Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկամներ Չունինք, Այլ` Գործընկերներ Միայն

March 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Երկու տարի առաջ, ապրիլի 2-ին համացանց մտնելով` սեւ լուր մը տեսայ, որ կը տեղեկացնէր, թէ ազերի վոհմակները հայ-ազրպէյճանական սահմանը կտրելով` կատաղօրէն յարձակած են Արցախի վրայ: Թէեւ յաճախ լսած կամ տեսած էի լուրերը, որոնք կը հաղորդէին, թէ ազերի արձակազէններու անարգ կրակոցներէն հայ զինուորները կը զոհուէին, սակայն այս անգամ տարբեր էր… պատերազմը կը սկսէր: Համացանցի լուրերով չբաւարարուելով` փութացի պատկերասփիւռը բանալու եւ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու: Բայց ինչե՜ր տեսայ: Ռուսիան պատկերասփիւռի իր կայաններու ընդմէջէն նախայարձակ կողմը մատնանշելու փոխարէն` «հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը սրեցաւ, ինչ որ լայնածաւալ բախումներու պատճառ դարձաւ» յայտարարութեամբ բաւականանալով` իր դիրքը շատ յստակ կերպով ճշդեց: Փա՛ռք Աստուծոյ, մեր զինուորները դիմացան յարձակումին եւ հակահարուած տալով` ստիպեցին ազերիներուն, որ զինադադար խնդրեն: Սակայն պատահածը շարք մը հարցումներու դուռ բացաւ: Յուսախաբութիւնս մեծ էր, երբ իմ ապրած երկիրս իր ցուցաբերած կեցուածքով եւրոպական երկիրներու սովորութիւնը կը կրկնէր, յարձակողին եւ պաշտպանուողին մէկ նժարին վրայ կը տեղաւորէր եւ կը զլանար ճշմարտութիւնը բացայայտել: Ոմանք ըսին. «Տղա՛ս, քաղաքականութիւնը այսպէս է, Ռուսիան չի կրնար մէկուն կամ միւսին կողմը բռնել այս հարցին մէջ»: Սակայն ես բացարձակապէս համաձայն չեմ «իմաստուն» այս տեսակէտին հետ: Դաշնակից ըսել` չի նշանակեր միայն առեւտրական կապեր ունենալ կամ ալ դիւանագիտական յաճախակի այցելութիւններ կատարել եւ քաղցր խոստումներ հոս ու հոն թափել: Երկիրներու միջեւ դաշնակցութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ ռազմական եւ այլ տեսակ օժանդակութեանց տրամադրում, այսինքն եթէ դաշնակիցներէն մէկուն վտանգ կը սպառնայ, միւսը պարտաւոր է օգնութեան հասնիլ տարբեր միջոցներով: Սակայն ի՞նչ պէտք է մտածեմ, երբ հետեւեալ պատկերը կը տեսնեմ. Ռուսիա իր բարեկամ-դաշնակիցին` Հայաստանին զէնք ծախելու զուգահեռ, անոր թշնամին` Ազրպէյճանը կը զինէ, անոր յարձակողապաշտական ախորժակները սրելով եւ ռազմական ներուժը բարձրացնելով` մեղսակից կը դառնայ ապակայունացման ուղղուած անոր քայլերուն եւ ոճրային քաղաքականութեան: Ի՞նչ կարծիք պէտք է ունենամ, երբ Եռաբլուր այցելեմ եւ հայ հերոսներուն թարմ գերեզմանները տեսնեմ. մեր տղաքը Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին ծախած զէնքերէն փամփուշտներ եւ բեկորներ ստանալով նահատակուեցան: Աւելի՛ն. աշխարհի մէջ տեսնուա՞ծ բան է, որ մէկ դաշնակիցը միւսին առաջարկէ սեփական ազատագրուած հողերը զիջիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապը լուծելու գործնական հոլովոյթին սկսիլ: Ի՞նչ է ասիկա, եթէ ոչ` արհամարհանք մեր նահատակ զինուորներուն եւ անոնց թափած արեան: Եթէ երբեք մեր ղեկավարները համաձայնին այս ամօթալի առաջարկին հետ, ուրեմն մենք զմեզ ուրանանք, մեր նահատակները ուրանանք, քանի որ ծով արեամբ ազատագրուած հողերը անսակարկ եւ անզիջելի պէտք է մնան: Այո՛, շրջանին մէջ Ռուսիան մեր դաշնակիցն է եւ գործընկերը, կ՛ըսենք, այո՛, Գիւմրիի մէջ ան իր զինուորական խարիսխը ունի, սակայն չմոռնանք, որ 1916-1917 թուականներուն ռուսական զօրքերը Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ էին, բայց օրհասական մէկ պահուն ետ քաշուեցան, ինչ որ պատճառ դարձաւ նոր կոտորածներու սկիզբ առնելուն եւ Արեւմտեան Հայաստանին վերջնական կորուստին: Նոյնն է պարագան արեւմտեան երկիրներուն: Ֆրանսացիներուն հաւատացինք եւ քիչ ետք անոնց դաւադրութիւնը պատճառ դարձաւ Կիլիկիոյ աղէտին, նոր ջարդերուն եւ տեղահանութեանց: Սեւրի դաշնագիրը ստորագրելու ատեն Ամերիկայի նախագահը` Վուտրօ Ուիլսըն, հայութեան իրաւունքներուն եւ հողերուն մասին խօսեցաւ եւ խոստացաւ արդարութեամբ վարուիլ հայ ժողովուրդին հետ, սակայն այդ խոստումները մեռեալ տառ մնացին թուղթի վրայ:

