Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Մէջ «Լենին»-ներ Փնտռելու Հակադաշնակցականին Բթամտութիւնը

December 16, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

«Դաշնակցութիւնը չէ ունեցած եւ չունի առանձին պարագլուխներ եւ չի հանդուրժեր զանոնք: Հիթլերներն ու Լենինները բացակայած են անոր մէջ»:

Ռուբէն Տէր Մինասեան

Յաճախ կը հանդիպինք հայ մարդոց, որոնց մօտ բանականութիւնը բթամտութեան կը վերածուի, երբ հարցը վերաբերի ՀՅ Դաշնակցութեան: Այս հարցերու շարքին, օրինակ, նման մարդիկ կը դրսեւորեն եւ կը պնդեն այն թիւր տեսակէտը, որ Դաշնակցութիւնը ունի կեդրոնական պարագլուխներ, լիտերներ: Այս թերամտութեան հիմամբ անոնք Դաշնակցութեան մէջ կ՛որոնեն Լենիններ:

Այս հարցի մասին քանի մը տարի առաջ սպառիչ յօդուածով մը անդրադարձած էի: Կ՛արժէ կրկին վերադառնալ այս նիւթին, որովհետեւ իրենց բթամիտ ներկայութեամբ տակաւին կը յամենան նման մարդիկ, մանաւանդ` հայրենիքի մէջ:

Պարզ եւ մեկին: Դաշնակցութիւնը չունի եւ չէ ունեցած առանձին պարագլուխներ: Աւելի՛ն. դաշնակցական գաղափարաբանութիւնը, կազմակերպական կառոյցն ու գործելաձեւը չեն արտօներ, որ Դաշնակցութիւնն ու իր շարքերը հանդուրժեն կուսակցութենէն ներս պարագլուխներու կամ կուսակցապետներու գոյութիւնը:

Այս հաստատումը լաւագոյն ձեւով կը բացատրէ մեր ազգային ազատագրական շարժման յուշագրող, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին ու պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեան. «Դաշնակցութիւնը չէ ունեցած եւ չունի առանձին պարագլուխներ եւ չի հանդուրժեր զանոնք: Հիթլերներն ու Լենինները բացակայած են անոր մէջ:» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, «ՀՅԴ կազմակերպութիւնը» (1935), 1978-ի հրատարկութիւն, էջ 13):

Դաշնակցութենէն դուրս թերամիտ տարրեր, միշտ յենելով իրենց մեկնաբանական անատակութեան վրայ, կը շփոթեն հեղինակութիւնը կուսակցապետական կամ պարագլուխային դրութեան հետ: Դաշնակցութիւնը ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ հեղինակաւոր ու հեղինակութիւն պարտադրող ղեկավարներ: Սակայն անոնց հեղինակութիւնը պայմանաւորուած է ՀՅԴ կազմակերպական կանոններով ու աւանդութիւններով:

Դաշնակցութիւնը ունի կազմակերպական յատուկ մշակոյթ, որ կառուցային ու կազմակերպական նախադրեալներ կը պարտադրէ բոլոր շարքերուն: Այդ նախադրեալները  երկաթեայ սկզբունքները կը կազմեն կուսակցութեան կառուցային շէնքին, դաշնակցականի պարտաւորութեանց, մարմիններու իրաւասութեանց ու պատասխանատուութեանց, շարքերու եւ մարմիններու փոխյարաբերութեանց, եւ ամէնէն կարեւորը` դաշնակցական ժողովներու գերադասութեան` ի դէմս անոնցմէ բխող մարմիններուն:

Հետեւաբար, դաշնակցական կազմակերպական սկզբունքներն ու կանոնները թէ՛ տեսական ու թէ՛ գործնական առումներով կ՛արգելակեն կուսակցութենէն ներս մենատիրական ոտնձգութիւններու յամեցումը, ինչպէս նաեւ` կուսակցապետական կամ պարագլուխային դրութեան զարգացումը: Այսպէս.

Առաջին. ՀՅԴ Կազմակերպական կանոնները նախաբանող «Ընդհանուր սկզբունքներ» բաժնի 3(դ) կէտը կը տրամադրէ. «ՀՅԴ մարմինները կը գործեն հաւաքական պատասխանատուութեան սկզբունքով եւ մարմիններու կողմէ լիազօրուած ընկերները կը փոխանցեն մարմիներու հաւաքական կամքը»: Այս իմաստով դաշնակցական մարմինները ոչ միայն հաւաքական պատասխանատուութեամբ, այլեւ հաւաքական ղեկավարութեամբ կը գործեն ու որոշումներ կը կայացնեն: Մարմիններու անդամները անհատական որոշումներ եւ աշխատանքներ չեն կատարեր: Անոնք կը գործեն ըստ մարմիններու հաւաքական կամքին: Իսկ մարմինները իրենց կարգին մենատիրական ընթացք չեն կրնար պահպանել, որովհետեւ անոնք համարատու են իրենց գերադաս ժողովին: Այսպէս, կոմիտէի պարագային` ներկայացուցչական ժողովին կամ ընկերական ընդհանուր ժողովին, կեդրոնական կոմիտէի պարագային` շրջանային ժողովին, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի պարագային` ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին:

Երկրորդ. դաշնակցական մարմնի անդամակցութիւնը պայմանաւորուած է տուեալ կազմակերպական միաւորի անդամներու կամքով: Տուեալ կազմակերպական միաւորի գերագոյն ժողովը կը ճշդէ ու կ՛ընտրէ իրմէ բխող մարմինին անդամները: Այս մարմինները ունին ժամանակաւոր բնոյթ: Այսպէս, կոմիտէի պարագային` մէկ տարի, կեդրոնական կոմիտէի պարագային` երկու տարի, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի պարագային` չորս տարի: Ինչպէս Նիկոլ Աղբալեան ճշդօրէն կը մատնանշէ. «Մարմինի անդամ լինելը առժամեայ հանգամանք է. այսօր դո՛ւն ես վարիչը գործերի, վաղը կարող եմ ե՛ս լինել: Սա ոչ թէ կոչման, այլ կարողութեան խնդիր է»: (Նիկոլ Աղբալեան, «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին», Ամբողջական Երկեր, Գ. հատոր, էջ 225):

Երրորդ. Դաշնակցութիւնը կամաւոր մարդոց կազմակերպութիւն է: Անոր մէջ անդամակցութիւնը կամովին ու գիտակցաբար առնուած անհատական որոշումի արդիւնք է: Դաշնակցութեան միացող շարքայինը ի սկզբանէ կը գիտակցի, թէ ինք կը միանայ կազմակերպութեան մը, որ միայն հանրային շահին հետամուտ է եւ ոչ թէ անձնականին: Աղբալեանի բացատրութեամբ, «Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է, որ ունի որոշ ծրագիր, այդ ծրագիրը թարգման է որոշ շահերի: Հանրային շահերի պաշտպանութեան եւ հետապնդման կուսակցութիւն լինելով` Դաշնակցութիւնը շահակցական կազմակերպութիւն չէ: Նա հանրային շահեր է պաշտպանում եւ ոչ թէ իր անդամների շահերը»: (Նիկոլ Աղբալեան, նոյն`  էջ 244): Այս անանձնական մօտեցումը Դաշնակցութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած մտայնութիւն եւ հոգեբանութիւն է: Իբրեւ այդպիսին` ան թումբ կը կանգնի ընդդէմ մենատիրական ձգտումներու եւ կուսակցապետական կացութիւններու հաստատման:

Բնականաբար հեղինակութիւն պարտադրող ու հեղինակաւոր դաշնակցականներու անհամար փաղանգներ ունեցած է եւ ունի Դաշնակցութիւնը: Սկսելով Քրիստափորէն, Ռոստոմէն ու Զաւարեանէն` մինչեւ հայկական յեղափոխութեան ֆէտայիններն ու խմբապետները, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրներէն մինչեւ սփիւռքեան հայութեան հաւաքական կամքը դարբնող պատասխանատուները, ու տակաւին մինչեւ Հայ դատի, նորանկախ հայրենիքի ու ազատագրուած Արցախի արթուն պահակները:

Սակայն Դաշնակցութեան մէջ հեղինակութիւնը հետեւանք չէ պարագլուխութեան, այլ` պատասխանատուութեան: Հեղինակութիւնը Դաշնակցութեան մէջ պարզապէս մնայուն նուիրումի, աննկուն յանձնառութեան, անվերջ աշխատանքի եւ գիտակից պատասխանատուութեան հարց է:

 

 

 

 

Նախորդը

Հինգերորդ Պողոտայ, «Թրամփ Աշտարակ» Եւ Գնում Չընող Զբօսաշրջիկները

Յաջորդը

Օպամայի Արձակուրդներու Համար Մսխումներ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.