ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայաստանի առաջին խորհրդարանի` Ազգային խորհուրդի եւ կառավարութեան ուղեւորութիւնը դէպի Հայաստան: Այս ենթախորագիրը տարօրինակ կը թուի, սակայն իրականութիւն է, որ հանրապետութեան առաջին խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը կազմուած էին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Թէ ինչո՞ւ, ստորեւ` համառօտ պատմական ենթահողը:

Ցարական իշխանութեան դէմ Հոկտեմբերեան (25 հոկտեմբեր 1917) յեղափոխութենէն եւ ցարական զօրքերուն Կովկասի շրջանը լքելէն ետք, ցարական կայսրութեան մաս կազմող Կովկասի ժողովուրդները` հայ, վրացի եւ թաթար (ապագային` ազերի կոչուած) եւ այլ խմբաւորումներ, իրենց կուսակցութիւններով, 11 նոյեմբեր 1917-ին կազմեցին «Անդրկովկասեան կոմիսարիատ»-ը` պետական իշխանութեան մարմին, որ յունուար 1918-ին վերածուեցաւ Անդրկովկասեան Սէյմի (խորհրդարան) (1):
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունէր իր Ազգային խորհուրդը, հայերու պարագային` Թիֆլիսի մէջ (նստավայրը` Միքայէլ Արամեանցի հսկայ տան մէջ, Գոլովինսքի (այժմ Ռուսթաւելի) եւ Պարեաթինսքայա, (այժմ անգոյ) փողոցներու անկիւնը եւ անոր ենթակայ Ազգային խորհուրդ մը` Երեւանի մէջ, նախագահութեամբ Երեւանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Մուրատբէկեանի:
Վրաստանը 26 մայիս 1918-ին եղաւ Կովկասեան Սէյմի առաջին ազգային խորհուրդը, որ հռչակեց իր անկախութիւնը (Հայաստան` 28 մայիսին) եւ սկսաւ բացայայտօրէն պահանջել Հայ ազգային խորհուրդէն մեկնիլ Երեւան` իրենց երկիրը: Սակայն, յատկապէս միջկուսակցական առաջին կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը երկար ժամանակ խլեցին եւ ձախողեցան, որուն պատճառներէն էին յաւակնոտ նախարարներու դժկամութիւնը` մեկնելու սովահար, խեղճ ու աղքատ, հիւանդութիւններով վարակուած եւ գաղթականներով լեցուած Երեւան: Անոնք Թիֆլիսի իրենց հանգիստ միջավայրէն կ՛ուզէին կառավարել երկիրը:
Պէտք է նշել, որ այդ օրերուն Թիֆլիսի բնակչութեան շուրջ 36 տոկոսը (ներկայիս` շուրջ 5 տոկոս) հայեր էին, որոնց մեծամասնութիւնը տնտեսապէս բարեկեցիկ, նաեւ կային քանի մը ականաւոր մեծահարուստներ` Մելիք Ազարեանց, Միքայէլ Արամեանց եւ ուրիշներ:
Կ՛արժէ հաստատել հայութեան ներկայութիւնը եւ տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու ազդեցիկ կշիռը Թիֆլիսի մէջ: Միխայիլ Վլատիկին 1885-ին գրած է. «1803-ին կը համարուէր, որ Թիֆլիսի մէջ կային շուրջ 2700 տուներ, որոնց աւելի քան 2500 տուներ հայերուն կը պատկանէին: Այսպիսով, մայրաքաղաքը դարձած էր հայերուն սեփականութիւնը» (2): Մինչեւ 1900-ական տարիները, հայերը Թիֆլիսի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին, մինչ վրացի եւ ռուս բնակչութիւնը գրեթէ իրար հաւասար թիւով կը գրաւէին երկրորդ տեղը:
Վերջապէս, 24 յուլիս 1918-ին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան, ճարտարապետ) կազմեց առաջին հնգանդամ կառավարութիւնը` հետեւեալ կազմով. Ալեքսանդր Խատիսեան` արտաքին գործոց նախարար, Արամ Մանուկեան` ներքին գործոց, միակն էր, որ արդէն կը գտնուէր Երեւան, Խաչատուր Կարճիկեան` ելեւմտական եւ զօր. Յովհաննէս Հախվերդեան` զինուորական, անկուսակցական, մնացեալը` ՀՅԴ-ի անդամ:
Մինչ այս, 1916-1917 Արամ Մանուկեան կը գործէր Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին եւ ՀՅԴ Բիւրոյին մէջ` զբաղելով արեւմտահայ գաղթականութեան հարցերով: 1917 դեկտեմբերի վերջերուն` իբրեւ Հայոց ազգային խորհրդի լիազօր ներկայացուցիչ, կը գործուղուի Երեւան` գլխաւորելով նորաստեղծ Յատուկ կոմիտէն, որ զինք կ՛օժտէ լայն լիազօրութիւններով: Ապա, մարտ 1918-ին Երեւանի զանազան ժողովրդային խաւերու ներկայացուցիչներու ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ կ՛ընտրուի հրամայապետ` տիքթաթոր:
Սիմոն Վրացեան կը գրէ (3) (արեւմտահայերէնի վերածուած). «Կառավարութիւնը կարգաւորեց շարք մը ընթացիկ խնդիրներ: Վրաստանի կառավարութեան մօտ դիւանագիտական ներկայացուցիչ նշանակեց Արշակ Ջամալեանը. յուլիս 2-ին վրաց կառավարութեան հետ համաձայնութիւն կնքեց 200 միլիոն անդրկովկասեան նպաստի կտրօններ հրապարակելու, որոնց 120 միլիոնը Հայաստանի պիտի յատկացուէր. դրաւ Հայկական խորհուրդի գոյքերը Երեւան փոխադրելու, ինչպէս նաեւ անդրկովկասեան (Սէյմի) ընդհանուր (շարժական, ՅՉ) գոյքերու բաժանումի խնդիրը. գերման, աւստրիական եւ թրքական ներկայացուցիչներուն հետ կապեր հաստատեց եւ ներկայացուցիչներ նշանակեց եւ այլն:
«Պաթումի խորհրդաժողովէն (4 յունիս 1918-ին` Օսմանեան կայսրութեան եւ կովկասեան երեք նորանկախ` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ՅՉ) ետք, գերման ներկայացուցիչ զօր. Վոն Քրեսը (Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես Վոն Քրեսենշթայն, ՅՉ) յայտնեց, որ 25 յունիսին Պոլսոյ մէջ խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ մէկ կողմէ Գերմանիոյ դաշնակիցներուն, միւս կողմէ` կովկասեան հանրապետութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ` լուծելու համար Թուրքիոյ եւ Կովկասի միջեւ առկախ մնացած խնդիրները: Հայ ազգային խորհուրդին կողմէ այդ ժողովին պատուիրակ նշանակուեցան Ա. (Աւետիս, ՅՉ) Ահարոնեան, Ա. (Ալեքսանդր, ՅՉ) Խատիսեան եւ Մ. (Միքայէլ, ՅՉ) Պապաջանեան: Այս վերջինը կը մերժէր դաշնակցականներու հետ մաս կազմել կառավարութեան, սակայն դաշնակցականներուն հետ գնաց Պոլիս եւ հետագային` նաեւ Փարիզ:
«Այս բոլոր աշխատանքները կ՛ուշացնէին կառավարութեան մեկնումը (Երեւան), որ ջղագրգռութիւն կը յառաջացնէր վրացիներուն եւ հայ հասարակութեան մէջ: Երեւանէն կը պահանջէին փութացնել մեկնումը, նոյնիսկ այդ նպատակով պատուիրակներ եկան Թիֆլիս: Թիֆլիսի մամուլն ու հանրային կարծիքը կը դատապարտէին Հայ Ազգային խորհուրդի դանդաղաշարժութիւնը. կը մեղադրէին, որ Ազգային խորհուրդի անդամները չէին ուզեր բաժնուիլ Թիֆլիսէն, ինչ որ շատ հեռու չէր ճշմարտութենէն:
«Այս մթնոլորտին մէջ Ազգային խորհուրդը կը դժուարանար մէկ վճռական կամք դրսեւորել: Իրերյաջորդ նիստերու ընթացքին բուռն վիճաբանութիւնները պարզ կը դարձնէին, որ շատերու համար Երեւան երթալը անձնապէս անհանդուրժելի խնդիր էր, որ` անձնական նկատումները կը քողարկէին սկզբունքային առարկութիւններով:
«Ի վերջոյ Երեւան փոխադրուելու հարցը Ազգային խորհուրդի եւ կառավարութեան 13 յուլիս 1918-ի միացեալ նիստին կտրուկ կերպով օրակարգի նիւթ դարձաւ, ուր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները պարզեցին իրենց տեսակէտը.
– ՀՅԴ կը պահանջէր, որ Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը ամբողջ կազմով անմիջապէս Երեւան մեկնին: «Մեր տունը վերադառնանք», կ՛ըսէին անոնք:
– Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը կ՛առաջարկէր Երեւան ուղարկել պատուիրակութիւն մը եւ կազմել տեղական կառավարութիւն, իսկ Ազգային խորհուրդը` իբրեւ համազգային մարմին եւ իշխանութեան աղբիւր, պահել Թիֆլիսի մէջ: Հայ պուրժուազիայի (քաղքենի, միջին դասակարգ, ՅՉ) համար Թիֆլիսն ալ, ինչպէս` ամբողջ աշխարհը, «մեր տունն էր»:
– Սոցիալիստ-յեղափոխականները կ՛առաջարկէին, որ Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը Երեւան երթան, այնտեղ կազմեն Հայաստանի տեղական իշխանութիւն, ապա Ազգային խորհուրդը վերադառնայ Թիֆլիս ու մնայ` իբրեւ ազգային ընդհանուր իշխանութիւն:
– Սոցիալ-դեմոկրատները, որ առաջ կողմնակից էին Երեւան փոխադրուելու, յետս կոչեցին առաջարկը եւ անվճռակամութեան մէջ կը տատանէին:
«Այս բոլոր կարծիքները լսելէն ետք Քաջազնունին յայտարարեց, որ եթէ Ազգային խորհուրդը մնայ Թիֆլիսի մէջ, կամ կազմուին երկու ազգային խորհուրդներ, ինքը վարչապետութենէն կը հրաժարի: Ասոր վրայ 7 քուէով, ընդդէմ 5-ի, որոշուեցաւ Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը Երեւան փոխադրել:
«Երկար ձգձգումներէ եւ վարանումներէ ետք, յուլիս 17-ին Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը վերջապէս մեկնեցան Երեւան: Ալեքսանդրապոլի ուղին վտանգաւոր էր. Սանահինէն սկսեալ` երկաթուղին թուրքերուն ձեռքն էր: Աղստաֆա (Աղստեւ)-Դիլիջան ուղիով պէտք էր անցնիլ:
«Մեկնողներուն մէջն էին կառավարութենէն` Քաջազնունին, Կարճիկեանը եւ զօր. Հախվերդեանը, Ազգային խորհուրդէն` Աւ. (Աւետիք, ՅՉ) Սահակեանը, Ս. (Սիրական, ՅՉ) Տիգրանեանը, Ստ. (Ստեփանոս, ՅՉ) Մալխասեանը, Պ. (Պետրոս ՅՉ) Զաքարեանը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Ա. (Արշամ, ՅՉ) Խոնդկարեանը, բժ. Ա. (Արտաշէս, ՅՉ) Բաբալեանը, Հ. (Հրա՞նդ) Ազատեանը, Ա. Մխիթարեանը եւ ուրիշներ, նաեւ զօրապահակ` Դալի Ղազարի (Միքայէլ Պատալքեոխեան, ՅՉ) գլխաւորութեամբ: Անոնց կ՛ընկերանային երկու գերմանացի սպաներ` տեղակալ Վոն Մոմսենը եւ փոխտեղապահ Այզենմանը` զօր Վոն Քրեսի ներկայացուցիչներ եւ թուրք սպայ մը (Մեհմետ, ՅՉ)` Վեհիպ փաշայի կողմէ:
«Մեկնումը շատ տխուր պայմաններու մէջ կատարուեցաւ: Վրացիները, որոնք, առհասարակ, երեւելի վարպետներ են հանդիսաւոր ընդունելութիւններ ու «բարի երթ»-եր կազմակերպելու, այս անգամ, կարծես դիտմամբ, կատարած էին ամէն բան, որպէսզի վիրաւորեն հայերուն արժանապատուութիւնը:
«Հակառակ նախօրօք կատարուած դիմումին` վրաց կառավարութիւնը ոչինչ կատարած էր դիւրացնելու համար «քոյր հանրապետութեան» կառավարութեան ճամբորդութիւնը: Վրաց կառավարութեան կողմէ ոչ մէկ ներկայացուցիչ կայարան եկած էր: Երկաթուղային վարչութիւնը, իր հերթին, անփափկանկատ բծախնդրութիւններով դժուարութիւններ կը յարուցէր: Տրամադրած էին հին, կեղտոտ ու անյարմար կառք մը, կարծես ճամբորդները գաղթականներ էին: Մեծ դժուարութեամբ կարելի եղած էր արտօնութիւն ստանալ` երկու կիսախարխուլ ինքնաշարժ տանելու:
«Նուաստացած ու դառն զգացումներով Հայաստանի վարիչները Թիֆլիսէն մեկնեցան: Կարծես թշնամի երկրէ մը կը հեռանային: Փոյլի կայարանին մէջ վրաց սահմանապահները լրացուցին պակասը` փորձելով նոյնիսկ խուզարկել Հայաստանի կառավարութեան կառքը, միայն գերման սպային միջամտութիւնը ազատեց զանոնք այդ խայտառակութենէն:
«Ընդհակառակը, որքա՜ն տարբեր էր Ազրպէյճանի վերաբերումը: Սահմանին վրայ հայկական կառավարութիւնը դիմաւորուեցաւ զինուորական պատիւներով. դիմաւորողներուն մէջ էին նահանգապետը եւ կառավարութեան ներկայացուցիչները: Աղստաֆայի (Աղստեւ, 32) եւ Ղազախի (Կողթ, 32) մէջ տրուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն. ի պատիւ հիւրերուն` ճաշ պատրաստուած էր: Թուրք գիւղացիները համակրանքով կը դիմաւորէին հայ ներկայացուցիչները, որոնք մինչեւ Հայաստանի սահմանը անցան բարեկամական ցոյցերու մէջէն»:
17 Մարտ 2018
(Շար. 4)
(1) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Transcaucasian_Commissariat)
(2) «Ուղեցոյց եւ զրուցակից Կովկասի ճամբորդութեան մէջ», Միխայիլ Վլատիկին, 1885, էջ 300:
(3) «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958 տպարան «Մշակ», էջ 177-185: