Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակադեմական Քաղաքականութեան Ուղենիշները (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Անթիլիաս)

March 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով,  ակադեմական պետական քաղաքականութեան մը ընդհանուր ուղղութիւններուն վրայ  խորհրդածական հայեացքներ կը  կեդրոնացնէ:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Երեւանի պետական համալսարանի գիտաշխատողներու, ակադեմականներու` իրաւագէտներու, թրքագէտներու, արեւելագէտներու, իրանագէտներու, պատմաբաններու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման ժամանակաշրջանի մասնագէտներու մասնակցութիւնը ընդգծեց ապահովուած համահայկական համաժողովին գիտականութիւնը եւ ատով իսկ ուղենշեց սփիւռքի մէջ եւս 100-ամեակը արժանավայել նշելու հրամայականը:

Համաժողովը ոչ միայն սփիւռքի այլ նաեւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի մէջ դարձաւ մեկնարկը 100-ամեակի առիթով կազմակերպուելիք համագումարներուն եւ գիտաժողովներուն:

Նախ պատմական գործընթացները լոյսին բերելու առումով ներկայացուած` հայ-ամերիկեան, հայ -ռուսական, հայ-իրանական, Հայաստանի Հանրապետութիւն-միջազգային հանրութիւն յարաբերութիւններու ուղղութիւնները, եւ նոյն ժամանակահատուածին կնքուած պայմանագիրներու մանրամասնութիւններու փոխանցումը, իրաւական մեկնաբանութիւններն ու այդ մասնագիտական ոլորտներու մէջ կայացած բանավէճերը համոզեցին կարեւոր փաստի մը գոյութիւնը:

Այսօր հայոց պետականութիւնը ակադեմական մակարդակի վրայ յաջողած է ձեւաւորել մասնագէտներու շտեմարան մը, որ ամենաարհեստավարժ աշխատելաոճով լիաժամ տրամադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման պատմական, ներքին-արտաքին քաղաքական, իրաւապայմանագրային, հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական ու ռազմական ոլորտներու մէջ  անընդհատ հետազօտական աշխատանքներ իրականացնելու ու գիտական հասարակութեան հրամցնելու աշխատանքին: Գիտական հիմքեր ապահոված նոր վարկածներ, նոր տեսութիւններ, նոր մեկնաբանութիւններ: Եւ որքան ալ հակաճառուի, որ պատմագրութիւնը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ կրել խորհրդահայ դպրոցի գաղափարախօսական-քաղաքական կաղապարումներու ազդեցութիւնը, նման համաժողովի որեւէ մասնակից պիտի նկատէր նոր շունչը, արխիւային փաստերու վրայ հիմնուած գիտականութեան եւ գաղափարականութեան ակադեմական համատեղելիութեան օրինակները:

Ներկայացուած զեկուցումները ընդհանրապէս արխիւային սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուած էին. այս պարագային` Ազգային արխիւի մէջ պահուած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին վերաբերող արխիւային հաւաքածոյին: Արխիւը գիտական աշխարհին մէջ ամենաընդունելի սկզբնաղբիւրը կը համարուի, որքան ալ որ նկատուի, թէ պետական արխիւը տուեալ պետութեան քաղաքականութեան համապատասխանող նիւթ է, եւ այնտեղ եւս քաղաքականացուած մօտեցումը գերակշիռ է: Այո՛, բայց խօսքը մանաւանդ պետական քաղաքականութեան ծալքերուն իրազեկելուն կը վերաբերի: Մինչ հրատարակչական արխիւը, որքան ալ մասնակիցի վկայագրութիւնը ըլլայ, որքան ալ օրուան պետական գործիչի յուշագրութիւնը համարուի, անպայման ենթակայական առանցք կ՛ունենայ եւ ատով իսկ կրնայ չհամապատասխանել գիտականութեան նորմերուն:

Համաժողովին զգալի էր շատ յստակ միտում: Արխիւային նիւթերու վրայ հիմնուած յատկապէս իրաւապայմանագրային  փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան, սահմանային խնդիրներու եւ, բնականաբար, կապելով Համահայկական հռչակագրով ամրագրուած դրոյթներուն ուղղութեամբ նոր հետազօտութիւններ կատարելու: Այլ խօսքով, լուսարձակները բանալու բոլոր այն հաւանական իրաւական հիմքերուն վրայ, որոնք կրնան աղիւս ծառայել հատուցման համալիրի կառուցման: Երբ պետական հռչակագիրը կ՛ակնարկէ Սեւրի պայմանագրին ու ուիլսընեան Իրաւարար վճիռի ներկայացուցած կարեւորութեան, ապա անհրաժեշտ է ուրեմն իրաւական հիմքեր գտնել այդ բոլորին ժամանակակից իմաստ տալու համար. եւ ասոր դիմաց բնականաբար իրաւագէտօրէն որոնել այն իրաւադրոյթները որոնք անվաւեր կը համարեն Պաթումի, Մոսկուայի կամ Կարսի դաշնագիրները:

Ահա այստեղ է փաստօրէն, որ կը համատեղուին եւ ոչ թէ կը հակադրուին գաղափարաքաղաքականն ու գիտականը: Զուտ գիտականի անուան տակ պատմական իրադարձութիւնները գաղափարազերծուած ներկայացնելու  տեսութիւնները կը չէզոքացուին այս ձեւով, եթէ ճիշդ ընկալուին Հայաստանի Հանրապետութեան ակադեմական քաղաքականութեան ծալքերը: Այո՛, գիտական ոլորտի մէջ հարցերը ներկայացնելու պահուն քաղաքական մօտեցումը պէտք չէ մտահոգութիւն պատճառէ, որ կը հարուածուի առարկայական գիտականութիւնը: Իսկ այս մօտեցումները չեն վերաբերիր միայն պատմական խնդիրներու:

Ժամանակակից իրադրութիւններու ակադեմական ներկայացումը այսօր օգտակար է մեր արտաքին դիւանագիտութեան համար: Գիտական փաստերով,
ճիշդ եզրաբանութիւն օգտագործելով Խոջալուի ինքնաոչնչացումը, արխիւային նիւթերու մէջբերումով Մութալիպովի յայտարարութիւնները լոյսին բերելը, այո՛, ունի քաղաքական առաջադրանք, բայց հիմնուած է նաեւ գիտական տուեալներու վրայ: Կամ Պաքուի յարձակողապաշտութիւնը, պատերազմական օրէնքներու խախտումը, ռազմական յանցագործութիւնները միջազգային համապատասխան օրէնքներու նկատառումով հրապարակայնացնելը քաղաքագիտական եւ իրաւագիտական աշխատանք է:

Համաժողովին երեւցաւ նաեւ արխիւային նիւթերու համեմատական աշխատակարգի մօտեցումը: Բազմիցս լսեցինք, որ մեր պետական արխիւներուն մէջ յայտնաբերուած նիւթին համապատասխանը որոնուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կամ Վրաստանի պետական արխիւներուն մէջ, ինչ որ սկզբնաղբիւրներու համեմատական ուսումնասիրութիւններու հետ կապուած մեթոտաբանական կարգ է նման հետազօտութիւններու պարագային:

Գիտական գաղափարաքաղաքականութեան ընդհանուր ուղղուածութեան ներքոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած 100-ամեակի համաժողովին քննարկուեցան` հանրապետութեան հռչակման նախադրեալները, մայիսեան հերոսամարտերու նշանակութիւնը, պետական կառուցուածքն ու պետականաշինութեան գործընթացը,  Արցախի մէջ պետականութեան վերականգնման եղելոյթը, կուսակցութիւններու ներդրումը` պետական դաշտի կայացման, ՀՀ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը, դիւանագիտութիւնն ու տարբեր պետութիւններու հետ ընթացած յարաբերութիւնները, հանրապետութեան անկման պատճառները, մամուլը, եկեղեցւոյ դերը, իրաւապայմանագրային հարցերը, մշակութային ոլորտները, այլախոհական շարժումները, անկախութեան գաղափարի արծարծումը խորհրդային կարգերու տակ եւ սփիւռքի մէջ:

Նման համախմբումներ ի վերջոյ այս մեթոտաբանութեամբ պիտի ընթանան: Գիտական աշխատանքը պիտի ծառայէ որոշ քաղաքականութեան մը. այս պարագային` պետական քաղաքականութեան, որ համահայկական բնութագիր ունի:

 

 

Նախորդը

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.