2016-ի քառօրեայ պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ միայն մեր ձեռքով կրնանք մեր կացութիւնը շտկել եւ փայլուն ապագայ կերտել: Իսկ ատիկա կրնանք ընել այն պարագային, երբ դադրինք Ռուսիոյ եւ եւրոպական երկիրներու վրայ չտեսի նման նայելէ եւ օգնութիւն ակնկալելէ, ընդհակառակը, ստորակայութեան բարդոյթը թօթափենք, մեր ուժերուն հաւատանք եւ ինքնավստահ ըլլանք: Աւարայրներէն եւ Սարդարապատներէն հայ ժողովուրդը ժառանգեց անկոտրում մարտական ոգի: Կռիւներու ընթացքին մեր զինուորները ինչե՜ր կը ցուցադրեն: Սակայն, դժբախտաբար, նոյնը չենք կրնար ըսել դիւանագիտական եւ տնտեսական մարզերուն մասին: Ժամանակակից պատմութեան մէջ կռուի դաշտին վրայ տարուած յաղթանակները կրնան փշրուիլ կամ ալ փափաքելի արդիւնքին չհասցնել բանակցութեան սեղանին վրայ արձանագրուած ձախողութիւններու եւ պարտութիւններու պատճառով: Տնտեսական տկարութիւնը, ինչպէս գիտենք, արտաքին ճնշումներու եւ միջամտութիւններու դուռ կը բանայ եւ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ պետութեան գերիշխանութեան վրայ: Ուրեմն, այսօր իմ մաղթանքս է, որ հայրենի ղեկավարութիւնը յատուկ, մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնէ երկրի դիւանագիտական եւ տնտեսական ուժը բարձր մակարդակին հասցնելու յոյժ կարեւոր գործին, որպէսզի այլեւս հայութեան ձայնը ոչ միայն ԵԱՀԿ-ի եւ անոր նման կազմակերպութիւններու միջոցով լսելի ըլլայ, այլ, որ Հայաստանը իր ձեռքը փող առնելով` կարենայ համայն աշխարհին դիմաց բարձրաձայն իր իրաւունքներուն եւ դատին արդարացիութիւնը հաստատել: Հայաստանի բազմակողմանի հզօրութիւնը` մարտական, դիւանագիտական, տնտեսական առումներով, ազդարարութիւն կ՛ըլլայ մեր երկրին հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւն վարողներուն համար, որ` զսպուածութիւն ցուցաբերեն, հրաժարին արկածախնդրական քայլեր առնելէ եւ քառօրեայ պատերազմներ կրկնելու մտադրութենէն: Իսկ միջազգային քաղաքականութեան մէջ լաւագոյն գրաւականը ըլլայ այն, որ` «որպէս ազգ մեզ հետ էլ հաշուի նստեն»: Բայց մինչ այդ, մինչեւ Հայաստանի դէպի նոր, ուժեղ երկրի այլակերպումը իրականանայ, թող Աստուած պահապան ըլլայ մեր զինուորներուն, քանի որ անժխտելի իրականութիւն է, որ ո՛չ ՄԱԿ-ի, ո՛չ ալ ԵԱՀԿ-ի գործունէութեամբ մեր երկիրը կը պահպանուի, այլ` հայ զինուորի անձնազոհութեան եւ թափուող արեան շնորհիւ:

 

 

Նախորդը

Երջանկութեան Ձգտումը

Յաջորդը

Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին Առիթով. Արցախի Մանրանկարչական Դպրոցը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.