտի պայմանաւորեն գալիքը, որ չի կրնար գալ առանց իրենց: Եւ իրենք գիտեն, թէ այդ նուիրումը այլընտրանք չունի, եւ իրենք կոչուած են անոր առանց այլեւայլի: Արան եւ իր նմանները այս ճամբով քալեցին եւ կը քալեն եւ պիտի քալեն: Անոնք քիչ են: Անոնք ընտրեալներն են: Բայց նաեւ շա՛տ են: Եւ անոնք մի՛շտ են: Եւ անոնք անպարտելի՛ են:

Այժմ կ՛անդրադառնամ, որ Արան միշտ ստոյիկեան լաւատեսն էր. միշտ համոզուած` որ ոչինչ կրնար զգետնել մեզ. ընդամէնը պէտք էր յաղթահարել… Չտպաւորուիլ ճամբու արգելքներէն. անցնիլ առա՛ջ: Իսկ երբ դժուարին ճիգերէ ետք գործը յաջողութեամբ կը պսակուէր, Արան ունէր տօնելու իր ինքնուրոյն եւ անսեթեւեթ ձեւը: Ան կը վառէր սիկարեթը եւ արդէն պոռթկուն իր սրախօսութեամբ եւ ժպիտով կը խմէր սուրճին վերջին ումպը մինչեւ վերջ եւ… Կ՛անցնէր յաջորդ գործին: Եւ անշուշտ երբ գործը կար, պատրուակներ չկային: Կային անզանցառելի ժամկէտները Բիւրոյին եւ վե՛րջ:

Արան հաւատքի սիւն էր եւ Դաշնակցութեան միջնաբերդի անխոնջ ու նուիրեալ զինուորը: Ան միշտ հոն էր, ուր մեր գործի խստապահանջ եզրերն էին, մեր կեանքի անշրջանցելի մարտահրաւէրները, յղի վայրկեաննե՛րը մեր հաւաքական պայքարին: Իր զուսպ եւ լռակեաց անձնաւորութիւնը կը ճառագայթէր հաւատաւոր մարդու ջերմութեամբ եւ կը վարակէր: Ամբողջ կեանքի մը գաղափարանուէր փորձով` ան նաեւ շտեմարանն էր մեր յիշողութեան եւ իր ամէնօրեայ գործով` յուշարա՛րը մեր անգիր վարքագիրին: Եւ իբրեւ այդպիսին` ան իր ազնիւ դրոշմը դրաւ իրերայաջորդ սերունդներու գաղափարական կազմաւորման վրայ:

Իսկ այժմ վերադառնալով մեր չգրուող պատմութեան հարցերուն, այսօր մեր պարտքն է անհուն երախտագիտութեամբ արձանագրել այն, որ Արան, իր բոլոր միւս պարտականութիւններուն կողքին, նաեւ բծախնդիր ատենագրողն էր ՀՅԴ Բիւրոյի քննարկումներուն: Տասնամեակներու վրայ երկարող իր այս աւանդը կոթողական ներդրում մըն է իր ուշադիր եւ համբերատար գրիչէն ծնած: Կասկածէ վեր է, որ Դաշնակցութեան գործին վաղուան պատմաբանը, այլ ընկերներու կարգին, նաեւ Արայի մեղուային եւ խղճամիտ աշխատանքին պիտի պարտի մեր պատմութիւնը գրելու մեծ եւ պատասխանատու գործը: Յարգա՜նք իր յիշատակին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, ազնիւ ընկե՛ր:

16 դեկտեմբեր, 2016
Ուաշինկթըն

Նախորդը

Ընկեր Արան

Յաջորդը

Դաշնակցական Նուիրեալ Գործիչ Արա Տեմիրճեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Արտասանած Դամբանականը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.