ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Օրերս համայն հայութիւնը ցնծութեամբ տեղեկացաւ մեր հայրենիքի հանրապետութեան կերտիչի վերարժեւորման նախագիծի վաւերացման` երկար սպասուած յուշարձան մը տեղադրելու լուրին մասին, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը եւ Արամ Մանուկեանի ներդրած նշանակալի աւանդը պետականութեան գործին մէջ ու ծաւալած գործունէութիւնը: Արամի արձանին արժանի տեղ չէ յատկացուած Երեւանի մէջ, թէեւ ան արժանի է Հանրապետութեան հրապարակը տեղադրուելու, սակայն, ոչինչ, Արամի ոգին յաւիտեան է: Արամը անմահ է` արձանով կամ առանց արձանի:
Ցնցիչ այս լուրը ինծի յիշեցուց մօտ քառասուն տարի առաջ յղացած միտքս, երբ Խորհրդային Միութեան մէջ, գիտաժողովի մը մասնակցելու առիթով քանի մը օրուան համար մինակս հայրենիք երթալու այցագիր ստացայ: Հոն ունէի հարազատ հօրեղբայրս ու իր ընտանիքը, որոնց երբեք չէի տեսած:
Նախապէս կատարած դիմումնագրիս վերոնշեալ դրական պատասխանին վերաբերեալ մտերիմ պատասխանատուներս տեղեակ էին իմ ոդիսականին մասին. Ա. Համաշխարհային պատերազմին պապենական բնօրրանը` Վապուրականը այլոց հետ լքած պապս ընտանեօք պարտադրաբար գաղթած էր Արեւելահայաստան: Կայսերական Ռուսիոյ բանակի ժամանակաւոր նահանջին պատճառով եւ այդ շրջաններու վերագրաւմամբ, հօրս երէց որդին եւ հայրս ամառը վերադարձած էին տունը վերականգնելու: Դէպքերը, սակայն, տարբեր ընթացք առած են. լենինեան յեղաշրջման պատճառով եւ զինուժի դասալքումով կրկին ստիպողաբար լքումի դիմած են: Գաղթականները փորձած են վերադառնալ Պարսկաստանի վրայով, բայց դաշնակից զօրքերուն հանդիպելով` պարտադրուած են գաղթել օտար հորիզոններ: Այդպէս, գաղթաշխարհի մէջ մեր ընտանիքը հեռու մնացած էր կարօտով լի մեծ մօրս ու հօրեղբօրս ընտանիքէն:
Հօրեղբօրս հետ հանդիպման առաջին օրէն իսկ փափաք յայտնեցի մամիկիս գերեզմանը այցելել: Առ այդ, առիթէն օգտուելով` ըսի. «Թերեւս տարօրինակ թուի քեզի, սակայն յատկապէս կը սիրեմ այցելել մեծերուն շիրիմները: Շատ անգամ հասած եմ խուլ վայրեր` տեսնելու համար մեծ մարդոց, բանաստեղծներու, փիլիսոփաներու, երաժիշտներու շիրիմները»: Յղացած մտքիս ճամբայ բանալով` հետաքրքրուեցայ Վանի հերոսամարտի ղեկավար Արամի գերեզմանով: Ան գրեթէ շշուկով յայտնեց, թէ լսած էր, որ Արամը օրին պետութեան ծախսերով եւ կաթողիկոսական արարողակարգով յուղարկաւորուած էր Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան մէջ, բայց 1920-ականներուն վերջը գերեզմանատան վերացման պատճառով տեղեակ չէր, թէ փոխադրուա՞ծ է այլ տեղ, թէ՞ ոչ:
Տարիներ վերջ տեղ մը պատահմամբ կը կարդայի, որ Արամի աճիւնը տեղափոխուած էր Երեւանի Կոզեռնի հին գերեզմանոց, որ նմանապէս վերացուած էր: Ինծի համար առեղծուած մնաց այս հարցը` մինչեւ հայրենիքի վերանկախացումը, երբ շարունակելով հետաքրքրութիւններս` տեղեկացայ, որ մեծ հայրենասէրին կողակիցը 1932-ին աներեւակայելի դժուարութիւններով ու գաղտնիութեան պայմաններու մէջ կրկին կրցած էր կազմակերպել Արամի աճիւնի վերաթաղումը` Թոխմախի կեդրոնական գերեզմանոց:
Երկարամեայ երազանքս իրականացաւ, երբ առաջին առիթով շրջապտոյտով այցելեցի ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ այցի գացի մայրաքաղաքի կեդրոնական գերեզմանատունը` Թոխմախի գետափին: Վերջապէս յայտնաբերուած գերեզմանին դիմաց իմ գաղափարի երդումս կրկնեցի: Աւելցնեմ, որ այցէս առաջ իմացայ, որ հանգուցեալ հօրեղբայրս արդէն ինձմէ առաջ, վերանկախացման առաջին օրերուն, այցի գացած ու խնկարկած էր եւ իմ անունով յատուկ ծաղկեփունջ զետեղած է խաչքարով կոթողուած Արամի գերեզմանին: